Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան հրապարակային բանախօսութիւն մը տուաւ Հայկազեան համալսարանին մէջ, շաբաթ, 26 յունուար 2019-ի երեկոյեան: Կարօ Փայլան Պէյրութ կը գտնուէր «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան հրաւէրով` «Ռետ» ժապաւէնի ցուցադրութեան առիթով, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 25 յունուարին, Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետարանի սրահին մէջ: Ժապաւէնի բեմադրիչ եւ արտադրիչ Քատիր Աքըն նոյնպէս հրաւիրուած էր Պէյրութ: Ժապաւէնը պատրաստուած է Աքընի աշխատասիրած «Փարամազ» գիրքին հիմամբ:
Հայ աւետարանական քոլեճի սրահին մէջ տեղի ունեցած այս բանախօսութեան ներկայ էր մեծաթիւ հանրութիւն մը, որոնք եկած էին լսելու Պէյրութի մէջ անոր առաջին հրապարակային ելոյթը: Անոնք յոտնկայս ծափահարութեամբ դիմաւորեցին երիտասարդ հիւրը:
Բացման խօսքին մէջ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանը բարիգալուստ մաղթեց մեծանուն հիւրին ու ներկաներուն եւ մատնանշեց, որ հակառակ այն իրողութեան, որ հայ ժողովուրդին ճակատագիրը մեծապէս ազդուած է եւ կ՛ազդուի քաղաքականութենէն, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններէն դուրս ապրող եւ գործող արհեստավարժ հայ քաղաքական դէմքերու թիւը շատ փոքր է: Ան այդ փոքրաթիւ խումբին մէջ առանձնացուց Կարօ Փայլանը, որ իր գործունէութեամբ լայնօրէն ծանօթ է սփիւռքահայութեան: Ապա ան բեմ հրաւիրեց հիւր բանախօսը:
Իր խօսքին մէջ Կարօ Փայլան շեշտեց, որ ինք կու գայ հայոց պապենական հողերու երկրէն եւ հարցադրեց ներկայ ունկնդիրներուն մէջ այնթապցիներու, մարաշցիներու, ատանացիներու, պոլսեցիներու, մալաթիացիներու… գոյութիւնը: Ան յայտնեց, որ լաւ լուրեր չունի Թուրքիայէն ու ծանրացաւ Թուրքիոյ վերջին տարիներու ներքին քաղաքական կացութեան վրայ` շեշտը դնելով մարդկային իրաւանց, ազատութիւններու կաշկանդումներու, սեղմումներու, ժողովրդավարութեան խոչընդոտումներու վրայ:
Կարօ Փայլան պատմական համառօտ ակնարկով մը խօսեցաւ հայ-թուրք յարաբերութիւններուն մասին` սուլթան Համիտի օրերէն մինչեւ «Իթթիհատ վէ թերաքքը» եւ Հայոց ցեղասպանութիւն:
Ան վերլուծական օրինակներով բացատրեց եւ ընդգծեց, որ օսմանեան Թուրքիոյ աշխարհագրա-քաղաքական դիրքը պատճառ դարձաւ, որ շրջանային թէ մեծ պետութիւններ ջանան սիրաշահիլ ու իրենց կողմը քաշել Թուրքիան: Փայլան շեշտեց, որ սիրաշահելու այս քաղաքականութիւնը շեշտուած է 19-րդ դարու երրորդ քառորդէն սկսեալ, որմէ մեծապէս օգտուած են օսմանեան Թուրքիոյ իշխանութիւնները` ի հեճուկս երկրի փոքրամասնութիւններուն, արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներուն: Ապա Հայոց ցեղասպանութեան տարիներէն անցնելով ժամանակակից Թուրքիոյ` ան ընդգծեց, որ նոյն այս քաղաքական հնարաւորութիւններէն կ՛օգտուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան ներկայ նախագահ Ռեճեպ Թայիփ Էրտողանը, եւ մտահոգութիւն յայտնեց, որ անոր այս ընթացքին իբրեւ հետեւանք` լուրջ վտանգներ կը սպառնան երկրի
ժողովրդավարութեան, փոքրամասնութեանց, ազատութիւններուն, արդարութեան, մարդկային իրաւանց, հարեւան երկիրներու հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու ոչ բնականոն զարգացման… Ան շեշտեց, որ ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութեան (Հալք տեմոքրասի փարթիսի, HDP) 5000 անդամներ ձերբակալուած են եւ արգելափակուած կը մնան Թուրքիոյ բանտերու մէջ:
Բանախօսութեան աւարտին ուղղուեցան բազմաթիւ գրաւոր հարցումներ, որոնք կը վերաբերէին` հայ-թրքական փրոթոգոլներուն եւ հայ-թրքական յարաբերութեանց, իր անձնական ապահովութեան, Թուրքիոյ ցեղային եւ գաղափարախօսական փոքրամասնութեանց գործակցութեան, Թուրքիոյ արգելափակեալ այլախոհներու ճակատագրին, քիւրտերն ալ Հայոց ցեղասպանական ճակատագրին արժանացնելու հնարաւորութեանց եւ այլն, որոնց յարգելի բանախօսը մանրամասնօրէն պատասխանեց յստակ, թափանցիկ եւ բացորոշ բանաձեւումներով, ջերմ մթնոլորտի մէջ:
Հանդիսութեան փակումը կատարեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը, որ հաստատեց, թէ Կարօ Փայլան «Խորհրդանիշը կը հանդիսանայ աւելին, քան հարիւրամեակի հայոց պատմութեան ծանրութեան, նաեւ` աշխարհագրութեան, նահատակութեան, գոյատեւումի եւ արդարութեան: Այս բոլորը շատ ծանր բեռ է: Տակաւին, ան կը հանդիսանայ խղճին ձայնը»: Վեր. Հայտոսթեանը հաւաստեց, որ` «Բազմաթիւ հայեր Կարօ Փայլանին մէջ կը գտնեն իրենց չխօսուող Դատին ձայնը», նաեւ` աւելի քան հայկական պատումը, որմէ ան առաւել կը ծանրաբեռնուի, «քանի պատմութեան եւ արդարութեան բոլոր հարցերը իրարու հանգուցուած են, մինչ մեր ժողովուրդը համբերատար է եւ ունի գոյատեւող յիշողութիւն»:
Վեր. Հայտոսթեանը եզրափակեց իր խօսքը` շեշտելով. «Դուն նաեւ մանկավարժ ես, բայց քու դասարանդ այսօր աւանդական դասարանէն շատ հեռու է, իսկ քու յայտագիրդ` գիրքէն խորունկ… Բոլորս քեզի կ՛ըսենք շնորհակալութիւն եւ կը մաղթենք, որ Աստուած քեզի հետ ըլլայ»:
Հանդիսութեան աւարտին, յարգելի հիւրը շրջեցաւ իրեն հետ հաղորդակցիլ եւ նկարուիլ ուզող հանդիսականներուն հետ` թէ՛ սրահին մէջ եւ թէ՛ դուրսը` բակին մէջ:
Նախապէս, յարգարժան հիւրը, բանախօսութենէն առաջ հանդիպում մը ունեցած էր վեր. Հայտոսթեանին հետ, շրջագայած էր Հայկազեան համալսարանին մէջ, ծանօթացած` համալսարանի գործունէութեան եւ հանդիպում ունեցած` լիբանանահայ մամուլի ներկայացուցիչներու հետ:



