Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հռոմի Քահանայապետական Հայ Վարժարանը Կը Հիւրընկալէ Առաքելական Եկեղեցւոյ Եղբայրակիցները

Փետրուար 5, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱԳ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Հինգշաբթի, 31 յունուար 2019-ի կէսօրուան ժամը 1:00-ին Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ եղբայրական ագապ մը  վարժարանի մեծաւոր Նարեկ ծ. վրդ. Նաամոյեանի եւ Բերիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանի հրաւէրով: Ներկայ գտնուեցան` Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ եւ պապական նուիրակ Մխիթարեան միաբանութեան` Լեւոն Պօղոս արք. Զէքիեան, Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Էջմիածնի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեան, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մայր տաճարի լուսարարապետ Մակար եպս. Աշգարեան, Էջմիածնի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի պատասխանատու Շահէ ծ. վրդ. Անանեան, Երեւանի Սրբոց Հրեշտակապետաց ճեմարանի տեսուչ եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Մաշտոց վրդ. Զահթերեան, Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի ծիսագիտութեան, եկեղեցւոյ պատմութեան եւ գրաբարի դասատու Ներսէս վրդ. Սագայեան, Պիքֆայայի դպրեվանքի տեսուչ Պօղոս վրդ. Թինքճեան, Կիլիկիոյ կաթողիկոսական միաբանութեան անդամ Պսակ աբղ. Թեփիրճեան եւ համանուն վարժարանի ժառանգաւորները:

Սիրոյ սեղանի շուրջ հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու ընդհանրապէս Հայաստան-սփիւռք եւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ եւ համայն հայութիւնը յուզող հարցեր:

Վարժարանի մեծաւորը բարի գալուստ մաղթեց հիւր հոգեւորականներուն եւ շեշտեց  այսպիսի ամէնամեայ հանդիպումներու կարեւորութիւնը: Ապա Խաժակ սրբազանը  խօսք առնելով` շնորհակալութիւն յայտնեց  վարժարանի մեծաւորին, գերապայծառ տէրերուն ու ժառանգաւորներուն, իրենց եղբայրական հիւրընկալութեան համար: «Այս կառոյցը մեծապէս գնահատանքի եւ գովեստի արժանի է, որովհետեւ ամէն անգամ, որ կը հիւրընկալուինք այստեղ, իսկապէս մեր տանը մէջ կը զգանք, ձեր լաւ եւ յարգալիր ընդունելութեամբ», ըսաւ ան եւ իր խօսքը փակեց երկար կեանք եւ առողջութիւն մաղթելով եկեղեցւոյ բոլոր պետերուն:

Աւելի քան  ժամ մը տեւած հանդիպումէն ետք, վարժարանի հացատան մէջ ներկաները միասնաբար յիշատակի լուսանկար մը առին, ապա վարժարանի ժառանգաւորները անոնց ծանօթացուցին վարժարանին կից կանգնած հայ կաթողիկէ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ հինգդարեայ պատմութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

ԼՕԽ. Տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան Դասախօսեց «Հայ Դատը Երէկ Եւ Այսօր» Նիւթի Մասին

Յաջորդը

Ջուրը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?