Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ. Շաղիկ Կոկոնեան-Չամիչեան Ներկայացուց «Ուղեղի Կաթուածէ Ետք Խօսելու Վերականգնման Միջոցներ» Նիւթը

Փետրուար 13, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական շարքի վեցերորդ դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 6 փետրուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Օրուան նիւթն էր` «Ուղեղի կաթուածէ ետք խօսելու վերականգնման միջոցներ»:

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսք կատարեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան յայտնեց, որ ուղեղի կաթուածը սարսափելի պատահար մըն է, որմէ մարդիկ նոյնքան եւ աւելի կը վախնան, որքան` սրտի կաթուածէն: Ասիկա շատ աւելի կը պատահի տղամարդոց: Ուղեղը բնական ձեւով գործելու համար պէտք ունի թթուածինի, սննդանիւթերու, մասնաւորաբար` ածխաջուրերու, որոնք ուղեղ կը հասնին զարկերակներու միջոցով: Ան ըսաւ, որ ուղեղային կաթուածը (stroke) ուղեղային գործունէութեան արագ եւ անակնկալ դադարն է, ուղեղի հիւսկէններու վնասուիլն ու բջիջներու ոչնչացումը, որոնք կը յառաջանան ուղեղի արեան մատակարարման զգալի նուազումով կամ ամբողջական կասեցումով, որուն պատճառով կը յառաջանան զանազան թերութիւններ: Այդ թերութիւնները կախեալ են ուղեղի վնասուած բաժինէն եւ վնասի տարողութենէն:

Ապա տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը թուեց ուղեղի կաթուածին հետեւանքները, ինչպէս` ձեռքի կամ ոտքի անդամալուծութիւն, հասկնալու, ըմբռնելու եւ խօսելու դժուարութիւն եւ խանգարում, գիտակցութեան կորուստ, մահաքուն, նոյնիսկ` մահ:

Այնուհետեւ ան հրաւիրեց ուղղախօսութեան մասնագէտ (speech therapy) Շաղիկ Կոկոնեան-Չամիչեանը` ներկայացնելու իր նիւթը: Դասախօսը նախ անդրադարձաւ ուղղախօսութեան մասնագէտի դերին եւ ըսաւ, որ մասնագէտը կ՛աշխատի բոլոր տարիքի անձերու հետ, որոնք դժուարութիւն ունին իրենց հաղորդակցութեան մէջ` գրաւոր կամ բանաւոր, տարբեր կարողութիւններու հետ, ինչպէս` յիշողութիւն, կեդրոնացում անոնք, որոնք օթիստիք են կամ տիսլեքսիա ունին, իսկ մեծերու պարագային` ուղեղի կաթուած ունեցողներուն հետ:

Ապա Շաղիկ Կոկոնեան-Չամիչեանը խօսեցաւ ուղեղի կաթուածի հետեւանքներուն մասին, յատկապէս` կաթուածի պատճառով խօսելու դժուարութեան մասին (Aphasia): Ան թուեց այն հաւանականութիւնները, որոնք կրնան կաթուածի պատճառ դառնալ, ինչպէս` ճնշումը, ծխելը, մարզանքի պակասը, բարձր համեմատութեամբ քոլեսթրոլ ունենալը, եւ այն մարդը, որ շատ ալքոհոլ կը խմէ եւ սրտի հետ կապուած դժուարութիւններ ունի: 65 տարիքը ամբողջացուցած մարդիկ աւելի հակամէտ են ուղեղի կաթուածի: Անոնք, որոնք ուղեղի կաթուած ունենան, շատ հաւանական է, որ դարձեալ կաթուած ունենան: Կաթուածը կանխելու համար կանխարգիլման միջոցներ պէտք է որդեգրել, ինչպէս` ուշադրութիւն ընել արեան ճնշումին, չծխել, չափաւոր խմել, նիհարնալ, դարմանել շաքարախտը, մարզանք ընել, ճիշդ սնանիլ, ուշադիր ըլլալ բոլոր տեսակի հիւանդութիւններու հանդէպ եւ բժիշկին պատուիրած դեղերը անպայման առնել: Ան նշեց նաեւ, որ ուղեղային կաթուածը երկու տեսակ կ՛ըլլայ, առաջինը` արեան շրջագայութեան մէջ խցանում կ՛ըլլայ եւ ատիկա պատճառ կ՛ըլլայ, որ արիւնը ճիշդ ձեւով չշրջագայի ուղեղին մէջ, երկրորդ` արիւնահոսութիւն տեղի կ՛ունենայ:

Ապա ներկայացուց ուղեղի կաթուածի նշանները: Անոնք են` մարմնին մէկ մասը կամ կողմը թոյլ կամ տկար կ՛ըլլայ, դէմքին մէկ մասը կը ծռի, կարդալու եւ խօսելու դժուարութիւն, ուժեղ  գլխացաւ, մէկ կողմը լաւ չտեսնելը, քալելու դժուարութիւն: Ուղեղի կաթուածի պարագային, պատկերաւոր ձեւով ներկայացուց շրջապատին կատարելիք դերին մասին, որոնք կը բաղկանան չորս կէտերէ: Ուղեղի կաթուածի պարագային, նախ հիւանդէն պէտք է խնդրել ժպտիլ, եթէ չկրցաւ ժպտիլ, ուրեմն կաթուած կ՛անցընէ ենթական, երկրորդ` երկու թեւերը վեր պահել, երրորդ` երբ անունը կամ բառ մը չի կրնար արտասանել, չորրորդ` ժամանակն է, որ շատ արագ միջոցին պէտք է հիւանդանոց փոխադրել` կանխելու համար այլ բարդութիւններ: Ան յայտնեց, որ հիւանդը անձամբ պէտք չէ հիւանդանոց փոխադրել, այլ հիւանդակառք կանչել, ուտելիք կամ խմելիք չտալ, որեւէ դեղ չտալ, չսպասել, այլ արագ շարժիլ: Ի՞նչ են հետեւանքները մարմնին վրայ ուղեղի կաթուածին. մկաններու աշխատելաձեւը պիտի փոխուի կրնայ ըլլայ, որ թուլնան կամ բնաւ չաշխատին, ասիկա physiotherapist-ը կրնայ մարզանքներով բնականոն վիճակի վերադարձնել, dysarthria կրնայ ունենալ, այսինքն դէմքի մկանները պէտք եղած ձեւով չեն աշխատիր, եւ խօսակցութիւնը անյստակ կը դառնայ, Apraxia, որ ճիշդ ձեւով չի կրնար բերնի շարժումներ ընել: Անհատը նաեւ կրնայ ճաշ կլլելու կարողութիւնը կորսնցնել: Ենթակային տրամադրութիւնը կը փոխուի: Ինչ կը վերաբերի մտային կարողութիւններուն, երբ չի կրնար խօսիլ, չի նշանակեր, թէ մտային կարողութիւնը կորսնցուցած է: Aphasia ունեցող  անհատը արտայայտուելու կարողութիւնը կը կորսնցնէ: Երբ մէկը խօսելու դժուարութիւն ունի, երբեմն հասկնալու ալ դժուարութիւն կ՛ունենայ: Անհատը նոյնիսկ գրելու եւ կարդալու կարողութիւնները կրնայ կորսնցնել: Ուղղախօսութեան մասնագէտը այս բոլորը կը փորձէ լուծել: Ապա ընտանիքին հետ կը համաձայնի` կարողութիւնները զարգացնել: Այս դժուարութիւնները կը յաղթահարուին հետեւեալ ձեւերով. դիմել ուղղախօսութեան մասնագէտի, physiotherapist-ի հետ աշխատանք, անհատական մտային զարգացման աշխատանքներ կատարել, յուշատետր գործածել, առօրեայ դասաւորուած օրակարգ ունենալ, գրել եւ կարդալ, յաճախ տունէն դուրս ելլել, ճաշ եփել, երաժշտութիւն մտիկ ընել, աղօթք ըսել, ձեռային աշխատանքներ կատարել: Ուղղախօսութեան պարագային ստորեւ նշուած կէտերը բոլորը կը ներառուին:

Դասախօսը վերջին բաժինով խօսեցաւ ուղղախօսութեան մասնագէտին աշխատանքի արդիւնքին մասին եւ ըսաւ, որ շատ գործօններ կան, որոնք կ՛ազդեն ապաքինման աշխատանքին, ինչպէս` տարիքը, ինքնազարգացումը, խելացութիւնը: Իսկ շրջապատի վարուելակերպը շատ կարեւոր է: Հաղորդակցութեան ատեն միշտ հիւանդին աչքին նայիլ, բարձր պէտք չէ խօսիլ, կարճ բառեր գործածել, դանդաղ խօսիլ, ժամանակ տալ, որ արտայայտուի, եթէ չկրցաւ խօսիլ, մղել, որ գրէ, սխալ արտայայտութեան պարագային, չյանդիմանել հիւանդը: Ճաշ կլլելու դժուարութեան պարագային կրնայ թոքերուն երթալ ճաշը, եւ բարդութիւններ կը պատահին: Կլլելու թեքնիքներ կան, ինչպէս` ուտլիքի ձեւը փոխել, ուտելիքը տաքութիւնը: Նախքան արհեստական միջոցով ուտելիք ներարկելու ձեւը օգտագործելը` պէտք է նախնական ձեւերը փորձել: Aphasia ունեցող անձերը թափանցիկ չեն: Պէտք է իրենց ընդգրկենք մեր նիւթերուն մէջ, որովհետեւ անոնք ակամայ կորսնցուցած են իրենց կարողութիւնները:

Դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին դասախօսին, իսկ առողջապահական յանձնախումբին անունով յուշանուէր տրուեցաւ օրուան դասախօս Շաղիկ Կոկոնեան-Չամիչեանին:

Ապա սննդագէտ Սարին Շէկեանը խօսեցաւ փետրուար ամսուան զուգադիպող Քաղցկեղի միջազգային օրուան մասին:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (13 Փետրուար 1969)

Յաջորդը

Արցախը Հայաստանի Անվտանգութեան Թիկունքն Է

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?