Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ. Տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան Դասախօսեց «Հայ Դատը Երէկ Եւ Այսօր» Նիւթի Մասին

Փետրուար 5, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 28 յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին դասախօսական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք դաստիարակչական յանձնախումբին անունով բացման խօսք կատարեց Զեփիւռ Չափարեանը: Ան յայտնեց, որ դասախօսական շարքին նպատակն է տէր կանգնիլ մեր արժէքներուն, զարգացնել հայ կնոջ միտքը եւ քաղաքականացնել զայն, որպէսզի ունենանք մեր ազգային իրաւունքները պաշտպանող նոր սերունդ: Զեփիւռ Չափարեանը անդրադարձաւ դասախօսութեան նիւթին եւ լուսարձակի տակ առաւ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը եւ Հայ դատի հոլովոյթին մեկնարկը: 1920-1960 ժամանակաշրջանը կոչեց հայապահպանման եւ սփիւռքի կազմակերպման փուլ: Ապա ան բնորոշեց Հայ դատ եզրը եւ ըսաւ, որ անիկա կը նշանակէ` ճանաչում ամբողջ աշխարհին կողմէ, Արեւմտեան Հայաստանի հողերու միացում, ներառեալ` Ջաւախք, Արցախ, Նախիջեւան եւ,  վերջապէս, ամբողջ հայութեան վերադարձնել իր հողերը: Հայ դատը ունի պատմական, քաղաքական եւ իրաւական երեսներ: Հայ դատի քաղաքականացման համար կազմուեցան Հայ դատի յանձնախումբեր: Այս փուլին թուրքը ճիգեր թափեց կասեցնելու համար Հայ դատի աշխատանքները, սակայն շնորհիւ ՄԱԿ-ի 95-րդ յօդուածին` հայ ժողովուրդը կրցաւ հասցնել Հայ դատը բազմաթիւ երկիրներ ու խորհրդարաններ եւ ճանաչում ստացաւ մեծ թիւով երկիրներու կողմէ:

Ան թուեց Հայ դատի փուլերը եւ ըսաւ, որ 1915-էն մինչեւ յիսնամեակ հայապահպանման շրջան կոչուեցաւ, իսկ յիսնամեակէն մինչեւ մեր օրերը` զինեալ պայքարի շրջան, հարիւրամեակը` պահանջատիրութեան շրջան:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Յովիկ Գարախանեանը ջութակով նուագեց «Արաքս», «Երեւան» եւ «Արտաշատ» հայկական երաժշտական կտորները, իսկ Յակոբ Փամպուքեանը կիթառով նուագեց «Մեր սիրոյ աշուն» եւ «Ախպերս ու ես» երգերը:

Հուսկ, դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Զեփիւռ Չափարեանը ներկայացուց դասախօս տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեանին կենսագրականը եւ մատնանշեց անոր ազգային, հանրային- հասարակական, կուսակցական եւ Հայ դատի մարզերու մէջ բեղուն գործունէութիւնը: Ան նշեց, որ տոքթ. Թասլաքեանը մասնակցած է ազգային,  քաղաքական եւ միջազգային քաղաքական նիւթերով գումարուող տարբեր խորհրդաժողովներու եւ հրաւիրեց զայն, որպէսզի ներկայացնէ «Հայ դատը երէկ եւ այսօր» նիւթը:

Տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան իր դասախօսութեան սկիզբը ներկայացուց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ժամանակահատուածը, մօտաւորապէս` երկուքուկէս տարի, եւ ըսաւ, որ Թուրքիան պատերազմական վիճակի մէջ էր Հայաստանի հետ մինչեւ Մուտրոսի զինադադարը, որմէ ետք Թուրքիան դաշնակիցներուն անձնատուր եղած պետութիւն էր եւ որպէս առանձին պետութիւն`  գոյութիւն չունէր: Կար թրքական տարածք մը, որ յանձնուած էր դաշնակիցներուն, եւ կար անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Հետեւաբար Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններ այդ ժամանակաշրջանին չկային:

Ապա տոքթ. Թասլաքեան յայտնեց, որ յարաբերութիւնը խորհրդային երկրին եւ թրքական հանրապետութեան միջեւ էր, իսկ անկախութիւն հռչակուելէն ետք սահմանները որոշ ժամանակի համար բաց էին: Արցախեան պատերազմին, երբ հայկական ուժերը Քարվաճառ մտան, Թուրքիան պայման դրաւ Հայաստանին, որ հայկական ուժերը քաշուին Քարվաճառէն, բան մը, որ չգործադրուեցաւ, եւ Թուրքիան փակեց սահմանը:

Ապա դասախօսը նշեց, որ այսօր տնտեսական յարաբերութիւն կը մշակուի, օդային ճամբան բաց է եւ Վրաստանի վրայով Հայաստանի քաղաքացին կրնայ Թուրքիա երթալ եւ գնում կատարել: Հակառակն ալ ճիշդ է, սակայն դժբախտաբար մենք ծախելիք բան չունինք… ուրեմն այս առեւտուրը մեծ չափով օգտակար է Թուրքիոյ:

Տոքթ. Թասլաքեան նաեւ շեշտեց, որ մենք պահանջատիրական պայքար կը մղենք, եւ մեր հակաթուրք կեցուածքը, ընդհանրապէս թուրքերուն դէմ ըլլալը կը մղէ բոլոր թուրքերը նաեւ մեզի դէմ ըլլալու, սակայն քաղաքական գործը կ՛ենթադրէ, որ հնարաւորութիւն ստեղծենք եւ հաղորդակցինք թուրքերուն հետ, բացատրենք մեր ճշմարտացիութիւնը եւ փոխենք թուրք հանրային կարծիքին այն թիւր ըմբռնումը, որ հայերը թուրքերուն դէմ ելան եւ ապա հեռացան երկրէն:

Տոքթ. Թասլաքեան իր դասախօսութիւնը եզրափակեց եւ ըսաւ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ պայքարը քաղաքական պայքար ըլլալով` մենք յաւելեալ գործօններու կարիք ունինք, իսկ այս գործընթացը կը սկսի Ցեղասպանութեան ճանաչումով:

Ապա եղաւ շինիչ հարց-պատասխան:

Դասախօսութեան աւարտին ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբը յուշանուէր մը յանձնեց տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեանին:

Նախորդը

«Նարեկի Տիրամօր» Կեդրոն. 15 – 35 Տարեկան Երիտասարդներու Մօտ Սրտի Արատներու Եւ Տագնապներու Կանխարգիլման Արշաւ

Յաջորդը

Հռոմի Քահանայապետական Հայ Վարժարանը Կը Հիւրընկալէ Առաքելական Եկեղեցւոյ Եղբայրակիցները

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?