Շաբաթ, 26 յունուար 2019-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին ՀՄԸՄ-ի Ճիւնիի ակումբին մէջ հաւաքուած ՀՄԸՄ-ականներ, ընդառաջելով վարչութեան հրաւէրին, բարձրացան ակումբի առաջին յարկը:
Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Հայկ Թապաքեան, Րաֆֆի Եսայեան եւ վարչութեան ատենապետ Ներսէս Ճուպանեան, տէր հօր աղօթքէն ետք, կտրեցին դրան մուտքի ժապաւէնը` բացումը կատարելով ՀՄԸՄ-ի Ճիւնիի` եղբ. Րաֆֆի Եսայեանի անուան ժողովասենեակին:

Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Րաֆֆի Կէօվօղլանեան այս առիթով արտասանած խօսքին մէջ վեր առաւ Րաֆֆի Եսայեանի տարիներու վաստակը` ՀՄԸՄ Ճիւնիի մեծ ընտանիքին մէջ եւ գնահատեց այս գծով վարչութեան առած քայլը:
Այս առիթով նաեւ գնահատական գրութիւններ արձանագրուեցան մասնաճիւղի Ոսկեայ մատեանին մէջ:
Ներկաները հրաւիրուեցան ակումբի «Ժան Ապաճեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք` ի պատիւ Րաֆֆի Եսայեանի: Օրուան յայտագիրին բացումը կատարեց Գէորգ Գազանճեան, որ հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս ունկնդրելու Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգները:

Ան ողջունեց` շրջանի հոգեւոր հովիւ Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեանը, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը, եւ ատենադպիր Րաֆֆի Կէօվօղլանեանը, ՀՄԸՄ Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէն, Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութիւնը, ԼՕԽ-ի «Սեւան» մասնաճիւղը, Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններու վաստակաւոր նախկին անդամները եւ բոլորին շնորհակալութիւն յայտնեց վարչութեան անունով` իրենց ներկայութեան համար: Գ. Գազանճեանը իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ այսօր ՀՄԸՄ Ճիւնիի մասնաճիւղը կ՛ապրի անսահման ուրախութեան եւ աննկարագրելի հպարտութեան զոյգ զգացումները: Ապա անդրադարձաւ Րաֆֆի Եսայեանի կենսագրականին` յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով ակումբի հիմնադրութենէն` 1950-ական թուականներէն մինչեւ օրս անոր տարած միութենական լայնածիր աշխատանքը, որուն շնորհիւ 1994-ին արժանացած է «Ծառայութեան» շքանշանին, ինչպէս նաեւ կը գործէ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան թանգարանի յանձնախումբին մէջ:
Ապա տեղի ունեցաւ նկարներու ցուցադրութիւն, օրուան հանդիսավար Գէորգ Գազանճեանը մեկնաբանեց նկարներու վայրը, թուականը եւ մանրամասնութիւնները:
Ընթրիքը ընթացաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ` ներկաներու սրտի խօսքերու ընկերակցութեամբ: Սրտի խօսքեր արտասանեցին` Խաչիկ Ա. Միսիրեան, Գառնիկ Մկրտիչեան, Րաֆֆի Կէօվօղլանեան, Հայկ Թապաքեան, Րաֆֆի Եսայեան, Րաֆֆի Ատուրեան, Պետիկ Սապունճեան, Ներսէս Ճուպանեան, Գէորգ Գազանճեան եւ Մանօ Գազանճեան, ինչպէս նաեւ արտասահմանէն հասած էին սրտի խօսքեր` Թալին Աբանեանէն, Նանոր Ճուպանեան-Գասարճեանէն եւ Վարուժ Եսայեանէն, որոնք Րաֆֆի Եսայեանին մաղթեցին քաջառողութիւն եւ յարատեւ վերելք:
Ընթրիքի աւարտին բեմ հրաւիրուեցան` շրջանի հոգեւոր հովիւ Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեանը, Գառնիկ Մկրտիչեանը, Սիլվա Սաղրեանը, Րաֆֆի Եսայեանը, Նորա Ապաճեանը, Րաֆֆի Ատուրեանը եւ Ներսէս Ճուպանեանը, որոնք հատեցին ՀՄԸՄ-ի վահանով զարդարուած կարկանդակը:
