Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարան. Յակոբ Պապիկեանի Ատանայի Կոտորածին Նուիրուած Տեղեկագրին Անգլերէն Թարգմանութեան` The Adana Massacres Գիրքին Շնորհահանդէսը

February 7, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 4 փետրուար 2019, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Հայկազեան համալսարանի «Տէրեան հայագիտական գրադարան»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի հրատարակչականէն վերջերս լոյս ընծայուած օսմանեան խորհրդարանի մեպուս Յակոբ Պապիկեանի` Ատանայի կոտորածին նուիրուած տեղեկագիրին գիրքը` The Adana Massacres վերնագրով:

Գիրքը անգլերէնի  թարգմանած, ծանօթագրած, անոր յառաջաբանը գրած, յաւելուածներն ու ցանկերը պատրաստած է դոկտ. Ա. Կիւրեղեանը:

Բարիգալուստի իր խօսքին մէջ Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան շեշտեց, որ` «Պատմութիւնը ունի իր բացթողումները, վրիպած եւ պակաս թողած էջերը», որոնցմէ մէկն է պատմութեան շուքին մնացած Յակոբ Պապիկեանի այս տեղեկագիրը, որ թէ՛ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տասնամեակին եւ թէ՛ յետոյ մոռացութեան մատնուած էր: Վեր. Հայտոսթեան նկատել տուաւ, որ տեղեկագիրը առաջին անգամ է, որ կ՛արժանանայ անգլերէն ամբողջական թարգմանութեան, որուն շնորհիւ ալ աւելի լայն շրջանառութեան մեծ հնարաւորութիւն կ՛ունենայ: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց դոկտ. Կիւրեղեանին` անոր անդուլ աշխատանքին համար եւ այս առիթով շնորհաւորեց Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատունը:

Ապա խօսք առաւ դոկտ. Ա. Կիւրեղեանը, որ շեշտը դրաւ Պապիկեանի ինքնութեան վրայ` ընդգծելով, որ օսմանեան խորհրդարանը զայն նշանակեց` վստահելով անոր օսմանցիական եւ երիտթուրքական հաւատարմութեան: Սակայն Պապիկեան ինքնափոխութիւն ապրեցաւ` անմիջականօրէն շփուելով Կիլիկիոյ կոտորածներու զոհերուն հետ: Դժբախտաբար, սակայն, իրեն չխնայուեցաւ իր արդարամտութիւնն ու ճշմարտախօսութիւնը, եւ այն օրը, որ ինք պիտի կարդար իր զեկոյցը խորհրդարանին մէջ, այդ առաւօտ ան մահացած գտնուեցաւ իր տան մէջ:

Ապա գիրքը ներկայացուց դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանը` նշելով. «Իր 114 էջերուն մէջ այս գիրքը կը բովանդակէ ներածական մը, 21-էջանի տեղեկագիրը, եւ յաւելուածներ` Պապիկեանի` վարչապետին ուղղած երեք հեռագիրները, մամլոյ երկու հարցազրոյցները, Ատանայի զինուորական ատեանի վճիռներուն վերլուծութիւնը, արեւմտեան մամուլի լրատուութիւնը, բնակչութեան եւ զոհերու վիճակագրութիւնը` ըստ թրքական եւ ըստ հայկական աղբիւրներու, Կիլիկիոյ մէջ աղէտեալ հայերու մօտաւոր ցանկը եւ ունեցուածքի վնասներուն վերլուծութիւնը, քննարկում մը, թէ այս կոտորածները ծրագրուա՞ծ, թէ՞ տարերային բնոյթ ունէին: Իսկ վերջին երեք յաւելուածները կիլիկեան աղէտը կը կամրջեն մեր օրերուն` իրաւական ուղիներով` Թուրքիոյ տխրահռչակ թիւ 301 պատժական օրինագիծ, Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպական մարդկային իրաւանց ատեանին զեկոյցներ ու յանձնարարականներ Թուրքիոյ, հուսկ, ՄԱԿ-ի 1968-ին որդեգրած հռչակագիր` պատերազմական ոճիրներու եւ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու անժամանցելիութիւն»:

Դոկտ. Տագէսեանը իր խօսքը եզրափակեց` ընդգծելով, որ` «Գիրքին յաւելուածները, ներածականը, ծանօթագրութիւնները կը յառաջացնեն այն անմիջական, էական եւ լուսաբանական շրջանակը… աւելի ամբողջական կը դարձնեն տեղեկագիրը ու զայն կը կապեն այսօրուան` տալով նաեւ այլատեսակ այժմէականութիւն մը 110 տարիներ առաջ պատահած գազանային կոտորածներուն»:

Ձեռնարկի աւարտին դոկտ. Կիւրեղեանը գիրքէն օրինակներ մակագրեց ներկաներուն համար:

 

 

Նախորդը

Զմմառու Մայրավանքին Մէջ Նշուեցաւ Տեառնընդառաջի Տօնը

Յաջորդը

Վասպուրականցի Իրաքահայերու Դար Մը Պատմութիւնը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.