Յօդուածներ

Հարիւր Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

Եթէ Աստուած կամենար ու ինձ նորից կեանք տրուէր, Ախօ, ես դարձեալ կ՛ուզէի քեզ հետ լինել, քո սերնդի հետ: Ու լինել էնպէս, ինչպէս եղայ: Մեր սերունդը Ապու ճնսից էր, Ախօ: Մէկուկէս կոտրած ֆշանկով ելանք կանգնեցինք օսմանցու դէմ: Իսկ եթէ զէնք ու փամփուշտ ունենայինք` հազար սասունցի բաւական էր, որ գերմանացու եւ ինկիլիզի թագաւորները չոքէին մեր առաջ ու մէկի թագը գլորուելով միւսի թագին...

Հալէպը Կրկին Աղէտ Ապրեցաւ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի (Նոյեմբեր Ա.) Միասնական Ոգիով Աւելի Ուժեղ Ենք Ու Դիմացկուն

Մինչ միջազգային թէ տեղական բեմահարթակներու վրայ սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման միտող ջանքերը կը շարունակուին, Հալէպը կը դիմագրաւէ մերթ շրջափակման, մերթ ջրազրկման, մերթ ապահովական դժուարութիւններ: Աւելի քան տասներկու օր շրջափակման ենթարկուած Հալէպի բնակչութիւնը դէմ յանդիման գտնուեցաւ բազմակողմանի տագնապներու. ջուրի, վառելանիւթի, ելեկտրականութեան, համացանցի ծառայութեանց խափանումը, սղաճը, անգործութիւնը առաւել վատթարացուցին բնակչութեան արդէն իսկ ծանր վիճակը: Հալէպի շրջափակումով թէեւ քաղաքի բնակչութիւնը սովի չմատնուեցաւ պետական...

Վահան Մանճիկեանի Յիշատակին

Վահան Մանճիկեանի Յիշատակին

Հայոց Մեծ եղեռնի կառափնատէն ճողոպրած, ուսուցիչ, ազգային-կուսակցական գործիչ, Կարապետ Ճ. Մանճիկեանին` Կէրպօ Խոճային կրտսեր որդին էր Վահան Մանճիկեանը, Քեսապի «Փայլուն» Վահանը, որ իր մահկանացուն կնքեց 25 հոկտեմբեր 2015-ին, Քեսապի իր տան մէջ: Կրտսեր եղբայրն է նաեւ ազգային-կուսակցական գործիչ, բանասէր, հրապարակագիր, լոս անճելոսաբնակ Յակոբ Մանճիկեանին: Ան ծնած էր Քեսապի Գարատուրան գիւղը, ուր անցուցած էր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը` յաճախելով ծննդավայրի ծխական նախակրթարանները:...

Հայը… Մենք Ենք

Ես Իմ Տաքուկ Լիբանանի… (1)

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ «Ես իմ Տաքուկ Լիբանանի նեղ ու նուազ հողն եմ սիրում, Իր լեռների ծմակների, կարճ ու գաճաճ ծառն եմ սիրում, Մալարիայի իր դաշտերում, անհոտ վարդի գոյնն եմ սիրում, Հազարամեայ իր գիւղերի չոր ակերի ջուրն եմ սիրում»: Չարենցի ոտքով, Թուրիկի խելքով (Հատուած) Անցեալ դարու` 1983-ի ապրիլի կէսերուն էր վերջին այցելութիւնս Պէյրութ: Տուն-տեղ ծախելու անյաջող փորձերէ ետք վերադարձայ Լոս Անճելըս, անգամ...

Նշմար.- Ծայրայեղական Չես Դուն…

Վահէ Աբելեանէն Եռահատոր Մը. The Way We Were, The Way We Are

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ի ծնէ պէյրութցի, ժառանգութեամբ քեսապցի, իսկ վերջին տասնամեակներուն Օհայոյի բնակիչ Վահէ Աբելեան վերջերս եռահատորով մը ընթերցողին տրամադրութեան տակ դրաւ իր շարք մը գրութիւններն ու թարգմանութիւնները, որոնց մեծ մասը շուրջ հինգ տարիներու վրայ լոյս տեսած են «Գեղարդ» կայքէջին վրայ, առաւելաբար` անգլերէնով: Հակառակ այն իրողութեան, որ համակարգչային էջերը` կայքէջեր եւ գրաւոր արտայայտութեան ու լուսանկարներու-ժապաւէններու փոխանակման արդի միջոցները կը յաւակնին նսեմացուցած...

Հեռուներէն  Եկող Երթ

Աշնանային Իւրայատուկ Օր Մը` Իմաստաւորուած Օրհնաբեր Այցով – 20 Հոկտ. 2015

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ Պարզ աշնանային արեւոտ  օր էր  թէեւ, բայց` իւրայատուկ: Հալէպի «Վերժին Կիւլպէնկեան» հայ  ծերանոցի տաքուկ, փոքրիկ բոյնը կրկին եռուզեռի մէջ էր: Հետզհետէ մամիկներուն սպասումն ու  փսփսուքը կը վերածուէր ուրախ  տրամադրութեան, մինչ տնօրէնութեան, խնամակալութեան  եւ երկու տարեցներու կողմէ ծաղկեփունջերով  եւ  ողջոյններով կը դիմաւորուէին համայնքապետներ` Շահան արք. Սարգիսեանը եւ Պետրոս արք. Միրիաթեանը: Հովիւները  «եկեղեցի»-ն կը բերէին    հայ ծերունիներուն` այցելելով իւրաքանչիւրի փոքրիկ...

Մեր Շուրջը Ամասիացիներ Մնացի՞ն

Ղանթարոզ Գիւղ Եւ Եկեղեաց Գաւառ

Անկարելի է, որ մարդ չզարմանայ, երբ կը հանդիպի հայրենակցական միութիւններու նմանօրինակ անուններու: «Ղաթարոզ» անունով անծանօթ գիւղ մը եւ «Եկեղեաց» անունով մոռցուած գաւառ մը... Մտովին ետ երթանք մինչեւ 85-90 տարի: 1927, Մարսէլ: Գաղթական հայեր քանի մը տարի առաջ դեռ նոր ոտք դրեր էին Մարսէյլի քարափը ու տարապարհակ աշխատանքով հազիւ կը յաջողէին ապահովել իրենց հանապազօրեայ չոր հացը: Հիմա երեւակայե՜լ այդ պանդուխտ հայորդիներէն...

Անդրադարձ.  Զինադադարի Երաշխաւորը

Անդրադարձ. Զինադադարի Երաշխաւորը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը իր երեքշաբթի, 10 նոյեմբերի թիւին մէջ` յղում կատարելով ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցութիւններուն ծանօթ իր ռուսական աղբիւրներուն, հաղորդեց, որ ղարաբաղեան բանակցութիւններուն մէջ այժմ կը քննարկուի լուծման տարբերակ մը, որուն համաձայն, հայկական կողմը կը վերադարձնէ Ղարաբաղի յարակից տարածքներուն մեծ մասը` բացառութեամբ Լաչինի միջանցքին եւ թերեւս յաւելեալ մէկ շրջան, որուն դիմաց Պաքուն թէեւ պաշտօնապէս պիտի չճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի...

Հարիւր Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

Բնաւորութեամբ կատաղի եւ ըմբոստ, մանուկի պէս հեզ ու խոնարհ էր Սերոբի եւ անոր յիշատակին առջեւ, ինչպէս նաեւ` ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի եւ անոր կնիքին առջեւ: կը պաշտէր այն ձեւով. ինչ ձեւով որ Սերոբ ներշնչած էր: Որեւէ փոփոխութիւն, քննադատութիւն կամ նոր միտք այդ ըմբռնումին հանդէպ` անոր աչքին սրբապղծութիւն էր: Վա՜յ այն զինուորին կամ դաշնակցականին, որ կը համարձակէր որեւէ անբարոյական քայլ ընել. պատիժը...

Հարցազրոյց` «100 Ետք Տարի Ետք Կամուրջին Տակ»-ի Բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեանի Հետ

Հարցազրոյց` «100 Ետք Տարի Ետք Կամուրջին Տակ»-ի Բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեանի Հետ

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Նախորդ շաբաթավերջին «Բեմ 2000» թատերախումբը, համագործակցութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան հետ, հանրութեան ներկայացուց «100 տարի ետք կամուրջին տակ» տխուր կատակերգութիւնը, որուն հեղինակն ու բեմադրիչը Վարդան Մկրտիչեանն է: Նիւթին ընտրութեան եւ թատրոնին վերաբերող  տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ բեմադրիչին հետ: «ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս յղացաք այս թատրերգութեան գաղափարը: Ի՞նչ կը խորհրդանշէ խորագիրը եւ ի՞նչ կը փորձէք փոխանցել...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Հերի՛ք Է Լալկան Մինասի Նման…

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Ուոլթըր Մինասը ո՞վ է` չե՛մ գիտեր, բայց գիտեմ, որ մեր հոգեբանութեան վրայ ծանր կերպով նստած աներեւոյթ կերպար մըն է, որմէ անհրաժեշտ է ձերբազատիլ: Որքան շուտ, այնքան լաւ: Քանի մը օր առաջ Եւրոպայի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) քաղաքական յանձնաժողովի սեղանին դրուած ու որդեգրուած էր զեկուցում մը` «Բռնութեան մագլցումը ԼՂՀ-ի եւ Ազրպէյճանի գրաւեալ այլ տարածքներուն մէջ» խորագիրով: Զեկուցումը պատրաստուած է ԵԽԽՎ-ի...

«Համշէնի Լիզուն Գոյսըվող Չա». Մայքոփում Բնակուող Համշէնցիներ

«Համշէնի Լիզուն Գոյսըվող Չա». Մայքոփում Բնակուող Համշէնցիներ

ԱՐՄԻՆԷ ՍԱՆՈՍԵԱՆ «Քոնի համշէնցին գայ, Համշէնի լիզուն գոյսըվիլ չի: Քոնի դըհա լիզուն գայ, համշէնցին գաբռի….»,- այս մասին մեզ հետ զրոյցում փաստեցին Մայքոփում բնակուող համշէնցիները: Վերջին շրջանում յատկապէս շատ է կարեւորւում լեզուի դերը` իբրեւ ինքնութեան, ազգային գիտակցութեան, մշակութային տարրերի պահպանման հիմնական գործօնի: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «աշխարհի վտանգուած լեզուների ինթերաքթիվ ատլասը» փաստագրում է մահացած կամ վտանգուած լեզուները` 1950թ.-ից ի վեր: Արուած ուսումնասիրութիւնների արդիւնքում հրապարակուած...

Քոնկրեսական Տենիս Հեսթըրթ 500 Հազար Տոլարի Փոխարէն` Ետ Քաշած Է Հայկական Բանաձեւը

Քոնկրեսական Տենիս Հեսթըրթ 500 Հազար Տոլարի Փոխարէն` Ետ Քաշած Է Հայկական Բանաձեւը

Հեսթըրթ «Նոր Յառաջ» կը հաղորդէ, որ Սի.Այ.Էյ.-ի նախկին պաշտօնեայ, ներկայիս Միացեալ Նահանգներու Ազգային շահերու խորհուրդի տնօրէն Ֆիլիփ Ճիրալտի «The American Conservative» թերթին մէջ զգայացունց յօդուած մը ստորագրած է հոկտեմբեր 20-ին: Յօդուածին կատարած ցնցիչ բացայայտումներուն մէջ կայ կարեւոր բաժին մը` թրքական լոպիին ու ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու միջեւ մութ կապերուն եւ ապօրինի գործողութիւններուն մասին: Ճիրալտի կը գրէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան...

Ապագայի Նոր Տեսլականը

Ապագայի Նոր Տեսլականը

Սիրելի՛ ընթերցող, յարգարժա՛ն հայրենակից, Որոշեցի գրիչ վերցնել եւ խօսիլ քեզի հետ  Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրաւաքաղաքական գործընթացներու մասին. գիտեմ, որ օրուան ծանրաբեռնուած աշխատանքէն, ուսումէն ետք, միեւնոյնն է, չես զլանար լուրեր ստանալու հայրենիքէն: Գիտեմ, որ իւրաքանչիւր լաւ փոփոխութիւն ու յառաջընթաց կ’ուրախացնէ, իսկ մտահոգիչ եւ տհաճ  երեւոյթը կը տխրեցնէ քեզ: Գիտեմ նաեւ, որ քեզի համար գլխաւորը Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան հարցերն են,...

«Հորիզոն»-ի 35-Ամեայ Յոբելեանը Նշուեցաւ Մոնրէալի Մէջ

«Հորիզոն»-ի 35-Ամեայ Յոբելեանը Նշուեցաւ Մոնրէալի Մէջ

Նոյեմբեր 1-ին Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ հաւաքուած «Հորիզոն»-ի հաւատարիմ ընթերցողներու, բարեկամներու եւ աջակիցներու մասնակցութեամբ նշուեցաւ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի հիմնադրութեան 35-ամեակը, որուն ներկայ էին Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեան, Քանատայի թեմի առաջնորդ Մեղրիկ արք. Բարիքեան, Սուրէն արք. Գաթարոյեան եւ ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի, ՀՅԴ ՔԵՄ-ի եւ Հայ տարեցներու միութեան ներկայացուցիչներ: Օրուան պատուոյ նախագահն էր Պերթա...

Հայեր Եւ Սիխեր

Հայեր Եւ Սիխեր

Պատրաստեց` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Յառաջդիմական սիխերու կայքը` Լանկար Հալլ, 24 ապրիլ 2009-ին հրապարակած է մարդկային իրաւանց պաշտպան, սիխ գործիչ (այդ տարիներուն համալսարանի ուսանող) Ամոլ Սինղի յանդուգն յօդուածը` «Անանուն ցեղասպանութիւններ. հայեր եւ սիխեր» խորագիրով: Ամոլ Սինղ նախ ճշգրտօրէն կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան մանրամասնութիւնները` մտաւորականներու ձերբակալութիւններէն մինչեւ աքսոր, սպանութիւն, ազգի մը իր բնօրրանէն զանգուածային տեղահանութիւն, կոտորած, ցեղասպանութիւն: «Յաջորդ քանի մը ամիսներուն ընթացքին տեղի...

Հնդկաստանի Սիխերը

Հնդկաստանի Սիխերը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Սիխերու կրօնը Հնդկաստանի չորրորդ ամէնէն մեծ  կրօնն է եւ գոյութիւն ունի 550 տարիէ ի վեր: Սիխերու մեծամասնութիւնը թէեւ կը գտնուի Փունճապի մէջ, սակայն Հնդկաստանի բազմաթիւ այլ վայրերու մէջ եւս սիխեր կան: Անոնց կրօնը նաեւ հինգերորդ ամէնէն մեծ կրօնն է աշխարհի մէջ, 25 միլիոն հետեւորդներով (ըստ 2010-ի տուեալներու): Սիխ բառը կը նշանակէ` առաքեալ, կամ` սորվող: Կուրու Նանակ 15-րդ...

Հնդկաստան  Սիխերը Զուարճանքի Նիւթ Դարձնելը Պէ՞տք Է Արգիլուի

Հնդկաստան Սիխերը Զուարճանքի Նիւթ Դարձնելը Պէ՞տք Է Արգիլուի

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Մանրապատումը` ճոքը, մարդոց առօրեայի բանաւոր մշակոյթին մաս կազմող տարր դարձած է: Կեանքի բոլոր մարզերուն եւ ժողովուրդներուն վերաբերող մանրապատումներ կան: Երկիրներու, քաղաքներու, գիւղերու բնակիչներուն (սկովտիացի, ապարանցի, հոմսեցի) մասին մանրապատումները ճիշդ է, որ զուարճալի են օտարին համար, սակայն, ըստ երեւոյթին, վիրաւորուողներ ալ կան... Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնենք Պի. Պի. Սի-ի Տելհիի թղթակից Սութիկ Պիսուասի յօդուածը:    Սիխ ամուսին մը բժիշկին...

16 Մասնակցութիւն

Բնականաբար պատահական չէր «Ազդակ»-ի կողմէ ընտրուած հրապարակային քննարկման թեման: Հարցը այժմէական էր, քաղաքականօրէն հրատապ եւ ինչու չէ Հայ դատի հետագայ մարտավարութիւնը հունաւորող երեւոյթ, որ պէտք է քննարկուէր, քննարկուի՛ տակաւին: Պատահածը ոմանց համար` մեծ ձախողութիւն էր, ուրիշներու համար` Հայաստանի կառավարութեան պահանջի բոլոր կէտերը բաւարարող վճիռ, ոմանց համար` ժխտողականութեան քրէականացումը ոչ առաջնային առաջադրանք, այլոց համար` Հայ դատի բազմաճակատ աշխատանքներուն համահաւասար խրամատ: Պէտք...

Հարիւր Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

Մեր արդար մտածումը ձեր սիրոյն համար ըմբոստ է, եւ մեր սուրը ձեր սիրոյն համար պիտի ապրի՜: Մեր ճշմարիտ սուրը եւ մեր Դրօշը պիտի ապրի՜ն` որովհետեւ կամքերնիս կարմիր է եւ վրէժնիս անպարտելի: Մեր սուրը պիտի՜ ապրի, կեանքը ստեղծելու ու մահը անգամ մըն ալ մեռցնելու համար... Մեր սուրը պիտի՜ ապրի` փրկութեան եւ ազատութեան արեգակներուն ի խնդիր` Կեանքի՜ն համար, յոյսի՜ն համար, արգասաբեր հողին...

Page 993 of 1110 1 … 992 993 994 … 1,110

Արխիւներ