Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայեր Եւ Սիխեր

Նոյեմբեր 13, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Յառաջդիմական սիխերու կայքը` Լանկար Հալլ, 24 ապրիլ 2009-ին հրապարակած է մարդկային իրաւանց պաշտպան, սիխ գործիչ (այդ տարիներուն համալսարանի ուսանող) Ամոլ Սինղի յանդուգն յօդուածը` «Անանուն ցեղասպանութիւններ. հայեր եւ սիխեր» խորագիրով:

Ամոլ Սինղ նախ ճշգրտօրէն կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան մանրամասնութիւնները` մտաւորականներու ձերբակալութիւններէն մինչեւ աքսոր, սպանութիւն, ազգի մը իր բնօրրանէն զանգուածային տեղահանութիւն, կոտորած, ցեղասպանութիւն:

«Յաջորդ քանի մը ամիսներուն ընթացքին տեղի ունեցածը ծրագրուած, համակարգուած օսմանեան նախագիծ մըն էր, որուն նպատակն էր բնաջնջել հայկական ինքնութիւնը: Միլիոնաւոր հայեր արմատախիլ եղան իրենց բնակավայրերէն, քալեցին դէպի թրքական անապատ եւ ջարդուեցան այն պատրուակով, թէ սպառնալիք էին Օսմանեան կայսրութեան: Թէեւ ամբողջ ազգ մը բնաջինջ ընելու այդ ծրագիրը ձախողեցաւ, այդուհանդերձ Ցեղասպանութիւնը ծառայեց իբրեւ մօտաւոր սփոփանքի մրցանակ»,- գրած է Ամոլ Սինղ եւ` աւելցուցած. «Հայերը միշտ կը պահանջեն, որ թրքական պետութիւնը պատասխանատուութիւն կրէ իր գործողութիւններուն համար: Սիխերը նոյնպէս պահանջատէր են 1984-ի առնչութեամբ(1984-ի Հնդկաստանի դէպքերուն պատճառով 2000 սիխ զոհուեցաւ Ն.): Դժուար է խուսափիլ այն փաստէն, որ մենք ալ սկսած ենք մաս կազմել համաշխարհային հաւաքական փնտռտուքին, մեզի պատահածին համար ճանաչումի ձեւ մը գտնելու ձգտումով: Աշխարհի հարստահարուածներու, ճնշուածներու կողմէ տարածքներու այս կիսուիլը առիթ կ՛ընձեռէ մարդոց, իւրաքանչիւր ոճրագործութեան աւելի նրբերանգային հեռանկարները ճանչնալու: Այս հասկացողութեամբ, 1915-ի Հայոց

ցեղասպանութիւնը ոչ թէ ամբողջ տարի մը տեւած արշաւ մըն է հայերը բնաջնջելու, այլեւ` միջոցառումներու շարք մը, զուգահեռաբար տասնամեակներու վրայ երկարող օսմանեան լայնածաւալ արշաւի մը` նսեմացնելու հայկական ներկայութիւնը: Այս ծիրին մէջ, սիխերը թիրախ դարձնելու արշաւին նպատակը մեր ինքնութիւնը առեւանգելն է: Հետեւաբար մենք մասնակից սկսած ենք դառնալ իւրայատուկ անանուն ցեղասպանութիւններու տեսակի մը, որուն ընթացքին մեր ողբերգութիւններուն ճանաչումը կը դառնայ քաղաքական պահանջներու ցանց մը» գրած է Ամոլ Սինղ, որ իր յօդուածը աւարտած է հետեւեալ պարբերութեամբ.

«Ինչպէս սիխ բարեկամ մը նշած է` մենք (սիխերը) Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող հայեր ենք, հայրենիքի ձգտող պաղեստինցիներ ենք, եւ մեր հաւատքին հետեւելու ազատութիւնը պահանջող թիպեթցիներ»:

 

 

 

Նախորդը

Հնդկաստանի Սիխերը

Յաջորդը

«Հորիզոն»-ի 35-Ամեայ Յոբելեանը Նշուեցաւ Մոնրէալի Մէջ

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?