
«Նոր Յառաջ» կը հաղորդէ, որ Սի.Այ.Էյ.-ի նախկին պաշտօնեայ, ներկայիս Միացեալ Նահանգներու Ազգային շահերու խորհուրդի տնօրէն Ֆիլիփ Ճիրալտի «The American Conservative» թերթին մէջ զգայացունց յօդուած մը ստորագրած է հոկտեմբեր 20-ին: Յօդուածին կատարած ցնցիչ բացայայտումներուն մէջ կայ կարեւոր բաժին մը` թրքական լոպիին ու ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու միջեւ մութ կապերուն եւ ապօրինի գործողութիւններուն մասին:
Ճիրալտի կը գրէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախկին նախագահ Տենիս Հեսթըրթ, որ այդ պաշտօնը վարած է 1999- 2007, այսօր բազմաթիւ ամբաստանութիւններու դէմ յանդիման կը կանգնի: Յայտնի դարձած է, որ ենթական անհաւատալի գումարներ ծախսած է յատկապէս սեռային չարաշահումներու եւ այլ ապօրինութիւններու վերաբերող իրեն ուղղուած մեղադրանքները քողարկելու համար: Սակայն զինք մեղադրողներէն մէկը` Սիպել Էտմընտզ, որ Էֆ.Պի.Այ.-ի մէջ թրքերէնի թարգմանիչներէն մէկն է, որոշած է չլռել, հակառակ իրեն վրայ բանեցուած ճնշումներուն` հարցը իբրեւ պետական գաղտնիք պահելու պատճառաբանութեամբ:
Էտմընտզ բացայայտած է մեծ ծաւալներու հասնող կաշառակերութեան պարագաներ, որոնք կը վերաբերին ոչ միայն Հեսթըրթի, այլեւ` ամբողջ ամերիկեան կառավարութեան: Էտմընտզի պնդումներուն մեծ մասը թրքական եւ իսրայէլեան խմբակներուն մասին է, որոնք կը ծառայեն որպէս «պաստառ» իրենց երկիրներուն: Այդ խմբակները փորձած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան վրայ ազդեցութիւն բանեցնել եւ այդ գծով նախաձեռնած են ապօրինի քայլերու: Ապօրինութիւններուն մեծ մասը կատարուած է կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կամ քոնկրեսականներու կաշառումով` շրջանցելու համար այն արգելքները, որոնք հաստատուած են տնտեսական կամ այլ շրջափակումներու դատապարտուած երկիրներու նկատմամբ, ինչպէս նաեւ` իրազեկ դառնալու գաղտնի մնացած տեղեկութիւններու:
Իր բացայայտումներուն պատճառով Էտմընտզ խնդիրներ ունեցած է ամերիկեան ոստիկանութեան եւ գաղտնի գործակալութիւններու հետ, սակայն իր պնդումները բաւական հաւաստի նկատուած են: 2009-ին Էտմընտզ իր կատարած վկայութեան մէջ Հեսթըրթ բնութագրած է իբրեւ Ամերիկայի առաջնակարգ անձերէն մէկը, որ ապօրինի միջոցներու եւ գործողութիւններու դիմած է` ո՛չ թէ իր երկրին, այլ օտար կառավարութիւններու եւ կազմակերպութիւններու շահերուն ի խնդիր: Կաշառակերութեան միջոցով Հեսթըրթ թէ՛ գանձած է հնչուն գումարներ եւ թէ՛ իրեն փոխանցուած է ապօրինի միջոցներով ձեռք ձգուած մեծ գումարներ, որոնց մէկ մասը ան գործածած է իր ընտրապայքարներուն համար, իսկ միւս մասը բոլորովին իւրացուցած է եւ յատկացուցած` իր անձնական ծախսերուն: Փոխարէնը, ի շարս այլ պետութիւններու, ան լայնօրէն գործած է ի նպաստ թրքական պետութեան եւ թուրք գործարար որոշ շրջանակներու:
Վկայութեան ընթացքին, երբ հարց տրուած է Էտմընտզի, թէ` «արդեօք դուք պատճառներ ունէի՞ք հաւատալու, որ Հեսթըրթ, օրինակի համար, թաղեց Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւերէն մէկը` թրքական կազմակերպութիւններէ իր ստացած գումարներուն փոխարէն», ան պատասխանած է. «Այո՛, ճիշդ է® եւ ոչ միայն դրամ ստացաւ, այլեւ` տարբեր բաներ®»: Յօդուածագիրը կը նշէ, թէ Էտմընտզի այս վկայութեան օրերուն Հեսթըրթ արդէն իսկ հեռացած էր Ներկայացուցիչներու տան նախագահութենէն եւ մուտք գործած` «Տիքշթայն Շեփիրօ» լոպիական ընկերութիւն, ուր Թուրքիոյ ի նպաստ տարած իր գործունէութեան համար եւս միլիոնաւոր տոլարներու միջնորդչէքեր ստացած է:
2000-ի օգոստոսին, այդ օրերու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Հեսթըրթ յայտարարած էր, թէ նեցուկ պիտի կանգնի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող բանաձեւի քուէարկութեան: Հակառակ Թուրքիոյ բուռն ընդդիմութեան միջազգային յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ լայն մեծամասնութեամբ ընդունուելէ ետք բանաձեւը Հեսթըրթի կողմէ անակնկալօրէն ետ քաշուեցաւ հոկտեմբեր 19-ին, Քոնկրեսին մէջ քուէարկութեան դրուելէն հազիւ քանի մը օր առաջ: Հեսթըրթ իր դիրքորոշման յանկարծակի այս փոփոխութիւնը պատճառաբանեց նախագահ Քլինթընէն իր ստացած մէկ նամակով, ուր վերջինս իրեն գրած էր, թէ այդ բանաձեւին որդեգրումը հակոտնեայ է Միացեալ Նահանգներու շահերուն: Սակայն Էտմընտզ իր վկայութիւններուն մէջ պնդած է, թէ թարգմանիչի իր պաշտօնին բերումով բացայայտած է զրոյցի մը ձայներիզը, որ ձեռք ձգուած է գաղտնի ունկնդրութիւններու միջոցով, եւ ուր թրքական դեսպանատան բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը կ՛ըսէ, թէ առնուազն 500 հազար տոլար ծախսուած է` Հեսթըրթը համոզելու, որ Ներկայացուցիչներու տան օրակարգէն ետ քաշէ հայկական բանաձեւը: