Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հնդկաստան Սիխերը Զուարճանքի Նիւթ Դարձնելը Պէ՞տք Է Արգիլուի

November 13, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Մանրապատումը` ճոքը, մարդոց առօրեայի բանաւոր մշակոյթին մաս կազմող տարր դարձած է: Կեանքի բոլոր մարզերուն եւ ժողովուրդներուն վերաբերող մանրապատումներ կան: Երկիրներու, քաղաքներու, գիւղերու բնակիչներուն (սկովտիացի, ապարանցի, հոմսեցի) մասին մանրապատումները ճիշդ է, որ զուարճալի են օտարին համար, սակայն, ըստ երեւոյթին, վիրաւորուողներ ալ կան… Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնենք Պի. Պի. Սի-ի Տելհիի թղթակից Սութիկ Պիսուասի յօդուածը:   

sikh1_111315

Սիխ ամուսին մը բժիշկին կը հեռաձայնէ եւ կ՛ըսէ.

– Տոքթոր, կինս յղի է, հիմա սկսաւ ցաւ զգալ:

Բժիշկը կը հարցնէ.

– Ասիկա իր առաջի՞ն երեխան է:

Սիխը կ՛ըսէ.

– Ո՛չ, ասիկա իր ամուսինն է:

Բազմաթիւ անձերու համար ասիկա մեղմ, անվնաս  մանրապատում մը կը թուի, սակայն ճիշդ ասիկա է, որ կը զայրացնէ Տելհի բնակող 54-ամեայ սիխ փաստաբան տիկին Հարուինտըր Չովտրին:

Հնդկաստանի գերագոյն ատեանին տիկին Չովտրին ներկայացուցած է 60 այսպիսի մանրապատումներ`   պահանջելով արգելք սահմանել 20 միլիոն հաշուող սիխ համայնքի անդամները ներառող ճոքերուն:

Գերագոյն ատեանին յղած աննախընթաց հայցով մը փաստաբանի 30 տարուան ասպարէզ ունեցող  տիկին Չովտրի կ՛ըսէ, թէ գոյութիւն ունին 5000 կայքեր, որոնք կը վաճառեն մանրապատումներ`

«սիխերը ներկայացնելով իբրեւ անխելք, անմիտ, ապուշ, խենթ, միամիտ, անատակ, տգէտ եւ իբրեւ անմտութեան եւ ապուշութեան խորհրդանիշ»:

Տիկին Հարուինտըր Չովտրի կ՛ըսէ. «Այս մանրապատումները կը խախտեն հիմնարար իրաւունքը կեանքի եւ արգելք կ՛ըլլան արժանապատիւ ապրելու, ուրեմն այդպիսի կայքերը պէտք է արգիլուին»:

sikh2_111315

Շփոթած դատաւորները, մինչ համաձայնելով լսել բաւական ծանր խնդրանքը, կը հարցնեն, թէ  ինչո՞ւ ան կը ձգտի այդպիսի արգելքի:

«Մենք գիտենք, որ բազմաթիւ անձեր այդ կատակները մարզական ոգիով կ՛ընկալեն: Ատիկա չի կրնար վիրաւորանք ըլլալ, այլ միայն`  զուարճանքի պատահական, ինքնաբուխ արտայայտութիւն մը: Դուք կ՛ուզէք, որ դադրին  այսպիսի բոլոր մանրապատումները, սակայն սիխերը կրնան իրե՛նք ընդդիմանալ ատոր», ըսին դատաւորները:

Բայց տիկին Չովտրի, գերագոյն ատեանին մօտ գտնուող իր գրասենեակին մէջ նստած, չ՛ուզեր, որ  այս «վիրաւորանքները» այլեւս շարունակուին:

«Ա՛լ կը բաւէ՛, մենք` սիխերս, մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին ծաղրուած ենք: Իմ երեխաներս կ՛ուզեն փոխել իրենց սիխական մականունները, որովհետեւ  անոնք ծաղրանք կը դիմագրաւեն: Երբ ես այս երեւոյթին դէմ կը բողոքեմ, մարդիկ կ՛ըսեն, որ ես սիխ  կին մըն եմ, ուրեմն ես խենթ եմ », բարկացած կ՛ըսէ տիկին Չովտրի:

«Մանրապատումները սիխերուն համար անէծք, թոյն  են: Ատոնք պէտք է դադրին», կ՛աւելցնէ ան:

Տիկին Չովտրի կ՛ըսէ, թէ ինք իրաւաբանութիւն ուսանած է Բրիտանիոյ մէջ, ուր ուսանողութեան շրջանին նաեւ աշխատած է իբրեւ թաքսի-ի վարորդ, ճաշարանի խոհարար եւ սպասեակ: Սիխերը թիրախ դարձնող մանրապատումները տիկին Չովտրի կը միաձուլէ իբրեւ կին իր դիմագրաւած «ցեղապաշտութեան, խտրականութեան, ատելութեան եւ սեռական ոտնձգութիւններուն»: Ինք նաեւ կը պնդէ, որ իր ընտանիքը  թիրախ դարձած է 1984-ին տեղի ունեցած սիխերու դէմ  ըմբոստութիւններուն, որոնց պատճառով աւելի քան 2000 անձեր մահացան:

«Սիխերը զուարճանքի նիւթի վերածումին պատճառով դատարաններու մէջ կռուած եմ պաշտօնակից իրաւաբաններու հետ: Ես ապտակած եմ մարդիկ, որոնք իմ ներկայութեանս սիխերը վարկաբեկող կատակներ ըրած են: Ես կը ճանչնամ նորապսակ սիխ զոյգ մը, որ վիրաւորուեցաւ եւ խոր ցաւ զգաց, երբ մէկը անոնց ամուսնութեան առիթով սիխերու մանրապատումներու գիրք մը նուիրեց»,  ըսաւ տիկին Չովտրի:

Ինք այժմ կը համախմբէ իր ուժերը` համոզելու համար դատաւորները, որ սիխերու մանրապատումներու արգելք սահմանելու մասին իր հայցը անառարկելի է:

Սիխ երեսփոխան մը կ՛աջակցի իրեն եւ Փունճապի մէջ ուսումնական բարձրագոյն հաստատութիւն մը միացած է հարցին եւ հայց ներկայացուցած` դատարան: Սիխերը սկսած են իր գրասենեակը այցելել եւ գլխաւոր խմբաւորումը, որ Տելհիի մէջ կը պահպանէ սիխ տաճարները, արդէն առաջարկած է իր աջակցութիւնը:

Տիկին Չովտրի նամակներ նաեւ յղած է դպրոցներու տնօրէններու` խնդրելով անոնցմէ «խորհուրդներ տալ աշակերտներուն չզուարճանալու սիխերու մանրապատումներով եւ չտարածելու ատոնք»:

Սիխ մեկնաբան մը ըսաւ, որ ինք կ՛աջակցի արգելքին, որովհետեւ` «Հնդկաստան պէտք է մեծնայ եւ դադրի ըլլալէ երեխայ մը, որ ընթրիքի սեղանին շուրջը նստածներէն աչքերն ու ականջները լայն բացած կը լսէ  կոպիտ խօսքեր եւ կը ծիծաղի: Այդ մանրապատումները պէտք է արգիլել` հակառակ այն հանգամանքին, որ մենք բոլորս ազատ խօսքի ջատագով ենք»:

Առաջին անգամը չէ, որ սիխերու մասին մանրապատումները ճնշումի կ՛ենթարկուին:

2007-ին ոստիկանութիւնը դատական հայց հարուցեց ազդեցիկ  գործարար Անիլ Ամպանիին դէմ` «սիխերը վիրաւորող մանրապատումներ տարածելուն համար, երբ Ութար Փրատեշի մէջ սիխ ղեկավարը մեղադրեց հեռաձայնի ընկերութիւնը` իր բջիջայինին սիխերու մանրապատումներ ուղղարկելու համար: Ընկերութիւնը ապա ներում հայցեց:

Նոյն տարին Մումպայի մէջ ձերբակալուեցաւ գրավաճառ մը, որ սիխերու մանրապատումներու գիրքեր կը վաճառէր եւ` «կը վիրաւորէր կրօնական զգացումները»:

sikh3_111315

Շատեր կը կարծեն, որ սիխերու մանրապատումները, ինչպէս բոլոր ցեղերու կամ ժողովուրդներու մասին կատակող ճոքերը, անվնաս եւ զուարճալի են: Մանրապատումներ կան  իտալացիներուն, լեհերուն եւ անգլիացիներուն մասին, եւ Հնդկաստանի մէջ բազմաթիւ կատակներ կան  պենկալցիներուն մասին: (Օրինակ, մէկ պենկալցի բանաստեղծ է, երկու պենկալցի` շարժապատկերի ընկերութիւն, երեք պենկալցի`քաղաքական կուսակցութիւն մը, չորս պենկալցի` երկու քաղաքական կուսակցութիւն:)

Ոչ ոք գիտէ, թէ սիխերու մանրապատումները ե՛րբ դարձած են համահնդկական սրամտութեան մէկ մասը, բայց սիխերու մանրապատումներու  գիրքեր (մեծ մասը` գրուած սիխերու կողմէ, եւ քանի մը հատը` Հնդկաստանի ամէնէն  յայտնի սիխ գրող Խուշուանտ Սինղի կողմէ) արդէն հասանելի են երկար ատենէ:

Համացանցի, բջիջային տարբեր տեսակի հեռաձայններու եւ սարքերու միջոցով սիխերու մանրապատումները արդէն դարձած են իսկական արդիւնաբերութիւն. ամբողջ Հնդկաստանի մէջ մանրապատումները կը գրուին եւ կը վաճառուին հեռաձայններու վրայ: Ճոքերուն մեծամասնութիւնը կը ներկայացնէ երեւակայական երկու կերպարներ` Սանթա-Պանթա (իրենց զուարճալի, երբեմն անհամ կատակներով):

Հնդկաստանի սիխ համայնքը այդ երկրի ամէնէն յաջողած փոքրամասնութիւններէն է` հակառակ թիրախ դառնալուն Հնդկաստանի անկախութենէն ետք տեղի ունեցած վատագոյն ըմբոստութիւններուն, որոնք հոգեբանական խոր սպիներ ձգեցին համայնքին վրայ: Աշխատասէր եւ ձեռներէց` անոնք տիրական են երկրի զինեալ ուժերուն մէջ եւ յաջող գործարարներ, մարզիկներ եւ երկրագործներ են: Անոնք շատ կը ճամբորդեն, եւ ամբողջ աշխարհի մէջ բազմաթիւ սիխ աշխատաւորներ կան:

Ճաուահարլալ Հանտու, որ ընդարձակօրէն գրած է հնդկական ժողովրդական բանահիւսութեան մասին, կ՛ենթադրէ, թէ սիխերու յաջողութեան պատմութիւնը անհանգստացուցած է ոչ-սիխերը. «Ես կ՛ենթադրեմ, որ այդ յաջողութիւնը սպառնացած է հինտու անձնականութեան (իկօ) եւ ստեղծած անհանգստութիւն, որ իր կարգին կարծես ստացած է տարբեր կարծրատիպերու եւ մանրապատումներու ձեւը»:

Ընկերաբան Շիւ Վիսուանթհան կ’արձագանգէ նման տրամադրութիւններու, բայց կը կարծէ, թէ մեծ մասը կարծրատիպերու, որոնք կը ներառեն «սիխ» եզրը, ունին միամտութիւն մը եւ` «բարեկամական, նոյնիսկ ուրախ են»: Ըստ անոր, մանրապատումները տարածուած են, որովհետեւ սիխ համայնքը թափառաշրջիկ է, շարժուն եւ պատրաստ է աշխատելու տարբեր մասնագիտութիւններու եւ ասպարէզներու մէջ:

«Կարծրատիպերը կարելի չէ հաւասարեցնել ինքնութեան: Սակայն այս օրերուն խնդիրն այն է, որ ինքնութիւնը կուռք դարձած է: Մարդիկ դիւրազգած դարձած են: Այնպէս որ այդ մանրապատումներու արգելքի աւելի շատ պահանջներ կան», կը նշէ ան:

Ըսէ՛ք  ասիկա տիկին Չովտրիի, եւ ան կ՛արձակէ մեղմ զայրոյթ մը.

– Այս մանրապատումները խտրական են:Ամէն ոք կը թուի, թէ հաճոյք կ՛առնէ մեր համայնքին հաշուոյն: Ասիկա անընդունելի է եւ պէտք է դադրի:

Ասիկա յստակօրէն ճոք չէ:

Սիխերու Ճոքեր

(Տիկին Չովտրիի դատարան ներկայացուցած ցանկէն)

Սիխ.- Որքա՞ն է իմ բջիջային վճարումս:

Կեդրոն.- Պարո՛ն, հեռաձայնեցէք թիւ 123-ին` գիտնալու ձեր ներկայի վճարումը:

Սիխ.- Անխելք, ներկայի վճարումը չէ, բջիջայինի վճարումը :

 

Սիխ մը իր սպասաւորին կ՛ըսէ.

– Գնա՛ պարտէզ եւ բոյսերը ջրէ:

Սպասաւորը կ՛ըսէ.

– Պարո՛ն, արդէն կ՛անձրեւէ:

Սիխը կ՛ըսէ.

– Է, ի՞նչ կ՛ըլլայ, հովանոց մը ա՛ռ հետդ:

 

Վարպետ.- Ո՞ւր ծնած ես:

Սիխ.- Հնդկաստան:

Վարպետ.- Ո՞ր մասը:

Սիխ.- Ամբողջ մարմինս Հնդկաստան ծնած է:

 

Տնօրէն.- Ի՞նչ է ծննդեանդ թուականը:

Սիխ.- 13 հոկտեմբեր:

Տնօրէն.- Ո՞ր տարին:

Սիխ.- Ամէն տարի:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (13 Նոյեմբեր 1965)

Յաջորդը

Հնդկաստանի Սիխերը

RelatedPosts

Հերակլէսի Սրբավայրը  Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները
Մշակութային եւ Այլազան

Հերակլէսի Սրբավայրը Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները

January 30, 2026
Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական  Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի
Մշակութային եւ Այլազան

Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի

January 23, 2026
ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը  Լոնտոնի Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը Լոնտոնի Մէջ

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.