Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վահէ Աբելեանէն Եռահատոր Մը. The Way We Were, The Way We Are

Նոյեմբեր 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

3-books_111415

Ի ծնէ պէյրութցի, ժառանգութեամբ քեսապցի, իսկ վերջին տասնամեակներուն Օհայոյի բնակիչ Վահէ Աբելեան վերջերս եռահատորով մը ընթերցողին տրամադրութեան տակ դրաւ իր շարք մը գրութիւններն ու թարգմանութիւնները, որոնց մեծ մասը շուրջ հինգ տարիներու վրայ լոյս տեսած են «Գեղարդ» կայքէջին վրայ, առաւելաբար` անգլերէնով:

Հակառակ այն իրողութեան, որ համակարգչային էջերը` կայքէջեր եւ գրաւոր արտայայտութեան ու լուսանկարներու-ժապաւէններու փոխանակման արդի միջոցները կը յաւակնին նսեմացուցած ըլլալ գիրք-արժէքը, այսուհանդերձ, Պէյրութի օրերէս` «Զաւարեանական» ըներոջս` Վահէին այս նախաձեռնութիւնը լուռ պատգամ եւ անուղղակի խոստովանութիւն է, որ համակարգիչին ստեղծած գրաւչութիւնը մնայուն եւ շօշափելի աւանդ չի ստեղծեր, այլ գիրքը կը պահպանէ անկորնչելիութեան իր հանգամանքը: Այլապէս, հեղինակ մը ինչո՞ւ պիտի դիմէր գրածները հատորներու մէջ հաւաքագրելու եւ լոյս ընծայելու միջոցին…

Բաւական խնամուած մատուցումով ներկայացող երեք հատորները կ՛ընդգրկեն անդամէնը 640 էջ: Հեղինակը նիւթերը դասաւորած է ներքին տրամաբանութեամբ մը, եւ ոչ թէ` լոյս ընծայման ժամանակագրութեամբ: Իսկ դասաւորման տրամաբանութեան հաղորդակից դառնալու համար անհրաժեշտ է կարդալ հատորները, որոնց մասին սեղմ ուրուագիծ մըն են այս տողերը:

Առաջին հատորին էութիւնը բնութագրուած է ենթախորագիրով մը, որ թարգմանի մօտաւորապէս` «գունագեղ պատմութիւններու հաւաքածոյ մը` աւանդներէ»: Հեղինակը իր գրիչը կը միացնէ բոլոր անոնց, որոնք ճիգ ըրած են հին Քեսապը վերապրեցնելու իրենց գրական գործերուն մէջ, անոնք ըլլան վաւերագրական թէ գրական ստեղծագործութիւններ: 26 գլուխներու մէջ, ու լուսանկարներու ընկերակցութեամբ, Վահէ Աբելեան կը վերադառնայ իր մանկութեան ու պատանութեան օրերուն, յիշատակներ կը պատմէ Քեսապէն ու մանաւանդ` անոր Քէօրքիւնէ գիւղէն, ուրկէ եկած են իր ծնողներն ու հարազատները: Քեսապեան պատկերներ, աւանդութիւններ, նշանաւոր դէմքեր, պատմական ու կոթողական կառոյցներ, իւրայատուկ բոյսեր եւ տոհմիկ սովորութիւններ կը տողանցեն Վահէի գրիչին տակ` ընթերցողը համակելով արդէն իսկ պատմութեան անցած մթնոլորտով մը, որ աւելի քան տարի մը առաջ յաւելեալ հարուած մըն ալ ստացաւ թրքաբարոյ նորագոյն յելուզակութեան պատճառով: Վահէի էջերը չեն սահմանափակուիր լոկ իր ապրած ժամանակաշրջանով, այլ յաճախ կ՛երթան աւելի քան 100 տարի ետ, «կը մէջբերեն» 19-րդ տարու վերջերու եւ 20-րդ դարու աղէտալի դէպքերն ու քեսապցիներու վերապրումի դրուագները, որոնց նորագոյն էջերը կը կազմուին այս օրերուն` աւերուած ու խոշտանգուած հայաւանին վերականգնումի երթով…

Երկրորդ հատորը երկլեզու է, կը բովանդակէ յօդուածներ` անձնական տպաւորութիւններ ու խորհրդածութիւններ բովանդակող գրութիւններ: Անոնք արտացոլացումն են հայութեան արժէքներուն հետ Վահէի «հանդիպումներուն», որոնցմէ մաս մը իրական տեսակցութիւններ են, իսկ ուրիշներ` մեր գրաւոր մշակոյթին ճամբով իւրացուած էջեր:  Հատորը կը բացուի Դանիէլ Վարուժանի հետ հեղինակին հաղորդակցութեամբ (այս ու նմանօրինակ գրութիւններու ճամբով Վահէ յայտնապէս ճիգ ըրած է ոչ հայ ընթերցողին ծանօթացնել հայ ականաւոր դէմքեր ու ներկայացնել իր արժեւորումները): Հատորին մէջ տեղ ունին Պետրոս Ալահայտոյեանի, Սիմոն Սիմոնեանի, Սիամանթոյի, Շահնուրի նման դէմքեր, ժամանակակից ազգային գործիչներ եւ մտաւորականներ, սակայն նաեւ` մեր ազատագրական պայքարի օրերէն հերոսներ, ինչպէս` Սպաղանաց Մակարն ու ֆետայի Շաքէն: Անոնց կողքին, տեղ գրաւած են նաեւ Ցեղասպանութեան օրերու արդարամիտ թուրք մը, Քեսապի առաջին միասիոնարներէն պատուելի Կուտըլ եւ ուրիշներ: Հատորի վերջին էջերուն կան Վահէէն հայերէնով երկու գրութիւններ, որոնց կը հետեւին իր մօր` բազմավաստակ ուսուցչուհի Զուարթ Աբելեանի գրիչով` հայերէն երեք գրութիւններ:

Երրորդ հատորին մէջ համախմբուած են թարգմանական գրութիւններ` կատարուած տարբեր գրողներու կամ նոյնինքն Վահէին կողմէ: Փունջը կազմուած է Րաֆֆիի, Զոհրապի, Ս. Վրացեանի, Շ. Միսաքեանի, Ա. Ծառուկեանի, Մ. Իշխանի, Զ. Խանճեանի, Գէորգ Ճորճ Աբելեանի, Զ. Մսըրլեանի եւ նման գրողներու ու մտաւորականներու գրական ժառանգութենէն եւ ուսումնասիրութիւններէն քաղուած էջերով: Տեղ ունի նաեւ Հալէպի ապրած ողբերգութիւնն ու անոր շքեղ անցեալը: Եւ ոչ միայն ասոնք…

Հատորներուն բովանդակութեան հաղորդ դարձող ընթերցողը պիտի անդրադառնայ, որ Վահէ Աբելեան գրական ստեղծագործութիւն կատարելու յաւակնութեամբ ճամբայ չէ ելած, սակայն նաեւ չէ բաւականացած լոկ յուշերու, փորձառութիւններու, տպաւորութիւններու եւ խորհրդածութիւններու սոսկական պատումով, այլ կատարած է պրպտումներ, այսինքն` մտաւորական որոշ աշխատանք, արձանագրած է իր տեսակէտներն ու խորհրդածութիւնները, որոնք կրնան յաւելեալ մտածումի մղել ընթերցողը:

Ըստ ամենայնի, եռահատորը խղճի պարտք մըն է` մատուցուած ծնողներու եւ նախնիներու ծննդավայրին, հայկական աշխարհի անցեալի ու ժամանակակից  արժէքներու, ժառանգութիւններու, որոնք այս երեք հատորներով ընթերցողին կը ներկայանան հաղորդական, դիւրին ընթեռնլի, երբեմն թեթեւ զուարթախոհութեամբ համեմուած, բայց` համակող մթնոլորտի մէջ: Իսկ կողքին վրայ տեղ գրաւած լուսանկարներու շարքերը մէկ փոքր հայելին են բովանդակութեան:

 

 

Նախորդը

Աշնանային Իւրայատուկ Օր Մը` Իմաստաւորուած Օրհնաբեր Այցով – 20 Հոկտ. 2015

Յաջորդը

Ես Իմ Տաքուկ Լիբանանի… (1)

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?