Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հնդկաստանի Սիխերը

Նոյեմբեր 13, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Սիխերու կրօնը Հնդկաստանի չորրորդ ամէնէն մեծ  կրօնն է եւ գոյութիւն ունի 550 տարիէ ի վեր: Սիխերու մեծամասնութիւնը թէեւ կը գտնուի Փունճապի մէջ, սակայն Հնդկաստանի բազմաթիւ այլ վայրերու մէջ եւս սիխեր կան: Անոնց կրօնը նաեւ հինգերորդ ամէնէն մեծ կրօնն է աշխարհի մէջ, 25 միլիոն հետեւորդներով (ըստ 2010-ի տուեալներու):

gourou_111315

Սիխ բառը կը նշանակէ` առաքեալ, կամ` սորվող: Կուրու Նանակ 15-րդ դարուն հիւսիսային Հնդկաստանի մէջ հիմնադրած է սիխ կրօնը , որ տարբեր է իսլամ եւ հինտու կրօններէն: Ատիկա միաստուածեան կրօն է եւ կը շեշտէ բոլոր այրերու եւ կիներու հաւասարութիւնը: Սիխերը կը հաւատան երեք հիմնական սկզբունքներու` խորհրդածել (աղօթել) Աստուծոյ անունով, ապրուստը շահիլ ազնիւ, պարկեշտ միջոցներով, ինչպես նաեւ` բաժնեկցիլ, իրարու հետ փոխանակել այլոց  աշխատանքի պտուղները: Սիխերու կրօնը կը մերժէ ընկերային դասակարգումներու համակարգը եւ կը շեշտէ մարդկութեան ծառայութիւնը:

Թէեւ սիխերու կրօնը կը քաջալերէ ինքնապաշտպանութիւն, սակայն շեշտուած կերպով կ’ուսուցանէ վրիժառու չըլլալ, փոխհատուցում չպահանջել եւ զերծ մնալ ատելութենէ:

Կուրտուարա

Սիխերու պաշտամունքի վայրը կը կոչուի կուրտուարա: Կրօնը  դէպի սրբազան վայրեր ուխտագնացութիւն չի քաջալերեր,  որովհետեւ կը հաւատայ, որ Աստուած ամէն տեղ է, այլ ոչ թէ` որոշ վայրի մը մէջ: Փունճապի Արմիստար շրջանին մէջ Հարմանտիր Սահիպը յայտնի, ականաւոր սիխ կուտաուարա (պաշտամունքի վայր) է:

sahib_111315

Խորքին մէջ կուտուարան աւելին է, քան` պաշտամունքի վայր մը: Ատիկա պատմականօրէն ծառայած է իբրեւ  ապաստան` անօթեւաններու եւ աղքատներու: Կուրտուարաներուն վրայ  սովորաբար կը ծածանի նիշան սահիպը` դեղնագոյն եռանկիւն դրօշը, որ կը կրէ խանտա- ն`սիխ հաւատքի խորհրդանիշը: Այցելուներուն, անկախ իրենց կրօնէն, կը տրամադրուին պատսպարան եւ ուտելիք: Ներս մտնելու համար կը պահանջուի կօշիկները հանել, գլուխը ծածկել թաշկինակով, վզնոցով կամ այլ  լաթով: Կուրտուարայի մը մէջ ոչ մէկ աթոռ կամ նստարան  վերապահուած է յատուկ անձի մը, որովհետեւ բոլորն ալ հաւասար կը նկատուին: Արարողութիւնը բաղկացած է պատարագի երգեցողութենէ, ինչպէս նաեւ` սիխերու պատմութեան, աւանդութիւններու  եւ հաւատամքի դրսեւորումներէ: Ոչ սիխերը միշտ ողջունելի են: Ամբողջ աշխարհի տարածքին սիխ կուրտուարաները սովորաբար ունին համայնքային անվճար խոհանոցներ, որոնք բոլորին ճաշ կը մատակարարեն: Այս խոհանոցները կը կառավարուին եւ կը ֆինանսաւորուին կամաւորներու կողմէ: Հնդկական աւանդական ընկերութեան, հանրութեան մէջ, տարբեր դասակարգերու պատկանող մարդիկ կոպտօրէն անջատուած են:Այս ընկերային խնդրին դէմ պայքարելու համար սիխ համայնքային խոհանոցը` լանկարը, բոլորէն կը պահանջէ կողք-կողքի նստիլ եւ միասին ուտել, հետեւաբար` ուսուցանելով հաւասարութեան գաղափարը, խորտակելով դասակարգային բոլոր պատնէշներն ու արգելքները:

Սիխ Ինքնութիւնը

1699-թուականին սահմանուեցաւ սիխերու իւրայատուկ ինքնութիւնը հաւատքի 5 կէտերով.

–  Չխուզուած մազեր` իբրեւ պարգեւը Աստուծոյ եւ Կուրույին, ինչպէս նաեւ` իբրեւ նշան սիխ ինքնութեան,

–  Մազի փոքր սանտր մը,

–  Պողպատեայ ապարանջան մը, որ կը նշէ անսկիզբ եւ անվերջ իրականութիւնը, եւ նաեւ կը խորհրդանշէ սիխի մը յանձնառութիւնը հաւատքի գաղափարներուն, ինչպէս որ մատանի մը կրնայ նշել հաւատարմութիւն եւ ինքնութիւն,

–  Սուր մը` արդարութեան եւ կամքի նուիրուածութիւնը վկայող,

–  Ծունկի երկայնքով անդրավարտիք` պահպանելու համար սիխի կարգապահ կենցաղը:

abaroshm_111315

Վերջին 300 տարիներուն սիխ այրերը դիւրաւ ճանչցուած են ապարօշով (գլխու փաթթոց) ծածկուած իրենց երկար, չխուզուած մազերուն միջոցով: Յատկանշական է, որ հնդկական աւանդական հասարակութեան մէջ միայն ընտրանիի, կամ իշխող բարձր դասակարգի այրերը կը գործածեն փաթթոց: Պահանջելով, որ բոլոր սիխերը փաթթոց կրեն, կուրու Կոպինտ Սինղ բոլոր անհատները պատկերացուց իբրեւ ազնուականներ: Սիխ կիներ հաւատարիմ կը մնան նոյն կենցաղին, խորհրդանիշներուն, կանոններուն եւ վարուելակերպին, սակայն համեմատաբար քիչեր կ՛օգտագործեն փաթթոցը:

giner_111315

Երիտասարդ սիխ տղաք, փոխանակ փաթթոց կրելու, յաճախ իրենց չկտրուած մազերը, որոնք  կապուած են դէպի վեր հանգոյցով, կը ծածկեն պարզ կերպասի կտորով մը:

Հնդկական հասարակութեան մէջ անհատի մը անունը կը հաստատէ անոր դիրքը եւ դասակարգը: Կուրու Կոպինտ Սինղ ազատագրեց սիխերը դասակարգային կոպիտ համակարգէն` պատուիրելով բոլոր սիխ այրերուն որդեգրելու «Սինղ» մականունը, որ առիւծ կը նշանակէ, իսկ կիներուն պատուիրեց օգտագործել «Քոր» մականունը, այսինքն` արքայի դուստր, ատով իսկ թօթափելու իրենց դասակարգային ինքնութիւնը:

Երեւելի Սիխեր Հնդկաստանի Մէջ

Թէեւ սիխերը Հնդկաստանի փոքրամասնութիւններուն մաս կը կազմեն, սակայն համայնքը երկրին մէջ նշանակալի դիրք մը կը գրաւէ: Հնդկաստանի նախկին վարչապետ Մանմոհան Սինղ, սիխ է, ինչպէս երկրի նախկին  նախագահը` Ճիանի Զայլ Սինղ: Հնդկաստանի բոլոր կառավարութիւնները ներառած են սիխ ներկայացուցիչներ:

panag_111315

Սիխերը նաեւ հնդկական բանակին մէջ նկատառելի են, գլխաւորաբար  այն պատճառով, որ անոնք բրիտանական կայսրութեան բազուկը կազմած են: Սիխեր նաեւ գլխաւորած են հնդկական բանակը` ՃՃ Սինղի միջոցով: Հնդկական օդուժի հրամանատար եղած է մարաջախտ Տինպաղ Սինղ: Սիխերը տիրական են Հնդկաստանի մարզական կեանքին մէջ. Ողիմպիական խաղերուն ոսկի մետալ նուաճած Հնդկաստանի միակ մարզիկը` Ապհինաւ Պինտրա, սիխ է:

bindra_111315

Նմանապէս անոնք պաշտօնական կարեւոր դիրքեր ունին. պետական ծրագրաւորման յանձնախումբի փոխ նախագահը, Ահլուվալիայի կառավարիչը եւ այլ պաշտօնատարներ սիխ են: Սիխերը նաեւ յայտնի գործարարներ են Հնդկաստանի մէջ :

mehendi_111315

Երգիչներ` Տալեր Մեհնտի Տիլժիթ Տոսանժ եւ Ռափի Շերկիլ սիխեր են:

Հնդկական խճանկարին, լուսապատկերին մէջ սիխերու  տեսանելիութեան պատճառներէն մէկը Հնդկաստանի ազատագրութեան պայքարին մէջ սիխ համայնքին անհամաչափ դերակատարութիւնն է.Պհակաթ Սինղ կը մնայ երիտասարդական սրբապատկերը Հնդկաստանի երիտասարդներուն:

 

 

Նախորդը

Հնդկաստան Սիխերը Զուարճանքի Նիւթ Դարձնելը Պէ՞տք Է Արգիլուի

Յաջորդը

Հայեր Եւ Սիխեր

RelatedPosts

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?