Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Զինադադարի Երաշխաւորը

Նոյեմբեր 13, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

vaho_111215

Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը իր երեքշաբթի, 10 նոյեմբերի թիւին մէջ` յղում կատարելով ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցութիւններուն ծանօթ իր ռուսական աղբիւրներուն, հաղորդեց, որ ղարաբաղեան բանակցութիւններուն մէջ այժմ կը քննարկուի լուծման տարբերակ մը, որուն համաձայն, հայկական կողմը կը վերադարձնէ Ղարաբաղի յարակից տարածքներուն մեծ մասը` բացառութեամբ Լաչինի միջանցքին եւ թերեւս յաւելեալ մէկ շրջան, որուն դիմաց Պաքուն թէեւ պաշտօնապէս պիտի չճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը, սակայն պարտաւորութիւն պիտի ստանձնէ խնդիրը լուծել խաղաղ բանակցութիւններով:

Անմիջապէս նշենք, որ Պաքուն 1994-ին զինադադարի հաստատման շուրջ Պիշքեքի մէջ կնքուած համաձայնագիրին մէջ արդէն իսկ ստանձնած է այդ պարտաւորութիւնը, իսկ այդ համաձայնագիրին երաշխաւորը Ռուսիան է, որուն մէկ օրաթերթը այսպիսի տեղեկատուութիւնը շրջանառութեան մէջ դնելով նախ եւ առաջ կասկածի տակ կ՛առնէ այդ երաշխիքին արժէքն ու հաւաստիութիւնը:

Տարածքներու վերադարձման եւ ՄԱԿ-ի կամ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան խաղաղապահներու տեղակայման նմանօրինակ հրապարակումներ մերթ ընթ մերթ լոյս կը տեսնեն միջազգային մամուլին մէջ: Այլ խօսքով` «Քոմերսանթ»-ի տեղեկատուութիւնը իր տեսակին մէջ առաջինը չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ վերջինը: Այսպիսի քարոզչական տեղեկատուութեանց մէջ, ինչպէս այս պարագային, սովորաբար յղում կը կատարուի անանուն աղբիւրներու` փոխանցուած «տեղեկութեան» հաւաստիութեան պատրանք ստեղծելու համար: Սակայն պահ մը մոռնալով այս իրողութիւնը, հարց տանք, որ եթէ Պաքուն 1994-ին իր ստանձնած պարտաւորութիւնը խզելու մտադրութիւնն ու կարողութիւնը ունի, ի՞նչ բան պիտի արգիլէ, որ հայկական կողմին կատարած տարածքային զիջումէն ետք ան անտեսէ իր ստանձնած վերանորոգ պարտաւորութիւնը: ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժե՞րը. Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձակումներուն ընթացքին այդ ուժերուն ունեցած օգուտը ծանօթ է բոլորին: Աւելի՛ն. այդպիսի քայլ մը պիտի ըլլայ վտանգաւոր նախադէպ մը, որ հետագային պիտի առաջնորդէ հայկական կողմէն նորանոր սուղ զիջումներու դիմաց ազրպէյճանական անարժէք յանձնառութեանց:

«Քոմերսանթ»-ի տեղեկատուութիւնը հաւաստի չէ: Եթէ Ազրպէյճան զինուորական գործողութեան դիմելով յաջողութեան հասնելու նուազագոյն յոյսը ունենար, արդէն շատոնց դիմած կ՛ըլլար ատոր: Մասնաւորաբար քարիւղի գիներու անկումին լոյսին տակ անոր տնտեսութեան դիմագրաւած լուրջ հարցերուն, անոր կեդրոնական դրամատան օտար դրամանիշերու պահեստի 50 առ հարիւրով կրճատման եւ ներիշխանական պայքարի պայմաններուն տակ երբեք պիտի չհամարձակի այդպիսի արկածախնդրութեան մը դիմելու: Այլապէս ալ Պաքուն ո՛չ զինուորական գործողութեան դիմելու կարողութիւնը ունի, ո՛չ ալ Լեռնային Ղարաբաղի կորուստը ընդունելու կամքը: Ան այդպիսով կը նպաստէ սթաթիւս քոյին յարատեւման, հակառակ անոր որ շարունակ այդ կացութեան յարատեւումէն կը գանգատի:

Ինչպէս Քրեմլինի մօտիկ ռուսական աղբիւր մը «Քոմերսանթ»-ին յայտնած է. «Իրականութեան մէջ անոնք կը վախնան պատերազմէն եւ հայերէն, 90-ականներու պատերազմը շատ ցաւալի աւարտ ունեցաւ անոնց համար»` ընդգծելով, որ Պաքուն պատերազմական հռետորաբանութեամբ պարզապէս կը փորձէ ամրապնդել բանակցութեան մէջ իր դիրքերը:

Այլ խօսքով` զինադադարի իսկական երաշխաւորը ո՛չ խաղաղապահ ուժերն են, ո՛չ ալ Ռուսիան, այլ` հայկական բանակը:

 

 

 

Նախորդը

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Օտար Դրամանիշերու Պահեստը 50 Առ Հարիւրով Կրճատուած Է

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?