Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց` «100 Ետք Տարի Ետք Կամուրջին Տակ»-ի Բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեանի Հետ

Նոյեմբեր 13, 2015
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

20151110_163856

Նախորդ շաբաթավերջին «Բեմ 2000» թատերախումբը, համագործակցութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան հետ, հանրութեան ներկայացուց «100 տարի ետք կամուրջին տակ» տխուր կատակերգութիւնը, որուն հեղինակն ու բեմադրիչը Վարդան Մկրտիչեանն է: Նիւթին ընտրութեան եւ թատրոնին վերաբերող  տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ բեմադրիչին հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս յղացաք այս թատրերգութեան գաղափարը: Ի՞նչ կը խորհրդանշէ խորագիրը եւ ի՞նչ կը փորձէք փոխանցել հանդիսատեսին:

ՎԱՐԴԱՆ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- Այս ներկայացման թեման տարիներէ ի վեր ուղեղիս մէջ կայ, եւ անընդհատ բան մը կը դրդէր զիս, կը յուշէր, որ բան մը կը մօտենայ: Հասաւ ժամանակը, երբ անդրադարձայ, թէ այս ամբողջ թեման` անտուններու վրայ պէտք է բեմին վրայ ներկայացնեմ: Հիմնական խնդիրը այն էր, որ ինչպէս կարելի է կապել այս հարցը Ցեղասպանութեան 100-ամեակին հետ: Անդադար կը մտածէի այդ կապին մասին եւ մտաբերեցի «կամուրջ» բառը, որովհետեւ կամուրջն է հիմնական բառը, որ իբրեւ խորհրդանիշ դրուած է ամբողջ թատրերգութեան մէջ` սկսած խորագիրէն մինչեւ ներկայացման աւարտը: Անմիջապէս բառարանին մէջ ստուգեցի կամուրջ բառին նշանակութիւնը. հոն գրուած էր` փոսի կամ գետի վրայ շինուած ճամբայ. փոխաբերական իմաստով` 2 կէտերու միջեւ եղող կապ: Այստեղէն սկսայ անտուններու մասին մտայղացումս կապել Ցեղասպանութեան 100-ամեակին հետ: Կամուրջը եղաւ հիմնական պատճառը, որ կրցայ կապը գոյացնել::

Խորագիրը բաւական բան կ՛ըսէ: 100 տարի անցած է եւ մինչեւ օրս անտուն մնացած ենք, տակաւին մեր մէջ կան անտուն մարդիկ: Մեզի պէս ազգի մը համար, որ անդադար ոգեկոչումներ կ՛ընենք, հանդիսութիւններ կը կազմակերպենք, լոզունքներ կ՛արձակենք, կարելի էր ասոնց կողքին նաեւ խօսիլ վերանորոգուելու մասին, այդ գծով եւս աշխատանք տանելու: Աշխատանք կը տարուի իրար օգնելով` իրարու ուշադրութիւն դարձնելով: Եթէ 100 տարուան ընթացքին մենք ուշադիր ըլլայինք իրարու, եւ տեսնէինք դէպի ուր կ՛երթանք, 100 տարի  ետք այս կացութեան չէինք մատնուեր:

«Ա.».- Թատրոնի պատրաստութիւնը որքա՞ն ժամանակ առաւ, եւ ինչպէ՞ս եղաւ դերասաններուն ընտրութիւնը:

Վ. Մ.- Անտուններուն վիճակը ինծի անընդհատ ցաւ կը պատճառէր, եւ երբ տեսնէի զիրենք փողոցը, կը զգայի իրենց դժուար կացութիւնը: Հարց կու տայի, թէ արդեօք ի՞նչ կարելի է ընել: Իմ մասնագիտութիւնս թատրոնն է, ուստի որոշեցի այս ամբողջ ցաւը թատրոնի ճամբով ներկայացնել: Երանի ամէն մարդ իր մասնագիտութիւնը օգտագործելով կարենար ի յայտ բերել այդ ցաւը եւ օգտակար դառնար անտուն մարդոց, որպէսզի չհասնէինք հոն, ուր հասած ենք: Տարիներու ընթացքին ես հանդիպեցայ տարբեր տեսակի անտուններու:

Գեղարուեստական կառուցուածք մը ունէր ներկայացումը, որովհետեւ հարկ էր թեմա մը ունենալ, որուն միջոցով հանդիսատեսին կարելի պիտի ըլլայ փոխանցել միտքը: Թատրոնի պատրաստութեան տեւողութեան մասին ըսեմ, որ ես շատոնց սկսած էի գրել եւ ամբողջացուցած էի, սակայն թատրերգութեան գրութենէն սկսած մինչեւ բեմ բարձրանալը տեւեց 1 տարի: Հոս կ՛ուզեմ ըսել, որ ես թատերագիր մը չեմ: Ես անձ մըն եմ, որ ազդուած է իր շրջապատէն եւ իր մասնագիտութեան ճամբով ուզած է այս թեման ներկայացնել: Դերակատարներու ընտրութեան առնչութեամբ ըսեմ, թէ 2000 թուականին հիմնած եմ «Բեմ 2000»-ը եւ իւրաքանչիւր ներկայացման ժամանակ ես հաւաքած եմ դերասաններ, չունիմ թատերախումբ: Երբ համոզուիմ ներկայացման մը, նախքան թարգմանութիւնը կամ գրութեան աշխատանքի սկսիլս անպայման կը խօսիմ դերասաններուն հետ: Այն դերասանները, որոնց կը դիմեմ տեսած կ՛ըլլամ բեմերու վրայ եւ գիտցած կ՛ըլլամ անոնց կարողութիւնները եւ ունեցած հնարաւորութեան աստիճանը: Որովհետեւ թարգմանութեան ժամանակ նկատի կ՛ունենամ այդ դերասանը եւ բեմադրութիւնը ինծի համար կը սկսի թարգմանութեան ատեն: Ներկայացման մէջ դերեր ստանձնած էին` Յարութ Թորոսեան (Հայկ), Այտա Սրապոնեան (Սաթենիկ), Անժելինա Սարգիսեան (համր աղջիկ), Քրիսթին եւ Բալիկ Սրապոնեաններ (2 համալսարանական ուսանողներ),  Յարութ Սիմոնեան եւ Սիմոն Պէրպէրեան (2 փողոցային տղաք), Կրասիա Սրապոնեան (նոր անտուն մը), իսկ ես ստանձնած էի Զաւէնի դերը, որ բեմին վրայ հաւասարակշռութիւնը պահող անձնաւորութիւն մըն է եւ կը համընկնի իմ բնաւորութեանս հետ:

«Ա.».- Ներկայացման մէջ օգտագործած էք հայերէն լեզուի բոլոր տարբերակները` ռամիկ լեզուէն անցնելով խօսակցական եւ մինչեւ գրական լեզու: Կրնա՞նք խօսիլ այս երեւոյթի մասին:

Վ. Մ.- Ես որպէս թատրոնի մարդ, երբ թատերախաղ մը պիտի բեմադրեմ, կողմ եմ այն լեզուին, որ հարազատ է կերպարին: Ինծի համար անհասկնալի է այն տեսակէտը որ բոլոր դերակատարները խօսին նոյն ոճով: Բեմին վրայ կատարուածը պէտք է ինքզինք արդարացնէ, հարազատ ըլլայ նիւթով, խօսքով, վերաբերումով եւ մարդկային հոգեբանութեամբ: Սակայն կ՛ուզեմ ընդգծել, որ ներկայացման մէջ պէտք չէ շահագործուի ռամիկ խօսակցութիւնը, որովհետեւ այդ պարագային արդէն կը ձախողի որպէս ներկայացում եւ որպէս բեմադրութիւն:

«Ա.».- Առաջին անգամն է, որ «Բեմ 2000»-ը կը գործակցի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան հետ: Խօսինք այս համագործակցութեան մասին:

Վ. Մ.- 2000 թուականէն ի վեր 5 ներկայացումներով հանդէս եկած է «Բեմ 2000»-ը, սակայն առաջին անգամն է, որ կը համագործակցիմ  «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան հետ: Երբ առաջարկեցին ինծի, շատ ուրախացայ եւ մեծապէս շնորհակալ եմ իրենց, որովհետեւ ներկայիս նիւթական կացութիւնը համեմատած անցեալին` նոյնը չէ թատերախաղ մը բեմ բարձրացնելու համար: Հետեւաբար, առանց իրենց համագործակցութեան բաւական դժուար պիտի ըլլար: Առ այդ, աշխատանքը  բաժնուեցանք եւ ելանք ճամբայ:

 

 

Նախորդը

Հերի՛ք Է Լալկան Մինասի Նման…

Յաջորդը

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

RelatedPosts

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան
Հարցազրոյց

«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան

Յունիս 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?