Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

Նոյեմբեր 13, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Palabekh-Garabed_111315

Բնաւորութեամբ կատաղի եւ ըմբոստ, մանուկի պէս հեզ ու խոնարհ էր Սերոբի եւ անոր յիշատակին առջեւ, ինչպէս նաեւ` ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի եւ անոր կնիքին առջեւ: [Դաշնակցութիւնը] կը պաշտէր այն ձեւով. ինչ ձեւով որ Սերոբ ներշնչած էր: Որեւէ փոփոխութիւն, քննադատութիւն կամ նոր միտք այդ ըմբռնումին հանդէպ` անոր աչքին սրբապղծութիւն էր: Վա՜յ այն զինուորին կամ դաշնակցականին, որ կը համարձակէր որեւէ անբարոյական քայլ ընել. պատիժը մէկ էր.- մահ (կը վկայէ Ռուբէն):

ԲԱԼԱՊԵԽ ԿԱՐԱՊԵՏ

 

Ariudz-Kevo_111315

ՀՅ Դաշնակցութեան մարտիկը ըլլալու է քաջ, կորովի, անձնուրաց ու խոնարհ: Ի՜նչ որ կը հրամայէ Դաշնակցութիւնը, նա պիտի անվախօրէն կատարէ: Գիտէ՞ք Սերոբ Փաշէն ինչ կ՛ըսէր.- «Ով որ քաջ է ի՞նչ կը սպասէ: … Մահ պատերազմի օրհաս է, ով որ անվախ քաջ է թող գայ»: Դէ տղե՛րք ջան, մենք ալ ըլլալով Սերոբ Աղբիւրի հետեւորդները, անվախ եւ խիզախօրէն կատարենք ու գործադրենք մեր վրայ դրուած յեղափոխականի սուրբ պարտականութիւնը:

ԱՌԻՒԾ ԳԵՒՕ

 

Petara-Manoug_111315

Այս ո՞ր տեղէն սկսանք, ո՞ւր հասանք: Ուրեմն Հայաստանի ազատութիւնը իրականութիւ՞ն է:

Ա՜յ լուսահոգի Գէո՛րգ, Քեռի Մակար, Կորիւն… Գլուխնիդ վերցուցէք ու այս դրօշակին նայեցէք… Ափսոս, հազա՜ր ափսոս, մուրազին չհասած մեռան…

ՓԵԹԱՐԱՅ ՄԱՆՈՒԿ

 

Kale_111315

Անոր հաստատ, ուղիղ եւ յամր շարժուձեւը չէր կարելի փոխել ոչ իսկ թնդանօթի գոռոցով: Եթէ ռումբ կամ գնդակ մը իյնար իր առջեւ, կամ իր ամենասիրելի ընկերը զարնուէր կողքին, ոչ դէմքը կը փոխէր, ոչ շարժուձեւը, այլ քթի մէջէն «ըհը» մը կ՛ընէր եւ իր գործը կը շարունակէր: Երբ իր շուրջ ոգեւորութիւն կամ խուճապ ստեղծուէր, ան դանդաղօրէն ծխախոտը հանելով գլանիկ մը կը շինէր, յետոյ հանգիստ կ՛ըսէր. «Շատ միք թըռվըտա, հանգիստ մնացէք»: Այսքան էր իր յուզումը (Կը վկայէ Ռուբէն):

ԳԱԼԷ

 

Mardiros_111315

Մարտիրոսը, որը գնում էր գործի այնքան եռանդով ու պատրաստակամութեամբ` որքան աւելի մեծ էր նրա հետ կապուած վտանգը, չէր կարող չուղղուել առանց իսկ հրամանատարին լուր տալու, դէպի ամենավտանգաւոր դիրքը, չէր կարող չափուել չուզենալ թշնամու բազմութեան հետ մօտիկից, անպատրաստ դիրքի մէջ` գլուխը վեր բարձրացնելով նրանց գնդակների դէմ: Նա յեղափոխական խոյանքի մարմնացումն էր (Կը վկայէ Ռոստոմ):

ՄԱՐՏԻՐՈՍ

ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին`
125-Ամեայ Դրուագով

52.- 1912-ին կը ծագի Պալքանեան պատերազմը` Թուրքիոյ եւ իր նախկին գաղութներուն հետ` Յունաստան, Սերպիա եւ Պուլկարիա: Թուրքիոյ վրայ յարձակելու նպատակով պալքանեան երկիրներու մէջ տեսնուող պատրաստութիւնները կը խանդավառեն արտասահմանին եւ յատկապէս Պալքաններու հայութիւնը: Հայ կամաւորները` Անդրանիկի եւ Նժդեհի գլխաւորութեամբ կը մասնակցին պատերազմին` ընդդէմ Թուրքիոյ:

53.- ՀՅ Դաշնակցութեան կատարած արտասահման քարոզչութիւնը մեծ չափերով կ՛արդիւնաւորուի 1914-ին, երբ մեծ տէրութիւնները կրկին կը բարձրացնեն Հայկական բարենորոգումներու հարցը: Հայաստան կ՛ուղարկուին հոլանտացի Վեսթենենկը եւ նորվեկիացի Հոֆը` իբրեւ ընդհանուր քննիչները (բարձր կոմիսար): Բայց երբ Հոկտեմբերին Թուրքիա Գերմանիոյ կողքին պատերազմի մտաւ, Փետրուարեան համաձայնագիրը խզուեցաւ եւ ընդհանուր քննիչները ետ ճամբուեցան:

54.- 1914 յուլիս-օգոստոսին Կարինի մէջ կը գումարուի 8-րդ Ընդհանուր ժողովը, որու զբաղումները առանցք ունեցած են տիրող կացութիւնը եւ անոր հաւանական զարգացումները,- Թուրքիոյ քաղաքական ընթացքը, իթթիհատական կառավարութեան հայահալած գործունէութիւնը, Փետրուարեան համաձայնգիրը եւ զայն իր սաղմին մէջ մեռցնելու թրքական ճիգերը եւ այլն: Անփոփոխ կը պահուի նախորդ Ընդհ. Ժողովի ծանօթ որոշումը` ըստ որուն, պատերազմի պարագային, իւրաքանչիւր պետութեան քաղաքացի պէտք է կատարէ իր պարտականութիւնները` իր պետութեան նկատմամբ:

55.- Անդրկովկասի մէջ 1914-ի վերջին ամիսներուն ծաւալած հայ կամաւորական շարժումը սկզբնապէս նախաձեռնութիւնը կազմեց Թիֆլիսի Հայ Ազգային Բիւրոյին` քաջալերութեամբ փոխարքայ Վորոնցով-Դաշկովի: Սեպտեմբեր 21-23-ին կայացած Ռայոնական Ժողովին, Դաշնակցութիւնը եւս որդեգրեց ռուսական բանակի կողքին հայ կամաւորական ջոկատներ ունենալու գաղափարը եւ գործնապէս օժանդակեց այդ շարժման: Կամաւորական գունդերու կազմութեան հիմնական նպատակն էր անշուշտ` ըստ կարելւոյն շուտով օգնութեան հասնիլ կոտորածի վտանգին ենթակայ արեւմտահայ ժողովուրդին:

56.- Անցնող հարիւրքսանհինգ ամեակի ամէնէն ծանրակշիռ իրադարձութիւնը անկասկած Մեծ Եղեռն է: Դիւային այդ ծրագրի սիստեմաթիք գործադրութիւնը սկսաւ 1915 ապրիլ 11/24ին, ձերբակալութեամբն ու սպանդովը պոլսահայ ընտրանիին: Անմիջապէս ետք` սկսաւ քաղաքներու եւ գիւղերու հայ ազգաբնակչութեան բնաջնջումն ու տեղահանութիւնը: Թրքական ջարդերուն զոհ գնաց Դաշնակցութեան թրքահայ հատուածի մտաւորականութեան ու ղեկավարութեան, ինչպէս նաեւ մարտական սերունդի կարեւոր մասը` որ մինչեւ վերջ մնաց պատնէշի վրայ եւ բաժնեց սեփական ժողովուրդի ճակատագիրը:

Նախորդը

Հարցազրոյց` «100 Ետք Տարի Ետք Կամուրջին Տակ»-ի Բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեանի Հետ

Յաջորդը

Անդրադարձ. Զինադադարի Երաշխաւորը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?