Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հերի՛ք Է Լալկան Մինասի Նման…

Նոյեմբեր 13, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Ուոլթըր
Ուոլթըր

Մինասը ո՞վ է` չե՛մ գիտեր, բայց գիտեմ, որ մեր հոգեբանութեան վրայ ծանր կերպով նստած աներեւոյթ կերպար մըն է, որմէ անհրաժեշտ է ձերբազատիլ: Որքան շուտ, այնքան լաւ:

Քանի մը օր առաջ Եւրոպայի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) քաղաքական յանձնաժողովի սեղանին դրուած ու որդեգրուած էր զեկուցում մը` «Բռնութեան մագլցումը ԼՂՀ-ի եւ Ազրպէյճանի գրաւեալ այլ տարածքներուն մէջ» խորագիրով:

Զեկուցումը պատրաստուած է ԵԽԽՎ-ի բրիտանացի անդամ Ռապըրթ Ուոլթըր:

Արաբերէն առածը կ՛ըսէ` «Նամակին բովանդակութիւնը իր հասցէով կը ճանչցուի»: Հիմա այս զեկուցումն է. բովանդակութիւնը յայտնի է… խորագիրէն: Երբ կ՛ըսուի` «ԼՂՀ-ի եւ Ազրպէյճանի գրաւեալ այլ տարածքներուն», սա կը նշանակէ երկու բան`

Ա) Ըստ զեկուցաբերին (եւ յանձնաժողովին), Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ազրպէյճանական հող է, որ «գրաւուած» է եւ,

Բ) Կան նաեւ «այլ» գրաւեալ տարածքներ ու այս շրջաններուն մէջ (ԼՂՀ եւ «այլ») լարուածութիւն կայ, որ հետզհետէ կը սրի (լարուածութիւն ըսուածն ալ ինքնիրեն չի սրիր. մէկը պէտք է սրէ: Բայց այդ ալ ուրիշ խնդիր է):

Աւելորդ է ըսելը, որ մեզի համար կան միայն ու միայն ազատագրուած հայկական տարածքներ: Վե՛րջ: Բայց միջազգային քաղաքական կառոյցները այս տրամաբանութեամբ չեն շարժիր, մեղա՜յ, կարգ կայ, կանոն կայ, օրէնք կայ… Եւ ուրեմն, միջազգային միականի օրէնքով, քանի որ նախկին ԼՂԻՄ-ը մաս կը կազմէր Ազրպէյճանին եւ քանի որ անոր իրաւայաջորդ ԼՂՀ-ն չէ ճանչցուած իբրեւ անկախ պետական միաւոր, հետեւաբար կը  շարունակէ մնալ «ազրպէյճանական տարածք», որ սակայն, ներկայ դրութեամբ, կը մնայ «գրաւուած»:

Միականի ըսինք, որովհետեւ այդ օրէնքին կառչողները չեն ուզեր տեսնել, որ ԼՂԻՄ-ը իր անկախութիւնը հռչակած է Խ. Միութեան օրէնսդրութեան տրամադրութիւններուն հիման վրայ եւ անօրինական ոչինչ կար այդ քայլին մէջ: Վսիօ՛…

Իսկ մեծ ուժերը միջազգային օրէնքը յառաջ կը քաշեն միայն ա՛յն ատեն, երբ իրենց համար նպաստաւոր է. իսկ աղբանոց կը նետեն այն ատեն, երբ իրենց համար աննպաստ է: Նորութիւն չկայ մեր այս միտքին մէջ. պարզապէս վերյիշեցում է: Աշխարհի կարգը այսպէս է, սիրենք կամ չսիրենք: Սա իրականութիւն է, եւ ինչպէս այս յօդուածագիրը յաճախ կրկնած է, պէտք է հաշուի առնել միայն չոր իրականութիւնները:

Ուրեմն, հարցին էութիւնը, կամ տրամաբանութիւնը, պէտք է դիտել քաղաքական բնագաւառէն ներս:

Երկու օր առաջ, ԵԽԽՎ-ի քաղաքական յանձնաժողովին կողմէ այս զեկուցումին որդեգրումին մասին արտայայտուած է Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան: Ան յիշեցուցած է, թէ Ռապըրթ Ուոլթըր նոյն այն անձն է, որ 2013-ին ղեկավարած է եւրոպացի դէտերու առաքելութիւնը Ազրպէյճանի խայտառակ նախագահական ընտրութիւններուն, որոնք նոյն այդ առաքելութեան զեկուցումին մէջ որակուած էին «փայլուն»: Այս զեկուցումէն ետք, շարունակած է Քոչարեան, բրիտանական «Տը Կարտիըն» թերթը հաղորդած է, թէ Ուոլթըր եւ իր ընկերները նախ արքայավայել ընդունելութեան արժանացած են Պաքուի մէջ, ուրկէ վերադարձած են արժէքաւոր նուէրներով` «խմիչքներ, խաւիար, մետաքսեայ գորգեր ու գումարներ»:

Շաւարշ Քոչարեան ապա յայտարարած է. «Եւ ստացւում է, որ Եւրոպայի խորհուրդը հասել է այն աստիճանի, որ Ազրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավարը կարող է հրապարակային յայտարարել. «Եւրոպայի խորհուրդը մերն է»: Պատկերացնո՞ւմ էք` բռնատիրական Ազրպէյճանի ձեռքում է գտնւում Եւրոպայի խորհուրդը», որ սկզբունքով պէտք է յառաջ մղէ մարդկային իրաւունքները, ժողովրդավարութիւնը, խօսքի ազատութիւնը, այլակարծութիւնը եւ նման իտէալական արժէքային համակարգ մը ամբողջ:

Պարզ է, որ Ազրպէյճան եւրոպական կառոյցներուն մէջ առատօրէն կը գործածէ իր քարիւղատոլարները:  Ծուռ նստինք, շիտակ խօսինք` իսկ ինչո՞ւ չգործածէ: Կաշառքը զէնք է, որ ամէնուրեք կարելի է գործածել քաղաքական դաշտէն ներս: Տկարութեան նշան է, երբ ամէն պատեհ առիթի հրապարակաւ կը դժգոհինք, որ Պաքուի իշխանութիւնները կը կաշառեն եւրոպացի դիւանագէտները:

Եթէ կրնանք Պաքուի կաշառատուութիւնը եւ եւրոպացի պաշտօնատարներու կաշառակերութիւնը քարոզչական ամէն միջոցներով բացայայտել ու զանոնք խայտառակել համաշխարհային հանրային կարծիքին մօտ, ընե՛նք:

Եթէ մենք եւս կրնանք գտնել ու շահագործել այս կամ այն օտար պաշտօնատարին թոյլ կողմերը, ա՛յդ ալ ընենք: Բայց ի սէր Աստուծոյ, լալկան Մինաս չըլլանք:

5 նոյեմբեր, 2015

vproodian@gmail.com

Նախորդը

«Համշէնի Լիզուն Գոյսըվող Չա». Մայքոփում Բնակուող Համշէնցիներ

Յաջորդը

Հարցազրոյց` «100 Ետք Տարի Ետք Կամուրջին Տակ»-ի Բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեանի Հետ

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?