Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշնանային Իւրայատուկ Օր Մը` Իմաստաւորուած Օրհնաբեր Այցով – 20 Հոկտ. 2015

November 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

photo-(6)_111415

Պարզ աշնանային արեւոտ  օր էր  թէեւ, բայց` իւրայատուկ: Հալէպի «Վերժին Կիւլպէնկեան» հայ  ծերանոցի տաքուկ, փոքրիկ բոյնը կրկին եռուզեռի մէջ էր: Հետզհետէ մամիկներուն սպասումն ու  փսփսուքը կը վերածուէր ուրախ  տրամադրութեան, մինչ տնօրէնութեան, խնամակալութեան  եւ երկու տարեցներու կողմէ ծաղկեփունջերով  եւ  ողջոյններով կը դիմաւորուէին համայնքապետներ` Շահան արք. Սարգիսեանը եւ Պետրոս արք. Միրիաթեանը: Հովիւները  «եկեղեցի»-ն կը բերէին    հայ ծերունիներուն` այցելելով իւրաքանչիւրի փոքրիկ աշխարհը, ապաստանարանը, տունը` սենեակը, մատուռը փոքրիկ, անտես մոմեր վառելու անոնց հոգիներուն մէջ: Նոր բնակիչներով վերաստեղծուած, հնամենի տանիքին տակ եկած էին միասին իրարու ձեռք սեղմելու գօտեպնդելու ալեհերները, դառնալու ընդ-տանիք, մէկ ընտանիք:

Դեռ ամիս մը առաջ կրկին խայտացած էր այս հոգիի տունը, երբ Հալէպի մէջ Հայաստանի մեծարգոյ հիւպատոսն ու  համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանը  այցելած էին մամիկ- պապիկներուն:

Դուրսը թէեւ միշտ ալ ռմբակոծութեան հաւանականութեամբ լի էր օդը ,սակայն միջանցքներուն եւ սենեակներուն մէջ խաղաղութիւնը, մաքրութիւնը եւ կարգապահութիւնը ակներեւ  էր:

Տարեցները  երկիւղածութեամբ ոտքի ելան, պատրաստուեցան, քայլ առին, աստուածաշնչեան տեռատես կնկան նման դիմաւորելու իրենց սիրելի առաջնորդները.

Իւրաքանչիւրին դէմքին վրայ` տառապեալ ու շիջող կեանքի պատմութիւն, աչքերուն մէջ դեռ չիրականացած երազներ, կարօտ ու խաղաղութեան տենչ…

Երկու հովիւները մէկ առ մէկ մօտեցան անոնց ,թոյլ տուին, որ անոնք հպին ոչ միայն իրենց շրջազգեստին, ձեռքերուն, այլեւ` հոգիին ու  վեր կանգնին, ուղիղ կանգնին` բժշկուած…

photo-(7)_111415

Սրբազան հայրերը մէկ առ մէկ, կենսուրախ  եւ  սրտամօտ ոլորտի  մէջ  սեղմեցին անոնց ոսկրացած ձեռքերը, մտահոգութիւնները փարատեցին, աղօթեցին, օրհնեցին, մխիթարեցին, խրախուսեցին  իւրաքանչիւրը` իրեն համար վերապահուած յատուկ  ու անկեղծ բառերով:

«Մի՛ վախնար, քաջալերուէ»: Քաջալերական խօսք մը իր տեղին եւ ժամանակին կրնայ ամբողջովին յեղաշրջել ծերունիի մը կեանքը` քաջութիւնն ու յոյսը կրկին վերակենդանացնելով անոր մէջ, լոյս եւ ուրախութիւն բերել անոնց տրտմած հոգիներուն, դրական լիցքեր հաղորդել  յուսահատներուն:

Ծերանոցի խնամակալութեան փոխատենապետ պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեանի եւ  տնօրէն  Աւօ Գաթրճեանի  գլխաւորութեամբ, խնամակալական կազմը սենեակ առ սենեակ, ապա տանիքէն` խոհանոցէն մինչեւ գետնայարկ ուղեկցեցան  հոգեւոր հայրերու այս  հոգեյոյզ շրջագայութեան: Հայրերը` տանտէրերը, իրազեկ դարձան ծերանոցի համալիրի առօրեայ բոլոր մանրամասնութեանց` առողջապահական, կենցաղային, եւ այլ ծրագրային նորութիւններու մասին տեղեկութիւններ ստացան:

Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ մատուցուեցաւ տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած հիւրասիրութիւնը:

Իւրաքանչիւրս` պատասխանատու, ծերունի, խնամակալ թէ պաշտօնեայ, դարձանք միեւնոյն տան բնակիչ, անդամ:

Երեք համայնքապետներու նոր այցելութեան սպասումով եւ երազով տարեցները քուն մտան այդ օր` աշնանային խաղաղ ու յուսադրող նոր օրուան մը ակնկալութեամբ:

Հալէպ 20 հոկտ 2015

 

 

Նախորդը

Ղանթարոզ Գիւղ Եւ Եկեղեաց Գաւառ

Յաջորդը

Վահէ Աբելեանէն Եռահատոր Մը. The Way We Were, The Way We Are

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.