Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Արիւնարբու Կործանարար Բացայայտ Քաղաքականութիւն

November 17, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Harout-Chekijian1-720x616ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Պարզ տրամաբանութեամբ մը պիտի փորձեմ հասկնալ Միացեալ Նահանգներուն եւ անոր ենթակայ «դաշնակիցներուն» իսկական նպատակը Միջին Արեւելքի քաոսային վիճակին վերաբերող` կարգ մը լրատուութիւններու ընդմէջէն, յատկապէս այսօրուան «Ազդակ»-ի միջազգային բաժնի երկու լուրերէն մեկնելով:

Ա. 7 սեպտեմբեր 2014-ին նախագահ Օպամա ըսաւ, թէ «ՏԱՀԵՇ-ը ոչնչացնելը երեք տարուան կրնայ կարօտիլ», ուրեմն կարելի է հետեւցնել, որ մինչեւ մօտաւորապէս 7 սեպտեմբեր 2017 իրենք ՏԱՀԵՇ-ին ծառայութեան տակաւին պէտք պիտի ունենան, տեսնել «Նիւ Եորք Թայմզ» 8 սեպտեմբեր 2014 ( http://www.nytimes.com/2014/09/08/world/middleeast/destroying-isis-may-take-3-years-white-house-says.html?partner=rss&emc=rss&_r=2 ): Հետաքրքրական եւ շահեկան է նոյն օրուան «Ինֆօ Ուորզ»-ի մէջ վերլուծաբան Քըրթ Նիմոյի յօդուածը (http://www.infowars.com/obamas-long-isis-war-it-will-take-years-and-kill-thousands/), որ կ՛անդրադառնայ Միացեալ Նահանգներու միջին արեւելեան պատերազմներուն բաւական առարկայական մօտեցումով:

Անհասկնալի է, թէ ինչպէ՞ս կարելի էր այդքան երկար ժամանակամիջոց ճշդել, եթէ իսկապէս նպատակ ունէր ՏԱՀԵՇ-ը ոչնչացնելու. երբ իր գլխաւոր դաշնակիցներէն մին` Թուրքիան, ամէն ձեւով կ՛օժանդակէ բոլոր ծայրայեղական խմբաւորումներուն, զինամթերքով, զինավարժութեամբ, զինեալներուն ազատ երթեւեկ ապահովելով, հիւանդանոցային ծառայութիւն մատուցելով եւ անոնց գրաւած տարածքներուն քարիւղը գնելով, նիւթական ինքնաբաւութիւն շնորհելով անոնց: Գերպետութեան համար բաւարար էր դաշնակից Թուրքիոյ այս դերակատարութիւնը` զինեալներու, զինամթերքի, նիւթականի եւ քարիւղի հոսքը կասեցնելով վերջ տալու համար բոլոր ծայրայեղականներու գործունէութեանը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ:

Բ. «Մինչ ՏԱՀԵՇ մօտալուտ յարձակումով կը սպառնայ Ռուսիոյ. «Ուաշինկթըն սուրիական վարչակազմը տապալելու համար իր գրաւը դրաւ ՏԱՀԵՇ-ի կարողութեան վրայ», ըսաւ Զախարովա» («Ազդակ», 13 նոյեմբեր 2015 https://www.aztagdaily.com/archives/267658 ): Մեկնաբանութեան չի կարօտիր, համապատասխանելով վերը նշուած «Ա.» բաժինին:

Գ. «ՏԱՀԵՇ-ի քարիւղի գաղտնի խողովակաշարը կ՛անցնի Թուրքիոյ տարածքէն» («Ազդակ», 13 նոյեմբեր 2015 https://www.aztagdaily.com/archives/267653 ): Այս մէկը նաեւ մեկնաբանութեան չի կարօտիր, եւ կը համապատասխանէ վերը նշուած «Ա.» բաժինին:

Դ. «Ռուսական «Միկ»-երը խափանեցին Միացեալ Նահանգների կայծակնային պատերազմը Սիրիայում» («Ազդակ», 13 հոկտեմբեր 2015 https://www.aztagdaily.com/archives/263080 ): Ահա ռուսական այս միջամտութիւնը տակնուվրայ ըրաւ Սուրիոյ, Իրաքի եւ Միջին Արեւելքի խաղաղ ժողովուրդներու արիւնարբու թշնամիներու կործանարար ծրագիրները:

13 նոյեմբեր 2015

Նախորդը

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն. Թեհրանաբնակ Հայերու Մարտահրաւէրները` 21-րդ Դարու Սկիզբը

Յաջորդը

Ի Հեճուկս Տաւութօղլուի Կոկորդիլոսի Արցունքներուն

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.