ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ
Վերջին երկու տարիներուն Միջին Արեւելքի ռազմա-քաղաքական բեմի գլխաւոր դերակատարներէն դարձաւ «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութիւնը կամ ՏԱՀԵՇ-ը (Իսլամական պետութիւն Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ): Համաշխարհային լրատուական հաղորդումներու մէջ ՏԱՀԵՇ-ի անունը առօրեայ դրութեամբ այնքան կը լսուի, որ ստուերի մէջ մնացին անկէ ոչ նուազ վայրագ, գաղափարակից միւս իսլամական հաւատադրժողական խմբաւորումները , ինչպիսիքն են միջազգային ահաբեկչական վաստակ ունեցող Քայիտան եւ իր սուրիական թեւը` Նուսրան, Թալիպանը եւ այլն: Կարճ ժամանակուան մէջ ՏԱՀԵՇ-ը այնքան հեղինակաւոր դարձաւ , որ իրեն հաւատարմութեան ուխտ կատարեցին հեռաւոր երկիրներէ իսլամական հաւատադրժողական ահաբեկչական խմբաւորումներ, ինչպէս` Պոքօ Հարամը Ափրիկէի մէջ , Ապու Սայեաֆը Ֆիլիփփինի մէջ, եւ Ուզպեքիստանի, Լիպիոյ, Եմէնի եւ Եգիպտոսի մէջ տեղակայուած իսլամական ծայրայեղականներ, որոնք Քայիտայէն աւելի ուժեղ հեղինակութիւն մը գտան ՏԱՀԵՇ-ին մէջ:
Մէկ օրէն միւսը լոկ տեղայնական զինեալ խմբաւորումէ մը դէպի իսլամական խալիֆայութեան ձգտող, պետութեան մը որոշ յատկանիշներ ունեցող կառոյց անցումը պատահական իրադարձութիւն մը չէ: ՏԱՀԵՇ-ի յարաճուն արշաւանքը մասնաւորապէս` Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ, հետեւանք է բազմաթիւ գործօններու եւ իրադարձութիւններու, որոնցմէ կ’արժէ յիշել հետեւեալները` իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի պատճառականութեան ու վերելքի գլխաւոր ազդակները:
1) ՏԱՀԵՇ-ական հոսանքը Իրաքի մէջ արմատ նետած է աւելի քան տասնամեակ մը առաջ:
2001-էն ի վեր Իրաքի մէջ, յատկապէս` Իրաքի սիւննիական հոծ շրջաններուն մէջ իսլամական ծայրայեղականներու բջիջներ կը կազմաւորուէին: Սատտամ Հիւսէյնի գահընկէցութենէն ետք, Միացեալ Նահանգներու իրաքեան ներխուժման հետ, թափ ստացաւ իսլամական ծայրայեղականներու զինեալ շարժումը Իրաքի մէջ: Տարբեր անուանումներով պարբերաբար երեւան եկան իսլամական մոլեռանդ խմբաւորումներ, որոնցմէ են` «Անսար իսլամ»-ը, յորդանանցի յայտնի ահաբեկիչ Զարքաուիի «Ժամաաթ թաուհիտ ուալ ժիհատ»-ը, «Իրաքի Քայիտան» եւ «Մաժլըս շուրա մուժահիտին ֆիլ Իրաք»-ը, որ համախմբումն էր սիւննի քանի մը խմբակցութիւններու: 2006 թուականին «Իրաքի իսլամական պետութիւն»- ՏԱՀԵՇ անուան տակ համախմբուեցան նշեալ իսլամական խմբակցութիւնները` Ապու Այեուպ ալ Մասրիի, Ապու Օմար Պաղտատիի առաջնորդութեամբ: Հետեւաբար Իրաքի մէջ սիւննի ծայրայեղական զինեալներու ամուր ցանցը շատոնց արդէն կազմաւորուած էր , երբ Սուրիոյ պատերազմը վրայ հասաւ:
2) 2003-էն մինչեւ 2009 գործած ամերիկեան «Պուքքա» ճամբար-բանտին դերը` իսլամական մոլեռանդներու ընդյատակեայ ցանցի մը ձեւաւորման մէջ:
Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի մէջ լոյս տեսած, Թերընս ՄքՔոյի ստորագրութեամբ 4 նոյեմբեր 2014-ի յօդուածի մը,` ՏԱՀԵՇ-ը ամերիկեան այս բանտին մէջ ծաւալած է: Համաձայն յօդուածագիրին, ՏԱՀԵՇ -ի ինքնակոչ խալիֆան` Ապու Պաքր Պաղտատին եւ ութ այլ բարձրաստիճան ՏԱՀԵՇ-ի հրամանատարներ Պուքքայի արգելափակեալներ եղած են: 11 դեկտեմբեր 2014-ին «Տը Կարտեըն»-ի` Մարթին Չուլովի յօդուածին մէջ տեղ գտած ՏԱՀԵՇ-ականի մը վկայութեան համաձայն, Պուքքան բանտարկեալներուն համար ժիհատական դպրոց էր, իսկ պարագլուխի ղեկավարներուն համար` վարչագիտական դպրոց:
3) Իրաքի իշխանութիւններուն գործած լուսանցքայնացումը սիւննիներու նկատմամբ եւ ամերիկացիներու ոտնձգութիւնները Ֆալլուժայի եւ այլ սիւննի շրջաններու մէջ:
2003-ին Ամերիկայի կողմէ Իրաքի գրաւումով Իրաքի ծայրայեղական սիւննիները իրենք զիրենք երկու թշնամիներու դէմ յանդիման գտան: 2003-էն ետք, տարիներու ընթացքին, Իրաքի սիւննիները մէկ կողմէ բռնագրաւող «անհաւատ» ամերիկացիին մուրճին, միւս կողմէ` շիայամէտ իրաքեան կառավարութիւններու սալին արանքին գտան իրենք զիրենք: Ուստի անիրաւուած ու կեղեքուած ըլլալու ժողովրդային ալիքը եւ համայնքային թշնամանքը ծնունդ տուին սիւննի զինեալ հոսանքին, ուր խոյացաւ յետադիմական ծայրայեղականութիւնը: Հետագային այս տասնեակ հազարաւոր զինեալներուն միացան Սուրիոյ իրենց մարտընկերները` միասին կազմելով գէթ քանի մը տասնեակ հազարանոց բանակ մը (գնահատումները մինչեւ 200 հազարի կը հասնին):
4) Պաաս-իսլամական «ամուսնութիւն»:
Սատտամ Հիւսէինին վարչակարգէն շատեր, որոնք բարձրաստիճան պետական պաշտօնատարներ եղած են նախքան ամերիկեան ներխուժումը, պաշտօնանկ եղան ամերիկացիներուն գալով: Ուստի անոնք հիմնաւոր դրդապատճառներ ունէին, որ ընդդիմանային Իրաքի նորակազմ վարչակարգին», որ ամերիկեան վերահսկողութիւնը կը վայելէր, եւ միաժամանակ կը թողլքուէր սիւննի համայնքը` շիի եւ քիւրտ տարրերուն հաշուոյն. նախկին պաասականները տեղ չունէին իրաքեան նոր դրուածքին մէջ: Պաասական բարձրաստիճան զինուորականներու ցանցը անհրաժեշտ փորձառութիւն եւ ենթահող ունէր, որ սիւննիական հոծ քաղաքները ի նպաստ իր քաղաքական նպատակակէտին ծառայեցնէր: Ու «ամուսնութիւն» կնքուեցաւ խումբ մը ծայրայեղ իսլամականներու եւ խումբ մը նախկին պաասականներու միջեւ, իսկ ասոր արգասիքը հանդիսացաւ ՏԱՀԵՇ-ը`օժտուած նախկին պաասականներու կազմակերպական հմտութիւններով ու Իրաքէն, Սուրիայէն, Թուրքիայէն, արաբական տարբեր երկիրներէ, Չեչենիայէն եւ աշխարհի բոլոր կողմերէն սիւննի հաւատադրժողականներու փաղանգներով: Փաստօրէն ՏԱՀԵՇ -ի ղեկավարներէն Ապու Օմար Պաղտատին (որ 2010-ին ամերիկեան օդային հարուածով սպաննուեցաւ),Ապու Մուսլիմ ալ Աֆարի ալ Թուրքմանի, Ապու Ալի Անպարի, Ապու Այման Իրաքի, «Հաճի Պաքըր» (բուն անունով` Սամիր Ապտ Մուհամմատ Խլիֆաուի) եւ այլք բարձրաստիճան սպաներ էին Սատտամի բանակին մէջ:
5) Իրաքի բանակին անակնկալ նահանջը երկրին արեւմտեան շրջաններէն:
Մուսուլ քաղաքի եւ անոր շրջակայքը տեղակայուած մօտ երեսուն հազար իրաքցի զինուորներու յանկարծակի, կայծակնային արագութեամբ նահանջը իրենց դիրքերէն հարցականներ կը յառաջացնէ: Ո՞ւր կորսուեցան Իրաքի արեւմուտքի բանակի սպաները` իրենց ետին ձգելով տասնեակ հազարաւոր զինուորներ, որոնցմէ շատեր «կեր» դարձան վրէժխնդիր ծայրայեղականներուն: Ինչպէս քանի մը հարիւր (լաւագոյն գնահատումներով` քանի մը հազար) հոգինոց անկանոն զինախումբ մը կրցաւ ահ ու սարսափի մատնել ամերիկացիներէն մարզուած ու զինուած դասական բանակ մը եւ տէր դարձաւ վերջինիս արդիական զինամթերքին ու ռազմասարքերուն: Ինչեւիցէ, ՏԱՀԵՇ-ի եւ իր գաղափարակից զինախումբերուն յառաջխաղացքները, թէ՛ Իրաքի եւ թէ՛ Սուրիոյ մէջ, ենթադրել կու տան, որ մեղսակցութեան դէպքեր արձանագրուած են երկու երկիրներուն բանակային շարքերուն մէջ:
6) Համաշխարհային ժիհատական հոսք դէպի Սուրիա: Վերջին տարիներուն աշխարհի չորս ծագերէն ժիհատի դաշտ համարուող Սուրիա ուղղուող տասնեակ հազարաւոր իսլամականներու անցագիրները ամենայն դիւրութեամբ կնքուեցան Սուրիոյ վարչակարգը տապալելու կարգախօսին տակ: Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ ամենայն դիւրութեամբ Սուրիա մտան առաւելաբար Թուրքիոյ սահմանէն` Ասատի վարչակարգը տապալել ջանացող վարչակարգերու դասաւորումով: Այս միջազգային ժիհատականները, որոնց մեծ մասը ՏԱՀԵՇ-ի յառաջամարտիկներն են, սովորական մարտիկներ չեն , այլ արիւնարբու ծայրայեղականներու ու փորձառու (վարձկան) կռուողներու հաւաքածոյ մըն են: Եւ առ այդ, բաւական դժուար գործ է զանոնք չէզոքացնելը` առանց Ռուսիոյ պէս պետութեան մը միջամտութեան:
7) Հակաասատեան առանցքին դերակատարութիւնը: Տարանցիկ Թուրքիան գլխաւոր պետութիւնը կը հանդիսանայ Սուրիա ահաբեկիչներ անցընելու եւ զանոնք մատակարարելու: Փաստօրէն ակներեւ է եւ հմտութիւն չի պահանջեր Թուրքիոյ` Սուրիոյ պատերազմին ուղղակի` ձեռքով-ոտքով մասնակցութեան անդրադառնալը: Որքան ալ Թուրքիան եւ իր խաղընկերները յայտարարեն, թէ իրենք չափաւոր ընդդիմութեան հետ են եւ ոչ` ծայրայեղականներուն, անոնք գործնականօրէն ուղղակի թէ անուղղակի կերպով ՏԱՀԵՇ-ին եւ Նուսրային կը ծառայեն իրենց վարած քաղաքականութեամբ : Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներն անգամ `Օպամայէն սկսեալ, քանի մը ելոյթով խոստովանեցան, որ իրենց մարզած անձինք եւ իրենց տրամադրած զինամթերքը ՏԱՀԵՇ-ի եւ Նուսրայի ձեռքը անցան որոշ տեղեր Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ: Եւ զաւեշտալի է, որ մինչեւ ռուսական օդային հարուածներու պահը, երբ Միացեալ Նահանգներ եւ իր դաշնակիցները ստանձնած էին օդային հարուածներու առաքելութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի տիրապետած շրջաններուն վրայ, ՏԱՀԵՇ-ը փոխանակ նահանջելու` նորանոր տարածքներ կը գրաւէր եւ կ՛աճէր իբրեւ կազմակերպութիւն: Տասնեակներով «Թոյոթա»-ներով եւ ամերիկեան զինատար եւ մարդատար կառքերով ՏԱՀԵՇ-ի շքերթները ինչպէ՞ս վրիպեցան ՕԹԱՆ-ի արդիական արբանեակային համակարգերէն: Ինչպէ՞ս ՏԱՀԵՇ-ը ազատօրէն եւ ծայր աստիճան արհեստավարժութեամբ վայրագ մահապատիժներ կը նկարահանէր անապատային բացօթեայ վայրերու մէջ :
8) Սուրիոյ բանակին հիւծումը
Սուրիոյ բանակը տասնեակ հազարաւոր զինեալներու դէմ մարտնչումի մէջ է ամբողջ Սուրիոյ տարածքին: Սուրիական իւրաքանչիւր նահանգի մէջ ընդդիմադիր զօրքեր գոյութիւն ունին: Սուրիոյ բանակը միայն ՏԱՀԵՇ-ին դէմ չէ, որ կռիւ կը մղէ, այլեւ` Նուսրային, Ահրար Շամին, Ժէյշ իսլամին եւ բազմաթիւ այլ խմբաւորումներու դէմ, որոնց անուանումները ինքնին գլխապտոյտ կը պատճառեն, սակայն խորքին մէջ երկու հիմնական բաղադրատարրերէ կը բաղկանան` տեղացիներէ եւ եկուորներէ: «Արաբական սուրիական բանակ»-էն հազարաւոր անջատուածներէ եւ իսլամականներէ կազմուած ընդդիմութիւնը, որ սկզբնական շրջանին «Սուրիական ազատ բանակ» անունով հանդէս կու գար, ճամբայ հարթեց մոլեռանդ իսլամականներուն արմատաւորման իրենց զինեալ ջոկատներուն մէջ: Հետագային այդ աւելի ծայրայեղականները, յանձինս` Նուսրայի, Ահրար Շամի եւ Տահըշի, իրենց նիւթական ու մարտական գերազանցութեամբ եւ կազմակերպուածութեամբ ընդդիմութեան պաշարներուն գերակշիռ մասը ձեռք ձգեցին եւ դժուարացուցին վարչակարգային զօրքերուն պարտականութիւնը: Ուստի, Սուրիոյ վարչակարգային զօրքերը փախուստ չունէին տարբեր ճակատներու վրայ ծանր պարտութիւններ կրելէ, ինչպէս` Իտլիպի եւ Տարաայի մէջ, նաեւ` ՏԱՀԵՇ-ի վերահսկողութեան տակ ինկող Տէր Զօրի ու Ռաքքայի մէջ :
9) Սիւննի աշիրեթները, անոնց կապերը Ծոցի պետութիւններուն հետ եւ անոնց շահակցութիւնը Իսլամական պետութեան հետ:
Արաբական աշխարհի մէջ կարգ մը մեծ աշիրեթներ, օրինակ` շամմարները, տարածուած են մէկէ աւելի երկիրներու մէջ, եւ այդ իսկ պատճառով աշիրեթի մը հաւատարմութիւնը շահելով` կարելի է թափանցել որեւէ քաղաք կամ գիւղ, ուր ներկայութիւն է տուեալ աշիրեթը: Առաւել, աշիրեթներէն ոմանք Ծոցի մէջ իրենց արիւնակցական կապերուն շնորհիւ` Ծոցի պետութիւններու համար յարմար քաղաքական լծակներ են: Եւ իրապէս, աշիրեթներու գործօնը մեծ դեր խաղցաւ նաեւ Իրաքի եւ Սուրիոյ սահմանին` ՏԱՀԵՇ-ի տիրապետութեան տակ իյնալուն մէջ: Փաստօրէն ՏԱՀԵՇ-ի իրաքցի ղեկավարները, զորս վերը յիշատակեցինք, կրցան օգտագործել արաբ սիւննիներու նահապետական կառուցուածքը, յատկապէս` Անպարի, Նինուէի, Տէր Զօրի եւ Ռաքքայի մէջ: Արաբական այս ցեղախումբերուն եւ ենթա-ցեղախումբերուն ցեղապետները երկու ընտրանք ունէին` հաւատարմութիւն յայտնել ՏԱՀԵՇ-ին, կամ պայքարիլ անոր դէմ: Յաճախ այս ցեղախումբերը կը մասնատուին. ոմանք կողմ են ՏԱՀԵՇ-ին, ոմանք` դէմ: Անոնք, որոնք ըմբոստ դիրք բռնեցին ՏԱՀԵՇ-ի նկատմամբ, ծանր պատժամիջոցներու ենթարկուեցան, ջարդուեցան , ինչպէս որ պատահեցաւ Պու Նըմըր ցեղախումբին հետ Անպարի մէջ, ուր հարիւրաւոր մարդիկ մահապատիժի ենթարկուեցան: Յամենայն դէպս, ցեղախումբերու գործօնը մեծ խթան մըն էր ՏԱՀԵՇ-ի նուաճումներուն: Փաստօրէն ՏԱՀԵՇ-ի շարքերը բաղկացած են մեծ մասամբ ցեղախումբերու անդամ իրաքցիներէ եւ սուրիացիներէ, ապա` օտարներէ:
10) ՏԱՀԵՇ-ի հսկայ եկամուտը:
ՏԱՀԵՇ-ը կը նկատուի աշխարհի ամէնէն հարուստ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը: Ծոցի երկիրներէ, անյայտ կողմերէ նիւթական օժանդակութիւններէն անկախ` ՏԱՀԵՇ-ը քարիւղի հանքեր ձեռք ձգած է Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ: Ունի պետութիւններու նման եկամուտի աղբիւրներ, որոնցմով տասնեակ հազարաւոր ժիհատականներ կը ներգրաւէ եւ անոնց թոշակ կ՛ապահովէ, եւ որոնցմով կը գոհացնէ իր մօտ տասը միլիոն հաշուող բնակիչներուն կարիքները, որոնք ՏԱՀԵՇ-ի մէջ կը գտնեն չափազանց խիստ ու անողորմ, բայց միաժամանակ ծառայութիւններ շնորհող պետութիւն: ՏԱՀԵՇ-ը եկամուտ ապահովելու համար դիմած է մաքսանենգութիւններու, փրկագիներ գանձելու, դրամատուներու կողոպուտի եւ այլն: Այնուամենայնիւ, առանց արտաքին նիւթական օժանդակութիւններու եւ աշխարհաքաղաքական գաղտագողի ծրագիրներու, դժուար թէ ՏԱՀԵՇ-ը դառնար այն, ինչ որ է այսօր :
Պաղեստինեան դատի ծնունդէն տասնամեակներ անց`անկախ պաղեստինեան պետութիւն մը չեղած` կայծակնային արագութեամբ ՏԱՀԵՇ կոչեցեալ խմբաւորում մը ի յայտ եկաւ Միջին Արեւելքի խաժամուժին մէջ` իբրեւ վայրագ, տմարդի ,յետադիմական, իսլամ ծայրայեղականներու հզօր բանակ մը: ՏԱՀԵՇ-ը, Սատտամ Հիւսէյնին նման ,տարածաշրջանին մէջ ունեցաւ մէկէ աւելի թշնամիներ (մօտաւորապէս նոյն թշնամիները) եւ արեամբ գրուած կործանարար երթ մը : Ասորական հնագիտական վայրերէն մինչեւ Փալմիր` ՏԱՀԵՇ-ը գետնին հաւասարեցուց մշակութային հարստութիւնները եւ ցեղասպանական եղանակով` ամէն տեսակ այլատարրութիւն: Իրաքի մէկ երրորդը գրաւելով` ոտնակոխեց Սայքս-Փիքոյի սահմաները եւ Եփրատով հասաւ մինչեւ Հալէպի ծայրամասերը: Այս ամբողջը` միմիայն երկու տարուան ընթացքին: Ինչպէս ամէն զօրաւոր վերելք կ՛ունենայ զօրաւոր վայրէջք, այնպէս ալ ՏԱՀԵՇ-ը վերջ ի վերջոյ կանգ առնելու է իր յարաճուն ընթացքէն: Թերեւս ռուսական թաթը կ՛ըլլայ ՏԱՀԵՇ-եան թաթառը ի սպառ կասեցնողը: Կարելի է: Արդ, հաւանական է, որ ամէնէն հարուստ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը կծկուի, դիմափոխութեան ենթարկուի կամ մասնատուի մօտիկ ապագային:
27/10/2015
Երեւան