Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ազրպէյճանն Ալ (Չ)Ընտրեց…

November 17, 2015
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

azer-endr_111615

Նախանցեալ շաբաթավերջի նոյեմբերեան առաջին օրուան կիզակէտը Թուրքիան էր, որ խորհրդարանական ընտրութիւններով իր վրայ կեդրոնացուցած էր միջազգային աշխարհը: Անցեալ յունիսի ընտրութիւններէն մինչեւ 1 նոյեմբեր 2015 Էրտողան եւ իր ներքին եւ յատկապէս արտաքին քարոզչական մեքենան այնպէս մը գործած էր, որ կրցած էր ամէն գնով տիրապետել ընդդիմադիր խմբաւորումներուն վրայ:

Ճարպիկ ձեւով ահազանգի հնչեցուցած եւ գործած Էրտողանի քարոզչական մեքենան փորձած էր նոյնիսկ խաբել դէտերը` ծածկելով զեղծարարութիւններն ու կաշառակերութիւնները:

Պարագան միեւնոյնը չէր Ազրպէյճանի մէջ, ուր հաւանաբար, դիտմամբ, միեւնոյն օրը` 1 նոյեմբեր 2015-ին որոշուած էր կատարել խորհրդարանական ընտրութիւնները: Ըստ երեւոյթին, Հայաստանի երկու դրացիները այնքան մը մօտիկ գործակցութիւն ունէին, որ խորհրդարանական ընտրութիւններն ալ միեւնոյն օրը որոշուած էին: Տարբերութիւնը այն էր, որ Թուրքիոյ պարագային գէթ սըսփենս մը գոյութիւն ունէր, մինչդեռ Ազրպէյճանի պարագային 2003-էն ի վեր իր հօր փոխարինած եւ նախագահական աթոռին կառչած նախագահ Իլհամ Ալիեւ որոշած էր այդ անակնկալն ալ չստեղծել:

Ո՛չ թէ միայն ընդդիմադիր ճակատը, այլ նաեւ դէտերն անգամ որոշած էին չհետեւիլ այդ շինծու ընտրութիւններուն, որուն արդիւնքը քուէաթուղթերուն վրայ գրուելէն առաջ իսկ յստակ էր:

Թէեւ Ալիեւի հովանաւորած «Նոր Ազրպէյճան» կուսակցութիւնն է, որ սպասուածին նման յաղթական դուրս եկաւ, սակայն Հին Ազրպէյճանն է… Ալիեւեան հնամաշ ու փտած ղեկավարութիւնը, որ քարիւղի հարստութիւններու վրայ յենելով` պիտի շարունակէ իշխել, տիրապետել, օգտագործել եւ շահագործել:

Հակառակ Անգարայի հետ իր գործակցութեան` Ալիեւ երբեք չէ կրցած համոզուիլ եւ հասկնալ, թէ ճկուն քաղաքականութիւն ինչպէ՛ս կարելի է կիրարկել, քաղաքական յաղթող պլըֆներ կազմակերպել եւ պարզ ու մեկին արդարութիւն եւ բարգաւաճում «ծախել» օտար դէտերուն:

«Նոր Ազրպէյճան» տիրացաւ 125 աթոռներէն եօթանասունին, իսկ մնացեալներն ալ յատուկ ընդդիմութիւն չեն ներկայացներ:

Տեղին է հարց տալ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ յաջորդ հանգրուանը:

Հաւանական է, որ Արեւմուտքն ու յատկապէս Եւրոպան, հակառակ Ալիեւի ընձեռած օժանդակութեան եւ «բարեացակամութեան», մօտէն չգործակցի` շարունակ հարցականի տակ առնելով երկրէն ներս տիրող ժողովրդավարական կարգը: Բնականաբար, այս մօտեցման լոյսին տակ, Ալիեւ պիտի փորձէ շատ աւելի մօտէն գործակցիլ Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ` ձեռք երկարելով Ռուսիոյ նախագահ Փութինի, հաւանաբար իր մօտիկ բարեկամ եւ իրեն նման գործող եւ ժողովրդավարութիւնը ոտնակոխող ղեկավար` Նուրսուլթան Նազարպայեւի միջնորդութեամբ:

Ռազմական գետնի վրայ, բնականաբար, Արցախի սահմաններէն ներս ոտնձգութիւններն ու զինադադարի խախտումը հետեւողական ձեւով պիտի շարունակուին:

Այսպէս, 1 նոյեմբեր 2015-ին, Թուրքիոյ նման,  Ազրպէյճանն ալ եւ… շատ աւելի բացայայտօրէն (չ)ընտրեց նոր խորհրդարան մը:

 

Նախորդը

Ոսկեզօծ Գահը Արիւնաթաթախ Է

Յաջորդը

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն. Թեհրանաբնակ Հայերու Մարտահրաւէրները` 21-րդ Դարու Սկիզբը

RelatedPosts

Քեսապի Գիւղերը` Կիլիկեան Աշխարհի Վերապրող Վկաները.  Օսմանեան Կայսրութեան Կազմէն Ներս Քեսապի Բնակչութեան Բազմացումը Եւ Բնակավայրին Ընդարձակումը
Պատմական

Քեսապի Գիւղերը` Կիլիկեան Աշխարհի Վերապրող Վկաները. Օսմանեան Կայսրութեան Կազմէն Ներս Քեսապի Բնակչութեան Բազմացումը Եւ Բնակավայրին Ընդարձակումը

January 28, 2026
Քեսապ Անտիոքի Դքսութեան Կազմէն Ներս Եւ Մեմլուքներու Տիրապետութեան Ժամանակաշրջանը
Պատմական

Քեսապ Անտիոքի Դքսութեան Կազմէն Ներս Եւ Մեմլուքներու Տիրապետութեան Ժամանակաշրջանը

January 21, 2026
Քեսապ` Հայկական Հին Եւ Պատմական Բնօրրան
Պատմական

Քեսապ` Հայկական Հին Եւ Պատմական Բնօրրան

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.