ՍԱՅԵԱԹ ԹԵՔԻՐ
«Նոր Զարթօնք» շարժման
պատասխանատու
Նախանցեալ շաբաթ հայ համայնքին վերադարձուած Պոլսոյ Թուզլա թաղամասի «Արմէն» ճամբար որբանոցը քանդումէն փրկելու եւ զայն իր տէրերուն վերադարձնելու համար թրքահայ երիտասարդներու հիմնադրած «Նոր Զարթօնք» հասարակական կազմակերպութիւնը երկար ժամանակ աշխուժ պայքար մը ծաւալած էր: Նոր Զարթօնքի անդամներէն Սայաթ Թեքիրի հետ կազմակերպութեան գործունէութեան եւ «Արմէն» ճամբարի դիմադրութեան ընթացքին թրքական պետութեան վարքագծի ու հայ համայնքի մասին զրուցեցինք:
«Վերանորոգել Ապագան»
Հայ-թրքական հարթակ
ՀԱՐՑՈՒՄ.- «Արմէն» ճամբարի դիմադրութեան 175-երորդ օրէն ետք դրական արդիւնք մը ձեռք բերիք: 1980-ականներուն պետութեան բռնագրաւած ճամբարը վերադարձուեցաւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրամին: Այսքան ատեն ձգձգուելէ ետք, ընտրութիւններէն հինգ օր առաջ այս վերադարձը ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- «Արմէն» ճամբարը դիմադրութեան 175-երրորդ օրը` խորհրդարանական ընտրութիւններէն հինգ օր առաջ հայ ժողովուրդին վերադարձուեցաւ: 175 օր առաջ յուզմունքով մտած էինք «Արմէն» ճամբար, այսօր արդէն կը տեսնենք որ դիմադրութիւնը յաջողութեամբ պսակուած է: 175 օր շարունակ «Արմէն» ճամբարը յիշողութեան վայրի մը վերածուած էր: Այս դիմադրութիւնը բոլորիս յիշեցուց անցեալի մէջ ապրուած անարդարութիւնները: 175 օր շարունակ մեզի միացած թուզլացիներուն, մեր դրացիներուն, Պոլսէն դուրս գտնուող քաղաքներէն եւ աշխարհի տարբեր ծայրերէն մեզի աջակցած մեր բոլոր բարեկամներուն շնորհակալութիւն կը յայտնենք: Մենք այդ զօրակցութիւնը առաջին օրէն զգացինք: Մենք ուժեղ էինք, որովհետեւ անոնք մեր ձայնին ձայն աւելցուցին: Մենք անդադար ըսինք, որ առանց սեփականութեան վկայականը ձեռք բերելու պիտի չլքենք «Արմէն» ճամբար: Ի վերջոյ, այսօր սեփականութեան վկայականը առինք: Յոյսով ենք, որ «Արմէն» ճամբարի նման բռնագրաւուած այլ վայրերն ալ հայ համայնքին կը վերադարձուին:
Հ.- «Արմէն» ճամբարի համար ձեր ծաւալած պայքարը ի՞նչ ընթացք ունեցաւ:
Պ.- «Արմէն» ճամբար հողատարածքը 60-ականներուն գնած էր Թուզլայի Հայոց որբանոցը, սակայն 80-ականներուն ան բռնագրաւուեցաւ պետութեան կողմէ: Սեփականութիւնը անվաւեր յայտարարուեցաւ եւ այն նախկին սեփականատիրոջը վերադարձուեցաւ: Ժամանակին որբանոցի կարգավիճակ ունենալու պատճառով զայն փլելու թոյլատուութիւն չէին կրցած ստանալ, սակայն այս տարի կրցան առնել:
Ամէն տարի, ապրիլի վերջին կիրակի օրը ճամբարի նախկին սաները փիքնիք «դաշտագնացութիւն» մը կը կազմակերպեն: Այս տարի, փիքնիքէն առաջ քանդելու որոշման լուրը առինք: Փիքնիք երթալով` մարդոց հետ խօսելով որոշեցինք «Նոր Զարթօնք»-ի անունէն քանդումին դէմ դիմադրութիւն կազմակերպել: Դիմադրութեան լուրը տարածուելուն պէս փլելու գործողութիւնը արագացուցին: Վեց մեթր երկարութեամբ քարշակներ բերին: Սկիզբը Ժողովուրդներու ժողովրդավարական քոնկրեսի անդամները, ապա մենք եւ շատ ուրիշ գիտակից մարդիկ` բոլորս միասին հոն գացինք: Քանդումին առաջքն առինք եւ այդ օրէն իսկ դիմադրութիւն ձեռնարկեցինք: Ինչ որ Կեզիի ժամանակ եւ անկէ առաջուան դիմադրութիւններէն ու գործադուլներէն սորված էինք, այնտեղ կիրարկեցինք: Հաւաքականութիւն մը ստեղծեցինք եւ միասնական դիմադրութիւն կազմակերպեցինք:
Դիմադրութիւնը շարունակեցինք մինչեւ սեփականութեան իրաւունքի վերադարձը: Այդ առթիւ երեք մամլոյ ասուլիս եւ երկու քայլերթ կազմակերպեցինք: Կառավարութեան, Պոլսոյ քաղաքապետի, Թուզլայի քաղաքապետի եւ իրաւապաշտպաններու հետ հանդիպումներ ունեցանք:
Հ.- Յունիս 7-ի ընտրութիւններէն առաջ ալ ճամբարը վերադարձնելու մասին յայտարարութիւններ եղած էին, այդպէ՞ս չէ:
Պ.- Դժբախտաբար Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ այդ ժամանակ երեսփոխանութեան թեկնածու Մարգար Եսայեանի կողմէ ձայն հաւաքելու համար այն օգտագործուեցաւ: Սակայն յաջողութիւն չունեցան: Միակ բանը, որ կրցան յաջողիլ, համայնքէն ներս տպաւորութիւն ստեղծեցին, որ` «ճամբարը կը վերադարձուէր»: Իրապէս, այդ պատճառով դիմադրութիւնը քիչ մը մարեցաւ, բայց մեր պայքարը չդադրեցաւ եւ շարունակուեցաւ մինչեւ սեփականութեան վերադարձը:
Հ.- Սեփականատէր հանդիսացող ընկերութիւնը այս հարցին մէջ որեւէ դեր ունեցա՞ւ:
Պ.- Այս հարցը ընկերութեան հետ կապ չունի: Ընկերութիւնը կամ անոր տէրը մտադրութիւն չունէր «Արմէն» ճամբարը վերադարձնելու` առանց կալուածի համար վճարած գումարը ետ առնելու կամ անոր փոխարէն ուրիշ հողատարածք մը ստանալու: Պայմանագիրը արդէն այդպէս կնքուած էր, պարզապէս օրինական ուղիները կը փնտռուէին:
Հ.- Այս հարցին մէջ ովքե՞ր ձեզի աջակցեցան, ովքե՞ր չաջակցեցան:
Պ.- Կրնամ ըսել, որ միւս հայկական հիմնարկներէն աւելի մեծ աջակցութիւն կ՛ակնկալէինք: Պատրիարքարանէն որեւէ աջակցութիւն չեկաւ: Միւս կողմէ` հայ ժողովուրդը մեծ աջակցութիւն ցուցաբերեց: Թուզլացի մեր հարեւանները նոյնպէս շատ օգնեցին: Պատրաստած պէօրեկներուն կէսը մեզի կը բերէին: Առաջին օրերուն մարդիկ իրենց հոսանքէն մեզի բաժին հանեցին` համերաշխութեան անհաւատալի օրինակ մըն էր: Թուզլացիներուն ըրածը անգնահատելի էր: Եթէ անոնք մեզի սատար չըլլային, դիմադրութիւնը չէինք կրնար շարունակել:
Հ.- Ուրիշ ի՞նչ շրջանակներէն օգնութիւն ստացաք` հասարակական կազմակերպութիւններէն կամ ալ կուսակցութիւններէն:
Պ.- Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութենէն եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն լուրջ աջակցութիւն եկաւ, կրնամ ըսել, որ անոնց երեսփոխանները այս խնդրին շատ կարեւորութիւն տուին: Անոնք մեզի մեծապէս օժանդակեցին թէ՛ իրենց ելոյթներով եւ թէ՛ իրենց ձեռնարկումներով: Բացի այդ, տարբեր երկիրներէ եւ տարբեր դաւանանքներէ մարդիկ մեզի զօրակցելու եկան, ուտելիք ղրկեցին: Սա շատ կարեւոր է, եթէ այդ ամէնը չըլլային, այս դիմադրութիւնը ամբողջ հինգ ամիս շարունակ չէինք կրնար պահպանել:
Հ.- Կարծեմ «Արմէն» ճամբարի դիմադրութեան դէմ յարձակումներ ալ եղան:
Պ.- Այո՛, դիմադրութեան 100-երորդ եւ 121-երորդ օրերուն երկու յարձակումներ տեղի ունեցան: Կը կարծեմ, որ անոնք արմատական աջ, ֆաշական խումբերու կողմէ եղան: Յատկապէս այն պատճառով, որ ընտրութիւններէն ետք երկրէն ներս մթնոլորտը փոխուած էր, ազգայնականութիւնն ու ցեղապաշտութիւնը` շատցած, «Արմէն» ճամբարն ալ թիրախ դարձաւ: Բայց մենք այնտեղ կրցանք ցուցաբերել իմաստութիւն, համարձակ դիմադրութիւն եւ պատշաճ պաշտպանութիւն ու շատ մեծ վնաս չկրեցինք:
Հ.- Այդ յարձակումներուն համար պետութիւնը պատասխանատուութիւն կը կրէ՞:
Պ.- Հարկա՛ւ, մեզ չպաշտպանելու տեսակէտէն պետութիւնը այստեղ պատասխանատու է: Պէտք է շեշտել այդ:
Հ.- «Արմէն» ճամբարի պետութեան կողմէ բռնագրաւումը, այնուհետեւ վաճառքը, փլելու փորձերը, հակազդեցութենէն ետք վերադարձնելու մասին խօսակցութիւնները, ապա ձգձգումը… Այս ամէնը Թուրքիոյ մասին ի՞նչ կ՛ըսեն ձեր կարծիքով:
Պ.- Մենք առաջին օրէն սա կ՛ըսենք. երբ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի մասին կը խօսինք, անոր խորհրդանիշներուն մասին ալ կը խօսինք: Եթէ Թուրքիոյ մէջ կ՛ուզես Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթող մը կառուցել, կարիք չկայ, որովհետեւ «Արմէն» ճամբարը այդտեղ յուշակոթողի մը նման կանգնած է:
Գիտէք` ճամբարը մասամբ փլատակ է, մեր հասնելէն առաջ քանդիչ մեքենաները մէկ մասը փլած էին: Մէկ մասը քանդուած է, իսկ միւս մասը աշխուժ է` գործունէութեան եւ կեանքի շարունակութեան առումով: Կարծես մէկ կողմէն ոճրագործներն ու փրկողները, իսկ միւս կողմէ` փրկուողներն ու զոհերը խորհրդանշող յուշակոթող մը ըլլայ:
Ըստ էութեան, ճամբարը երկար ժամանակ չվերադարձնելու հանգամանքը, ցաւօք, պետութեան անփոփոխ ըմբռնման մասին կը խօսի: «Արմէն» ճամբարը մեզի համար շատ կարեւոր է եւ այն շատ ուշադրութիւն գրաւեց, քանի որ Հրանդ Տինք այնտեղ ուսանած էր: Բայց ան եզակի կարեւորութիւն ունի, քանի որ խօսքը երեսուն տարի չգործող ճամբարի մը մասին է: Օրինակ, այսօր Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանը, որ շուրջ 30 աշակերտ ունի, նոյն ցաւով կը տառապի եւ կրնայ մեզմէ խլուիլ: Աշակերտութեան թիւը օր ըստ օրէ կը պակսի, որովհետեւ ծնողները գիտեն փակուելու վտանգի մասին: Իրականութեան մէջ մենք կը պայքարինք, որ այս հարցը լուծուի իրաւական միջոցներով, որպէսզի Պոմոնթիի Մխիթարեանի եւ այլ հաստատութիւններու համար օրինակ ըլլայ եւ նախադէպ մը դառնայ: Նման կալուածներ շատ կան, զանոնք որպէս մասնաւոր սեփականութիւն մի՛ ընկալէք, անոնցմէ շահ պիտի չապահովենք: Օգուտները հաւաքական կերպով կ՛օգտագործուին, անապահով աշակերտները այդ գումարներով ուսում եւ բուժում կը ստանան:
Հ.- «Արմէն» ճամբարի պայքարին թրքահայ համայնքի մասնակցութեան մասի՞ն ինչ կ՛ըսէք:
Պ.- «Արմէն» ճամբարի դիմադրութեան շատ մարդիկ մասնակցած են, մարդիկ, որոնք ժամանակին քաղաքական հարթակի վրայ չէին եղած: Դիմադրութիւնը զանոնք քաղաքականացուց: «Արմէն» ճամբարը վերածեցինք վայրի մը, ուր հայերու վերաբերեալ ամէն ինչ կը խօսուի: Այնտեղ բանավէճեր կազմակերպեցինք, մշակոյթին ու պատմութեան վերաբերող ձեռնարկներ ըրինք: Շաբաթուան, վերջերուն տարբեր ժողովուրդներու զաւակներ ի մի եկան: Երբ մէկ կողմը քանդուած էր, միւս կողմը երեխաներուն եւ անոնց ծնողներուն համար ճամբար մը դարձաւ, ուր մարդիկ կու գային հայերու մասին բաներ մը սորվելու:
Այս պայքարին յատկապէս շատ հայեր մասնակից դարձան: Անշուշտ եղան մարդիկ, որոնք չուզեցին խնդիրներ ունենալ: Աջակցողները իսկապէս ունեւոր մարդիկ չէին, բայց իրենց ունեցած հացը մեզի հետ բաժնեցին: Մեր դիմադրութեան զօրակցելու համար ամէն շաբաթուան վերջը հոն եկողները որոշ գիտելիքներ ձեռք բերին: Առաջին անգամ ըլլալով հաւատացին, որ դիմադրելով` պիտի յաղթենք: Աւելի առաջ ամէն ինչ կրաւորական ձեւով կ՛ըլլար, յաղթանակները ազդեցիկ այլ մարդոց կամ ալ Եւրոպայի միութեան միջոցով ձեռք կը բերուէին: Այս դիմադրութեան դրական աւարտով` հայերը առաջին անգամ կրցան դիմադրութեան միջոցով յաջողութեան հասնիլ: Հայերուն մէջ դիմադրութեան մշակոյթը մտցնելով է, որ պիտի արժեւորուի այս գործընթացը:
Սա սովորական բան մը չէ: Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, «Նոր Զարթօնք»-ի տարած աշխատանքները, ապա Սեւակ Պալըքճըի սպանութիւնը, տեղական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայերու քաղաքական ասպարէզ մտնելը, Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը եւ նման այլ բաներ առիթ հանդիսացան, որ հայութիւնն այսօր օրակարգի մաս կը կազմէ: Կարելի է ըսել, որ այս առումով «Արմէն» ճամբարի դիմադրութիւնը եւս իր ներդրումը ունեցաւ: Աւելի շատ մարդիկ իւրացուցին դիմադրութեան մշակոյթը եւ մասնակից դարձան որոշումներու կայացման: Հարիւր տարի կրաւորական դիրք բռնած ժողովուրդի մը համար սա կարեւոր դիմադրութիւն էր եւ պիտի շարունակէ այդպէս ըլլալ:
«Նոր Զարթօնք»-ը բազմաթիւ դատավարութիւններու հետեւած է, գլխաւորաբար` Հրանդ Տինքի դատավարութեան: Ապրիլ 24-ի ոգեկոչումներու կազմակերպման մէջ ալ առաջին շարքերուն եղած է: Մենք աշխատանք տարած ենք նաեւ, որ հայ ժողովուրդը իր ինքնութեամբ ապրի եւ այլ ժողովուրդներու պայքարին ալ աջակցի: Առաջին օրէն ի վեր փորձած ենք անարդարութիւններուն ձեւով մը վերջ տալ: Շահագործող համակարգի մը փոխարէն` կ՛ուզենք աւելի արդար, ազատ եւ հաւասար երկրի մը մէջ ապրիլ: Մեր միակ շարժառիթը սա է:
(Շարունակելի)