Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին. Ակնարկ` Անցեալին. Բեկորներ Հայոց Պատմութեան Կամ «Հայկական Մրցադաշտը` Պատերազմի Եւ Յեղափոխութիւններու Միջեւ», Անահիտ Տէր Ղուկասեան «L’Echiquer arménien entre guerres et révolutions, 1878-1920» Editions Karthala, Paris, 2015 (Բ. Մաս)

Նոյեմբեր 17, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

lechiquier-armenien-entre-guerres-et-revolutions-1878-1920«Այս գիրքին այլազան թեմաները կը համապատասխանեն պատմագէտի իմ ուղեծիրս հանգրուանած համալսարանական իրադարձութիւններու: Յանձնառու պատմագէտի ուղեծիր, որ սկիզբ առած է Փարիզի 19-րդ քաղաքամասի Տէ Պուա փողոցի նախակրթարանէն, Պելլվիլէն Փրէ-Սեն-Ժերվէ տարածուող ժողովրդական, կենսալի թաղի մը կեդրոնին, գրաւուած` յոյն, հրեայ, հայ, իտալացի, սպանացի գաղթականներու խուռներամ բնակչութեամբ: Թաղի կեդրոնական` «Տօներու հրապարակ»-ը յիշատակներուս մէջ իսկապէս արժանի կը մնայ իր անունին: Դպրոցիս 1930-ական տարիներու վարժուհիներուն կը պարտիմ անբարդոյթ սէրը պատմութեան, Ֆրանսայի եւ հանրապետութեան պատմութեան, ինչպէս եւ դաւանանքը, որ ազատութիւնը գերագոյն բարիք է, որուն կը ձգտին մարդիկ: Բայց նաեւ` որ այդ ազատութիւնը տուեալ մը չէ, կը նուաճուի պայքարով: Ճշմարտութիւն, որ կը շեշտուէր պատմութեան դասագիրքի նկարազարդումով: Հերոսական դիրքերու մէջ` մարդիկ (եւ նոյնիսկ դեռատի աղջի՜կ մը…), Վերսենժեթորիքսէն մինչեւ Ֆիլիփ Օկիւսթ եւ ՏիւԿըքլէն ու Ժանն տ՛Արք, պատերազմած էին եւ ներխուժողներ վտարած` Ֆրանսայէն… Ինչ որ կը հաստատէին դեռ գիրքի վերջին մասի նկարները` Ա. Աշխարհամարտի խրամներու եւ զոհուող ֆրանսացի զինուորներու: Նկարներ, որոնք կը ներդաշնակուէին առօրեայ փորձառութեամբը աղջնակի մը, որուն միակ խաղավայրը փողոցն էր. նաեւ հոն` քիչ մը սարսափեցնող ներկայութիւնը այդ աշխարհամարտի հաշմանդամներուն: Այսպէս, շատ կանուխէն մէջս տեղ է ըրեր «ազատութեան հողային սկզբունք» մը. պարտաւորութիւնը` մարդոց վրայ դրուած` պաշտպանելու իրենց հողը, հայրենիքը, «մեռնելու հայրենիքին համար»: Արդ, այդ չէ՞ր, որ կը հրահանգէր «Մարսէյէզ»-ը, որ մենք` աշակերտներ, բարձրագոչ կ՛երգէինք դպրոցական տարեշրջանի փակման օրը…

«Բայց պատմութեան դասագիրքը ունէր նաեւ ազատութեան ուրիշ սկզբունք մը, շատ աւելի վերացական: Ազատութիւնը` իբրեւ հաստատում մարդու իրաւունքներու: Եզրաբանութիւն մը, որ անշուշտ մատչելի չէր ինծի, բայց կը ներկայացուէր` Պասթիյի գրաւումը, Ժէօ տը Փոմի ուխտը, Մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներու յայտարարութիւնը եւ նման իրադարձութիւններ ոգեկոչող պատկերներով: Այս մէկ ազատութիւնը ուրեմն կը մնար աւելի դժուարահասկնալի, նոյնիսկ եթէ ցուցադրուած էր դպրոցի ճակատին` հաւասարութեան եւ եղբայրութեան նշումներով: […] Տարիներ պէտք եղան, որ ճիշդ ընկալեմ [ֆրանսական յեղափոխութեան] 20 սեպտ. 1792-ի` Վալմիի «Կեցցէ՛ ազգը» աղաղակները. թէ` անոնք քաղաքացիակա՛ն համայնքի մը կը յղուէին, եւ ո՛չ էթնոս-ազգի` մշակութային եւ կրօնական բաղադրիչներով: Ինչպէս պիտի ընկալուէին Պալքաններու կամ Միջին Արեւելքի մէջ, կամ` իմ ընտանիքիս մեծերուն մօտ:

* * *

«Ծներ եմ Ֆրանսա` գաղթական ծնողներէ, եւ մինչեւ իրենց մահը` հայրս ու մայրս պահեր են իրենց «հայ գաղթական»-ի կարգավիճակը, ստեղծուած Ֆրիտ. Նանսենի կողմէ եւ հաստատուած ու շնորհուած` Ազգերու ընկերակցութենէն: Անոնք կու գային հեռուներէն` Օսմանեան կայսրութենէն, ու աւելի ճշգրիտ` ասիական Թուրքիայէն, ինչպէս կ՛ըսուէր 1914-էն առաջ: Բախտի կամ հրաշքի բերմամբ, փրկուեր էին հայոց 1915-ի ցեղասպանութենէն, նոյնիսկ եթէ իրենց զոյգ ընտանիքները մեծ մասով բնաջնջուեր էին` Մուշ եւ Սվազ (Սեբաստիա): Տան մէջ, Ցեղասպանութիւնը (այն ատեն կը գործածուէր «ջարդեր» արտայայտութիւնը) երեխաներէն պահուող թապու նիւթ մը չէր բնաւ: Հոգեխոցումի գաղափարն ու բառը… տակաւին չէին հնարուած մանկա-հոգեբուժներուն կողմէ կամ պարզապէս տեղ չունէին մեր մօտ: Ընդհակառակը, Ցեղասպանութիւնը նիւթ էր գրեթէ ամէնօրեայ պատումի, կրկնուող ու նորոգուող: Պատում մը, որ, ինչպէս հեքիաթներու մէջ, կը ճոխանար նոր մանրամասնութիւններով` ներկայացուած մեր մէկ կամ միւս այցելուի տեղեկութիւններուն շնորհիւ: Յիշողութիւնը, իրական կամ վերստեղծուած, այն ատեն կը բանէր անկաշկանդ եւ կը կանգնէր պատնէշի պէս` ընդդէմ պատմութեան ուրացողներուն:

«Երկար ատեն ծնողներս ընդուներ են այցելութիւնները կնոջ մը` տիկին Մարիի: Սեւազգեստ, գլուխը միշտ քողով մը ծածկած, ան կը մտնէր մեր տունը, կը նստէր եւ կը մնար ուղղաձիգ մարմինով` աթոռին եզերքին: Ինծի կը թուէր շատ ծեր, ինչ որ իրականութիւն չէր հաւանօրէն: Կը մնար լուռ: Ինծի պատուիրուած էր իր ներկայութեան հանդարտ կենալ, չաղմկել, քանի որ ան շատ ծանր դժբախտութիւններ էր ճանչցած. իր տունէն վտարուած` տարագրուեր էր ընտանիքով հանդերձ: Նախ անհետ կորեր էր ամուսինը, իսկ ինք` ութ երեխաներուն հետ` անապատի մէջ քալեր էր օրեր եւ օրեր: Այս պատմութիւնը, որ միտքիս մէջ կը կապուէր «Պզտիկ Բթամատ»-ի իմ պատկերազարդ գրքոյկիս պատմութեան, բոլորովին տարբեր վախճան մը ունէր սակայն. երեխաները մեռեր էին իրար ետեւէ, ու վերջինը` հազիւ հասած Հալէպ, ապաստան քաղաք, որուն անունը շուտով արձանագրուեր էր յիշողութեանս մէջ: Ինք մնացեր էր կենդանի: Հիմա դարձած էր կարուհի: (Արհեստը ինծի ծանօթ էր, որովհետեւ թաղին մէջ անով կ՛ապրէին մեծ թիւ մը հայուհիներ, իրենց կարի «Սինկեր» մեքենաներուն վրայ հակած օրն ի բուն): Կ՛ապրէր մինակ, Նէոյի, 6-րդ յարկի սպասուհիի սենեակի մը մէջ: Չէր գանգատեր, բան չէր ըսեր իր կեանքի չարաշուք թուաբանութեան մասին: Ձանձրալի անձ մըն էր: Ուրիշ պատումներ ինծի աւելի յուզումնալի կը թուէին: Չէ՞ որ, խուսափելու համար «քիւրտերէն եւ անպատուութենէն», հայ մայրեր իրենց երեխաներով Եփրատ գետն էին նետուած…

Այսպէս, աղջնակը, որ էի, սկսեր է ըմբոստանալով, ապա հասկցեր է, որ կարելի է վերապրիլ ամէն աղէտի: Եւ որ ատիկա կը կոչուի քաջութիւն:

«Տունը իմ լսած բոլոր պատմութիւններէս (եւ մայրս անխոնջ պատմող մըն էր), իմ նախընտրածներս անոնք էին, որ կը վերաբերէին դիմադրութեան հերոսական կռիւներու, նման` Պելվիլ փողոցի «Ֆէէրիք Փաթէ» շարժանկարի սրահին մէջ տեսած «քաուպոյական» ժապաւէններուս: Այդ պատմութիւնները կ՛աւանդէին դիւցազնավէպը ֆետայիներու` փամփշտակալ գօտիներով բեռնաւոր առասպելական անձնաւորութիւններ (իրենց նկարները կային մեր գիրքերուն մէջ), որոնք կռուած էին թուրք բանակին դէմ, քիւրտ ցեղախումբերու դէմ` դիմագրաւելով անասելի վտանգներ: Ֆրանսա ծնող հայ տղոց կը տրուէին անոնց անունները` Անդրանիկ, Ռուբէն, Քրիստափոր, Իշխան, Վարդան, Րաֆֆի, զիրենք նոյն ուժով ու քաջութեամբ օժտուած տեսնելու յոյսով: Այս պատումները, ուր տեւաբար կու գար ազատութիւն բառը, մէջս կ՛արձագանգէին համահունչ` Ֆրանսայի պատմութեան հետ, պատմութեան դասագիրքիս դասերուն հետ…

«Բայց եթէ ազատութիւն ու հայրենիք կը շահուէին կռիւով, եւ եթէ հայերը կռուեր էին, ապա ուրեմն ինչո՞ւ պարտուեր էին: Ինչո՞ւ կորսնցուցեր էին իրենց հայրենիքը: Ինչո՞ւ դարձած էին տարագիր: Ես ինչո՞ւ ծնած էի Փարիզ: Հաւանօրէն այս հարցումներուն պատասխանելու համար է, եւ տիկին Մարիի լռութիւնները հասկնալու համար, որ պիտի դառնայի պատմագէտ»:

 

Նախորդը

Ի Հեճուկս Տաւութօղլուի Կոկորդիլոսի Արցունքներուն

Յաջորդը

«Վանայ Ձայն». «Եթէ Կարենանք Կուսակցական Վարքագիծի Գերակայութեամբ Տեղ Տալ Բազմակարծութեան Եւ Կառուցողական Քննադատութեան, Ապա Մամուլը Կը Մնայ Կենդանի Եւ Աշխուժ» «Բաց Քննարկում»-ի 7-րդ Յայտագիրին Հաստատեց Շահան Գանտահարեան

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?