ԲԱԳՐԱՏ ԷՍՏՈՒԿԵԱՆ
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել միօրեայ այցելութեամբ Պոլիս եկաւ: Ձեռքին սակարկութիւններու թղթածրար մը ունէր վարչապետը: Ծանօթ իրողութիւն է, գլխաւորութեամբ Գերմանիոյ, բովանդակ Եւրոպան վերջերս մատնուած է գաղթականներու հոսքին: Սուրիայէն, Աֆղանիստանէն, Իրաքէն, Լիպիայէն եւ Միջին Արեւելքի դեռ բազմաթիւ երկիրներէն ճարահատ մարդիկ կուտակուած են Եւրոպայի սահմաններուն: Իրենց համար փրկութեան վերջին միջոցին հասնելու համար վատնած են այն, ինչ որ ունէին: Կեանքերնին վտանգած են մարդավաճառներու ձեռքին մէջ: Բոլոր ունեցուածքնին տուած են այդ պատեհապաշտներուն, որպէսզի խարխուլ նաւերու մէջ, եթէ չընկղմին, քաղաքակիրթ Եւրոպայի մէջ նոր կեանք մը սկսին:
Ահա այս հոսքը կասեցնելու համար է, որ Թուրքիա կու գար Գերմանիոյ վարչապետը: Կ՛ուզէր դրամով կաշառել: Երեք միլիառ եւրօ կը խոստանար` գաղթականները Թուրքիա
պահելու, անոնց դէպի իր երկիրը հոսքը կանխելու փոխարէն: Կը խոստանար Թուրքիոյ քաղաքացիներուն դէպի Եւրոպա ճամբորդութիւնը դիւրացնող միջոցներ: Կը խոստանար Թուրքիոյ` ԵՄ-ի անդամակցութիւնը դիւրացնել: Եւ ի վերջոյ ամենանողկալին, գաղթականները Թուրքիա պահելու փոխարէն, օրակարգէ՛ն դուրս բերել Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը:
Այսպիսով, համաշխարհային հայութիւնը անգամ մը եւս ականատես կ՛ըլլար Արեւմուտքին, եւրոպական երկիրներուն խարդախութեան: Անգամ մը եւս մեր միլիոնաւոր զոհերու յիշատակը եւ անոնց հետ հայ ազգի արժանապատուութիւնը կը դրուէր շահագործման կեղտոտ սեղանին վրայ:
Հայոց պատմութեան դասագիրքի հեղինակները պէտք չէ մոռնան այս ստորին հանդիպման յաջորդ օր Թուրքիոյ թերթերուն մէջ հրատարակուած լուսանկարը: Պետական մտքի յարատեւութեան ապացոյցն է, փաստն է այդ նկարը, ուր Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան եւ Դաշնակցային Գերմանիոյ վարչապետը բազմած են ոսկեզօծ գահերու վրայ: Ուրախ հպարտութիւն մը կը նշմարուի իրենց դէմքերուն: Փոխադարձաբար ապահոված են կանխատեսած ակնկալութիւնները: Ուսանողը պէտք է իմանայ, որ այդ նկարին նմանը հարիւր տարի առաջ ալ գոյութիւն ունէր: Անցեալի Համիտին կամ Թալէաթին տեղ այսօր տեսէք Էրտողանը, ինչպէս անցեալի Վիլհելմ կայսրի տեղ` վարչապետ Մերքելը:
Դար մը առաջ անոնք այսպէս կը ժպտային` հայ ժողովուրդի դիակներուն կոխած, իսկ այսօր ամբողջ Միջին Արեւելքի ժողովուրդներն են իրենց ոտքերուն տակ:
Երկար ու խորունկ վերլուծումները թողունք «քաղաքական վերլուծաբան»-ներուն, մենք եղելութեան գիտակցինք սուրիացի մանուկի մը ընդվզումով` «Եթէ չէք ուզեր, որ ձեր երկիրը գանք, դադրեցուցէք մեր երկրին մէջ ձեր յարուցած պատերազմը»:
Այսքան պարզ ու յստակ է ամէն ինչ: Այսօր ո՛վ ի՞նչ որ ըսէ, նշանակութիւն չունի: Ապագայ սերունդները շատ աւելի յստակ պիտի գիտակցին մերօրեայ անցուդարձերուն: Պիտի տեսնեն, թէ այսօր այդ ոսկեզօծ գահերուն բազմածներու ձեռքերը թաթխուած է ժողովուրդներու արիւնին: Բայց վստահ եղէք, որ հարիւր տարի ետք ուրիշ դերակատարներ նոր սակարկութեան սեղաններ պիտի բանան, այս նիւթերը բարձիթող ընելու համար: Եւ շատ հաւանական է, որ պիտի չվարանին նոյն ոսկեզօծ գահերուն բազմած լուսանկարուելէ:
«Ակօս»