Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

Նոյեմբեր 16, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hamazasb_111615

Ի զուր է տանջանքդ, իմացի՛ր Չեկայ.
Քո արարքներից վախեցող չկայ,
Մեր մեծ ընկերներ վաղուց են նստել,
Ու կատարել են հերոսական դեր:

Ընկնողներ կամուրջ, մենք ենք կարաւան,
Խրոխտ քայլերով կ՛անցնենք Հայաստան,
Մենք էլ կը գործենք գործեր անհամար,
Յետոյ կը մեռնենք Հայ Ազգի համար:

ՀԱՄԱԶԱՍՊ

Sebouh_111615

Մեր անցած ճանապարհի երկու կողմերը խռնուած էր հայ ու պարսիկ գիւղացիութիւն մը: Սալմաստ տօնական երեւոյթ ունէր, ուռռաները եւ բարի գալուստի մաղթանքներն անվերջ էին: Բարի պարսիկները մեզ կ՛ողջունէին «հօշ կելտին»-ներով:

Փայաջուկի ժողովուրդը գիւղի մուտքին առջեւ կանգնեցուցած էր յաղթական կամար մը, որուն ճակատին վրայ կը կարդացուին սա վերտառութեամբ խօսքեր. «Կեցցէ՛ հայ կամաւորն ու հայուն Ազատութիւնը: Կեցցէ՛ հայ մարտիկներն ու խմբապետները»:

ՍԵՊՈՒՀ

 

Khempabed-Moushegh_111615

Ինկիլիզուց, ֆրանսըզից, մըզի ումուտ չկայ: Մոսկով լէ քան զթուրք տահա վատ է: Միակ` աղբըրութիւնով, յուս, սէր եղնելով կրնանք զմեզիկ ազատենք էս վիճակից մըր քուլֆաթով ու ազգով, մըր մալով ու մուլքով հանգիստ ապրինք: Ճերմակ արտըսուք շատ թափեցանք. քիչիկ մը լէ կարմիր արիւն թափենք. էն վաղըթ տեսէք թէ իմալ կ՛եղնի:

Խմբապետ ՄՈՒՇԵՂ

 

Madzoun-Khetcho_111615

Ձե՛զ մատաղ, ղայիմ ու նամուսով կացէք, դատարկ բաների համար երբեք ձեր մէջ տարաձայնութիւններ չգցէք: Եղէ՛ք սիրով ու վառ պահեցէք «Օճախի» կրակը: Ձեր անխախտ հաւատի ու կենսունակութեան մէջ որոնեցէք եւ ձեր անհատական երջանկութիւնը: Որչափ էլ տարիքն իր խօսքն ասի, ձեր մազերը ճերմակեն ու ձեր մէջքը կորանայ, ձեր երիտասարդի վայել անխախտ, վառ ու թռվըռան հաւատը ձեզ էլ անհատապէս թարմութիւն պիտի ներշնչի, եւ դուք ձեզ պիտի զգաք ջահիլներ – հոգով:

ՄԱԾՈՒՆ ԽԵՉՕ

 

Seydo-Boghos_111615

Յաճախ լուռ էր, երբ խօսէր, չափուած կշռուած կը խօսէր: Անոր խօսքը քամուն չէր երթար, գետին չէր իյնար: Ինչպէս խնամքով էր խօսքի մէջ, նոյնպէս խնամք կը տանէր դէպի իր շարժուձեւը: Գալէի նման դանդաղ կը քալէր, աղայի, իշխանի ձեւերն ունէր. համարձակ, հպարտ, տիրական: Ամէն ինչ իր վրայ կը ներշնչէր, որ առաջդ կանգնած է իշխան մը, ոչ թէ գեղջուկ ֆետայի մը: Ո՜վ գիտէ, գուցէ այդ գեղջուկին մէջ յարութիւն էր առած հին տոհմական իշխաններու մէկ սերունդը (Կը վկայէ Ռուբէն):

ՍԷՅՏՕ ՊՕՂՈՍ

ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին`
125-Ամեայ Դրուագով

61.- Հոկտեմբեր 5-6-ին Ուրֆա կը հասնին թրքական բանակի կանոնաւոր զօրասիւններ: 6 թնդանօթներ երեք կողմէ կը ռմբակոծեն հայկական թաղերը: Հայերը կը կռուին բացառիկ քաջութեամբ ու կատաղօրէն, մինչեւ հոկտեմբեր 23, երբ թուրքերը ի վերջոյ կը յաջողին ներխուժել հայկական Ուրֆայէն ներս: Կարեւոր թիւով հայեր, թշնամիին ձեռքը չանցնելու համար, կը նետուին հորերու մէջ կամ կը հրկիզեն իրենց զիրենք ու իրենց հարազատները: Կռիւներուն զոհ կ՛երթան, շատ մը ուրիշ քաջերու կարգին, նաեւ երկու ղեկավարները (Մկրտիչ Եօթնեղբայրեան, ձերբակալուելու պահուն, ատրճանակով վերջ կու տայ իր կեանքին. թուրքերը հերոսին մահը կ՛աւետեն թնդանօթի 24 հարուածներով):

62.- 1916-1917 տարիներուն, ռուսական զօրքի գրաւումին տակ գտնուող հայկական նահանգներուն մէջ կը ծաւալի վերակազմակերպումի եւ որբահաւաքի աշխատանքը` դաշնակցական գործիչներու եւ մարտիկներու ղեկավարութեամբ: 1917-ի պոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը եւ ռուսական նահանջը պատճառ դարձան արեւմտահայութեան երկրորդ գաղթին:

63.- 1918-ի մարտ-սեպտեմբերին, պոլշեւիկեան կոմունայի անկումէն ետք, Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ հայութիւնը կասեցուց Պաքուի վրայ թրքական յարձակումը: Թուրքերու կողմէ Պաքուի գրաւումին ուշացումը կարեւոր դեր ունեցաւ Օսմանեան կայսրութեան պարտութեան եւ Դաշնակիցներու յաղթանակին մէջ:

64.- Ռուսական զօրքերու նահանջէն ետք, թրքական յառաջխաղացքին դիմաց առանձին մնացած հայութիւնը կը մղէ գոյութեան ամէնէն վճռական կռիւները` Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ: Յաղթական այս ճակատամարտերուն ղեկավարն ու մղիչ ուժը: ՀՅ դաշնակցութիւնն էր` Արամի առաջնորդութեամբ:

65.- Մինչ Հայաստանի մէջ կեանքի ու մահուան գերագոյն այս գուպարը կը մղուէր, Անդրկովկասը, իբրեւ քաղաքական ամբողջութիւն, փուլ կու գար: 28 մայիսին, վերջապէս, նուիրականացնելով իրողական վիճակ մը, որ սկիզբ առած էր յունուարին` այն օրէն ի վեր, որ հայկական ուժերը առանձին կը կռուէին Թուրքիոյ դէմ` Թիֆլիսի Հայոց Ազգային խորհուրդը Հայաստանի անկախութեան յայտարարութիւնը կը խմբագրէր եւ իր ներկայացուցիչները կը ղրկէր Պաթում` անջատ հաշտութիւն կնքելու համար թուրքերուն հետ: 4 յունիս 1918-ին, Պաթումի դաշնագրով, Թուրքիան առաջին պետութիւնը կ՛ըլլար` Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս ճանչցող:

Նախորդը

Մոսկուա-Պաքու Մերձեցումը Վտանգաւոր Է Արցախի Համար

Յաջորդը

Ասեղնագործութեան Ցուցահանդէս-Վաճառք` Երեւանի Մէջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?