ՀՐԱԿ ՏԷՏԷԵԱՆ
Կը թուի, թէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատմութիւնը արտացոլացումն է համայն հայ ժողովուրդի վերջին 125 տարուան պատմութեան` իր պայքարով, գոյութեան եւ կորստեան մարտահրաւէրներով, հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութենէն ճողոպրած դժուարին ճանապարհին հետ:
Ան մեկնելով «ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար» կարգախօսէն` յառաջ մղեց ժողովուրդին պաշտպանութեան եւ անոր արդար դատի հետապնդման գործը: Դժուարին ճանապարհ մը` իրապէս, որուն ընթացքին պայքարեցաւ, կերտեց առաջին հանրապետութիւնը, սակայն դուրս մղուեցաւ հայրենիքէն եւ եօթանասուն տարի ետք կրկին վերադարձաւ հայրենիք` նոյն նպատակին եւ նոյն մարտահրաւէրներուն ի խնդիր: Արդարեւ, յաջողութիւններով եւ ձախողութիւններով լեցուն հայ ժողովուրդի վերջին հարիւրամեայ պատմութիւնը չէր կրնար չազդել նաեւ Դաշնակցութեան կեանքին եւ գործունէութեան վրայ: Սփիւռքի, յետեղեռնեան գոյապայքարին մէջ Դաշնակցութիւնը ճիգ չխնայեց իր կարելին ընելու մէկ կողմէ վերականգնելու հայ ժողովուրդին ֆիզիքական գոյութիւնն ու ազգային դիմագիծը, միւս կողմէ` յառաջ տանելու Հայ դատի աշխատանքները` ի խնդիր Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Երկիր վերադարձին:
Վերջին 35 տարիներուն եւ մասնաւորաբար Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակաշրջանին ան փորձեց պաշտպանել լիբանանահայութեան ֆիզիքական գոյութիւնը. կորսնցուց կարեւոր թիւով իր զինուորագրեալ տղոցմէն, ինչպէս նաեւ` ղեկավար դէմքերէն. սակայն յաջողեցաւ պատուով դուրս գալ այս մարտահրաւէրներէն եւ իր «դրական չէզոքութեան» քաղաքականութեամբ եւ հայ կուսակցութիւններու գործակցութեամբ եւ միասնակամութեամբ կրցաւ ապահովել լիբանանահայութեան գոյութիւնն ու վարկը: Եղեռնի յիսնամեակի թափին եւ զարթօնքին զուգահեռ, Դաշնակցութիւնը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն եւ ազատագրական պայքարին մէջ: Հայ մարտիկներուն եւ զինուորագրեալ տղոց կատարած արդարահատոյց հարուածներով յաջողեցաւ նոր որակ եւ թափ տալ Ցեղասպանութիւնը միջազգային հանրութեան քաղաքական օրակարգի վրայ դնելու գործին: Հայաստանի Բ. հանրապետութեան հռչակումէն ետք Դաշնակցութեան դիմաց դրուեցաւ նորագոյն մարտահրաւէր մը, այդ ալ Ղարաբաղի ազատագրութեան գոյապայքարն էր: Դաշնակցութիւնը ձեռնածալ չէր կրնար մնալ այդ պայքարին մէջ. ան վերադարձաւ Երկիր եւ իր ներդրումը ունեցաւ ոչ միայն արցախեան հողերու ազատագրութեան, այլեւ նոր Հայաստանի կերտման մէջ:
Ներկայիս Դաշնակցութեան դիմաց կան բազում մարտահրաւէրներ. անոնք հիմնականօրէն մարտահրաւէրներն են այսօրուան հայութեան, մասնաւորաբար` սփիւռքի մէջ: Առաջինը սփիւռքեան գաղութներու յարատեւութեան, կրթական-մշակութային աշխատանքներու շարունակութեան մարտահրաւէրն է, այսինքն հայը հայ պահելու գոյապայքարը լուրջ մարտահրաւէր մըն է: Գաղութներու լճացումը եւ հայութեան այլասերումը կը նշանակեն սփիւռքահայութեան նահանջը եւ օտարացումը:
Երկրորդ լուրջ մարտահրաւէրը Ցեղասպանութեան ճանաչման, այսինքն Հայ դատի կազմակերպուած հետապնդումն է: Իսկ հարիւրամեակէն ետք` հատուցման աշխատանքներու հետապնդումը, որ պիտի կազմէ յառաջիկայ հարիւրամեակի ամենադժուարին ճանապարհը, սակայն Դաշնակցութիւնը չի կրնար այդ պայքարին առաջնակարգ դերակատարի պարտականութիւնը չստանձնել:
Երրորդ կարեւոր մարտահրաւէրը Դաշնակցութեան դիմաց նոր սերունդին եւ երիտասարդութեան ներգրաւումն է ընդհանրապէս հայ կեանքին եւ մասնաւորաբար` Հայ դատի աշխատանքներու մէջ հիմնական դերակատարի պարտականութիւնը ստանձնելու, եւ մասնաւորաբար` հայ պահելու եւ հայօրէն ապրելու ճիգը նոր որակ եւ նոր արիւն ներմուծելու մեր ազգային կեանքին մէջ, այս աշխատանքը կը յաջողի երիտասարդութիւնը մղելով միութենական եւ մշակութային ոլորտ եւ կազմակերպելով զանազան գրաւիչ գործունէութիւններ, որոնց մէջ երիտասարդը ինքզինք կարեւոր եւ օգտակար զգայ: Երիտասարդութեան մէջ հետզհետէ այլասերող եւ օտարամոլ երեւոյթները սկսած են մեծ տարողութիւն ստանալ, ինչ որ կը վնասէ սփիւռքահայութեան որակական եւ քանակական պահպանման: Անշուշտ նկատի ունենալով, որ հայութեան մեծ մասը այսօր կ՛ապրի օտարութեան մէջ, հարկ է, որ ան տեսնէ իր շուրջի օտարութիւնը, բացուի իր շրջապատին եւ հոն հայութեան օգտակար աշխատանք տանի` երբեք չմոռնալով հայութիւնը եւ հայրենասիրութիւնը: Այս կէտին յարմար օրինակ մըն էր «Against All Genocides» ճանաչողական ձեռնարկը, որուն ընթացքին հայ եւ օտար երիտասարդները վերյիշեցին բոլոր ցեղասպանութիւնները եւ մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրները: Հարկ է այսպիսի նոր միջոցներով, նոր ըմբռնումով, նոր հասկացողութեամբ հասնիլ երիտասարդութեան կարիքներուն եւ դժուարութիւններուն եւ խրախուսել անոնց մէջ հայ մնալու եւ հայ ապրելու իմաստն ու նպատակը, ինչ որ դիւրին աշխատանք չէ` նկատի ունենալով սփիւռքի ոչ պետական կառոյց մը ըլլալու իրողութիւնը. Դաշնակցութիւնը պարտի ըլլալ թէ՛ պետութիւն թէ՛ քաղաքական կուսակցութիւն, հասնիլ բոլոր այն կարիքներուն, որոնք կ՛առնչուին հայօրէն ապրելու եւ շնչելու պայմաններուն:
Վերջապէս, Դաշնակցութիւնը կը տանի ինքնիր դժուարութիւնները շրջանցելու աշխատանքը` ինքզինք վերանորոգելու եւ նոր հարիւրամեակներու բացուելու համար, որուն համար անհրաժեշտ է ունենալ` տեսիլք, ոգի եւ ծառայութիւն:
Ինչպէս ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը 125-ամեակի իր արտասանած խօսքին մէջէն հաստատեց` «Ժողովուրդը դեռ վստահութիւն ունի Դաշնակցութեան վրայ, սակայն ունի նաեւ ակնկալութիւններ. այդ վստահութիւնն է, որ պէտք է պաշտպանէ կուսակցութիւնը, եւ ակնկալութիւնները իրականութեան վերածէ»: