ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
«Ընկեր» բառը բացատրելը այնքան ալ դիւրին չէ, որովհետեւ անոր իմաստը կը զգանք ու կ՛ապրինք:
Բառարանի սահմանումը պարզ է` «Մտերիմ, բարեկամ, ծանօթ, գաղափարով համախոհ, գործակից, օգնական», սակայն պէտք չէ բաւարարուիլ բառացի սահմանումով:
«Ընկեր» բառը կը գործածուի հոն, ուր մէկէ աւելի անհատներ կան. կեանքի ընկեր, գործընկեր, դասընկեր, կուսակցական ընկեր…
Կ՛ըսուի` չկայ լաւ ու վատ ընկեր, որովհետեւ ոչ մէկ ժխտական իմաստ ունի ընկեր բառը:
Հարստութիւն են ընկեր ունենալը, ընկեր ըլլալն ու ընկերասիրութիւնը: Մինակ է այն անձը, որ ընկեր չունի:
Ինչպէս նշեցինք, կան զանազան ընկերներ, որոնցմէ մէկն է կուսակցական ընկերը:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամները կը կոչուին ընկերներ, կուսակցական ընկերներ, դաշնակցական ընկերներ:
Վերոյիշեալ սահմանումին մէջ տեսանք, թէ ընկերը նաեւ գաղափարով համախոհն է, սակայն այս չէ միակ պատճառը, որ մենք կը կոչուինք ընկերներ:
Ինչպէս գիտենք, Դաշնակցութեան գաղափարական հիմքը ընկերվարութիւնն է, եւ բոլոր ընկերվարական շարժումներու, կուսակցութիւններու անդամները զիրար կը կոչէին ընկեր` «comrade», որովհետեւ այդ օրերուն կարիքը կար դիմելու զիրար առանց ընկերային դասակարգը նշելու, ինչպէս նաեւ` ամրապնդելու իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող գաղափարական կապը:
Մենք ալ նոյնպէս զիրար ընկեր կը կոչենք: Գեղեցիկ երեւոյթ մըն է այս բառին գործածութիւնը Դաշնակցութեան մէջ:
«Ընկեր». պարզ բառ մը` խոր իմաստով:
Այս բառը իր մէջ կ՛ամփոփէ կուսակցական կեանքի ջերմութիւնն ու մթնոլորտը:
Բառ մը, որ մեր ուսերուն կը դնէ պարտականութիւն:
Բառ մը, որ կ՛օգտագործուի 125 տարիներէ ի վեր:
«Դաշնակցական ընկեր»-ը յեղափոխական ընկեր է, գաղափարի ընկեր, զէնքի, պայքարի, կռիւի, ժողովի ընկեր:
«Դաշնակցական ընկեր»-ը 125 տարեկան է, ապրած` այս կուսակցութեան զանազան հանգրուանները, փառքի, ինչպէս նաեւ դժուար ու դաժան օրերը:
«Դաշնակցական ընկեր»-ը կեանքի ընկեր է, նոյն նպատակին հաւատացող, նոյն տեսլականը ունեցող, նոյն գաղափարին համոզուած անհատներուն:
Ընկեր ըլլալ կամ ունենալը կը պարտադրէ ընկերասիրութիւն` սիրել եւ յարգել:
Դաշնակցական ընկերը աւելի եւս պէտք ունի ընկերասիրութեան, որովհետեւ ան պարզ ընկերէ մը շատ աւելին է: Ընկերասիրութեամբ կուսակցական գործը առաւել եւս կը զարգանայ: Ընկերասիրութեամբ կարելի կ՛ըլլայ յաւելեալ նուաճումներ ձեռք ձգել, նոր յաղթանակներ կերտել:
125-ամեայ այս կուսակցութեան պատմութեան մէջ կը տեսնենք, թէ ընկերասիրութիւնը ներկայ եղած է մեր ընկերներուն մօտ կուսակցութեան ամենադժուար, ինչպէս նաեւ ամենալաւ օրերուն: Դաշնակցական ընկերները, ըլլան պատերազմի դաշտին վրայ կամ ակումբի մէջ, ըլլան անոնք խնճոյքի կամ ժողովի մէջ, միշտ եղած են ընկերասէր, յարգանքով մօտեցած իրարու: Սակայն կարելի չէ մոռնալ, թէ շատ անգամներ զանազան պատճառներով ընկերասիրութիւնը նուազած է, ընկերութիւնը վտանգուած:
Բայց միշտ ալ յիշած ենք, թէ մէկ կուսակցութեան անդամ ենք, մէկ կուսակցութեան ընկերներ: Այլ խօսքով` մէկ ընտանիք, ուր պէտք է ջերմ ու մտերիմ մթնոլորտ: Ունինք նոյն տեսլականը, նոյն նպատակը:
125 տարիներ գոյատեւած այս կուսակցութիւնը այսօր աւելի եւս պէտք ունի հաւատարիմ ընկերներու, որովհետեւ փոխուած են ժամանակները, փոխուած են մարտահրաւէրները, փոխուած են նաեւ ընկերութեան ըմբռնումները:
Պէտք չունինք կեղծաւոր անձերու, որոնք ընկեր բառին տակ պահուըտած` կը փորձեն խանգարել ու քանդել միասնակամութիւնը:
Մենք պէտք ունինք ընկերներու, որոնք պատրաստ են միասնաբար կազմելու մէկ բռունցք, դաշնակցակա՛ն բռունցք:
Պէտք չունինք կեղծաւոր անձերու, որոնք ընկեր բառին տակ պահուըտած կը քննադատեն աշխատանքը` քննադատելու սիրոյն, փոխարէնը ոչ մէկ գործ կատարելով:
Պէտք ունինք ընկերներու, որոնք պատրաստ են միասնաբար աշխատելու եւ միասնաբար պայքարելու: Ընկերներ, որոնք խօսելէ աւելի` կ՛աշխատին ու կը գործեն:
Նորագիր ընկերներէն մինչեւ ամենաերէցը, այսօր պէտք է քննենք, թէ որքանով կը կատարենք մեր ընկերութիւնը, թէ` որքանով ընկերասէր ենք: Քննենք, թէ որքանով հաւատարիմ կը մնանք այս մեծ կուսակցութեան, որ գոյատեւած է ու պիտի գոյատեւէ:
Վերաստեղծենք դաշնակցական ընտանիքի ջերմութիւնը:
Վերականգնենք մեր միասնակամութիւնը:
Վերականգնենք մեր ընկերութիւնը` հաւատալով դաշնակցական գործին, չհետեւինք անձերու, այլ հետեւինք կուսակցութեան եւ ընկերաբար, ընկերասիրութեամբ, դաշնակցական ընկերներով կերտենք նոր ամեակներ:
Harkeli khenpakrutyun bidi khentreyi ays hotvadzeh ardadbeyik Face bookov n u Tashnagtsutyun
Harkeli khenpakrutyun suyn hotvadzeh ardadbel Face book