ՍԱՆԱՀԻՆ ՏԱՒՐՈՍ
– Ազա՞տ ես, ըսի:
– Զբաղած եմ,- ըսաւ:- Պասքեթպոլի մրցումի պիտի երթամ: Մեր տղաքը պիտի խաղան:
Մե՞ր տղաքը:
Դաշտ կը ներկայանայ հինգ հոգիէ բաղկացած խումբ մը: Երեքը` ամերիկացի, երկուքը` բնիկ լիբանանցի (կամ փիւնիկեցի, ինչպէս իրենք զիրենք կը սիրեն կոչել): ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը կը նուագէ Լիբանանի քայլերգը: Երկվայրկեաններու քար լռութենէ ետք դաշտը կը թնդայ բոլորին ոտքերուն տակ: ՀՄԸՄ-ի համակիրները միաձայն կ՛երգեն հայ կամաւորական գունդերու քայլերգը` «Յառա՜ջ, նահատակ ցեղի անմահներ…»:
Դաշտ ներկայացած մարզիկներէն ոչ մէկը կը հասկնայ քայլերգին իւրաքանչիւր բառին իմաստը, ժողովուրդին ոգին, կիրքը: Անոնց համար այս անհասկնալի խօսքերուն թնդիւնը տպաւորիչ եւ դիւթիչ է, հզօր, անկրկնելի… բայց` ոչ աւելի:
Պահեստի մարզիկներէն քանի մը հոգի միայն հասկցան այդ նահատակ ցեղին պատկանող ժողովուրդին հպարտութիւնն ու սէրը իր պաշտած միութեան հանդէպ: Մատներու վրայ հաշւըուող բացարձակ փոքրամասնութիւն դարձած հայ մարզիկներն են անոնք, որոնցմէ միայն մէկ – երկուքը կը ճանչնայ ժողովուրդը, որովհետեւ դաշտ չեն ներկայանար ընդհանրապէս:
Խնդիրը ըսի – ըսաւներէ եւ տարիներու քաշքշուքներէ անդին է արդէն:
Խնդիրը ՀՄԸՄ-ի խումբին հայեցի դիմագիծի եւ ինքնութեան խնդիր է: Անցեալին օտարներով ներկայացող «Անդրանիկ»-ի խումբը իրաւացիօրէն քննադատած ժողովուրդը այսօր կը գտնուի նոյն կացութեան մէջ: Ի՞նչ ընել: Ի՞նչ է մեր ուզածը:
Եթէ մեր ուզածը ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը «Ֆայնըլ ֆոր»-ի հասցնել եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ ախոյեանի տիտղոսին ձգտիլն է, ապա կարելի է այսպէս շարունակել: Խումին միացնել օտար ու տեղացի աստղեր։ Ամէն տարի նորը բերել, հինը ճամբել։ Կարելի է անոնց յաջողութիւններով ուրախանալ, հպարտանալ նոյնիսկ։ Իսկ յետո՞յ։ Յետոյ ի՞նչ։
Իսկ եթէ մեր ուզածը այլ բան է, եթէ մեր ուզածը ՀՄԸՄ-ի բոլոր խումբերուն հայեցի դիմագիծը պահպանելն է, եթէ մեր ուզածը օտարութեան մէջ շնչող այս միութեան ինքնութիւնն ու յատուկ նկարագիրը պահելն է, ապա պէտք է ունենալ հայ մարզիկներէ բաղկացած հզօր խումբ:
Այո՛, հզօր կ՛ըսենք, որովհետեւ կարելի է հայ մարզիկներով նաեւ հզօր խումբ ունենալ, ձգտիլ յաջողութիւններու, ձգտիլ ախոյեանութեան:
Բոլորը` ըլլան անոնք առաջին թէ երկրորդ տարբերակին համոզուած պատասխանատուներ եւ համակիրներ, անխտիր բոլորը կը սիրեն ՀՄԸՄ-ը: Բոլորը նախանձախնդիր են իրենց խումբը տեսնելու բարձունքներու վրայ, յաղթական, ախոյեան: Բայց տարբերութիւնը երկուքին միջեւ այն է, որ առաջինը արագ յաջողութիւններու կը ձգտի, մօտիկ ապագային փայլելու կը ձգտի, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը մեծ զիջումներ կը պահանջէ, ինքնութենէ եւ դիմագիծէ զիջումներ կը պահանջէ: Մինչ միւսը երկար շունչ կը պահանջէ, հեռաւոր ապագայի համար ռազմավարութիւն, հայ մարզիկներ պատրաստելու կամք կը պահանջէ:
Այսօրուան այս կացութիւնը հետեւանք է ծրագիրներու եւ ռազմավարութեան բացակայութեան: Հետեւանք է հայ մարզիկներու չգոյութեան: Իսկ առաջնակարգ խումբերուն համար հայ մարզիկներու հայթայթումը կը սկսի միութեան մարզական դպրոցներէն, տարիքային խումբերէն, ուր հայ պատանիները պիտի մարզուին, ձեռք բերեն հմտութիւններ, մասնակցին ախոյեանութիւններու, ձգտին լաւագոյնին, երազեն ՀՄԸՄ-ի առաջնակարգ խումբերէն խաղալ:
Հետեւաբար չի բաւեր միայն քննադատել այսօրուան կացութիւնը: Մեր պատկերացուցած օրինակելի խումբը ունենալու համար հարկ է ունենալ եւ զարգացնել տարիքային բոլոր մարզական խումբերը: Հարկ է նոր շունչ, նոր ընթացք, նոր կորով տալ մարզասէր հայ պատանիներուն: Հարկ է գուրգուրալ իւրաքանչիւրին` հաւատալով, որ իրենք են մեր առաջնակարգ խումբերուն ապագան, իրենք են գրաւականը մեր ապագայ յաջողութիւններուն:
Խումբը մեր խումբն է, տղաքը` բոլորը մեր տղաքը չեն: Այսօրուան ցաւ պատճառող այս վիճակը, պէտք է մղիչ ուժը ըլլայ երազելու, ծրագրելու եւ պատրաստելու մեր վաղուան խումբը, մեր տղոցմէ բաղկացած խումբը:
Յ. Գ. Սեւակ Քեթենճեանը խումբին մէջ իր ունեցած ներդրումով եւ իր տիպարով, հայկական խումբ ունենալ երազողներուն յոյսի միակ նշոյլը կը թուի ըլլալ այս անհասկնալի իրականութեան մէջ: