ԱՐՄԷՆ ՏՕՆՈՅԵԱՆ
1915-ին գոյութեան այդ մարտին, երեսուն հազար հայեր, երեսուն հազար խիզախ հայ սրտեր վահանացան` խորտակելով մեր հերոսական ցեղի բնաջնջման նպատակով արձակուած թունաւոր նետերը:
Ուրֆայի հերոսամարտով հայութիւնը կ՛ապրի անզուգական խոյանքով, կոտորածներու մէջ կոտորելով իյնալ ուխտած հերոսներով, որոնք մեզի տուին քաղցրութիւնն ու հպարտութիւնը մերժելու անապատի մահը, իյնալու հարազատ երդիքին տակ:
Ուրֆան անմասն չմնաց 1895-ական թուականներու կոտորածներէն, բայց նոյնիսկ Սուլթան Համիտի օրով, 4000-ի մօտ զոհեր տալով հանդերձ, ուրֆացի հայը գիտցաւ հայու վայել դիմադրական ոգիով ըմբոստութեան դրօշը բարձրացնել:
Ամբողջ Թրքահայաստանի բնակչութիւնը, Կիլիկիան եւ հայաշատ այլ գաւառներ, երկար դարերու ստրկութենէն սթափած, կ՛ապրէին ազգային արժանապատուութեան եւ ազատութեան գիտակցութեամբ ու ձգտումով:
Ահա՛ այս գիտակցութենէն ու ձգտումէն 1915-ի կոտորածներու ամենազարհուրելի օրերուն կը ծնին Մուսա Լեռներ, Շապին Գարահիսարներ, Վաներ եւ Ուրֆաներ:
Հայը կը զգար, ուրֆացին իր հոգիին մէջ կը զգար կործանումը մեր դատին, կը տեսնէր կորուստը հայրենիքին: Կը դատարկուէին հայկական հողերը եւ այդ հողերու սնուցիչ ձեռքերը, ստեղծագործ ոգին կ՛անէանային անապատներու անհունին մէջ:
Կը դատարկուէր մեր պատմական հայրենիքը, բայց հերոս հայուն հոգին, վերածուած տաք հայրենիքի, դարձած նիզակ ու վահան, կը մնար կանգուն:
Դիւցազնական Ուրֆա…
Հերոսամարտ մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերելու սրբազան հաճոյքէն զրկուեցան քաղաքի հայ ղեկավարութիւնն ու երիտասարդութիւնը, շաբաթներ առաջ զինուորագրութեան պատրուակին տակ հաւաքածս ու քաղաքէն դուրս բոլորն ալ կոտորած էին: Քանի մը հայ երիտասարդ միայն, հրաշքով փրկուած, ահեղ ջարդի բօթը հասցուցած էին Ուրֆայի հայութեան:
Ամէն տան սուգի, ամէն մօր լացի, ամէն զաւակի զայրոյթի համանուագը ստեղծած էր գոյամարտը:
Մկրտիչ Եօթնեղբայրեան, Յարութիւն Ռասթկելենեան եւ իրենց հերոս ընկերները, որոնք կ՛ապրէին փախստական, ուխտի կը վերածէին սգաւոր ու անմխիթար հայութեան ձգտումները, դարձնելով քաղաքը վճռական բռունցք մը` ուղղուած ամէն հարուածի:
Ոտքի էր հայ ժողովուրդը ամբողջութեամբ. պատանիներ, երիտասարդներ, ծերեր, այր թէ կին պատրաստ էին սրբազան մահով միանալու իրենց հարազատներուն, ուխտած էին «կռուիլ մինչեւ վերջին հայ մարդը»:
Խրոխտ ղեկավարը, արժանաւոր դրօշակիրը հայոց պատմութիւնը կերտող մեր հերոսներուն, Մ. Եօթնեղբայրեան, լաւապէս հասկցած թուրք ցեղի ոճրային ծրագիրը, կը պոռար Ֆախրի փաշայի գերմանացի ներկայացուցիչին երեսին. «Հոս, մեր տուներու սեմին թէ անապատները, նոյնն է մեր վախճանը, քաջութեամբ վերջացնենք քաջութեամբ սկսուած գործը»:
Հայ ժողովուրդը մեր պատմութեան իւրաքանչիւր էջով ցոյց կու տայ, թէ ինչպիսի քաջութեամբ վերջացուցած է քաջութեամբ սկսուած գործը:
Անթաղ դիակներ, վիրաւորներու եւ մահացողներու հռնդիւնը` խեղդուած թնդանօթներու որոտումներուն մէջ, փլատակներուն տակ, ժա՛մ առ ժա՛մ, օ՛ր առ օ՛ր կը տարածուէր մահը: Ամէ՛ն օր այրուող քաղաքի բնակիչները, վերապրող հայ խլեակները մաքառելու նոր ուխտով մը նպատակադրեր էին թշնամիի շարքերէն եւ գազազած թուրք ամբոխէն առաւելագոյն զոհերը խլել:
Անհաւասար էր կռիւը:
Վիրաւոր առիւծը` Մ. Եօթնեղբայրեան գնդակով մը վերջ տուած էր իր կեանքին: Ինկած էր հերոսին լծակից քրիստոսանման Յարութիւն Ռասթկելենեան: Ինկած էին հերոսները իրենց դիրքերուն վրայ ու թշնամին, հետզհետէ թափանցելով մեր թաղերը, անտէր ու անպաշտպան ժողովուրդը վայրագօրէն կ՛առաջնորդէր դէպի աքսոր:
Մահացած էր պատմական Եդեսիան, որ հայ պատմութեան տուած էր ազգային փրկութեան գերագոյն զէնքը` Այբուբենը: Կը մահանար այս անգամ հայկական Ուրֆան` դառնալով յիշատակ, խորհրդանիշ` մեր ժամանակից պատմութեան վեհագոյն գոյամարտին, կրկին ի խնդիր ազգային փրկութեան:
Այսօր, այս սուրբ օրերուն, մեր երիտասարդական աչքերը կ՛երթան հոն, այն մոխիրներուն, մեր հոգիները կ՛երթան այն փլատակներուն, կ՛երթան հերոս քաղաքի մը հերոսաբար ինկող մեր հայրենակիցներուն աճիւններուն ուխտի:
Կ՛ուխտենք անոնց խոյանքով շարունակել, գոյամարտը, շարունակել պայքարը անհաւասար ու ընթանալ մեր պատմութեան փորձառական իմաստութենէն:
Չի՛ պարտուիր մահուան գացող քաջ ռազմիկը:
Եւ կոտորածներ, բնաջնջումներ, ցեղասպանութեան բոլոր արարքները սեւեր են բերած մեր գոյութեան մատեանին, բայց երբե՛ք պարտութիւն:
Այսօր տօ՛ն է յաղթանակի:
Գաղափարական, ոգեղէն անջնջելի աւանդի մը հպարտ ժառանգորդներս կ՛ոգեկոչենք մեր էութեան, մեր գոյութեան համար մեռնիլ գիտցող, մեռնիլ ուզող դժբախտ, այլ երանելի մեր նախնեաց յիշատակը:
Մենք անոնց արիւնը դրօշակի ենք վերածած, անոնց վերջին խօսքերը պատգամներու, անոնց անունները աղօթքի ու անոնց յիշատակը յաւերժ օրհնութեան:
Սերունդ մը այսօր, մենք, աչք բացած օտար ափերուն, գաղթական մեր ծնողներու կսկիծին հետ մեծցանք, հայրենազուրկ ու հայրենակարօտ, տարուբեր կեանքի յորձանուտին մէջ, բայց որքան անուշ, որքան ուժեղ ու որքան յուզիչ կը հնչէ մեր հոգիներուն ձայնը հայրենիքին, երգն ու վիշտը հայրենիքին:
Կը կանանչնան մեր հոգիները. կ՛ուռճանան մեր ձգտումները, կը հզօրանայ դարերով անխօս, բայց անլուռ պատգամը մեզի պէս դժբախտ, մեզի պէս զրկուած մեր մեծագոյն նախահօր – Արարատին:
Այսօր խոր հաւատքով, Արարատի պէս անսասան, կը յայտարարենք մեր պատմութեան արահետներով, մեր պատմութեան հպարտութեամբ, ձեզմէ ետք, ձեր արիւնէն ծնած, ձեզմով կենդանի, կա՛նք ու պիտի մնա՛նք:
(Յապաւուած)