ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Յակոբը եւ ես` երկուքս ալ Էշրեֆիէ ծնած ու «Ղազար Չարըքի դպրոցը» յաճախած ենք: Որոշ ժամանակ ետք, երկուքս ալ այդ շրջանէն հեռացած ենք: Ինք` Մըզհէր կը բնակի, իսկ ես… տասնեակ հազարաւոր մղոններ հեռու, երկրագունդին հակառակ կողմը, սակայն երկուքս ալ նոյն զգացումներով լեցուած, կը հասնինք Էշրեֆիէ, ուր անցուցած ենք մեր մանկութեան քաղցր տարիները:
Սուրբ Յակոբ եկեղեցի: Կողքին` Չաթալպաշեան ազգային վարժարանը, որ տարիներէ ի վեր փակ է: Շէնքը գունաթափ է, եւ քանի մը պատուհաններու ապակիները` ջարդուած: Տխուր պատկեր: Կը յիշեմ մանկութեանս տարիները, երբ կը յաճախէի այն դպրոցը, տակաւին բարերարի մը անունով չէր «մկրտուած» ու տնօրէնին անունով պարզապէս զայն կը կոչէին «Ղազար Չարըքին դպրոցը»: Շատ կանուխ ձգեցի այդ դպրոցը: Կանուխ ձգեցինք նաեւ Էշրեֆիէի թաղամասը ու փոխադրուեցանք Պուրճ Համուտ, սակայն մանկութեանս, պատանեկութեանս եւ երիտասարդութեան որոշ տարիներս անցուցի Էշրեֆիէ, մասնաւորաբար «Ազատամարտ» ակումբին մէջ:
Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ դիմացը, «Ազատամարտ» ակումբը տակաւին հոն է: Որքան կը փափաքիմ այցելել յիշատակներով լեցուն այդ ակումբը, որ ակումբէ աւելի բան մըն էր ինծի համար: Մեր երկրորդ տունն էր: Հո՛ն էր, որ հազիւ 6 տարեկան հասակիս, հայրս ձեռքէս բռնած տարաւ զիս ու յանձնեց աքելլային` եղբայր Յակոբ Կարապետեանին ու գայլիկ արձանագրեց: Տարիները սահեցան: Մենք փոխադրուեցանք Պուրճ Համուտ, սակայն «Ազատամարտ»-ը միշտ մնաց կեանքիս մէկ մասնիկը: Պատանեկութեան ու երիտասարդութեան տարիներուս նուագախումբով ամէն ամսուան առաջին կիրակիները ելոյթ կ’ունենայինք այդ խճողուած սրահին մէջ, ուր մարդիկ հազիւ թէ կարենային շնչել, սակայն ուրախ էին եւ անհամբեր կը սպասէին յաջորդ ամսուան ելոյթին:
Նոյն սրահին մէջ Համազգայինի «Քնար» երգչախումբն ու պարախումբը կը կատարէին իրենց փորձերը, ղեկավարութեամբ` տոքթ. եւ տիկին Աբրահամեաններուն:
Ովքե՜ր ըսես չեն երեւցած «Ազատամարտ»-ի բեմին վրայ: Ո՞ր մէկը յիշեմ: Պայծառ Արզումանեա՞նը (ներկայիս Գարագաշեան), թէ՞ Աղաւնի Վարժապետեանը (ներկայիս Սնապեան)` Պօղոս Սնապեանի կողակիցը: Երկու քոյրերս` Ալիսն ու Արսինէ՞ն, թէ՞ Ալիս Հայթայեանը (ներկայիս Թանգեան)` Սերճ Թանգեանին մայրը: Խմբավարներ Աբրահամեան զոյգին երեք զաւակները, Անթոյեանները եւ տակաւին երկար է շարքը:
Կային նաեւ մարդիկ, որոնք բեմերու վրայ չէին երեւար, սակայն «Քնար»-ին ամբողջ մտահոգութիւնը իրենց ուսերուն բեռցած էր: Այդ զոհուած անձերէն էր խումբի վարչական պատասխանատուն` Սարգիս Պէրպէրեանը:
«Ազատամարտ» ակումբի շինութեան ու բարգաւաճման մէջ, մեծ ներդրում ունեցած են Սուրէն Անթոյեան, Րաֆֆի Պէրպէրեան եւ Հայկազուն Եափուճեան երրորդութիւնը: Երեքն ալ հեռացած են այս աշխարհէն:
Փառք ու պատիւ անոնց յիշատակին:
Ակումբի պահակներուն ընդհանրապէս կու տան «Հայրիկ» անունը:
Մեր տարիներուն «Ազատամարտ»-ի այդ պաշտօնը ամենայն բծախնդրութեամբ կը կատարէր այնճարցի ընկեր Խէչօն: Տակաւին երիտասարդ էր, եւ իրեն վայել չէինք գտներ «Հայրիկ» մակդիրով դիմելը: Պարզապէս բոլորին «Ընկեր Խէչօ»-ն էր:
Պատերազմի տարիներուն անձնուէր պատանիներ ու երիտասարդներ ամիսներով տան երես չտեսան ու զէն ի ձեռին պաշտպանեցին այդ հիանալի կեդրոնը, որ կը կոչուէր «Ազատամարտ»: Էշրեֆիէի հայութեան երկրորդ տունը:
Կեանք ու եռուզեռ կար այդ ժամանակ:
* * *
Կանգնած եմ փակ դրան առջեւ, կը կարդամ «Ազատամարտ ակումբ», սակայն ներս մտնելու համար պէտք է սպասել երեկոյեան. նոյնիսկ երբ այցելեմ, հետաքրքրական է գիտնալ, քանի՞ հոգի պիտի կարենամ գտնել ներսը:
Ներկայիս` Էշրեֆիէի հայութեան թիւը զգալիօրէն նուազած է:
«Ազատամարտ» ակումբի կողքի շէնքը, ուր կը բնակէին Եափուճեաններն ու Անթոյեանները, փլած է, ինչպէս նաեւ այդ շէնքի կռնակը գտնուող «Բաղնիքի բակը» աւերակոյտի մը վերածուած է: Այդ ժամանակ 100 տոկոս հայերով բնակուած «Բաղնիքին բակ»-ին բնակիչներուն զաւակները, բոլորը անխտիր կը յաճախէին «Ղազար Չարըքի դպրոցը»:
Ի՜նչ նշանաւոր մարդիկ ապրած են այդ «բակ»-ին մէջ, անոնց շարքին կարելի է յիշել երջանկայիշատակ Զարեհ արք. Ազնաւորեանը: «Բաղնիքին բակ»-ը տուած է նաեւ ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի ախոյեաններ: Երջանիկ Վարդիվառեանը, «Ճինիկ»-ը, Լիբանանի հեծելարշաւի ախոյեան Ազատ Գալայճեանը, իսկ «Ազատամարտ» ակումբի վարի փողոցը կը բնակէր Ժաք Նալջայեան: «Ճերմակ տուներ»-էն Սարգիս Շիշմանեանը, իսկ Հայաշէնէն` «Նանէսը» (Ներսէս Հատատեան):
Սուրբ Յակոբ եկեղեցիէն դէպի հարաւ ուղղուելով` կը փորձեմ գտնել այդ տունը, ուր ծնած ու հասակ առած եմ: Դեղարան «Ռատիօ»-ն տակաւին հոն է: Ֆասսուհ փողոցէն ձախ թեքուելով, քանի մը հարիւր աստիճան բարձրանալով կը հասնէինք մեր տունը: Աստիճանները տակաւին հոն են, սակայն կառուցուած է նոր ճամբայ մը, ուրկէ կարելի է հասնիլ մանկութեանս ապրած մեր թաղը, որ ոչինչ կը յիշեցնէ նախկինէն: Մեր ժամանակներէն մնացած է միայն խենթանոցին նշանաւոր պատուհանը, ուրկէ անցորդները հետաքրքրութեամբ ներս կը դիտէին: Չուզեցի նայիլ պատուհանէն ներս, ստուգելու համար եթէ տակաւին խենթեր կա՞ն այդ խոնաւ նկուղին մէջ: Ճիշդ կողքին մեր տնակն էր, որուն տեղ բարձրացած է հսկայ շէնք մը, եւ վրան խաչ մը զետեղուած է, ինչ որ ենթադրել կու տայ, թէ հիւանդանոց մըն է, քանի որ այդ պատճառաբանութեամբ մեր թաղի տուները փլած էին: Մեր տան կողմէն, Մար Մըթըր գերեզմանատունը «պահուըտած» է նոր կառուցուած շէնքերու ետին: Շէնքեր. ամէն կողմ բարձր շէնքեր: Այլեւս ո՛չ ծով կարելի է տեսնել, ո՛չ ալ Պէյրութի նաւահանգիստն ու հիանալի համայնապատկերը, որ կը պարզուէր մեր աչքերուն դիմաց:
Շէնքեր, շէնքեր եւ… միայն շէնքեր:
Վերադառնալու համար կ’անցնինք նախկին Սէլէմի դաշտին քովէն, սակայն դաշտին չեմ հանդիպիր: «Ջըրջըր»-ը նմանապէս անհետացած է: Մենք` թաղեցի հայերս, այդ անունով կը ճանչնայինք այդ փոքրիկ աղբիւրը, որուն ճիշդ կողքին կը գտնուէր ENB պասքեթպոլի դաշտը: Կ’անցնինք մեզի ծանօթ փողոցներէ, որոնք այսօր անծանօթ կը թուին: Կը վերադառնանք Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղը, կը հասնինք Ս. Կրեկուար դպրոց, որ ներկայիս Յիսուսեան միաբանութեան կը պատկանի, եւ ուր օտար աշակերտներ կը յաճախեն: Ճիշդ դէմը «Ժահթեուի» գրախանութն է: Տակաւին հոն է, բան չէ փոխուած:
Էշրեֆիէյի օձապտոյտ ճամբաներէն իջնելով կը հասնինք Մար Մըխայէլ: Սինեմա Օլիմփիայի աստիճանները տակաւին հոն են, սակայն «Օլիմփիա»-ն գոյութիւն չունի: Մար Մըխայէլի շրջանը ամբողջութեամբ երիտասարդական գիշերային զբօսավայրի վերածուած է: Կ’անցնինք Երկաթէ կամուրջը: Հասած ենք Նոր Հաճըն: Բարձր շէնքերու ետին պահուըտած` հազիւ թէ երեւի Ս. Գէորգ եկեղեցին:
Պէյրութը Պուրճ Համուտէն բաժնող, ցամքած ջուրերով գետին վրայի կամուրջէն անցնելով, կը հասնինք «Շաղզոյեան» կեդրոնի խճողուած փողոցը, ուր հայկական ճաշարանի մը մէջ կը վայելենք լիբանանեան համադամ ճաշերը` ըմպելով լիբանանեան նշանաւոր օղին:
Տեսածներէս շշմած եմ: Կ’երազե՞մ: Երկար տարիներ բացակայած սիրելի ծննդավայրէս այսօր աչքերուս առջեւ կը պարզուի բոլորովին տարբեր Լիբանան մը: Պատերազմ տեսած Լիբանան մը, որ հակառակ իր ապրած դառն ու դաժան օրերուն, գոյատեւած է, ծաղկած ու դարձած նոր Լիբանան մը:
* * *
Դասընկերներով: (Ներողամտութիւն` 50 տարի ետք):
Որոշ թիւով դասընկերներ, մեծամասնութեամբ դասընկերուհիներ, տակաւին Լիբանան կը գտնուին: Իրարու չենք հանդիպած մեր դպրոցական օրերէն ի վեր: Քանի մը հատին հետ կապի մէջ եմ ե-նամակով: Կը ցանկամ տեսնել բոլորը:
Դարձեալ Յակոբն է հաւաքը կազմակերպողն ու հրաւիրողը:
Հեղձուցիչ տաք օրուան մը երեկոյեան Յակոբը տիկնոջս ու զիս կը հասցնէ «Մանտալուն» զովացուած ճաշարանը: Վերջին ժամանողներն ենք: Միւսները մեզմէ առաջ հասած ու տեղ գրաւած են:
Ուրախութիւն, յուզում, կարօտ, բոլորը միաձուլուած` մէկ պատկեր միայն կրնան ներկայացնել: Գերազանց հաճելի երեկոյ մը: Գինիի գաւաթները կը նորոգուին, կենացներ իրարու կը յաջորդեն, եւ տրամադրութիւնները հասած են գագաթնակէտին: Այնքա՜ն անուշ յիշատակներ` մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներէն. սակայն լաւ յիշատակները մէկդի ձգած` կը յիշեմ դէպք մը, որ խիղճս տանջած է ճիշդ յիսուն տարի, եւ այս գիշեր ներողամտութիւն խնդրելու լաւագոյն առիթն է: Դէպք մը, որուն մեղաւորը ես եղած եմ, սակայն ինձմէ զատ ոչ ոք կը յիշէ զայն: Կ’ուզեմ պատմել ու պարպուիլ, խիղճս հանգստացնել:
Ու կը պատմեմ: Քար լռութիւն: Բոլորը անհամբեր են լսելու. այդ ի՞նչ մեծ «յանցանք» գործած պէտք է ըլլամ, որ զիս տանջած է կէս դար:
Նշան Փալանճեան Ճեմարան. 7-րդ դասարանի աշակերտ ենք: Ֆրանսերէնի մեր ուսուցիչը` պրն. Գրիգոր Շահինեան, պարտականութիւն տուած էր պատմուածք մը կամ դէպք մը ֆրանսերէնով պատմելու, մեր խօսակցականը զօրացնելու միտումով: Այդ օր պատմելու կարգը իմս էր: Նոր կարդացեր էի Արամ Հայկազի «Իմ մահը» գրութիւնը եւ սքանչացած իւրայատկութեան, երեւակայութեան, նաեւ իր պատմելու այնքան պարզ ու սահուն ոճին: Պատմութիւնը տակաւին չէի աւարտած, երբ ետեւի աթոռներէն շշուկ մը կը հասնի ականջիս: «Այս ի՜նչ պարապ ու անիմաստ պատմութիւն է»: Ես, որ այնքան սիրած էի այդ գրութիւնը, վիրաւորուած, կէս կը ձգեմ պատմութիւնս եւ կ՛ուղղուիմ իմ գրասեղանս: Պարոն Շահինեան նոյնպէս ընդվզած է եւ կը յիշեցնէ, թէ այդ կտորը արեւմտեան գրականութեան ամէնէն սիրուած գրողներէն` Արամ Հայկազին նշանաւոր գործերէն մէկն է: Վստահ չէի, թէ ո՞վ էր դժգոհ անձը, երբ ականջիս շշուկը հասաւ: «Զարմիկն էր»: Արիւնը խուժած էր գլխուս: Ես, որ միշտ յարգած ու բնաւ չեմ վիրաւորած ոեւէ դասընկեր կամ դասընկերուհի, երեսն ի վեր դողացող ձայնով կը պոռամ. «Եթէ նման գրութեան մը արժէքը չես կրնար ըմբռնել, միայն «քոմիքս» գիրքեր կարդա՛»:
Զարմինէ Արզումանեան: Այդ անմեղ դասընկերուհիս, կարծես վրան պաղ ջուր թափեցին: Արցունքոտ աչքերով երդումներու շարան մը կը տեղացնէ, թէ իր բերանէն նման արտայայտութիւն չէր ելած: Նոյն վայրկեանին կը լսեմ ուրիշ շշուկ մը. «Զարմիկը չէր…, այսինչն էր»:
Արդէն ուշ է: Վիրաւորած էի բարի ու հեզ դասընկերուհիս իր չգործած յանցանքին համար: Յիսուն տարի ետք, տակաւին աչքիս առջեւն է լացէն կարմրած աչքերը, իր երդումները` թէ թիւրիմացութեան մը զոհը գացած է:
Զարմիկը` կողքիս նստած, լուռ մտիկ կ’ընէ: Կը յիշէ՞ այդ դէպքը, թէ զիս հանգստացնելու համար ժպտալով` «բնաւ չեմ յիշեր»:
Կը ժպտան բոլորը, սակայն «կեղծ» ժպիտներ են: Բոլորն ալ ազդուած են: Ամէնէն շատ ազդուած է Զարմինէն: Ազդուած եմ, նաեւ ես, սակայն վրաս հանդարտութիւն մը եկած է:
Յիսուն տարի առաջ գործած անմիտ սխալս ներողամտութեամբ վերջացած է:
Երեկոն շարունակուեցաւ ուրախ մթնոլորտի մէջ: Գինիի գաւաթները նորոգուեցան, կենացները բազմապատկուեցան:
Ուրախ էր ամէն մարդ, սակայն ես ինծի հարց կու տամ: Այդ օր ո՞վ աւելի ուրախ էր: Զարմինէ՞ն թէ ես:
Լոս Անճելըս 2015
Շար. 5