Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Հրատարակութիւն Մը Պոլսէն` «Հալէպի Պարոնները»

December 16, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռ. Հ.

«ԱՐԱՍ» հրատարակչատունէն այս շաբաթ մեր սեղանին վրայ դրուած գիրքերէն մէկն ալ նուիրուած է Հալէպի նշանաւոր «Պարոն» պանդոկի պատմութեան: Մեր մօտիկ անցեալի պատմութեան ու անցուդարձերուն քիչ թէ շատ ծանօթ ամէն հայ անպայման լսած ըլլալու է Հալէպի այս նշանաւոր պանդոկին անունը, որ թէեւ հիմա անշքացած է ու կորսնցուցած է իր փառքի հին օրերը, բայց ատենօք, մանաւանդ 1915-ի ծանր օրերուն, ունեցած է շատ կարեւոր տեղ ու անուն, թատերաբեմ դարձած է քաղաքական կարեւոր անցուդարձերու կամ հանդիպումներու, իր անունը անմահացուցած է շրջանի պատմութեան մէջ:

Հալէպ քաղաքը Օսմանեան կայսրութեան երկրորդ կարեւոր քաղաքը կը նկատուէր այդ շրջանին: Ուստի Մազլումեան ընտանիքի անդամներուն կողմէ հիմնուած «Պարոն» պանդոկը ո՛չ միայն Հալէպի, այլ նաեւ ամբողջ Միջին Արեւելքի ամէնէն կարեւոր պանդոկներէն մէկը կը նկատուէր: Շրջանի քաղաքական մեծամեծները, զինուորական հրամանատարներ ու գործիչներ, այլազգի կամ օսմանցի` անպայման կը գիշերէին այս նշանաւոր պանդոկին մէջ, նոյնիսկ մնայուն բաժիններ կը վարձէին իրենց համար ու բնակութիւն կը հաստատէին:

Այսպէս` տարիներու ընթացքին շրջանի պատմութեան մէջ իր մասնաւոր տեղը ունեցաւ նաեւ «Պարոն» պանդոկին պատմութիւնը: 1915-ի տեղահանութեան ու կոտորածներու օրերուն Մազլումեան ընտանիքը իր պանդոկին մէջ պատսպարեց տեղահանութենէ փրկուիլ ջանացող Արամ Անտոնեանի կամ Երուանդ Օտեանի նման գրագէտներ: Բազմաթիւ հայ պատմիչներ խօսած են այս պանդոկին մասին, բայց «ԱՐԱՍ» հրատարակչատունը այս անգամ մեզի «Պարոն» պանդոկին պատմութիւնը կը հրամցնէ երկու իտալացի լրագրողներու գրիչէն` Ֆլաւիա Ամապիլէ եւ Մարքօ Թոսաթթի: Երկու իտալացի լրագրողները շատ լաւ ուսումնասիրեր են պանդոկին պատմութիւնն ու այդ շրջանի քաղաքական անցուդարձերը, ապա ստեղծեր են հետաքրքրական ու բովանդակալից գիրք մը, որ կոչուեր է «Հալէպին պարոնները»: Գիրքը կը խօսի «Սուրիոյ մէջ պանդոկի մը, ընտանիքի մը եւ Միջին Արեւելքի վերջին հարիւր տարիներուն» մասին: Իտալերէնէ թրքերէնի թարգմանուած է Ելտա Կիւրլեքի կողմէ: Ազգային պատմութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւն ունեցողներուն համար` շատ հետաքրքրական գիրք մը ահաւասիկ, որ պիտի կարդացուի հաճոյքով, բայց երբեմն` սրտի ցաւով:

«Մարմարա»

Նախորդը

Թռի՛ Էլ` Էծ Է…

Յաջորդը

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին. Կորսուած Բնաշխարհին Գրագէտը` Կարօ Սասունի («Որսորդը», Վերջաբան)

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.