Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին. Կորսուած Բնաշխարհին Գրագէտը` Կարօ Սասունի («Որսորդը», Վերջաբան)

Դեկտեմբեր 16, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

klag-viken-lechasseurՆերկայ «Վերջաբան»-ը ուսումնասիրական ծաւալուն ակնարկ մըն է` նուիրուած Կարօ Սասունիի կեանքին եւ քաղաքական-հասարակական ու գրական վաստակին: Լոյս տեսած է ֆրանսական-ֆրանսահայ «Էտիսիոն Փարանթէզ» հրատարակչատան թարգմանովի հրատարակած մէկ հատորին մէջ:

Այս հրատարակչատան մասին սփիւռքահայ մամուլը մօտ անցեալին անդրադարձած է քանիցս: 80-ական թուականներէն արդէն կազմաւորուած ու թափ առած, 90-ականներուն եւ 2000-էն ասդին` առաւելաբար ճարտարապետութեան եւ քաղաքաշինութեան մարզի երկու հարիւրը անցնող (մեծ մասամբ ֆրանսալեզու) հեղինակաւոր հրատարակութիւններու կողքին, անիկա զարգացուցած է հայանիւթ զոյգ մատենաշարեր.  նախ` «Քոլլեքսիոն Արմենիէն»-ն, ապա` «Քոլլեքսիոն Տիասփորալ»-ը: Ասոնք գրեթէ լրիւ հայերէնէ ֆրանսերէն թարգմանութիւններ են, երբեմն եւ` հայերէն բաժիններով:

Ուրեմն, այս երկրորդ շարքի նորագոյն հրատարակութիւններէն Կարօ Սասունիի «Որսորդը» («Լէօ Շասսէօր») պատմուածքի վերջաբանն է, վաստակաւոր պատմագէտ, դասախօս եւ հեղինակ Անահիտ Տէր Մինասեանի գրիչէն` ֆրանսալեզու ընթերցող հասարակութեան ուղղուած, որ ստորեւ թարգմանովի կը ներկայացուի հայ ընթերցողին:

Խմբագրութիւն

Ա. Մաս

Ներկայ նորավէպը` «Որսորդը» լոյս տեսած է 1934-ին, «Լեռներու խորհուրդը»(1) ժողովածուին մէջ, Վիգէն Գլակ հեղինակային գրչանունով. բեղմնաւոր գրագէտ Կարօ Սասունիի զուտ ստեղծագործական սակաւաթիւ գործերէն(2) մէկը: Գործի խորագիրին ներքեւ արձանագրուած է երկտող գրութիւն մը, որ կը խտացնէ ամբողջ դաւանանք մը.

«Լեռներու գագաթները մօտ են երկնքին,
Իսկ լեռնական մարդիկ` Աստուծոյ»:

Բնագիրը խմբագրուած է Փարիզի եւ Հալէպի միջեւ եւ հրատարակուած` Պէյրութ. տարագիր հեղինակը, աւելի քան քսանամեայ թափառումէ ետք, այս քաղաքին մէջ խարիսխ պիտի նետէ. վերջնական խարիսխ, բան մը, որ ինք չի գիտեր տակաւին(3): Երկը պատմուածքներու ժողովածու մըն է, ներշնչուած` Համաստեղի(4) բնորդէն. գրականութիւն, որ կ՛ոգեկոչէ անցեալը, բնաշխարհի` Երկիրի կեանքը, մինչ երիտասարդ գրագէտներ կը  ձգտին հասկնալու տարագրութեան նոր աշխարհը(5): Սերունդի խնդիր, քաղաքական յանձնառութեան խնդիր, զգայնութեան խնդիր` մարդու մը մօտ, որ հպարտ է բնաշխարհիկ իր ծագումով(6):

«Լեռներու խորհուրդը» ժողովածուի եօթը նորավէպերը(7) իբրեւ շրջանկար ունին Սասունը(8)` Վիգէն Գլակի ծննդավայր գաւառը: Միակ բացառութիւն` «Առաջին զեփիւռը», ուր գրագէտը, փարիզեան արուարձանի պարտէզի մը մէջ, կը դիտէ իր երկու փոքր որդիները (եւ քովի պարտէզի նոյնքան դեռատի Փոլեթը, եւ անոր տածած հետաքրքրութիւնը` կրտսեր մանչուկին հանդէպ): Եթէ բոլոր պատումներուն մէջ` հեղինակ գրագէտը կը նոյնանայ պատմողին հետ, մանաւանդ «Որսորդը» ինքնակենսագրական նորավէպ է, փառաբանումը` բացարձակ երջանկութեան մը: Պատմութիւն մը` պարզ, բայց փառաւորեալ, հայկական լեռնաշխարհի գիւղերու տօներու եւ եղանակներու տոմարային կշռոյթով թաւալող: Անսաստելով չափահասներն ու անոնց դրած արգելքները, հակառակ անողոք տփոցներու, մանուկը բռնուած է ազատ ու վայրի կեանքի մը տենդով, Սասունի կոյս բնութեան ծոցին, յափշտակուած` գլխապտոյտ բարձունքներու եւ խոր կիրճերու իր գինովցնող արշաւներով: Որսորդական գինովութեամբ մը` ժառանգուած շատ հեռաւոր նախնիքներէ: Եւ եթէ ան հրաշքով կը վերապրի գրեթէ մահացու անկումէ մը, ատիկա կ՛ըլլայ` ամբողջ կեանքի ընթացքին իրեն վիճակուած կաղութեան մը գնով: Այս անկումը միանգամայն կ՛ըլլայ դէպքը, որ զինք կը խլէ գիւղացիի մը սահմանուած կեանքի ընթածիրէն, կը հարկադրէ լքել «որսորդի կեանքը»` յօգուտ դպրոցին, կրթութեան, գիրին ու դպրութեան: Կեանքի նոր ընթացքի մը եւ անոր կանոններուն:

«Լեռներու խորհուրդը» փակող «Լէյլան»-ը(9) առաջին այս վիպակին ժամանակագրական շարունակութիւնն է: Պատմութիւնն է գրեթէ միստիք մտերմութեան մը` նոյն տղուն եւ հրաշալի, անսանձելի մտրուկի մը` Լէյլանի միջեւ: Այս հիանալի, հրաբաշ անասունին` հեղինակը կը վերագրէ նրբին հասկացողութիւն մը շրջապատին, մարդերուն եւ անապահովութեամբ ու բրտութեամբ յագեցած միջավայրին: Գիւղ ներխուժած աւազակ քիւրտերու վոհմակէ մը գերեվարուելէ խուսափելու համար Լէյլանը պիտի նետուի անդունդը: Վարք, որուն խորհրդանշական իմաստն ու օրինակային արժէքը կ՛ընդգծուի սասունցի հայուհի Շաքէի անձնասպանութեան ոգեկոչումով(10):

Ծագումէ թելադրուած երկու այս պատումները բացայայտ կը դարձնեն կապը` հեղինակի ապրումին եւ «Սասունցի Դաւիթ» ժողովրդական դիւցազնավէպին միջեւ(11): Մանուկը կ՛որակուի «ծուռ», ինչպէս` դիւցազնավէպին հերոսը: Կը ձգտի դառնալու մեծ որսորդ մը, ինչպէս էին Առիւծ Մհերն ու Դաւիթը` ինք, անպարտելի ուժով օժտուած այս գերմարդկային տիպարները: Լէյլան կը յիշեցնէ Քուռկիկ Ջալալին` հրաշալիօրէն օժտուած խօսելու կարողութեամբ, եւ որ պիտի արգելափակուի Վանի քարաժայռին մէջ` Փոքր Մհերի հետ միասին դատապարտուած անմահութեան: Վերջապէս, «Որսորդը», ուր տղան հրապարակաւ կը զգետնէ քիւրտ բեկին որդին, կը նախանշէ իր ապագայ ըմբոստութիւններն ու յանձնառութիւնները: Դիւցազնավէպի ազատատենչ Դաւիթին նման, որ կը պայքարի չարիքի ուժերուն դէմ, իր ժողովուրդը ազատագրելու համար հարստահարիչներու լուծէն:

Անշիջելի Կարօտ Մը

«Որսորդը» ակնարկն է` նետուած անցեալին, չափահասի մը, տարագրեալի մը կողմէ, որ բռնուած է անշիջելի կարօտէ: Մարդու մը, որ կը վերյիշէ իր մանկութիւնը` կրկնակի կորսուած բնաշխարհի մը մէջ: Կորսուած նախ` որովհետեւ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճարակած է նաեւ Սասունի մէջ: Հողազրկումն ու վերապրողներու ցրւումը լրացուցած են պատմական Հայաստանի այս ամրոցին ջնջումը քարտէսէն(12): Կորսուած նաեւ` ժամանակի անողոք անդարձութեան բերումով […]: Այսպէս, վիպակը կրնայ կարդացուիլ նաեւ իբրեւ կորուսեալ մանկութեան մէկ այլաբանութիւնը […]: Անգտանելի դարձած երկիրը` ա՛լ երեւակայութեամբ յաճախուած մանկութեան մը, նահապետական ընտանիքի ծոցին: Մոռացութեան դէմ պայքարի վճիռով եւ տեսողական յիշողութեան ճշգրտութեամբ պատմուած դրախտային մանկութեան մը:

«Մեր գիւղը կը կոչուէր Ահարոնք, կամ Ահրոնք: Քիւրտերը զայն կը կոչէին Հընզէ, որուն աւելի հին անունն էր Հանձէ: (…) Ահարոնքը կարեւոր գիւղ մըն էր` ինկած Հանտոք լերան հարաւ-արեւմուտքը, Տալվորիկի արեւմտեան սահմանին վրայ, Սպիտակ Խազակ լերան ստորոտը, Տիգրիսի ճիւղին (որ կու գայ Դարկօշ եւ Հանտոք լեռներէն) ձախ կողին վրայ, երեք քիլոմեթր գետէն հեռու, դէպի լեռն ի վեր:

«Գիւղը այգիներու, պարտէզներու, պտղատու ծառերու  ընդհանուր ցանց մը կը կազմէր, ու իր աղբիւրներով, պզտիկ ջրվէժներով եւ անհամար առուակներով դրախտային պատկեր մը ունէր: Գիւղին ետեւը կը ցցուէր լեռը` մօտ 1000 մեթր գիւղէն բարձր եւ կը կոչուէր Սարբանակ: Անկէ վեր կու գար Սպիտակ Խազակը, Հասամտինի բարձր սարահարթը` Դրուկ Սարուկը, եւ այդ ընդարձակ 15-20 քիլոմեթր տարածութիւնը գիւղին լեռնամասերն էն` կաղնիի անտառներով ծածկուած, մարգագետիններու լայն տարածութիւններով եւ գետակներով, որոնք վար կ՛իջնէին գիւղին աջ ու ձախ կողմերէն եւ Տիգրիսին միանալու համար: (…)

«Գիւղի թէ՛ գետային, թէ՛ լեռնային մասերու մէջ որսի անհամար կենդանիներ կային: Անհաշիւ էր կաքաւը` իր տեսակներով, կային վայրի բադեր: Վայրի այծի երամները կը մօտենային գիւղին, երկու քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, Վայրի գազաններէն առատ էին արջեր, գայլեր ու աղուէս, եւ գետին մէջ` ջրշուն, բնական է` նաեւ առատ ձուկ: Ընտանի կենդանիներու բոլոր տեսակները կային, բայց ամէնէն առատը այծն էր»(13):

(Շար. 1)

 

1) Վիգէն Գլակ (Կարօ Սասունի), «Լեռներու խորհուրդը», Պէյրութ, տպարան Ապաճեան, 1934, եւ 1984. «Որսորդը», էջ 5-57:
2) Տե՛ս նաեւ Կ. Սասունի, «Կեանքի յորձանուտին մէջ», Պէյրութ, 1962:
3) Կ. Սասունիի կենսագրութեան համար` տե՛ս Աշոտ Ներսիսեան, «Կարօ Սասունի», Երեւան, Կովկասեան իրանագիտութեան կենտրոն, 2009: Կենսագրութիւն մը եւ համառօտ մատենագիտութիւն մը կը գտնենք նաեւ Հայաստանի Հանրագիտարանի մէկ յաւելուածին մէջ` «Հայկական հարց. հանրագիտարան», Երեւան, 1996, էջ 403-405:
4) Համաստեղ (Համբարձում [Կելէնեան, 1895-1966): Ծնած Խարբերդի մօտ` պատանի` գաղթած է Միացեալ Նահանգներ, ուր քսանականներու սկիզբը` Պոսթոնի «Հայրենիք»-ին մէջ` կը հրատարակէ առաջին պատմուածքներ հայ գեղջկական կեանքէ: «Սպիտակ ձիաւորը» (1952) նկատուած է իր գլուխ-գործոցը (ֆրանսերէն թարգմանութիւն Հուրի Իփէկեանի, Մարսէյ, «Փարանթէզ» հրատարակչական, «Տիասփորալ» շարք, հրատ. նախատեսուած 2015-ի համար):
(5) Գրիգոր Պըլտեան, «Յիսուն տարի ֆրանսահայ գրականութիւն. նոյնէն դէպի ուրիշը», Փարիզ, CNRS հրատարակչական, 2001, էջ 202-203:
(6) Տե՛ս Ս. Էփրիկեան, «Պատկերազարդ բնաշխարհիկ բառարան», Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1903-1905:
(7) «Որսորդը», «Առաջին զեփիւռը», «Արեւաստանի սիրահարները», «Անմահը», «Էնոնք ողջ մնան», «Առքօ-Մոսօ», «Լէյլան»:
(8) Սասունը լեռնազանգուած մըն է, բարձր` մինչեւ 2 973 մ., Տիգրիսի եւ Եփրատի միջեւ, Վանայ լիճէն արեւմուտք եւ Մշոյ դաշտէն հարաւ: Տիգրիսի եւ Եփրատի վտակներու ձեւացուցած նեղ-երկար լեռնահովիտներով` «գաւառ»-ներու բաժնուած, Սասունը, հայ եւ քիւրտ խառն բնակչութեամբ, ԺԹ. դարու աւարտին մօտ կը մնայ կայսրութեան ամենադժուարամատչելի եւ կիսանկախ շրջաններէն: Օսմանեան նուաճումը հոն չէր յաջողած ջնջել հայ հին ազնուականութեան յիշողութիւնը:
(9) Վիգէն Գլակ, անդ, էջ 207-274: «Լէյլան»-ը ձօնուած է Համաստեղին:
(10) 1894-ի կռիւներու կին մարտիկներէն, ան ինքզինք նետած է անդունդ` չիյնալու համար թշնամիին ձեռքը:
(11) «Սասունցի Դաւիթ»-ը, այլ անունով` «Սասնայ ծռեր», չափածոյ դիւցազնավէպ` իբրեւ գործողութիւններու կեդրոն ունի Սասունը: Ձեւաւորուած Ժ. դարու շուրջ, բերանացի տարբերակներով փոխանցուած` բանասացներու սերունդներն ի վար, եւ 1876-ի շուրջ գրի առնուած Գարեգին Սրուանձտեանցի կողմէ: Խորհրդային Հայաստանի մէջ Մանուկ Աբեղեանի ղեկավարութեան տակ 1939-ին հրատարակուած բնագիրը, արգասիքը բազմաթիւ գիտա-հետազօտողներու աշխատանքին, ֆրանսերէնի թարգմանուած է Ֆ. Ֆէյտիի կողմէ, նախաբանուած` Յովսէփ Օրբելիէ, եւ հրատարակուած` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ժողովածուին մէջ, Փարիզ, Կալլիմար, 1964: Կ. Սասունի ինք եւս հրատարակած է դիւցազնավէպին` իր անձամբ գրառած տարբերակները. «Սասունցի Դաւիթ», Պէյրութ, 1947. «Սանասար եւ Պաղտասար», Պէյրութ, 1950:
(12) Քրիստոֆըր Ուոքըր, «Հայ Տարօնի եւ Բաղէշի վախճանը, 1914-1916», in Ռիչարտ Յովհաննիսեան (հրատարակիչ), «Հայ Բաղէշ/Պիթլիս եւ Տարօն/Մուշ», Քոսթա Մեսա (Քալիֆորնիա), Մազտա հրատ. 2001, էջ 191-206:
(13) Կ. Սասունի, «Մեր ընտանիքը (յուշեր մանկական եւ պատանեկան օրերէն. մեր տունը)»: Այս գրութիւնը, 52 էջ, մեզի փոխանցուած` իր որդի եւ թարգմանիչ Բաբգէն Սասունիէն, յօրինուած է Պէյրութ, 1942-1943: Հեղինակը կը ճշդէ. «Գրուած է զաւակներուս համար (…) որոնք զրկուեցան մեծ հօրմէ ու մեծ մօրմէ եւ նախնիքներու յիշողութենէն»:
Նախորդը

Նոր Հրատարակութիւն Մը Պոլսէն` «Հալէպի Պարոնները»

Յաջորդը

Թիւրիմացութի՞ւն, Թէ՞ Զրպարտութիւն

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?