Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թռի՛ Էլ` Էծ Է…

December 16, 2015
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

G20_121615

Երկու հոգի կը վիճին իրարու հետ. ցոյց տալով հեռուն, ժայռի մը վրայ կանգնած անասունի մը կերպարանքը: Մէկը կ՛ըսէ` արծիւ է, միւսը կը պնդէ` այծ է: Արծիւ է… այծ է… վէճի ընթացքին, ժայռին վրայ գտնուող արարածը թեւերը կը թափահարէ, կը թռչի ու կը սկսի սաւառնելու: Վիճողներէն մէկը կը պնդէ` «Թռի՛ էլ` էծ է…»:

Putin_121615

Այս շատ ծանօթ պատմութիւնը յիշեցինք, երբ Քսաններու գերաստիճանին ընթացքին Փութին պնդեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի հակակշիռին տակ գտնուող սուրիական քարիւղը հազարաւոր բեռնակառքերով` կ՛ուղղուի դէպի Թուրքիա ու այս վերջինն է գողօնին գնորդը («արծի՛ւ է»): Եւ, ո՜վ զարմանալի… նոյնիսկ արեւմտեան մամուլին մէջ լոյս տեսան լուրեր, որ այս քարիւղային ապօրինի առեւտուրին գլուխը կանգնողը Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի որդին է` Պիլալ Էրտողանը:

Ռուսական կողմը քանի մը օր առաջ արբանեակներէ եւ հետախուզական օդանաւերու կողմէ առնուած լուսանկարներ եւս հրապարակեց` փաստելով, որ ՏԱՀԵՇ ինչպէ՛ս կը ֆինանսաւորուի քարիւղի այս ապօրինի առեւտուրով` կասկածէ դուրս մղելով Թուրքիոյ բացայայտ զինակցութիւնը այս վտանգաւոր կազմակերպութեան հետ:

Թրքական հակազդեցութիւնը եղաւ` «Թռի էլ` էծ է»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը անշուշտ փութաց Թուրքիոյ օգնութեան` ծեքծեքումներով ըսելով, որ այս մաքսանենգութիւնը «տասնամեակներէ ի վեր» կայ, բայց թրքական կառավարութիւնը «կապ չունի» եղածին հետ: Կրկնուեցաւ նաեւ նոյն (անկեղծ) յանկերգը` «Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի անդամ է եւ մեր վստահելի դաշնակիցը»: Այսինքն, այնքան ատեն որ Թուրքիան կը մնայ մեր «վստահելի դաշնակիցը», ամէն ինչ արտօնուած է անոր: Այս ձեւով պետական բաժանմունքը լռելեայն յուշեց այն տողատակը, որ եթէ գայ այն օրը, երբ Թուրքիան դադրի «վստահելի դաշնակից» ըլլալէ, ուրի՛շ հարց:

Սուրիական (եւ… իրաքեան) քարիւղի կողոպուտին, գողին ու գողօնը գնողին մասին իրականութիւնը լուսանկարներով հրապարակելու ռուսական քայլը պարզապէս փաստա-վաւերագրումն էր այն բացայայտ գաղտնիքին, որմէ համաշխարհային հանրային կարծիքը տեղեակ էր: Տեղեակ էին նաեւ Արեւմուտքի բոլոր պետութիւնները: Ինչպէ՞ս կրնային տեղեակ չըլլալ, երբ խնդրոյ առարկայ շրջանէն ներս կը գործեն իրենց տեղեկահաւաք-հետախուզական սպասարկութիւնները` ամէնէն արդիական արհեստագիտութեամբ:

Բայց այս բոլորը սուր բնոյթ ստացան այն պահուն, երբ թրքական կողմը ռուսական օդուժին օդանաւը հարուածեց: Իսկ Թուրքիա այդ որոշումը տուաւ այն պահուն, երբ տեսաւ, թէ Սուրիոյ մէջ գործող իր տեղական դաշնակիցները (այս պարագային` թիւրքմէնները) ծանր կացութեան մատնուած են զինուորական գետնի վրայ: Թիւրքմէնները կը հակակշռեն գօտի մը (Ժեպել Թիւրքմէն), որ աշխարհագրականօրէն ուղղակի կապուած է Թուրքիոյ սահմանին: Այս գօտին այժմ կը գտնուի սուրիական բանակի եւ ռուսական օդուժին համակարգուած ճնշումի տակ:

Թուրքիա կը ջանայ ոչ միայն բաց պահել այս արիւնատար երակը, այլեւ` թոյլ չտալ, որ Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող քրտական երկու անջատ գօտիները (Աֆրին եւ Քոպանի) իրարու միանան` կազմելով քրտական ինքնավար քանթոն մը Սուրիոյ մէջ:

Թուրքիոյ համար սարսափազդու հեռանկար է այս մէկը եւ հետեւաբար նաեւ` հո՛ս է բուն խնդիրը մեզի համար: Քրտական ազդակը:

Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ քրտական այս երկու գօտիները, ռուս-սուրիական համադրուած գործողութիւններով, իրարու միանան ու ապա` իրաքեան Քիւրտիստանին:

Հիմնականը, այս պարագային, Թուրքիոյ ազդեցութեան գօտիի նուազումն է եւ իր դիրքերու տկարացումը: Իսկ նման հեռանկար մը միայն օգտակար կրնայ ըլլալ հայութեան ու Հայաստանի համար: Չսխալինք ու չկասկածինք:

Անշուշտ այս ընդհանուր խաղադաշտը բաւական խորտուբորտ է: Նաեւ` ականապատուած: Հակադիր շահերէ մղուած խաղացողներու թիւն ալ քիչ չէ:

Մէկ բան պարզ է սակայն, որ քրտական ազդակը գետնի վրայ իրականութիւն է Սուրիոյ հիւսիսը եւ թերեւս զարմանալիօրէն, Սուրիոյ հիւսիսային այս գօտիներու քիւրտերը կը վայելեն թէ՛ ռուսական եւ թէ՛ ամերիկեան աջակցութիւն (թերեւս` տարբեր դրդապատճառներով): Այնպէս որ, այս մասնայատուկ տարածաշրջանէն ներս սպասուող զարգացումներուն ուշադիր պէտք է հետեւի հայկական դիւանագիտութիւնը` ի պահանջել հարկին օգուտներ քաղելու հեռանկարով:

Այս բոլորով կը բացատրուի նաեւ Թուրքիոյ ջղաձգութիւնը` «Թռի՛ էլ` էծ է»:

3 դեկտեմբեր, 2015

vproodian@gmail.com

Նախորդը

Թուրքական Կամպիթ* Կամ Եւրոպան Դարձեալ Պարտւում Է Թուրքիային

Յաջորդը

Նոր Հրատարակութիւն Մը Պոլսէն` «Հալէպի Պարոնները»

RelatedPosts

Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.