ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
3 դեկտեմբերին Ֆրանսայի խորհրդարանը երեսփոխան Վալերի Պուայէի կողմէ ներկայացուած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը փոխանցեց օրէնքներու յանձնախումբին: Թէեւ ողջունելի է, որ նիստին մասնակից 38 երեսփոխաններն ալ աջակցեցան ժխտողականութեան օրէնքով պատժումի սկզբունքին, սակայն նախագիծի ներկայացման թայմինկը խնդրայարոյց էր, որովհետեւ նախ եւ առաջ կը ստեղծէր այն արդարացի տպաւորութիւնը, որ Ֆրանսայի մէջ նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններէն հազիւ 4 օր առաջ կատարուած նախաձեռնութիւնը հիմնուած է ընտրական հաշիւներու վրայ եւ ոչ թէ մղուած` արդարութիւն հաստատելու ձգտումէ: Երկրորդ` «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիոյ» դատով Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) վճիռէն անմիջապէս ետք խօսքի ազատութեան իրաւունքի սկզբունքին հետ ճակատում մը կը սպառնայ ներկայ նախագիծը մատնել 2013-ին նոյնինքն Պուայէի կողմէ պատրաստուած նախագիծի ճակատագիրին: Այս առումով նախագիծը օրէնքներու յանձնախումբին փոխանցելու թեր քուէարկած 26 երեսփոխաններու քայլը ժամանակ վատնելու եւ անխուսափելին կարելի եղածին չափ յետաձգելու ողջունելի քայլ մըն էր: Այդ հեռանկարին լոյսին տակ` աւելորդ է այն վէճը, թէ Պուայէի ինքնագլուխ քայլը բարի ցանկութեա՞մբ կատարուած է, թէ՞ ոչ, որովհետեւ դժոխքի ճամբան բարի ցանկութիւններով սալայատակուած է:
Խօսքի եւ կարծիքի ազատութիւնը եւրոպական ընկերութեան համար սրբութիւն սրբոց մըն է, եւ երկու չափ երկու կշիռի գոյութեան մասին արդարացի բողոքները ոչինչ կրնան փոխել այդ իրողութենէն: Ուստի ակնկալելը, թէ եւրոպացիները մեր սեւ աչքերուն սիրոյն պիտի հրաժարին այդ սկզբունքէն, միամտութիւն է: Ցաւալի այս իրողութեան լոյսին տակ, Ողջակիզման եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջեւ զուգահեռները կը դառնան անտեղի, որովհետեւ Ողջակիզման պարագային մարդկութեան դէմ այդ ոճիրին եւրոպական հասարակութեան ուղղակի մեղսակցութեան կամ, ի տես այդ ոճիրին կրաւորական կեցուածքի որդեգրման իբրեւ արդիւնք, անուղղակի մեղսակցութեան պատճառով գոյութիւն ունի ամօթի զգացումէ բխող պարտաւորութիւն մը եւ մեղքի քաւման հրամայական մը: Ողջակիզման հարցով եւրոպացիներուն մօտ այդ զգացումը շատ ուժեղ է` նկատի ունենալով, որ այդ ոճիրը գործուեցաւ Եւրոպայի տարածքին, գրեթէ ամէնուր, իսկ Հայոց ցեղասպանութիւնը` հեռաւոր երկրի մը մէջ եւ Եւրոպայի տարածքին Համաշխարհային Ա. պատերազմի գլխաւոր ճակատի զարգացումներուն շուքին տակ: Ողջակիզումին պարագային ամօթն ու մեղսակցութիւնը միայն պետական մակարդակի վրայ չէ, այլ նաեւ հասարակական ու անհատական մակարդակի վրայ, որովհետեւ այդ ոճիրը գործուած է եւրոպական, ներառեալ ֆրանսական հասարակութեան մեղսակցութեամբ` դրացին մատնած է դրացիին, բարեկամը` բարեկամին, իսկ ուրիշներ հանդիսատեսի կեցուածք որդեգրած են: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ օրին անմեղները փրկելու անզօրութենէն բխող ներկայ պարտաւորութիւնը: Հայոց ցեղասպանութիւնը հասարակ եւրոպացիին համար չունի Ողջակիզումին այդ հոգեբանական անմիջական ուժականութիւնը: Բացառութիւն են յոյներն ու կիպրացիները, որոնք Ողջակիզումին մեղսակից ըլլալու բարդոյթէն չեն տառապիր:
Ամէն անգամ, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման հարցը բարձրացնենք, մենք մեզ պիտի գտնենք խօսքի ազատութեան իրաւունքի պատին առջեւ: Առայժմ այս գորդեան հանգոյցը կտրելու սուր մը գոյութիւն չունի, ուստի կ՛արժէ՞ այս հարցով վատնել մեր սուղ ժամանակն ու ներուժը: Ատոր արդիւնքը կրնայ միայն յուսախաբութիւն ըլլալ` ատկէ բխող բարոյահոգեբանական բոլոր վտանգներով, որոնք Հայ դատի արդար լուծումի պայքարին համար չեն կրնար օգտակար ըլլալ: Եւ ի վերջոյ, յանուն ինչի՞ է մեր պայքարը, ժխտողականութեան քրէականացմա՞ն, թէ՞ Հայ դատի արդար լուծման: Առաջինը մարտավարութիւն է, իսկ երկրորդը` նպատակ: Առաջինը երկրորդական է, իսկ երկրորդը առաջնահերթ: Անտեղի յամառութեան պտուղը չի կրնար բարի ըլլալ: Մեր ուշադրութիւնը չշեղենք կենսականէն` մեր պայքարի կիզակէտէն:
1. «Ամէն անգամ, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման հարցը բարձրացնենք, մենք մեզ պիտի գտնենք խօսքի ազատութեան իրաւունքի պատին առջեւ:»
Յ.Չ. Նախ եւ առաջ Պուայէ հայութիւնը չի ներկայացներ, երկրորդ, համաձայն չ՛ըլլալով հանդերձ այս տեսակէտին՝ պատերը միշտ հակամէտ են փլուզումի:
2. «Առայժմ այս գորդեան հանգոյցը կտրելու սուր մը գոյութիւն չունի, ուստի կ՛արժէ՞ այս հարցով վատնել մեր սուղ ժամանակն ու ներուժը:»
Յ.Չ. Նախ, գորդեան հանգոյց ըլլալը չափազանցութիւն կը նկատեմ, երկրորդ պէտք է յիշել որ (ՄԻԵԴ)-ի ծանօթ վճիռին դէմ էր դատաւորներուն պատկառելի թիւը: Երկրորդ իւրաքանչիւր այսպիսի գործունէութիւն միայն կը նպաստէ Հայ Դատին՝ նուազագոյնը քարոզչական առումով: Երորդ ո՞ր սուղ ժամանակի եւ ներուժի մասին է խօսքը:
3. «Ատոր արդիւնքը կրնայ միայն յուսախաբութիւն ըլլալ` ատկէ բխող բարոյահոգեբանական բոլոր վտանգներով, որոնք Հայ դատի արդար լուծումի պայքարին համար չեն կրնար օգտակար ըլլալ:»
Յ.Չ. .Իիւրաքանչիւր այսպիսի գործունէութիւն միայն կը նպաստէ Հայ Դատին՝ նուազագոյնը քարոզչական առումով ամէն անգամ որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կ՛արծարծուի օտարներու կողմէ: Իսկ մենք երբե՛ք յուսախաբութեան չենք մատնուիր:
4. « Եւ ի վերջոյ, յանուն ինչի՞ է մեր պայքարը, ժխտողականութեան քրէականացմա՞ն, թէ՞ Հայ դատի արդար լուծման:»
Յ.Չ. Անտեղի է կամ այս կամ այդի հաւասարութիւնը (equation) երկու հոլովոյթները զիրար բնաւ չեն խաչաձեւեր:
5. Լաւ կ՛ըլլար որ այս յօդուածը բաւարարուէր միայն առաջին բաժինով, թէեւ անոր ալ կարելի չէ համաձայնիլ՝ «3 դեկտեմբերին Ֆրանսայի խորհրդարանը երեսփոխան Վալերի Պուայէի կողմէ ներկայացուած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը փոխանցեց օրէնքներու յանձնախումբին: Թէեւ ողջունելի է, որ նիստին մասնակից 38 երեսփոխաններն ալ աջակցեցան ժխտողականութեան օրէնքով պատժումի սկզբունքին, սակայն նախագիծի ներկայացման թայմինկը խնդրայարոյց էր, որովհետեւ նախ եւ առաջ կը ստեղծէր այն արդարացի տպաւորութիւնը, որ Ֆրանսայի մէջ նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններէն հազիւ 4 օր առաջ կատարուած նախաձեռնութիւնը հիմնուած է ընտրական հաշիւներու վրայ»: