ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
– Սկիզբ` Բազմազգեան Ուժերու
Առաքելութեան
Նախագահ շէյխ Ամին Ժըմայէլի պաշտօնավարութեան առաջին օրուան (24 սեպտեմբեր 1982) աշխատանքներուն առանցքները կազմեցին բազմազգեան ուժերու գործունէութեան նախապատրաստութիւնը, նոր կառավարութեան մը կազմութեան ծրագիրը եւ արդարադատութեան մեքենան գործի լծելու առաջադրանքը:
Միւս կողմէ, սպասելով բազմազգեան ուժերու բոլոր զօրամասերուն Պէյրութ ժամանման եւ անոնց գործունէութեան սկզբնաւորման, իսրայէլեան ուժերը շարունակեցին արեւմտեան Պէյրութէն եւ հարաւային արուարձաններէն հեռացման քայլերը, որոնց դիմաց լիբանանեան բանակը տարածեց իր հակակշիռին ենթակայ շրջանը: Այսպէս, իսրայէլեան ուժերը հեռացան Պասթայէն, Զոքաք Պլաթէն, Մինա Հոսնէն եւ զինուորական բաղնիքէն մինչեւ Ռիվիերա պանդոկ տարածուող շրջանէն, սակայն անոնք դիրքեր կը պահէին Քոնքորտ սրահին շրջանը, ինչպէս նաեւ` Մազրաայի քոռնիշի եգիպտական դեսպանատան մօտակայ շրջանին մէջ:
Բանակը, իր կարգին, իր հակակշիռին տակ առաւ Ֆախրէտտին փողոցը, սպայից ակումբը, Ահմէտ Շաուքի փողոցը, Քլեմանսօ փողոցը, Ռիատ Սոլհ հրապարակը, Պասթան, Պուրճ Ապի Հայտարը, Պշարա Խուրին, Մար Իլիասը, Շաթիլայի բոլորակը, Մարզական աւանը, Քաղաքապետարանի դաշտը, Այիշաթ Պաքքարը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն եւ Թալլէթ Խայեաթը:
Այդ օր Պէյրութ հասաւ բազմազգեան ուժերուն անդամակցող ֆրանսական զօրաբաժինին առաջին զօրամասը:
* * *
Նահր Մոթէն մինչեւ օդակայան եւ Պէյրութի արեւմտեան ծովափը տարածուող ապազինեալ մեծն Պէյրութի ծրագիրին ու այդ շրջանէն ներս բազմազգեան ուժերու եւ լիբանանեան բանակին ամբողջական տիրապետութեան հաստատման ճամբուն վրայ կիրակի, 26 սեպտեմբեր 1982-ին առնուեցաւ կարեւոր քայլ մը, երբ Պէյրութի արեւմտեան շրջանէն ներս դիրքեր եւ անցարգելներ հաստատող իսրայէլեան ուժերը հեռացան այդ շրջանէն ու հաւաքուեցան Խալտէի շրջանին մէջ, մինչ լիբանանեան բանակի միաւորներ իրենց հակակշիռը տարածեցին մինչեւ Խալտէ տարածուող ծովեզերքին վրայ ու Պէյրութի ներքին թաղամասերուն մէջ: Այսպէս, իսրայէլեան ուժերը քաշուեցան Մազրաայի քոռնիշէն, Քոնքորտ սրահի շրջանէն, Վերտէոնէն եւ օդակայան տանող ճամբէն, ամբողջացնելով արեւմտեան գօտիի պարպումը, սակայն անոնք խորհրդանշական ուժեր ձգած էին նաւահանգիստին, Ուզահիի եւ օդակայանի շրջաններուն մէջ:
Մինչ այդ, Պէյրութ ժամանած ֆրանսական ուժերէն խումբ մը մասնակցեցաւ Սապրա եւ Շաթիլա գաղթակայաններուն մէջ, բանակային ուժերու կողմէ տեղի ունեցող ականահաւաքումի եւ չպայթած ռումբերու չէզոքացման աշխատանքին:
Միւս կողմէ, իտալական զօրաբաժինին պատկանող առաջին խումբը` 350 զինուորներէ եւ զրահապատ կառքերէ բաղկացած, Պէյրութ ժամանեց եւ ուղղուեցաւ Կալըրի Սըմաանի շրջանը, իբրեւ նախապատրաստութիւն դիրքերու ստանձնումին:
* * *
Իսրայէլացիները, որոնք սկիզբը իբրեւ ազատարարներ ընդունուած էին արեւելեան շրջանի քրիստոնեայ բնակչութեան մեծամասնութեան կողմէ, ենթակայ դարձած էին յարաճուն անվստահութեան:
Ընտրեալ նախագահ շէյխ Պեշիր Ժըմայէլի խորհրդաւոր սպանութենէն ետք, անվստահութեան մթնոլորտ մը կը շրջապատէր իսրայէլացիները, եւ ոմանք բացայայտօրէն ամբաստանողի մատը կ՛ուղղէին Իսրայէլի կողմը:
Սապրայի եւ Շաթիլայի սպանդները աւելցուցին այդ անվստահութիւնը: Սպանդը չէր որ այնքան կը յուզէր քրիստոնեաները, որոնք եւս վերջին տարիներուն ենթարկուած էին ջարդերու. այլ այն, որ իսլայէլացի ղեկավարները սկիզբէն ի վեր կ՛աշխատէին յամառ կերպով այդ սպանդին պատասխանատուութիւնը «լիբանանեան ուժեր»-ուն վերագրել, հակառակ անոնց հրապարակած հերքումներուն:
Կարգ մը գործատէրեր կը գանգատէին լիբանանեան գործերու վրայ Իսրայէլի ճնշումներէն. ճնշումներ, որոնց ծանրութիւնը դարձած էր չափազանց:
Պէյրութի օդակայանին մէջ իսրայէլացիք ներկայութիւն կը պահէին եւ ունէին օդակայանին երթեւեկին վրայ հսկելու թեքնիք բոլոր միջոցները:
Իսրայէլեան ներկայութիւնը, թէեւ աւելի ծածուկ, սակայն զգալի էր «Լիբանանեան ուժեր»-ուն կողմէ հակակշռուած մայրաքաղաքի արեւելեան շրջանին եւ արուարձաններուն մէջ: Մինչ լիբանանեան բանակը դիրքաւորուած էր ամբողջ արեւմտեան Պէյրութի եւ հարաւային արուարձաններուն մէջ, իսրայէլեան բանակը չէր շարժած արեւելեան շրջանի իր դիրքերէն:
Շիահէն եւ Կալըրի Սըմաանէն արեւելեան շրջան մուտքին, լիբանանեան բանակի դիրքերուն մօտ կային իսրայէլեան «Էմ. 113» հրասայլեր: Տորայի մէջ եւս «Էմ. 133» հրասայլերով զօրացած դիրք մը կը հակակշռէր երթեւեկը:
* * *
«Ազդակ», 27 սեպտեմբեր 1982-ի թիւով եւ «Յոյսի նոր էջ մը» խորագիրով խմբագրականով կ՛ըսէր, որ ամէն ինչ կորսնցնելէ ետք` ամէն ինչ վերստին ձեռք բերելու յոյսի նոր էջ մը բացուած է արիւնաքամ այս երկրին ու անոր ժողովուրդին առջեւ:
Ընտրեալ նախագահի սպանութեան եւ օր ցերեկով ու վայրագ, անմարդկային մոլուցքով գործադրուած արեւմտեան Պէյրութի պաղեստինցի գաղթականներուն զանգուածային սպանդին անդրադառնալէ ետք «Ազդակ» կ՛ըսէր, որ իր ստացած անհաւատալի այդ խոցերուն չափ հաստատակամ ու անկիւնադարձային եղաւ Լիբանանի պատասխանը, որ մարմնաւորուեցաւ նոր նախագահին ընտրութեան առիթով ցուցաբերուած ազգային հաշտութեամբ ու միասնականութեամբ, զէնքերու լեզուն ընդմիշտ փակելու համալիբանանեան վճռականութեամբ:
«Ազդակ» կը նշէր, որ հաւանաբար Լիբանան եւս հպատակեցաւ բնութեան այն օրէնքէն, որուն համաձայն` երկունքի ցաւը ցաւերուն գերագոյնն է: Շէյխ Պեշիր Ժըմայէլի եւ պաղեստինցի հազարաւոր գաղթականներու կրկնակի նահատակութեամբ բացուեցաւ Լիբանանի փրկութեան յուսատու նոր էջը, որ իր ետին ձգեց ութամեայ անհեթեթ ու աղտոտ պատերազմի մը նոյնքան եւ աւելի անհաւատալի ու անիմաստ վերջաբանը:
«Ազդակ» կը պարզաբանէր ըսելով, որ հանրապետութեան նոր նախագահին հետ ամբողջ Լիբանանը կանգնած է նոյն մարտահրաւէրին առջեւ, որ ցաւի մէջ ստեղծուած ազգային համերաշխութիւնը կեանքով ու գործով ապրեցնելու հետեւողականութիւնն է: Փոխադարձ յարգանքի, վստահութեան ու գործակցութեան ա՛յն մթնոլորտը, որ սեպտեմբեր 14-էն, բայց մանաւանդ սեպտեմբեր 21-էն ի վեր կը հետեւէր լիբանանեան քաղաքական կեանքի բոլոր քայլերուն, աղետահար այս հայրենիքին ողջ պատմութեան մէջ հազուադէպօրէն նուաճուած դրամագլուխ մըն էր, որմէ անհրաժեշտ էր լիովին օգտուիլ:
«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ նոր նախագահին ընտրութեան առիթով դրսեւորուած միասնականութիւնը դարձաւ վարակիչ: Լիբանանի փրկութեան յոյսը վերստին ամրապնդուեցաւ ոչ միայն բոլոր լիբանանցիներուն եւ յատկապէս անոնց հակամարտ թեւերուն մօտ, այլեւ` արաբական աշխարհի թէ միջազգային ընտանիքի այլազան, մինչեւ իսկ հակադիր բեւեռներու պարագային:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ Լիբանանի իրաւ խաղաղութեան ճամբան անշուշտ որ տակաւին շատ երկար է, այլ մանաւանդ` դիւրին չէ: Բայց այս հայրենիքին ողբերգութեան վերջին էջերը եղան այնքա՜ն սեւ ու սպառնական, որ լիբանանցիները ամէն պատճառ ունէին յոյսով նայելու իրենց հաւաքական գալիքին, որովհետեւ կրցան իրենց ցաւին մէջ միանալ եւ ամէն բանէ վեր պահել վերապրելու իրենց կամքը:
* * *
Ամերիկեան ուժերու Պէյրութ ժամանման նախօրեակին, երեքշաբթի, 28 սեպտեմբերին իսրայէլեան ուժերը հեռացան Պէյրութի կարգ մը շրջաններէն: Այսպէս, նաւահանգիստին մէջ գտնուող խորհրդանշական զօրագունդն ու Կալըրի Սըմաանի շրջանին մէջ հաստատուած զրահապատները հեռացան այդ շրջաններէն, սակայն օդակայանի էջուղիի կեդրոնը կը մնար կարեւոր ուժ մը:
Իսրայէլեան ուժերու հեռացման զուգահեռ, Պէյրութ ժամանած ֆրանսական եւ իտալական զօրաբաժինները, որոնց կազմը ամբողջացած էր արդէն, մասնակիօրէն սկսան կիրարկել իրենց առաքելութիւնը եւ լիբանանեան բանակի միաւորներուն կողքին, տարածուեցան Պէյրութի արեւմտեան ու հարաւային կարգ մը շրջաններու մէջ: Այսպէս, իտալացի զինուորներ հաստատուեցան նաւահանգիստին, Շաթիլա եւ Պուրճ Պարաժնէ գաղթակայաններուն, Հարէթ Հըրէյքի մէջ, օդակայանի բոլորակին վրայ եւ քուէյթեան դեսպանատան մօտ, իսկ ֆրանսացի զինուորներ նմանօրինակ պատասխանատուութիւններ ստանձնեցին Սապրայի, Ֆաքհանիի, Քաղաքապետարանի դաշտին եւ Մաքասէտ հիւանդանոցի շրջաններուն մէջ:
Չորեքշաբթի, 29 սեպտեմբերին, իսրայէլեան ուժերը հեռացան նաեւ արեւելեան Պէյրութի մէջ իրենց գրաւած դիրքերէն եւ լիբանանեան բանակը ստանձնեց անցքերուն հսկողութիւնը:
Իսրայէլեան ուժերը պարպեցին նաեւ օդակայանի շրջափակէն ներս իրենց ունեցած դիրքերը ու քաշուեցան Խալտէէն:
Օդակայանէն իսրայէլեան դրօշին հեռացումը տեղի ունեցաւ այն պահուն, երբ բազմազգեան ուժերու ամերիկեան զօրագունդին առաջին միաւորները ժամանեցին օդակայան:
Ամերիկեան ուժերը Պէյրութ ժամանեցին նաւահանգիստին եւ օդակայանի ճամբաներով: Արդարեւ, կէսօրին Պէյրութի նաւահանգիստը հասաւ ամերիկեան ցամաքահանման նաւ մը, որ կը փոխադրէր 400 զինուոր, իրենց թեթեւ զէնքերով: Երկու ժամ ետք, վեցերորդ նաւատորմին պատկանող տասը ուղղաթիռներով օդակայան հասան 200 այլ զինուորներ, որոնք քիչ ետք Ռատիօ-Օրիանի կեդրոնին մէջ հաստատուեցան:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը մուտք գործեց Ղպէյրիի եւ Շիահի ներքին թաղամասերէն ներս, միաժամանակ շարունակելով օրինազանցներու հետապնդումն ու զէնքի մթերանոցներու որոնումը եւ անոնց պարպումը:
* * *
Հինգշաբթի, 30 սեպտեմբերին, Պէյրութի երկու գօտիներուն միջեւ փակ մնացած անցքերուն վերաբացման եւ բազմազգեան ուժերու գործունէութեան սկսման առիթով տեղի ունեցած հանդիսութեան մը ընթացքին խօսք առնելով նախագահ շէյխ Ամին Ժըմայէլ յայտարարեց, որ այսուհետեւ վերջ կը գտնեն արեւելեան Պէյրութ եւ արեւմտեան Պէյրութ որակումները եւ Պէյրութ կը հանդիսանայ Լիբանանի միացեալ ու միակ մայրաքաղաքը:
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Թանգարանի հրապարակէն դէպի Պարպիր տանող անցքին վրայ: Հանդիսութեան ներկայ եղան վարչապետ Ուազզան, նախարարներ, բարձրաստիճան զինուորականներ, բազմազգեան ուժերու անդամ պետութեանց դեսպաններ եւ այդ ուժերէն խորհրդանշական միաւորներ:
Հանդիսութենէն ետք նախագահ Ժըմայէլ ուղղուեցաւ օդակայան եւ ներկայ եղաւ անոր վերաբացման: Ժըմայէլ անձամբ ողջունեց Պէյրութ ժամանող առաջին ճամբորդները:
Իր կարգին, վարչապետ Շաֆիք Ուազզան Էշրեֆիէէն անցնելով, եւ Ռինկի կամուրջը կտրելէ ետք մեկնեցաւ վարչապետարան: Վարչապետին Ռինկէն անցքը կը խորհրդանշէր նաեւ Պէյրութի միւս անցքերուն վերաբացումը: Այդ օր քաղաքացիներու երթեւեկին առջեւ բացուեցան Թայունէ-Մար Մըխայէլ, Սոտեքոյի, Ռինկի եւ նաւահանգիստին անցքերը:
Յաջորդ օր, ուրբաթ, 1 հոկտեմբերին վերաբացուեցան նաեւ Նահատակաց եւ Տըպպաս հրապարակներու ճամբաները, իրենց լրումին մօտեցնելով վերամիացած Պէյրութի բոլոր ճամբաներուն վրայ երթեւեկի համար անհրաժեշտ պայմանները:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի միաւորներուն կողքին` ամերիկեան եւ ֆրանսական ուժեր նոր դիրքեր հաստատեցին Պէյրութի մէջ ու անոր շուրջը:
* * *
Շէյխ Պաշիր Ժըմայէլի սպանութենէն քանի մը օր ետք, ոճրագործը` Հապիպ Շարթունի ձերբակալուեցաւ «Լիբանանեան ուժեր»-ուն կողմէ եւ յետոյ արդարութեան մարմիններուն յանձնուեցաւ:
Շարթունի, մարոնի համայնքէն, 24 տարեկան, անդամ էր Ղովմի կուսակցութեան: Ան խոստովանեցաւ, որ կուսակցութեան տեղեկատուութեան պատասխանատուն` Նապիլ Ալամ պայթուցիկները իրեն տուած էր: Ալամ իր կարգին կապի մէջ էր «արտաքին կողմեր»-ու հետ: Շարթունիի քոյրը Էշրեֆիէի փաղանգաւորներու կեդրոնին շէնքին մէջ, երրորդ յարկին վրայ կը բնակէր եւ այդ պատճառով պայթուցիկները Շարթունիի տրուած էին:
Պայթուցիկները արեւմտեան Պէյրութէն Էշրեֆիէ փոխադրուելէն ետք Շարթունի սեպտեմբեր 13-ի գիշերը զետեղած էր զանոնք կեդրոնին մէջ: Անոր ներկայութիւնը կասկած չէր արթնցուցած, որովհետեւ քոյրը շէնքի բնակիչ էր:
Շարթունիի ձերբակալութենէն ետք փաղանգաւորներու ապահովութեան սպասարկութիւնը ձերբակալեց երկու անձեր` Նեզիհ Սամի Շահիա եւ Ժոզէֆ Ճորճ Գազազեան, որոնք խոստովանեցան, թէ իրենք գործադրած են Էշրեֆիէի մէջ, 23 փետրուար 1980-ին կատարուած ռմբային այն ոճրափորձը, որուն զոհ գացած էին շէյխ Պեշիր Ժըմայէլի աղջնակը` Մայա եւ երեք այլ անձեր:
***
«Ազդակ», 4 հոկտեմբեր 1982-ի թիւով եւ «Ապրելու կամքը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ Լիբանանի մէջ ապրելու կամքը աւելի զօրաւոր եղած է մահուան վտանգէն եւ լիբանանցին ամէն իրաւունք ունի անհամբերութեամբ նետուելու վերականգնումի երթին մէջ, պահանջելով, որ իշխանութիւնները եւս նոյն փարումով լծուին աղէտահար հայրենիքը վերաշինելու աշխատանքին:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ պատերազմի տարիներուն, ամէն անգամ որ յարաբերական անդորրութեան պահեր ստեղծուէին, զինեալ պատնէշներու ետին բաժնուած եւ ակամայ իրարմէ խզուած լիբանանցիները կ՛անտեսէին անցարգելները` միասնաբար ապրելու իրենց կամքը արտայայտելու համար:
«Ազդակ» կը նշէր, որ երէկի ընդդիմութիւնները եւ հակադրութիւնները տակաւ առ տակաւ կը մեղմանան եւ կը լուծուին, անխտիր բոլոր կողմերը կը խմբուին օրինականութեան շուրջ, որպէսզի միացեալ ուժերով կարելի ըլլար հայրենիքը դուրս բերել քաղաքական անելէն:
«Ազդակ» կ՛աւելցնէր ըսելով, որ երէկի քէները, ատելութիւնները եւ վրէժի զգացումները կը դառնան ամբողջ Լիբանանի կորուստը եւ նոյնինքն փողոցի մակարդակին վրայ խզումի էջը փակելու եւ վերամիացման հանգրուանը դիմաւորելու տրամադրութիւնը վարակած է բոլորը:
«Ազդակ» կը շեշտէր, որ վերամիացման եւ վերականգնումի խանդավառութիւնը վարակիչ է մանաւանդ Լիբանանի հայութեան համար, որ միշտ մնաց կառչած Լիբանանը մէկ ու ամբողջական, գերիշխան ու համերաշխ տեսնելու իր անխախտ հաւատքին:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով որ Լիբանան ունի անցեալի ամէն կաշկանդում յաղթահարելու հնարաւորութիւնը, որպէսզի կարենայ իրապէս առաջքը առնել քաղաքացիական անտեսում, զրկանք եւ հակադրութիւն կուտակող սխալներու, որոնց ամէն հայրենիք ուշ կամ կանուխ ահաւոր գին կը վճարէ: