Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թիւրիմացութի՞ւն, Թէ՞ Զրպարտութիւն

December 16, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յարգարժա՛ն խմբագրութիւն «Ազդակ » օրաթերթի, Ընթերցելով «Ազդակ» օրաթերթի 15 դեկտեմբերի համարին մէջ մեր դէմ ուղղուած նամակ մը, ստորագրուած` հայրենի յայտնի հինգ գեղանկարիչներու կողմէ եւ տրուած ըլլալով, որ անոնք «թիւրիմացաբար» բոլորովին անհիմն «զրպարտանքներ» արձանագրած են «Նոազ Արք»-ի հասցէին, պարտք կը զգանք լուսաբանելու զանոնք հերթականօրէն:

ա.- … մենք երբեք որեւէ իրաւունք կամ լիազօրութիւն չենք տուել յիշեալ ցուցասրահին`  ներկայացնելու կամ վաճառելու մեր աշխատանքները:

Մեր «Զեղչ վաճառք» ծանուցման մէջ չենք յայտարարած, որ կը ներկայացնենք յիշեալ  գեղանկարիչները: Շատ յստակ է ու մէկին, արուեստագէտի մը գործը վաճառել չի նշանակեր արուեստագէտը ներկայացնել: Իսկ ինչ կը վերաբերի վաճառելուն, որեւէ ցուցասրահ կամ արուեստասէր հաւաքորդ իրաւունք ունի իր հաւաքածոյի ստեղծագործութիւնները վաճառելու որեւէ գինով:

բ.- Մենք չենք համագործակցել այդ ցուցասրահի հետ:

Ստիպուած ենք պաշտօնապէս տեղեկացնելու, թէ ձեր ստեղծագործութիւնները եւ ձեզ (բացի Ռոպերթ Էլիբէկեանէն) առաջին անգամ Լիբանանի մէջ ցուցադրեց եւ ծանօթացուց «Նոազ Արք»-ը: Ս. Համալպաշեանի, Ա. Գէորգեանի եւ Ռ. Գրիգորեանի գործերը,  նախ 1995-ին ցուցադրեցինք «Էմմակոս» ցուցասրահին մէջ, ապա 1996-ին` «Նոազ Արք»-ի մէջ:  Մատուլեանի անհատական ցուցահանդէսը կազմակերպած ենք 2001-ին «Նոազ Արք»-ի մէջ, ի՛ր ներկայութեան: Իսկ Ռ. եւ Ա. Էլիբէկեաններու ցուցահանդէսը կազմակերպեցինք 1998-ին, «Նոազ Արք»-ի մէջ, իրե՛նց ներկայութեան: Փաստօրէն բոլորդ ալ գործակցած էք «Նոազ Արք»-ի հետ:

գ.- Իրականում «Նոազ Արք»-ը զբաղուած է ոչ թէ գովազդով, այլ հակաքարոզչութեամբ:

Ապացուցելու համար, թէ «Նոազ Արք»-ը մինչեւ օրս կը շարունակէ զբաղուիլ նաեւ ձեր բոլորին գովազդով, ստորեւ կը ներկայացնենք մեր առաջին եւ վերջին հրատարակութիւնները միայն:

1995-ին «Նոազ Արք»-ը հրատարակեց 140 էջերէ բաղկացած  պատկերագիրք մը` «Gallery Noah’s Ark» խորագիրով, որ մեծապէս նպաստեց ձեր սերունդի եւ ձեր երեքի ծանուցման եւ ծանօթացման:

Անցնող մայիս ամսուան ընթացքին, գործակցութեամբ Լիբանանի Եղեռնի հարիւրամեակի կեդրոնական մարմինին, «Նոազ Արք» կազմակերպեց  ցուցահանդէս մը, Beirut Exhibition Center-ի մէջ ու այս առիթով հրատարակեց նաեւ պատկերագիրք մը (Rebirth Of A Nation), ուր «հայոց մեծերի» շարքին տպած ենք յիշեալ հինգէն, իւրաքանչիւրէն ստեղծագործութիւն մը, որոնք ցուցադրուեցան նաեւ ցուցահանդէսի ընթացքին:

Չէ՞ք կարծեր, որ մեր այս նամակը ինքնին բացայայտ ապացոյց մըն է ծանուցման, իսկ ձեր գրածը յերիւրանքներով յագեցած տգեղ նմուշ մը հակաքարոզչութեան:

«Հակաքարոզչութեամբ զբաղուիլ» կը նշանակէ դիտմամբ բնովել, վարկաբեկել  ու  փճացման ենթարկել հակառակորդ մը: «Նոազ Արք»-ը սխալ կը գտնէ նման արարքները եւ զերծ մնացած է ու կը մնայ հակաքարոզչութենէ, նամանաւա՛նդ հայ գեղանկարիչներու պարագային. վկա՛յ վերը նշուած փաստարկները: Առաւել եւս, հակաքարոզչութեամբ կը զբաղին անոնք, որոնք իրենց ասպարէզին մէջ ձախողելու հետեւանքով, կը  քարկոծեն «պտղատու ծառերը»: Փառք Աստուծոյ` «Նոազ Արք»-ի մօտ նման խնդիր  չէ եղած, չկայ եւ չի ալ կրնար ըլլալ:

դ.- Այդ ցուցասրահը պէտք է որ սովորի ազնուօրէն աշխատել…:

Դարձեալ ձեր նամակը վկա՛յ (ուր կը փորձէք արգիլել ցուցասրահի մը իր սեփական հաւաքածոյի արուեստի գործերը ծանուցելն ու վաճառելը) ցուցասրահներու ազատութիւնը անազնուաբար կաշկանդողը դու՛ք էք եւ ոչ թէ մենք: Ինչ կը վերաբերի «ազնուութեամբ աշխատել»-ուն, այդ մէկը լաւ կ՛ըլլայ, որ սորվեցնէք ձեր նամակը շարադրողին: Իսկ մրցակցութեան հարցի պարագային, մեր մրցակցութեան դաշտը կը տարածուի միջազգային բեմերու վրայ, ուր արդէն իսկ արձանագրած ենք շօշափելի նուաճումներ: Այս պատճառով հայ ցուցասրահները մրցակից չենք համարեր, այլ` գործակից:

ե.- «Նոազ Արք»-ը… «մոռացել» է նշել միայն երեք անուն…

«Նոազ Արք»-ը այո՛, դիտմամբ չէ յիշատակած այդ անունները (որոնք երեքէ աւելի են): Անոնք արդէն իսկ միջազգայնօրէն գնահատուած ստեղծագործողներ են եւ ունին իրենց մնայուն շուկան: Ձեր ենթադրած երեքի (Վահրամի, Սուրէնի եւ Դաւիթ Դաւթեանի) բոլոր գործերը «Նոազ Արք» կը գնէ, ի սկզբանէ վճարելով անոնց կանխիկ: Բնականաբար այս տեսակի յաջողած գեղանկարիչները պէտքը չեն զգար զեղչ վաճառքի:

Իսկ ի՞նչ կը վերաբերի որոշ անուններ չյիշելու հետեւանքով «խնդիր ստեղծելուն», դուք «հայոց մեծերէն» յիշած էք միայն հայրենի գեղանկարիչները եւ «յանդգնած» էք անտեսել Ժանսէմի, Գառզուի կամ Փոլ Կիրակոսեանի նման «հայոց մեծերը»: Եթէ հետեւինք ձեր տրամաբանութեան, կը նշանակէ, որ դուք «խնդիր կը ստեղծէք» սփիւռքի եւ հայրենիքի «յարաբերութիւններում», եւ իբրեւ «մերժելի վարքագիծ» պէտք է որ մտահոգէ ոչ միայն «Հայաստանի համապատասխան կառոյցները». այլեւ` սփիւռքի:

Հիմա գանք բուն խնդիրին` զեղչ վաճառքը, երբ տրամաբանական սահմաններու մէջ է (15 -30%), երբեք չի նսեմացներ ո՛չ «հայոց մեծերին» եւ ո՛չ ալ… «փոքրերին»: Այս մէկը կը նշանակէ, թէ ցուցասրահը իր շահոյթի բաժինէն կը հրաժարի:

Բոլոր պարագաներուն, պէտք չունիք քուն փախցնել եւ «Հայաստանի  գեղանկարիչների շրջանում խոր վրդովմունք» յառաջացնել, որովհետեւ ի վերջոյ արուեստի գեղարուեստական արժէքն ու արուեստագէտի վարկը կախեալ չեն նիւթական արժէքէն:

Քանի որ իրաւունքներու խօսք կայ,

Կարելի է հաւաքուիլ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան շուրջ եւ կազմակերպել հրապարակային «կլոր սեղան»-ներ կամ խորհրդաժողովներ` քննարկելու եւ յստակացնելու համար արուեստագէտի հեղինակային իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները, որպէսզի դուք եւ ձեր նմանները գիտնան, թէ ձեր իրաւունքները ո՞ւր կը սկսին եւ ո՛ւր կը վերջանան:

ՄՈՎՍԷՍ Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
Տէր եւ Տնօրէն` «Նոազ Արք» Արուեստի Ցուցասրահի
(Արուեստաբանութեան Դոկտոր)
(Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութեան Արուեստի Խորհրդատու)
(Անդամ` Լիբանանեան Լրագրողներու Համադաշնակցութեան)

 

 

Նախորդը

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին. Կորսուած Բնաշխարհին Գրագէտը` Կարօ Սասունի («Որսորդը», Վերջաբան)

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ուղերձը` ՀՅԴ 125-Ամեակին Առիթով. Գիր Օրհնութեան Ու Գնահատանքի

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.