Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Բակօ Սահակեան Պարգեւատրեց
Հրանդ Թոխատեանը Եւ Արտակ Հերիքեանը
Վերջերս Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիր մը, որուն համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններուն, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ձեռնարկներու կազմակերպման գործին մէջ ունեցած աւանդին համար «Երախտագիտութիւն» մետալով պարգեւատրուած են դերասան, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ Հրանդ Թոխատեանը եւ «Արմենիա» հեռուստաընկերութեան «Ժամը» լրատուական ծրագրի տնօրէն եւ արտադրող Արտակ Հերիքեանը: Նշենք, որ այս մասին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Արցախցի 11 Ուսանողներ Արժանացած Են
ՀՕՄ-ի «Լաւագոյն Ուսանող» Կրթաթոշակին
3 դեկտեմբերին Հայ օգնութեան միութեան նախաձեռնութեամբ արցախցի 11 ուսանողներ արժանացած են միութեան աւանդութիւն դարձած «Լաւագոյն ուսանող» տարեկան ծրագրով նախատեսուած կրթաթոշակին:
2000 թուականէն սկսեալ միութիւնը նախաձեռնած է «Լաւագոյն ուսանող» ծրագրին, որով ճշդուած լաւագոյն ուսանողները կը ստանան 100 տոլար արժողութեամբ կրթաթոշակ:
Մինչեւ 2010 թուական ծրագիրը կը ներառէր 5 ուսանող, 2010 թուականէն ծրագրին մասնակցելու կարելիութիւն տրուեցաւ 11 ուսանողներու, որոնց ընտրութիւնը կը կատարուի անոնց ընկերային վիճակի հիման վրայ:
Նկատի ունենալով, որ 3 դեկտեմբերը Հաշմանդամներու միջազգային օր է, այս տարուան ծրագրին մէջ նկատի առնուած են նաեւ ուսման մէջ յառաջադիմութիւն ցուցաբերող, հաշմանդամ ծնող ունեցող ուսանողները:
Այս առիթով ՀՕՄ-ի գրասենեակին մէջ հիւրասիրութիւն մը կազմակերպուած էր ուսանողներուն համար: Ջերմ մթնոլորտին մէջ երիտասարդները պատմած են իրենց նախասիրութիւններուն, մասնագիտութեան ընտրութեան եւ հասարակական կեանքին մէջ տանելիք աշխատանքներուն մասին:
«Լաւագոյն ուսանող» ծրագրի մասնակից, Հադրութ ծնած Մուշեղ Արզումանեան կ՛ուսանի Արցախի պետական համալսարանին մէջ` տնտեսագիտութեան եւ ճարտարագիտութեան բաժանմունք:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՕՄ-ականներուն` ան դիտել տուած է. «Հպարտ եմ, որ Արցախի մէջ կը գործէ այսպիսի կառոյց, եւ յատկապէս ողջունելի է այն հանգամանքը, որ այդ կառոյցը կանանց կառոյց է, կանանց միասնութիւնը կը խորհրդանշէ: Նուիրական եւ մարդասիրական են այս կառոյցի աշխատանքները»:
Այլ ուսանող մը` Ռուզաննա Թադէոսեան նշած է. «Կարեւորը ստացած գումարի չափը չէ, այլ այն, որ քեզ կը գնահատեն` այդպիսով նաեւ խրախուսելով, որ դուն քեզ լաւ դրսեւորես թէ՛ ուսումնական, թէ՛ հասարակական կեանքի մէջ»:
ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետ Արմինէ Յարութիւնեան երիտասարդներուն ներկայացուցած է ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը եւ պատմած` կառոյցին իրականացուցած ծրագիրներուն մասին:
Ըստ անոր, նմանատիպ ծրագիրներու կազմակերպումը կը խրախուսէ երիտասարդները ուսման մէջ յառաջադէմ ըլլալու: Կոչ ուղղելով երիտասարդներուն` ուսման նկատմամբ սէր ունենալու, ան յայտնած է. «Լաւ ուսանողը նաեւ երկրի համար պիտանի մարդ է: Շատ կարեւոր է, որպէսզի երիտասարդները իրենց ներդրումը ունենան Արցախի հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ, մասնակից դառնան Արցախի պետականութեան շինութեան գործին»:
Չորս Տարուան Ընթացքին Հայաստանի
Քաղաքացիութիւն Ստացած Է
12 Հազար Սուրիահայ
10 դեկտեմբերին տեղի ունեցած է սուրիահայերու հիմնական հարցերը համակարգող միջգերատեսչական յանձնախումբի ամփոփիչ նիստը, որուն ընթացքին 2015-ին յանձնախումբին կատարած աշխատանքներուն մասին զեկուցած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան:
Ըստ անոր, ներկայ դրութեամբ Հայաստանի մէջ կայ մօտաւորապէս 17 հազար սուրիահայ, 2012-2015 Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած է 12 հազար սուրիահայ, 1650 սուրիահայ ալ ստացած է կեցութեան կարգավիճակ: Աշխատանքի հարցով նախարարութիւն դիմած է 2200 սուրիահայ: Տնտեսական գործունէութիւն ծաւալելու համար փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան զարգացման ազգային կեդրոնին կողմէ գումար տրամադրուած է 85 սուրիահայու: Աշխատանքի ապահովման հարցով նախարարութիւնը համագործակցած է 200 պետական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու եւ անհատներու հետ: 500-է աւելի սուրիահայ աշխատանք գտած է սուրիահայ գործարարներուն մօտ: Ներկայիս 1000-է աւելի սուրիահայ ընտանիք տան վարձք կը ստանայ բարեգործական տարբեր կազմակերպութիւններէ: 2015-ին նախարարութեան իրաւաբանական վարչութեան կողմէ 500 սուրիահայու տրամադրուած է իրաւաբանական աջակցութիւն: Տարուան ընթացքին ծաւալուն աշխատանք կատարուած է առողջապահութեան ոլորտին մէջ:
«Երեք տարուան ընթացքին անվճար բուժօգնութիւն ստացած է 3000 սուրիահայ: Միայն 400 սուրիահայ անվճար բուժհետազօտութենէ անցած է այս տարի: Այս երեք տարիներու ընթացքին Հայաստանի մէջ մահացած է 110 սուրիահայ: Պետութիւնը հոգացած է անոնց հոգեհանգստեան եւ յուղարկաւորութեան ծախսերը: Բարեբախտաբար ուրախ առիթներ նոյնպէս եղած են: 2012-2015 թուականներուն Հայաստանի մէջ 240 սուրիահայ փոքրիկ ծնած է», յայտնած է Ֆիրդուս Զաքարեան:
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ըսած է, որ տեղական, սփիւռքահայ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ գործակցաբար կը փորձեն լուծում գտնել սուրիահայ գաղթականներուն հարցերուն: «Նոր եկողներուն մեծ մասէն աւելի աղքատ է եւ` աւելի վախցած: Անոնք կորսնցուցած են գրեթէ ամէն ինչ: Անոնց համար աւելի շատ օգնութիւն պէտք է տրամադրուի: Այս պատճառով 2016 թուականի ծրագիրները նախատեսելու ժամանակ մենք պէտք է առաւել թիրախաւորուած աշխատինք: Անոնք, որոնք հաստատուած են, կ՛աշխատին եւ կրնան ապրիլ, իրենց տրամադրուելիք օգնութիւնն ալ պէտք է տանք աւելի անկարողներուն», ըսած է ան` նշելով, որ Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերուն 30-40 տոկոսը խիստ կարիքաւոր է: Անոնք ունին տան եւ աշխատանքի լուրջ հարցեր:
2016-ի Ապրիլին Պիտի Կայանայ
Ցեղասպանութեան Նուիրուած
«Համաշխարհային Երկրորդ Ֆորում»-ը
Կառավարութեան նիստին Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան տեղեկացուցած է, որ մեծ աշխատանք կը տարուի 23 ապրիլ 2016-ին Երեւանի մէջ գումարելու Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Համաշխարհային երկրորդ ֆորում»-ը` աւելցնելով, որ ընտրուած թեման արդիական է եւ միջազգային մեծ հետաքրքրութիւն ներկայացնող:
Ան դիտել տուած է, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, ինչպէս նախատեսուած էր, կարեւոր ուղղութիւններէն մէկը Ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ առհասարակ միջազգային պայքարն է եւ Հայաստանի նախաձեռնութեամբ 90 երկիրի համահեղինակութեամբ ՄԱԿ-ի մէջ ընդունուած է երկու կարեւոր բանաձեւ:
«Երէկ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ՄԱԿ-ի կեդրոնին` Նիւ Եորքի մէջ կը նշուի բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերուն յիշատակի օրը: Ձեռնարկին հիւրընկալողներն էին ՄԱԿ-ի գլխաւոր վեհաժողովի նախագահը, ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչը, ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ դեսպան Մնացականեանը: Հեղինակաւոր «Փոլիթիքօ» ամսագիրին մէջ հրապարակուած է ընդարձակ յօդուած եւ ծանուցողական էջ, ուր առհասարակ կը խօսուի ցեղասպանութիւններուն մասին: Ծրագիրի համահովանաւորողներէն մէկը Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկն է», յայտնած է Վ. Սարգսեան:
Միեւնոյն ատեն ան բարձր գնահատած է «100 կեանք» ծրագիրը:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը
Մեծագոյն Ներդրողն Է Բջիջային
Հաղորդակցութեան Բնագաւառին Մէջ
Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովին պահանջով բջիջային ընկերութիւններուն հրապարակած տուեալներէն ի յայտ եկած է, որ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը առաջինն է իր կատարած ներդրումներուն չափով:
Ներդրումները կը ներառեն 2013-ի առաջին եռամսեակէն մինչեւ 2015-ի երրորդ եռամսեակ երկարող ժամանակաշրջանը:
Այս ժամանակաշրջանին «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը 28.1 միլիառ դրամի ներդրում կատարած է, ինչ որ կը կազմէ բջիջային հաղորդակցութեան ոլորտի բոլոր ընկերութիւններուն կողմէ կատարուած 50 միլիառ դրամի համախառն ներդրումներու քանակին մեծագոյն մասնաբաժինը` 55.8 տոկոս:
«Գործունէութեան առաջին օրէն իսկ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը յաջողած է ձեռք բերել հասարակութեան վստահութիւնը` ապահովելով ցանցի ամենալայն ծածկոյթ, նորարար ծառայութիւններ եւ արհեստագիտութիւն, յուսալիութիւն, գինի եւ որակի լաւագոյն յարաբերակցութիւն, բաժանորդներու սպասարկման բարձր որակ, օրինակելի գործարար կենցաղավարութիւն, ինչպէս նաեւ իրականացնելով լայնածաւալ ընկերային ներդրումներ», նշուած է այս առիթով ընկերութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
13-ի առաջին եռամսեակէն մինչեւ 2015-ի երրորդ եռամսեակ երկարող ժամանակաշրջանը:
Կապոյտ Մզկիթը 99 Տարիով
Յանձնուեցաւ Իրանի Տնօրինութեան
Հայաստանի կառավարութեան 10 դեկտեմբերին տուած որոշումով մշակոյթի նախարարութեան յանձնարարուած է Իրանի լիազօրուած ներկայացուցիչին հետ կնքել գոյքի անհատոյց, 99 տարի ժամկէտով օգտագործման իրաւունքի պայմանագիր:
Ըստ այդ պայմանագիրի, Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի 12 հասցէին վրայ գտնուող Կապոյտ մզկիթ պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձանը (կառուցուած` 1776-ին), իր սպասարկման համար անհրաժեշտ հողամասով, 99 տարի ժամկէտով պիտի տրուի իրանական կողմի տնօրինութեան:
Կառավարութեան նիստին տրուած որոշման նախագիծի քննարկման ընթացքին մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան յիշեցուցած է, որ մզկիթը օգտագործման իրաւունքով Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութեան յանձնուած է 1995 թուականին, Երեւանի քաղաքապետարանի եւ Իրանի մշակոյթի նախարարութեան միջեւ կնքուած համաձայնագիրի հիման վրայ: Այն ատեն, սակայն, ըստ Յասմիկ Պօղոսեանի, չէր սահմանուած օգտագործման ժամկէտ, ինչպէս նաեւ աւարտին չէր հասցուած պետական արձանագրութեան գործընթացը:
Խաչիկ Եղոյեանի «100 Դուռ» Աննախադէպ
Ցուցահանդէսը` Դեկտեմբեր 29-ին
Ցուցահանդէսը` Դեկտեմբեր 29-ին
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած բեմադրիչ Խաչիկ Եղոյեանի «100 դուռ» նախագծին ծիրին մէջ կատարուած լուսանկարներու շարքը դեկտեմբեր 29-ին պիտի ներկայանայ ցուցահանդէսի տեսքով: Նախագիծին հեղինակը մամուլին նշած է, թէ այս նախագծին բուն նպատակը մէկ անգամ եւս իրենց ձայնը բարձրացնելն է: «Սակայն այս անգամ` գեղագիտական տեսքով, արուեստի լեզուով եւ համազգային ուխտով: Անհամեստ թող չթուայ, բայց այս ցուցահանդէսը արդէն իսկ կ՛առանձնանայ իր ձեւաչափով. այն եզակի է իր ձեւին մէջ եւ միակը` աշխարհի մէջ… Շատ եկեղեցիներու դռներ նկարած ենք, սակայն, իբրեւ խորհրդանիշ, կը ցուցադրուին 100 եկեղեցիներու դռները: Այցելուները ականատես պիտի ըլլան նաեւ լրացուցիչ մէկ դուռի հետաքրքրական եւ անակնկալ ցուցադրութեանը», նշած է ան:
Երեւանի մէջ եկեղեցական 100 դռները պիտի ցուցադրուին միայն մէկ օր: «Որովհետեւ 2015 թուականը կը համարուի հայոց Մեծ եղեռնի 100-ամեակ, ապա ցուցահանդէսը կը սկսինք մայրաքաղաք Երեւանէն` միայն մէկ օր: Սակայն մենք մեր հիմնական նպատակը չենք մոռցած եւ չենք դրժեր մեր խոստումները: Ամէն ինչ կը կատարենք, որպէսզի ցուցահանդէսը իրականանայ շարք մը վայրերու մէջ: Ինչ կը վերաբերի Արեւմտեան Հայաստանի մէջ զայն կազմակերպելու գաղափարին, ապա, այո՛, կը մտածենք այդ ուղղութեամբ, նոյնիսկ քայլեր կը ձեռնարկենք: Սակայն միայն Աստուած գիտէ, թէ ժամանակը ի՛նչ ցոյց պիտի տայ»:
Հաւանաբար շատերը պիտի ուզեն ձեռք ձգել այս լուսանկարներէն: Սակայն բեմադրիչը տեղեկացուցած է, որ ցուցահանդէս-վաճառքի նպատակ չունին: «Այս մեր անցած ճանապարհն է, մեր ի սրտէ կատարած ձօնը` Ցեղասպանութենէն զոհուած անմեղ մարդոց յիշատակին եւ առեւտրական բնոյթ պիտի չկրէ: Ինչպէս նաեւ, այդ «100 դուռ»-երով պէտք է շրջագայինք 2016 թուականին: Անոնք, որոնք կը ցանկան այդ նկարներէն ունենալ, ապա մեծ սիրով իրենց անշահախնդիր ուղղութիւն ցոյց պիտի տանք», ընդգծած է ան:
Թէ՞ ինչ պիտի ըլլայ այս ցուցահանդէսին յաջորդող քայլը «100 դուռ» նախագիծի ծիրէն ներս հարցին Եղոյեանը պատասխանած է. «Բնականաբար ամէն մի քայլ մի նոր որոշում է ծնելու: Ուզենք, թէ ոչ, պէտք է առաջ գնանք: Յետդարձի ճանապարհ չունենք, տեղում դոփելն էլ լճացում է: Արդէն իսկ ծրագրել ենք երկու ցուցահանդէս` Գիւմրիում եւ Արցախում: Նաեւ, ես եւ Ռուբենը միասին կը կազմենք «100 դուռ» մեծ ու իւրօրինակ գիրքը: Բայց դէ` առաջ Աստուած»: