Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան Ցոյց Կու Տայ Եւրոպայի, Թէ Ինչպէ՛ս Պէտք Է Ընդունիլ Փախստականները» Կը Գրէ Էտուարտօ Լորենցօ Օչոա

December 15, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

syrian-refugees-opener-615

0,,18007489_303,00Հայաստան փոքր երկիր է, Եւրոպայի համեմատ` ունի աղքատ տնտեսութիւն, սակայն անիկա ողջունած է փախստականներուն մուտքը երկիր` օգնութիւն տրամադրելով բոլոր անոնց, որոնք ունին ատոր կարիքը:

Ըստ «Արմէնփրէս»-ի, այս մասին «Հայաստան ցոյց կու տայ Եւրոպայի, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ընդունիլ փախստականները» խորագրով իր յօդուածին մէջ, գրած է «Հայաստանի եւրոպական բարեկամներ» կազմակերպութեան նախագահ Էտուարտօ Լորենցօ Օչոան:

Ան ներկայացուցած է, որ սուրիական հակամարտութեան ամենասկիզբէն Հայաստան ժամանած է 17 հազար սուրիացի:

Եւ թէեւ անոնց զգալի մասը սուրիահայեր էին, այդուհանդերձ, եկածներու շարքին կային ասորիներ ու եզիտիներ, որոնց համար եւս Հայաստանը տուն դարձաւ: Պատահական չէ, որ Եւրոպայի մէջ Հայաստան երրորդն է, որ ընդունած է սուրիացի փախստականները:

Ի տարբերութիւն Լիբանանի, Թուրքիոյ կամ Յորդանանի` Հայաստան Եւրոմիութենէն չստացաւ նիւթական զգալի աջակցութիւն այս փախստականները ընդունելու համար: Այդուհանդերձ, սփիւռքի նախարարութիւնը յայտարարեց, որ` «Եթէ փախստականները որոշած են գալ Հայաստան, մեր պետութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններու եւ հայկական կառոյցներու հետ պիտի ընէ առաւելագոյնը` զանոնք ընդունելու համար»:

«Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ Իսլամական պետութեան կազմակերպած կոտորածները յիշեցուցին հայերուն սեփական պատմութիւնը: Շատ սուրիացիներ, որոնք եկան Հայաստան, իրականութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերապրածներու ժառանգորդներն էին, եւ շատ հայեր բարոյական պատասխանատուութիւն զգացին` ապահովելու զանոնք անվտանգ ապաստարանով:

Ասիկա նաեւ կը բացատրէ այն հանգամանքը, թէ ինչո՛ւ եզիտիներուն, որոնք իրենց հայրենական հողերուն վրայ ոչնչացման կ՛ենթարկուին, այստեղ գրկաբաց կ՛ընդունին», նշած է Օչոան` աւելցնելով, որ թէեւ Եւրոմիութեան պետութիւնները համաձայնութեան կու գան եւրոպական արժէքներու եւ սկզբունքներու հարցով, տարբեր կերպ կ՛ընկալեն գործնականի մէջ անոնց կիրարկութիւնը: Եւ ատիկա առաւել ակնյայտ ընդգծուեցաւ փախստականներու վերջին հոսքին ժամանակ:

Այս տարիներուն փախստականներու նկատմամբ դրսեւորած դիրքորոշմամբ Հայաստան ցոյց տուաւ, որ եւրոպական արժէքները անկեղծօրէն կիսող պետութիւն է: Օչոայի համոզումով, ատոր ապացոյցը այն էր, թէ ինչպէ՛ս հայերը Փարիզի ահաբեկչութենէն ետք անմիջապէս հաւաքուեցան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ` սգալու զոհերու յիշատակն ու դատապարտելու կատարուածը:

«Շարլ Ազնաւուր, որուն ծնողները Հայոց ցեղասպանութենէն ետք գաղթած էին Եւրոպա, ըսած է, որ ինք «մշտապէս կը կանգնի անոնց կողքին, որոնք դռները կը թակեն, եւ ոչ թէ անոնց կողքին, որոնք կը փակեն զանոնք»:

Ես կը հաւատամ, որ այս խօսքերը կ՛արտացոլացնեն այն ապրումները, որ ունին շատ մը հայեր եւ եւրոպացիներ, որոնք կը բախին այն մարդոց կերպարին, որոնք կը փախչին պատերազմէ` փորձելով փրկել սեփական կեանքը:

Ասոնք են այն եւրոպական արժէքները, որոնք կը միաւորեն մեզ` Իրլանտայի ժայռերէն մինչեւ Հայաստանի սարերը», եզրափակած է Օչոան` իր յօդուածը:

Նախորդը

Նոր Գիրք` Հայ-Ազրպէյճանական. Պատերազմի Եւ Մերօրեայ Հերոսների Մասին

Յաջորդը

«Մեր Ինքնութեանը Տէր Կանգնելու Համար Մենք Եւս Պէտք Է Գցենք Ինքնավարութեան Հիմքերը» Թուրքիայի Համշենահայերը

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.