Յօդուածներ

Նամակ Երկրէն.  Երկիրը Երկի՛ր Է

Նամակ Երկրէն. Առաջնահերթը` Հայաստանի Քաղաքացին

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Էյչ. Ուան Էն. Ուանի (խոզի կրիփ) տարածումը Հայաստանի մէջ կարծէք չէր բաւեր, երբ ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ յունուար 20-էն սկսեալ ռուսական իշխանութիւնները ժամանակաւորապէս արգիլած են Հայաստանէն գիւղատնտեսական որոշ արտադրութիւններու ներկրումը` դաբաղ հիւանդութեան յայտնաբերման պատճառով: Դաբաղ հիւանդութեան մասին չէի լսած, եւ այս լուրը կարդալէն անմիջապէս ետք բացի հայկական հանրագիտարանը եւ տեղեկացայ, որ դաբաղը «տաւարի, խոզերի, այծերի, ոչխարների,...

Սուրիական Օրագրութիւն 70 *

Սուրիական Օրագրութիւն 76

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ Դեռ չհասցուցինք աչքալուսանք տալ իրարու, երբ ԱՆ կրկին լքեց զմեզ: ԹէՕ աւետիսը, թէ՛ գոյժը տուաւ ընկերուհիս` հեռաձայնով: Ան կ՛երգէր խօսելու տեղ, ու ես պահ մը սահմռկեցայ` չըլլայ թէ խելքը թռցուց կինը. այս օրերուս ամէն ինչ կը պատահի. ու վախով հարցուցի. - Սիրա՛ն, ի՞նչ եղեր է (անշուշտ, անունը փոխած եմ, բերնի ծամօն չդառնայ կինը)... - Ի՞նչ մը եղե՜ր է,-...

Հաղորդագրութիւն Թիւ 16

Հաղորդագրութիւն Թիւ 16

Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինը (ՍՇՕՎՄ) կը յայտնէ իր գոհունակութիւնը SARF-ի նախաձեռնած բոլոր աշխատանքներուն նկատմամբ, բայց յատկապէս 2016-ի փետրուար 21-ի դրամահաւաքի ծրագիրին առնչութեամբ: Այս առթիւ ՍՇՕՎՄ-ը բարձր կը գնահատէ այս նախաձեռնութիւնը եւ կը մաղթէ, որ շնորհիւ մեր հայրենակիցներուն ի սպաս դրած մեծ ջանքերուն, անդուլ աշխատանքին ու անխոնջ ճիգերուն, ծրագիրը լաւագոյն ձեւով կ՛ընթանայ եւ կը նուաճէ իր նպատակակէտը: Վարձքը կատա՛ր...

Ակնարկ.  Եւրոպական Խաղը Կը Շարունակուի.  Հերթը Հայկական Կողմին Է

Ակնարկ. Եւրոպական Խաղը Կը Շարունակուի. Հերթը Հայկական Կողմին Է

ԵԽԽՎ-ի քուէարկութիւններէն բազմաթիւ հետեւութիւններ կարելի է ընել: Շատ արագ նշելու համար, թէ հակահայ զեկուցումներու հեղինակները առանց Արցախ այցելելու, տեղւոյն վրայ տիրող իրավիճակին ծանօթանալու քաղաքական, զինուորական եւ նոյնիսկ ջրամբարի օգտագործման վերաբերեալ գնահատականներ կ՛ամրագրէին. թէ զեկուցումները բացառապէս կողմնակալ էին եւ կը խախտէին անաչառութիւնը: Տակաւի՛ն` Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները մշտապէս արտայայտած են իրենց պատրաստակամութիւնը` Ազրպէյճանի հետ համատեղ Սարսանգի ջուրերն օգտագործելու կապակցութեամբ: Թէ 22 յունուարին...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Գործունէութենէն` «Ամանորի Ծրագիր»-ը Սուրիահայ օգնութեան խաչի (ՍՕԽ) Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ 11 յունուար 2016-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ ՍՕ Խաչի Շրջ. վարչութիւնը մեծ թիւով հայ ընտանիքներու, կարգ մը ուսուցիչներու եւ պաշտօնեաներու յանձնեց «Ամանորի ծրագիր» վերնատառով Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան կողմէ յատկացուած գումարները: Այսպէս, վերջին երեք ամիսներուն ընթացքին, երրորդ անգամն...

Խենթանոց

«Անունովդ Ապրիս»

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Դեկտեմբեր ամսուան վերջին շաբաթն էր: Պէյրութ գտնուող բարեկամուհիէ մը ե-նամակ մը ստացայ: «Այսօր անուանակոչութիւնդ է, անունովդ ապրիս», որուն կը յաջորդէ առատ բարեմաղթութիւններու շարք մը: Նախորդող օրը քոյրս նմանապէս յիշեցուցած էր. «Վաղը Պօղոս Պետրոս է»: Բացի այս երկուքէն` մարդ չյիշեց: Անկեղծօրէն ըսեմ, որ, ես նոյնպէս մոռցած էի: Քանի մը շաբաթ առաջ հարսանիքի մը ներկայ գտնուեցանք, եւ պսակող քահանան, պսակուող...

Հայոց Բանակի Օր.  Մեր Սրբատաշ Խորանը

Հայոց Բանակի Օր. Մեր Սրբատաշ Խորանը

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Ի յիշատակ հայոց բանակի նահատակ 75 բանակայիններու Քաւ լիցի, տարեմուտի հաշուեկշիռ չէ, որ կ՛ընենք, այլ մեր սէգ ճակատները կը խոնարհենք անցեալ տարուան ընթացքին զոհուած եօթանասունհինգ հայ բանակայիններու սրբալոյս խորաններուն առջեւ: Արդ, Արդար է հարցնել, թէ ինչո՞վ է տարբեր մեր խորանը, որուն դիմաց ազգ մը ամբողջ կը խոնարհի ամէն սրբազան առիթի: Ինչպիսի՞ խորհուրդ ունեցող սրբատեղի մըն է, ուր այցի...

Քարվաճառի Ճանապարհը

Յատուկ Գնդից` Հայկական Բանակ

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Հայկական բանակի օր նշւում է ամէն տարուայ յունուարի 28-ը, քանի որ 1992 թուականի այդ օրը  Հայաստանի կառավարութիւնը ընդունեց «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մասին»է որոշումը: Իրականում, Հայկական բանակի ստեղծման ակունքները հասնում են մինչեւ 1990-ի օգոստոս, երբ Խորհրդային Հայաստանում իշխանութեան եկաւ Հայոց համազգային շարժումը` մայիսին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններում յաղթելով համայնավարներին: Նորընտիր վարչապետ, ՀՀՇ-ի գաղափարախօս Վազգէն Մանուկեանը օգոստոսի 21-ին ստորագրեց թիւ...

Աստուած Պահապան Հայ Սահմանապահին

Աստուած Պահապան Հայ Սահմանապահին

ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ Այս օրերուն, երբ յաճախակի դարձած են զինադադարի դրութեան ազրպէյճանական խախտումները Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին եւ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ, մեր բոլոր մտորումները կը կեդրոնանան սահմանը, ճակատը պահպանող հայ զինուորին վրայ, որ, հակառակ կլիմայական ծանր պայմաններուն, անասելի դժուարութեանց եւ մեծ վտանգի պայմաններուն մէջ, հայրենի լեռներուն ու հովիտներուն մէջ կը կատարէ հայրենիքի պաշտպանութեան դժուար պարտականութիւնը: Վերջերս, երբ դարձեալ սաստկացած էին բախումները ճակատի...

«2015. Հայ Վիճակը Յետահայեցութեամբ Եւ Նախահայեցութեամբ Վերլուծում Մը»  Հեղինակ` Սեդա Պ. Տատոյեան

«2015. Հայ Վիճակը Յետահայեցութեամբ Եւ Նախահայեցութեամբ Վերլուծում Մը». Հեղինակ` Սեդա Պ. Տատոյեան

Ինչպէս որ շուտով յայտնի պիտի ըլլայ, այս աշխատութիւնը մեծ  կարեւորութիւն կ’ընծայէ պատմական ճանաչողութեան եւ ճանաչողութեան` ընդհանուր առմամբ, որովհետեւ այս կարգի գիտութիւնը խիստ կերպով կ’առնչուի մարդկային շահերու եւ այս պարագային հայերու: Այսինքն գիտութիւնը զուրկ չէ գործնական արժէքէ, եւ կամ առարկայականօրէն` անկախ անկէ: Սեփական պատմութիւնը գիտնալ ժամանակակից եւ ուժական ծիրի մէջ` կը շահագրգռէ հայերը, որովհետեւ այս շահը կ’առնչուի իրենց ինքնութեան պահպանումին եւ...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Գէշ Բան Չէ Գրելէ Կամ Խօսելէ Առաջ… Կարդալը

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Քանի մը օր առաջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան հեռատեսիլի «Երկիր Մեդիա» կայանէն իր հարցազրոյցին ընթացքին լայնօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ նոր, համախմբական (քոալիսիոն) կառավարութեան մը կազմութեան հարցին եւ յայտարարեց, թէ այս մասին սկզբունքային խօսակցութիւն եղած է վերջերս: Բնականաբար, նման լուրջ խնդիրի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու համար անհրաժեշտ են բանակցութիւններ, որոնք տակաւին չեն իսկ սկսած: Մամուլին մէջ (յատկապէս հայաստանեան)...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Յունուար Ա.  Հայրենիքի Վերանկախացման 25-Ամեակը Դիմաւորենք Նորանոր Ծրագիրներով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Յունուար Գ./2016. Խաղաղութեան Ափ Հասնելու Նշոյլներ

Կը թուի, թէ սուրիական տագնապին առնչուող քաղաքական վերջին զարգացումները ճամբայ կը հարթեն պատերազմի աւարտին ու տագնապի քաղաքական լուծման համար: Սուրիական բանակի յառաջխաղացքը մէկէ աւելի ճակատներու վրայ, ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տարածքներու ազատագրումը` Լաթաքիոյ, Հալէպի եւ Դամասկոսի մերձակայ շրջաններուն մէջ, գետնի վրայ առաւել եւս զօրացուցին բանակին դիրքերը, որոնց շնորհիւ յառաջխաղացք արձանագրուիլ սկսաւ քաղաքական բեմի վրայ` սուրիական հարցի լուծման առնչուող գործընթացին մէջ: Միացեալ...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Քրտական Արհաւիրք… Աղէտ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Քրտական Արհաւիրք… Աղէտ

Չափազանցութիւն չէր... Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի կատարած բուռն քննադատութիւնը` Էրտողանի սուլթանամէտ ղեկավարութեան: Արդարեւ, Փայլան առանց բառերը ծամծմելու եւ դարձդարձիկ արտայայտութիւններ կատարելու, պատկերասփիւռի կայանէ մը կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ահազանգ հնչեցուցած էր, թէ Անգարայի ներկայ ղեկավարութիւնը քիւրտերու ցեղասպանութիւն կը կատարէ: Քրտամէտ ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ ընտրուած Փայլանի ահազանգը այլ դէտեր եւ վերլուծաբաններ ալ կը կատարեն, սակայն թէ՛ Էրտողանի եւ...

Ուրացող Պետութիւնը

Ուրացող Պետութիւնը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հայերէն բաժինի խմբագիր Հրանդ Տինքի դատավարութեան իւրաքանչիւր նիստ կառավարութեան դէմ բողոքի ցոյցի մը կը վերածուէր Պեշիքթաշի հրապարակին վրայ: Զօրակցութեան համար դատարանին առջեւ եկողները յաճախ կը վանկարկէին` «Ոճրագործ պետութիւնը հաշիւ պիտի տայ»: Ազգայնական շրջանակներու կողմէ սաստկութեամբ մերժուած կարգախօս մըն էր այս: Անոնք յամառօրէն կը պնդէին, որ պետութիւնը ոճիր չի գործեր: Այդ նոյն շրջանակները այսօր ալ կը...

Ազրպէյճանը` Պայթելու Եզրին

Ազրպէյճանը` Պայթելու Եզրին

ԳԷՈՐԳ ԱՂԱԲԱԲԵԱՆ  Իլհամ Ալիեւի վարչակարգն Ազրպէյճանում ծանր ժամանակներ է ապրում: Օղակն օր օրի սեղմւում է բոլոր կողմերից` վարչակարգին գցելով ցայտնոտի մէջ: Ալիեւը տապալել է Լեռնային Ղարաբաղը եւ յարակից շրջանները դիւանագիտական ու ռազմական ճանապարհով վերադարձնելու խոստումները: Բանակցային գործընթացում նախապատուութիւնը տուեց շանթաժային (սպառնալիքով հարկադրելու, խմբ.) դիւանագիտութեանը, արդիւնքում` ինքն իրեն գցեց քաղաքական փակուղու մէջ: Ալիեւը փաստացի հասաւ նրան, որ հիմա Պաքուն է ընկալւում...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ «Պետութեան Զարգացման Երաշխիքներէն Մէկը Արհեստավարժ Մասնագէտներու Պատրաստութիւնն Է». Ա. Յարութիւնեան Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեան 21 յունուարին այցելած է Արցախի պետական համալսարան, ուր ծաղիկներ զետեղած է արցախեան պատերազմին զոհուած ուսանող ազատամարտիկներու յիշատակին կանգնեցուած յուշարձանին առջեւ, ապա հանդիպում ունեցած է համալսարանի դասախօսներուն եւ ուսանողներուն հետ: Օրակարգին համաձայն, 2014-2015 ուսումնական տարեշրջանի գործունէութեան հաշուետուութեամբ հանդէս եկած է համալսարանի նախագահ Մանուշ...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Արագածի Կռիւները Եւ Յարութիւն Թէնքէրեանի Նահատակութիւնը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Արագածի Կռիւները Եւ Յարութիւն Թէնքէրեանի Նահատակութիւնը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Պէյրութի «Դրօշակներու Պատերազմ»-ը Արագածի շրջանին մէջ շաբաթ, 24 օգոստոս 1985-ին միջադէպ մը պատահեցաւ հայ տղոց եւ տամուրցիներուն միջեւ: Միջադէպը սուր ծաւալ ստացաւ եւ վերածուեցաւ զինեալ բախումի: Արդարեւ, տամուրցի զինեալ մը հայերու նկատմամբ անպարկեշտ եւ վիրաւորական արտայայտութիւն կատարելէ ետք, զէնքը հայ տղոց վրայ ուղղեց, բայց հայ տղոցմէ մէկը աւելի արագ շարժելով կրակեց անոր ոտքերուն առջեւ: Այսպիսով կռիւը սաստկացաւ:...

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները  Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Հանդիպումներ  Պիտի Ունենան ՄԱԿ-ի Մէջ

Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Չեւաչափը Մէկն Է` Մինսքի Խմբակը

ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ Կասկածէ վեր է այլեւս, որ Ազրպէյճան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ցոյց տալու, որ ղարաբաղեան տագնապի լուծման համար միջազգային ընտանիքին առաջադրած ձեւաչափը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը այլեւս չի գործեր, պարզ այն պատճառով, որ Պաքուն չի կրնար այդ խմբակին միջոցով իր կամքը թելադրել եւ լուծման իր տարբերակը պարտադրել: Այս մեկնակէտէն ալ զարմանալի պէտք չէ թուին վերջին քանի մը տարիներուն...

Փրոֆեսէօր Թաներ Աքչամ. «1915 Թ. Հայկական Ապստամբութիւնների Վերաբերեալ Պնդումը Սուտ Է»  (Ա. Մաս)

Փրոֆեսէօր Թաներ Աքչամ. «1915 Թ. Հայկական Ապստամբութիւնների Վերաբերեալ Պնդումը Սուտ Է» (Ա. Մաս)

«1915 թ. գաղթի ճանապարհին մեղքը քրտերի վրայ են բարդում, լա՛ւ, իսկ Սիրիայում վերաբնակեցուած հայերին ինչո՞ւ սպաննեցին»: Հայկական Կոտորածներից Մէկ Դար Է Անցել Ապրիլքսանչորսեան քննարկումներն սկսուեցին Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսի այն արտայայտութեամբ, որով կոտորածները որակում է «ընդհանրապէս անցեալ դարաշրջանի առաջին ցեղասպանութիւն»: Վատիկանը Հռոմի պապի խօսքը մեկնաբանեց որպէս մէջբերում, սակայն անգամ այս պարզաբանումը չխանգարեց, որպէսզի Հռոմի պապը չդառնայ Թուրքիայի որոշ քաղաքական գործիչների թիրախը:...

«Մաքառելով Կեանքի Ու Արժանապատուութեան Համար. Ինքնապաշտպանական Մարտերը Մեծ Եղեռնի Տարիներին»

«Մաքառելով Կեանքի Ու Արժանապատուութեան Համար. Ինքնապաշտպանական Մարտերը Մեծ Եղեռնի Տարիներին»

Դեկտեմբերի 18-ին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ժամանակաւոր ցուցադրութիւնների սրահում տեղի ունեցաւ «Մաքառելով կեանքի ու արժանապատուութեան համար. ինքնապաշտպանական մարտերը Մեծ եղեռնի տարիներին» խորագրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան բացման արարողութիւնն ու համանուն ալպոմի շնորհահանդէսը: Տասնվեց խորագրերի բաղկացած երկլեզու (հայերէն, անգլերէն) ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը եւ համանուն ալպոմն ընդգծում են Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան հերոսական դրուագները` բազմաթիւ տպաւորիչ ինքնապաշտպանական մարտերը, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ծնունդն ազդարարած յաղթանակները: Հայոց...

Page 969 of 1110 1 … 968 969 970 … 1,110

Արխիւներ