Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յունուար 27, 2016
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Պետութեան Զարգացման
Երաշխիքներէն Մէկը Արհեստավարժ
Մասնագէտներու Պատրաստութիւնն Է».
Ա. Յարութիւնեան

0122arayig

Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեան 21 յունուարին այցելած է Արցախի պետական համալսարան, ուր ծաղիկներ զետեղած է արցախեան պատերազմին զոհուած ուսանող ազատամարտիկներու յիշատակին կանգնեցուած յուշարձանին առջեւ, ապա հանդիպում ունեցած է համալսարանի դասախօսներուն եւ ուսանողներուն հետ:

Օրակարգին համաձայն, 2014-2015 ուսումնական տարեշրջանի գործունէութեան հաշուետուութեամբ հանդէս եկած է համալսարանի նախագահ Մանուշ Մինասեան: Ցուցադրուած է համալսարանի գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:

Եզրափակիչ խօսքը արտասանած է վարչապետ Արա Յարութիւնեան, որ բաւարար նկատած է կատարուած աշխատանքը` նաեւ մատնանշելով առկայ խնդիրները: «Նախորդ տարիներու փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ տարեկան հաշուետուութիւններու ատեն աւելի շատ կը խօսուի ձեռքբերումներուն եւ պահանջներուն մասին, սակայն կան խնդիրներ, որոնք արժանի են խորքային եւ համապարփակ քննարկման: Բացի կրթութեան որակի շարունակական բարձրացումէն, պէտք է յստակ քայլերու ձեռնարկել նաեւ տնտեսութեան հետ կապերու հաստատման եւ ամրապնդման ուղղութեամբ, ինչ որ գործնական գիտելիքներով պիտի օժտէ ուսանողները եւ պիտի աւելցնէ համալսարանի սեփական եկամուտները», ըսած է վարչապետը` հաստատելով, որ կառավարութիւնը միշտ մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւի համալսարանի առօրեային եւ անոր հարցերուն: Ա. Յարութիւնեան անդրադարձած է անցած տարուան ընթացքին կրթական ոլորտին մէջ կառավարութեան կողմէ կատարուած աշխատանքներուն` յատկապէս յիշելով Ստեփանակերտի մէջ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոնի աշխատանքներու մեկնարկը, Շուշի քաղաքին մէջ «Եզնիկ Մոզիեան արհեստագործական ուսումնարան»-ի եւ «Հայաստանի ազգային ագրարային համալսարանի Շուշիի մասնաճիւղ»-ի շէնքերու բացումը:

Անդրադառնալով ուսանողներու դերին կարեւորութեան` վարչապետը հաստատած է. «Պետութեան զարգացման կայուն երաշխիքներէն մէկը արհեստավարժ մասնագէտներու պատրաստութիւնն է: Այս ծիրին մէջ հանրապետութեան իշխանութիւններուն ջանքերով յառաջիկային պիտի բացուի նաեւ «Շուշիի տեխնոլոգիական համալսարան»-ը, որ բարձր արհեստագիտութիւններու եւ հանրապետութեան տնտեսութեան շարք մը ոլորտներու համար պիտի պատրաստէ բարձրորակ մասնագէտներ»:

Հայաստան` Սպանացի Զբօսաշրջիկներուն
Ուշադրութեան Առարկայ

Հայաստանի զարգացման հիմնադրամը (ՀԶՀ) տեղական 6 զբօսաշրջային ընկերութիւններու հետ համագործակցաբար 20-24 յունուարին Հայաստանը ներկայացուցին Մատրիտի «Fitur 2016» զբօսաշրջութեան միջազգային ցուցահանդէսին, որ այս տարի պիտի հիւրընկալէ շուրջ 9500 զբօսաշրջութեան ընկերութիւն եւ ոլորտին մէջ ներգրաւուած շուրջ 125 հազար մասնագէտ` աշխարհի 65 երկիրներէ:

Ցուցահանդէս այցելողներուն թիւը շրջանցեց 220 հազարը: ՀԶՀ-ի աջակցութեամբ ընկերութիւնները  ներկայացուցին Հայաստանի եւ Արցախի պատմամշակութային եւ քրիստոնէական հարուստ ժառանգութիւնը, զբօսաշրջութեան գրաւչութիւնն ու արդիւնքը` նպատակ ունենալով խթանել նոր զբօսաշրջութեան հոսքեր դէպի հայկական երկու հանրապետութիւններ:

Ցուցահանդէսի ծիրին մէջ կայացան հանդիպումներ, կլոր սեղան-քննարկումներ` գործարար եւ մասնագիտական ձեւաչափերով, որոնց ընթացքին հայկական ընկերութիւններու ներկայացուցիչները իրենց արտասահմանցի գործընկերներուն հետ քննարկեցին համագործակցութեան տարբերակներ` շեշտը դնելով եւրոպական եւ մասնաւորապէս սպանացի զբօսաշրջիկներու հոսքի աշխուժացման վրայ: Յիշեցնենք, որ արդէն 2 տարի է, ամրան ամիսներուն բաւական յաջող կերպով կը կատարուի Երեւան-Պարսելոնա-Երեւան ուղիղ թռիչքը, հետեւաբար, փոխադրութեան խոչընդոտ, ըստ էութեան, չկայ, ըսած է Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արման Խաչատրեան:

Հայկական Կօշիկ Արտադրողներ
Առաջին Անգամ Ըլլալով Կը Մասնակցին
«Mosshoes-2016»
Միջազգային Մասնագիտական Ցուցահանդէսին

«MOSSHOES-2016»

Հայաստանի զարգացման հիմնադրամը հայաստանեան եօթը ընկերութիւններու հետ առաջին անգամն ըլլալով Հայաստանը ներկայացուցին 19-22 յունուարին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող «MOSSHOES-2016» միջազգային մասնագիտական ցուցահանդէսին: Անոր կը մասնակցէին կօշիկ եւ կաշեղէն արտադրող աւելի քան 500 առաջատար ընկերութիւններ` շուրջ 30 երկիրներէ, իսկ ցուցահանդէս միջին հաշուով այցելեց 10-12 հազար անձ, հիմնականօրէն` մասնագէտներ, առեւտրական ցանցերու ներկայացուցիչներ ու մեծաքանակ գնողներ:

Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցած են Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի լրատուական ծառայութենէն: Արեւելեան Եւրոպայի մեծագոյն մասնագիտական այս ցուցահանդէսին իրենց արտադրութիւնները կը ներկայացնեն կօշիկ եւ կաշիի պարագաներ արտադրող հայաստանեան «Զեննի», «Էլեն 93», «Արմօ Գրուպ», «Մաքսոլ», «Բաբիննի», «Բենիտօ» ընկերութիւնները եւ ԱՁ «Արմէն Սրապեան»-ը: Ցուցահանդէսի ծիրին մէջ կազմակերպուեցաւ նաեւ յատուկ գործարար ծրագիր, որ մասնակիցներուն կարելիութիւն պիտի տայ ստանալ մասնագիտական աջակցութիւն եւ ընդլայնել արտածման հնարաւորութիւնները:

«Եթէ դիտարկենք ցուցահանդէսի մասնակիցներուն աշխարհագրութիւնը, շուկայի ընդգրկումը, ապա վստահաբար կարելի է ըսել, որ անիկա շատ արդիւնաւէտ հարթակ է հայկական արտադրողներու եւ մեծաքանակ գնորդ-կազմակերպութիւններուն համար գործնական համաձայնութիւններու ձեռքբերման, արտածման կարելիութիւններու ուսումնասիրութեան եւ նոր առիթներու ստեղծման համար: Հայաստանի զարգացման հիմնադրամը հայկական ընկերութիւններու մասնակցութիւնը ապահոված է արտածման խթանման, մեր արտադրութեան ճանաչելիութեան բարձրացման եւ ամրապնդման նպատակով», նշած է Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արման Խաչատրեան:

Սուրիահայ Ընտանիքներուն
Օժանդակելու Ծրագիրները
Պիտի Շարունակուին

0120aidtosyrians

Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի յանձնարարութեամբ, Երեւանի քաղաքապետարանին եւ մայրաքաղաքի վարչական շրջաններուն կողմէ 2016 թուականին եւս պիտի շարունակուին սուրիահայ ընտանիքներուն աջակցութեան ծրագիրները:

Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ 2015 թուականին քաղաքապետարանին կողմէ համապատասխան դրամական եւ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրուած է 1400 սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքի, 72-ին` «Էրեբունի-Երեւան 2797» տօնակատարութեան ծիրին մէջ:

Մայրաքաղաքին մէջ բնակող աւելի քան 160 սուրիահայ ընտանիք ներառուած է պետական ընկերային աջակցութեան ծրագիրներուն մէջ: Մնայուն կերպով ուշադրութիւն կը դարձուի նաեւ քաղաքապետարանի հովանիին տակ գործող մանկապարտէզներուն, ինչպէս նաեւ դպրոցահասակ աւելի քան 700 սուրիահայ երեխաներու: Փոքրիկներն ու պատանիները աշխուժ կերպով ներառուած են կրթամշակութային տարբեր նախաձեռնութիւններու մէջ: Մայրաքաղաքի վարչական շրջաններու ղեկավարներու աշխատակազմերը եւս պարբերաբար կ՛աջակցին երեւանաբնակ սուրիահայ ընտանիքներուն:

Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահի
Այցելուներու Թիւը Աւելցած Է

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը նախորդ տարի ունեցած է աւելի մեծ թիւով այցելու, քան` 2014-ին: Հայաստանի Ազգային պատկերասրահ գիտքարտուղար Արմինէ Գաբրիէլեան 20 յունուարին այս մասին տեղեկացուց լրագրողներու` անոնց հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:

«2015 թուականին Ազգային պատկերասրահ այցելած է 60.822, իսկ պատկերասրահի մասնաճիւղեր` 23.343 անձ: 2014 թուականին հետ բաղդատելով` այցելուներուն թիւը աւելցած է 12 տոկոսով», նշեց Արմինէ Գաբրիէլեան:

Ան նաեւ տեղեկացուց, որ աւելցած են կրթական ծրագիրներով պատկերասրահ տրուած այցելութիւնները` 100 տոկոսով: Ազգային պատկերասրահ կրթական ծրագիրներու համար կ՛այցելեն նախակրթարան եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներ:

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը հանրապետութեան գլխաւոր գեղարուեստական թանգարանն է: Հիմնուած է 1921-ին: 1991 թուականէն կը կոչուի «Հայաստանի Ազգային պատկերասրահ»: Ներկայիս հաւաքածոն կ՛ընդգրկէ 40 հազար թանգարանային առարկայ, որոնց մէկ մասը կը ներկայացուի ցուցադրութեան 56 սրահներուն մէջ եւ ՀԱՊ-ի մասնաճիւղերուն մէջ, ինչպէս նաեւ` ժամանակաւոր ցուցահանդէսներու տեսքով:

Քուսթուրիցա. «Հայաստանի Մէջ Կը Զգամ,
Թէ Կը Գտնուիմ Երկրի Մը Մէջ,
Որ Արդարութեան Մասնիկ Մըն Է»

 

«Շատ հաճելի է կրկին գալ Հայաստան` ինծի հոգեհարազատ երկիր մը»,  լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումը սկսաւ սերպ աշխարհահռչակ բեմադրիչ ու երաժիշտ Էմիր Քուսթուրիցան:

Քուսթուրիցան ըսաւ, որ հայերը, ի տարբերութիւն սերպերուն, կրցած են միաւորուիլ եւ Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրը տարածել ամբողջ աշխարհին մէջ: Ան ըսաւ. «[Սերպ] ժողովուրդը, որ անընդմէջ ցեղասպանութեան ու բռնութիւններու ենթարկուած է, այժմ զոհէն յանցագործի վերածուած է լրատուամիջոցներուն մէջ: Ճիշդ այդ պատճառով ալ Հայաստանի մէջ կը զգամ, թէ կը գտնուիմ երկրի մը մէջ, որ արդարութեան մասնիկ մըն է»,  ըսաւ Քուսթուրիցա:

Ան պատմեց Թուրքիա կատարած ուղեւորութեան մասին` նշելով, որ իր այցելութիւնը անհաճոյ ձեւով դիտուած եւ քննուած է, եւ ինքը, զգալով այդ, հեռացած է երկրէն:

Իր հիմնադրած «No Smoking Orchestra» ֆոլք-փոփ խումբին հետ մարզահամերգային համալիրին մէջ տուաւ ելոյթ մը` կազմակերպութեամբ «Մեցցօ» եւ «Ալմազեան» ընկերութիւններուն: Նշենք, որ արդէն խումբին երկրորդ այցելութիւնն է Հայաստան. առաջին անգամ խումբը Երեւան եկած է հինգ տարի առաջ` համերգ տալու:

Արուեստը Քուսթուրիցայի համար բացառիկ արժէք ունի. Աստուած, Քուսթուրիցայի համոզումով, մշակոյթէն ծնունդ առած է: «Ու քանի որ ես կը հաւատամ մշակոյթին, կը հաւատամ նաեւ Աստուծոյ», ըսած է ան:

Պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին, թէ ի՞նչ շարժապատկեր կը նկարահանէ ներկայիս եւ արդեօք Հայաստանի համերգին պիտի հնչե՞ն նոր ստեղծագործութիւններ, Քուսթուրիցա ըսաւ. «Նոր բան չկայ, բացի անկէ, որ ամէն ինչ նոր է»:

Ան ըսաւ նաեւ, որ այժմ կ՛աշխատի «Ծիր Կաթին» խորագիրով շարժապատկերի մը վրայ, ուր նաեւ գլխաւոր դերակատարն է` աւելցնելով, որ այլեւս երբեք նման բան պիտի չընէ, քանի որ «շարժապատկերը բացարձակապէս ժողովրդավարական արուեստ չէ»: «Անիկա պատերազմական թատերաբեմ է, ուր բեմադրիչը գլխաւոր զօրավարն է: Իսկ միաժամանակ զօրավար եւ զինուոր ըլլալը գրեթէ անհնարին է»:

Քուսթուրիցա, այսուհանդերձ, ըսաւ, որ նկարահանումները արդէն աւարտած են, եւ շարժապատկերը կը ցուցադրուի 2016-ին` Քաննի փառատօնին:

Լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպման աւարտին Էմիր Քուսթուրիցա այցելեց Ծիծեռնակաբերդ` յարգելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:

Հայաստանի Մէջ Տարուէ Տարի Կ՛աւելնայ
Ամուսնալուծումներուն Թիւը

Բացի ազգաբնակչութեան թիւի նուազման փաստէն, Հայաստանի ազգագրական պատկերին մէջ առկայ է նաեւ այլ մտահոգիչ ցուցանիշ մը` տարուէ տարի կը բարձրանայ ամուսնալուծութիւններուն թիւը: Մասնագէտները կը փորձեն հասկնալ իսկական պատճառները, բայց եւ այնպէս չեն կրնար յստակ լուծումներ տալ:

Վերջին տարիներուն ամուսնալուծումներուն թիւը բարձրանալու միտում արձանագրած է: Պաշտօնական տուեալներուն համաձայն, 2014-ին անիկա կազմած է 19,5 տոկոս կամ`  4498 պարագայ: Ամուսնալուծութեան պատճառները պարզելու դժուարութեան մասին խօսած է իրաւաբան Էմիլ Մարկոսեանը:

«Հայաստանի մէջ ամուսնալուծութիւններուն վերաբերեալ որեւէ պաշտօնական ուսումնասիրութիւն, կամ հետազօտութիւններ չեն կատարուած: Կարելի չէ դատարաններէն որոշ տեղեկութիւն ունենալ այն մասին, թէ ամուսնալուծութեան քանի՛ դէպքի պատճառը ընկերային-տնտեսական պայմաններն են, քանին` դաւաճանութեան: Օրէնքով դատարաններուն կ՛արգիլուի տրամադրել այդ բոլորը: Գոյութիւն ունի ընտանեկան գաղտնիքի հրապարակում, որ դատարանը իսկապէս պարտաւոր չէ տրամադրել»:

Բայց խորքին մէջ ամուսնալուծուած զոյգերուն թիւը շատ աւելի մեծ է, քանի որ մերօրեայ իրականութեան մէջ, ըստ իրաւաբանին, կայ ամուսնալուծութեան ծածուկ պահուած տեսակ: «Ասիկա կը վերաբերի այն պարագաներուն, որոնք արձանագրուած չեն: Օրինակ` բազմաթիւ տղամարդիկ Ռուսիա կ՛երթան արտագնայ աշխատանքի: Անոնք հոն կը հաստատուին, նոյնիսկ ընտանիք կը կազմեն` վերադառնալու տրամադրութիւն իսկ չունենալով: Ասիկա եւս ամուսնալուծութեան թաքնուած տեսակն է, որ կրկին բաւական մեծ ցուցանիշ կը կազմէ»:

Ասիկա իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ երկրին ազգագրական վիճակին վրայ, քանի որ նոյն պաշտօնական տուեալներուն համաձայն, Հայաստանի իւրաքանչիւր 1000 բնակիչէն կը ծնի 12 երեխայ: Վերադառնալով ամուսնալուծութեան հարցին` մասնագէտները կը յայտնեն, որ ամուսնալուծութեան համար կայ երկու վտանգ, ճգնաժամային տարիք`  30-40 տարեկան եւ ամուսնութեան առաջին եւ 5-րդ տարիները:

Առաջինը կապուած է երեխային ծննդեան հետ, երբ պարտաւորութիւնները  կ՛աւելնան, իսկ 5-րդ տարին պայմանականօրէն կը նկատուի այն շրջանը, երբ սիրահարութիւնը կը նուազի, զգացումները կը փոխուին:

«Ոչ ճիշդ դաստիարակութիւնը, ամուսնացած ըլլալը` լոկ ամուսնացած ըլլալու համար, տղամարդու եւ կնոջ դերերու ոչ ճիշդ ըլլալը, հաղորդակցութեան պակասն ու ծնողներուն միջամտութիւնը կը հանդիսանան ամուսնալուծութեան հիմնական պատճառները», ըսած է հոգեբան Արկադի Մեհրաբեան:

Ամուսնալուծութեան վտանգը զգացող 12 զոյգէն ընդամէնը մէկը կը դիմէ հոգեբանի օգնութեան` փորձելով փրկել ընտանիքը: Մինչ այդ ատիկա ընելը այդքան ալ դիւրին չէ, որովհետեւ հոգեբանի պատուեգինը կը տարուբերի 5-15 հազար դրամի միջեւ:

Յատկանշական է, որ այսօր Հայաստանի մէջ ամուսնալուծման համար աւելի շատ դիմում կը ներկայացնեն կիները: Ըստ հոգեբաններուն, պատճառները միայն ընկերային դաշտին մէջ փնտռելը ճիշդ չէ, որովհետեւ, ըստ միջազգային ուսումնասիրութիւններուն, Հայաստանէն աւելի վատ ընկերային-տնտեսական կացութիւն ունեցող երկիրներուն մէջ աւելի նուազ թիւով ամուսնալուծութիւն կայ:

VivaCell-MTS_logotype_high

 

Նախորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Արագածի Կռիւները Եւ Յարութիւն Թէնքէրեանի Նահատակութիւնը

Յաջորդը

Ազրպէյճանը` Պայթելու Եզրին

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?