Կը թուի, թէ սուրիական տագնապին առնչուող քաղաքական վերջին զարգացումները ճամբայ կը հարթեն պատերազմի աւարտին ու տագնապի քաղաքական լուծման համար:
Սուրիական բանակի յառաջխաղացքը մէկէ աւելի ճակատներու վրայ, ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տարածքներու ազատագրումը` Լաթաքիոյ, Հալէպի եւ Դամասկոսի մերձակայ շրջաններուն մէջ, գետնի վրայ առաւել եւս զօրացուցին բանակին դիրքերը, որոնց շնորհիւ յառաջխաղացք արձանագրուիլ սկսաւ քաղաքական բեմի վրայ` սուրիական հարցի լուծման առնչուող գործընթացին մէջ:
Միացեալ Նահանգներու քաղաքական շրջանակներուն, ղեկավար դէմքերուն կողմէ հնչող յայտարարութիւնները պարզ կը դարձնեն, որ Միացեալ Նահանգներուն համար ասկէ ետք առաջնահերթ նպատակ չէ Սուրիոյ նախագահին պաշտօնի վրայ մնալ-չմնալու խնդիրը: Փաստօրէն սուրիական պաշտօնական կողմին ու Սուրիոյ դաշնակիցներուն բազմիցս հնչեցուցած այն տեսակէտը, թէ Սուրիոյ ժողովուրդն է, որ կ՛որոշէ իր երկրին ճակատագիրը, ընկալելի դարձած է վերջապէս միջազգային հանրութեան կողմէ: Այս ուղղութեամբ ընթացք առած արտաքին ճնշումները փաստօրէն ապարդիւն դուրս եկած են` շնորհիւ սուրիական պետութեան, բանակին ու Սուրիոյ ժողովուրդի դիմադրողական ներուժին:
Սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման հասունացման այլ վկայութիւն մը կու գայ Յորդանանէն, երբ օրեր առաջ Յորդանանի թագաւորը կը յայտարարէր, թէ Յորդանան Ռուսիոյ հետ կը համադրէ Սուրիոյ հարաւային շրջանին մէջ զինադադար յայտարարելու աշխատանքը: Յորդանանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին նաեւ, թէ կը նախատեսուի Սուրիա-Յորդանան սահմանային «Նասիպ» անցքի վերբացումը` թոյլատրելու բեռնատարներու մուտքը Սուրիա եւ Լիբանան:
Նախատեսելի է, որ Յորդանանի կեցուածքի այս կտրուկ փոփոխութեան շնորհիւ Սուրիոյ հարաւային շրջանը մաքրազերծուի ահաբեկչական խմբաւորումներէ, որուն իբրեւ շարունակութիւն` ապահովուի մայրաքաղաք Դամասկոսի անվտանգութիւնն ու աստիճանաբար բարելաւուին Սուրիա-Յորդանան յարաբերութիւնները:
Իրանի պատժամիջոցներու վերացումն ու Իրան-Արեւմուտք յարաբերութիւններու աշխուժացումը անկասկած իրենց դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենան տարածաշրջանի կայունացման գործընթացին վրայ, յատկապէս եթէ նկատի ունենանք Սուրիոյ գլխաւոր դաշնակից Իրանի քաղաքական եւ տնտեսական դերակատարութեան ընդլայնումն ու Արեւմուտքի շահագրգռութիւնը` Իրանի հետ տնտեսական երկարաժամկէտ ծրագիրներու մշակման գծով:
Տարածաշրջանի մէջ ռուսական ներկայութեան շեշտադրումը եւս ահաբեկչական խմբաւորումներուն հոսքը դադրեցնելու, անոնց ընդլայնումը կասեցնելու եւ սուրիական տագնապը դէպի քաղաքական լուծում առաջնորդելու իմաստով մեծ նշանակութիւն ունեցաւ:
Վերջին ամիսներուն, ռազմական ներկայութեան կողքին, Ռուսիոյ դիւանագիտական աշխուժ գործունէութիւնը, տագնապի առնչուող երկիրներուն ու Սուրիոյ ժողովուրդը ներկայացնող տարբեր կողմերուն հետ յաճախակի հանդիպումները խթանեցին բանակցութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները:
Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն շուրջ համաձայնութեան գոյացման նշոյլները եւս կը յուշեն, թէ շրջանը կ՛ուղղուի դէպի կայունութիւն:
Վերոյիշեալ տուեալները ցոյց կու տան, որ տարածաշրջանի գլխաւոր դերակատարները` Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան, համաձայնութիւն գոյացուցած են տագնապի քաղաքական լուծման գծով: Այս կը նշանակէ, որ սուրիական պատերազմը կը մօտենայ իր աւարտին, իսկ «Ժընեւ 3»-ի նախատեսուած ժողովը, թէկուզ` հաւանական յետաձգումներով, սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման նախաքայլը պիտի հանդիսանայ:
Որպէս հայ համայնք` որքանո՞վ պատրաստ պիտի ըլլանք յետպատերազմեան հանգրուանին, վերակառուցման աշխատանքներուն կողքին, կարենալ ճշդելու համար հայ համայնքին տեղն ու դերը ապագայ Սուրիոյ մէջ, սահմանադրական հաւանական փոփոխութիւններու լոյսին տակ:
Առօրեայ մեր տագնապներէն անդին անհրաժեշտ է նախապատրաստուիլ այդ հանգրուանին:
Զ. Պ.