Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գէշ Բան Չէ Գրելէ Կամ Խօսելէ Առաջ… Կարդալը

Յունուար 27, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

VATCHE-PROUDIAN1-fՔանի մը օր առաջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան հեռատեսիլի «Երկիր Մեդիա» կայանէն իր հարցազրոյցին ընթացքին լայնօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ նոր, համախմբական (քոալիսիոն) կառավարութեան մը կազմութեան հարցին եւ յայտարարեց, թէ այս մասին սկզբունքային խօսակցութիւն եղած է վերջերս:

Բնականաբար, նման լուրջ խնդիրի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու համար անհրաժեշտ են բանակցութիւններ, որոնք տակաւին չեն իսկ սկսած:

Մամուլին մէջ (յատկապէս հայաստանեան) վերջին ամիսներուն անդադար կ՛արծարծուէր ՀՅ դաշնակցութեան` համախմբական կառավարութեան մը միանալու հարցը` միշտ ստանալով նոյն պատասխանը` «Նման խօսակցութիւն չկայ»: Լրագրողներ տեղի-անտեղի, երբեմն սուր, երբեմն գաղտագողի կը փորձէին դաշնակցական այս կամ այն պատասխանատու անձնաւորութենէն «խոստովանութիւն» մը կորզել: Այս հարցադրումներուն տողատակը, ներքին աստառը, բնականաբար քննադատական է. այսինքն` վարչակարգը մեղաւոր է, հետեւաբար անոր հետ գործակցողները` նոյնպէս, եւ ուրեմն` «մեղաւոր է Դաշնակցութիւն»: Այսքան պարզունակ ու մակերեսային:

Իր հարցազրոյցին ընթացքին Հ. Մարգարեան նաեւ յայտարարեց. «Անցած 7 տարիների ընթացքում անընդհատ խօսակցութիւններ են եղել, որ Դաշնակցութիւնը պէտք է համախմբական կառավարութիւն վերադառնայ: Այս խօսակցութիւնները միշտ եղել են, եւ մենք միշտ ասել ենք, որ նման բան չկայ: Եւ իսկապէս չկար: Իսկ երբ արդէն կայ, մենք շտապեցինք մի օր շուտ տեղեակ պահել ժողովրդին, որպէսզի ժողովուրդը հասկանայ, որ մենք իսկապէս իր նկատմամբ բաց ենք եւ հարցեր թաքցնելու, վարագոյրի ետեւում խաղեր տանելու քաղաքական ուժ չենք»:

Բայց քանի որ կայ «խեւը խրատն ի՛նչ ընէ, սեւը սապոնն ի՛նչ ընէ» ժողովրդային իմաստութիւնը, դժուար չէ կռահելը (առանց սուրճի գաւաթի նայելու…), որ շուտով պիտի փրթի վայնասունը, «է՛լ հին ու նոր», «է՛լ գող փիսօ», «է՛լ քաչալ շուն», Բադին, Կոզբադին, Սիւդին, Չարխադին, որ տեսա՞ք, դաշնակցականները «նորէն» կը զինակցին այս յանցաւոր վարչակարգին:

Նման հաւանական հեղեղ մը հրահրողներուն անգամ մը եւս կ՛ըսենք (այս անգամ` կանխաւ). ՀՅ դաշնակցութիւնը երբեք չի վախնար քննադատութենէ. բայց կը զզուի խծբծանքէ: Երբ քննադատութիւնը հիմք չունի, կը դադրի իբրեւ այդպիսին ըլլալէ ու կը վերածուի «լաչառ» կնիկներու բամբասանքի, խծբծանքի:

Յարգալիր ենք մեզ քննադատողներուն նկատմամբ եւ` ինչո՛ւ չէ: Այս յարգանքը մեր մօտ կ՛աւելնայ մանաւանդ այն ատեն, երբ հիմնաւորումները մտածուած են, խորք ունին, ու յատկապէս երբ տեղեկութիւններու հարուստ շտեմարանի վրայ հիմնուած են:

Խնդիրը այն է, որ ՀՅ դաշնակցութիւնը քննադատողները շատ քիչ բան գիտեն անոր պատմութեան, գաղափարաբանութեան, նոյն այդ գաղափարաբանութեան ապրած զարգացումներուն, բայց մանաւանդ այս մասին ստեղծուած հարուստ գրականութեան մասին. յուշագրական թէ վերլուծական: Շատ քիչ բան գիտեն նաեւ այն մշակութային հարստութեան ու արժէքային համակարգին մասին, որոնց ներշնչումի աղբիւրը եղած է ՀՅ դաշնակցութիւնը: Աշուղներու հիւսած երգերէն (Ֆարհատ, Միջազ ու շատ ուրիշներ) մինչեւ… գաղափարապաշտ համայնավար Եղիշէ Չարենց («Մահուան տեսիլ»):

Վնասակար չէ կարգ մը գործեր թուել, որպէսզի ՀՅ դաշնակցութեան ընդդիմախօսները, նախ քան իրենց քննադատական սլաքներուն դիմելը, կարդան:

Այսպէս (ոչ անպայման կարեւորութեան կարգով), Միքայէլ Վարանդեանէն` «ՀՅ դաշնակցութեան պատմութիւն» (երկու հատոր) եւ «Հայկական շարժման նախապատմութիւն» (ի շարս ուրիշ գործերու). Ռուբէնէն` «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» (7 հատոր, ներառեալ` «Հայաստան միջցամաքային ուղիներու վրայ»), Յովհաննէս Քաջազնունիէն` «Ազգ եւ հայրենիք», «Դաշնակցութիւնը անելիք չունի» (անմիջապէս յետոյ Ս. Վրացեանի «Խարխափումներ»-ը կարդալու պայմանով), Սիմոն Վրացեանէն «Հայաստանի Հանրապետութիւն», «Կեանքի ուղիներով» (յուշագրութիւն 6 հատորով), Ալեքսանդր Խատիսեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը», Վահան Փափազեանի (Կոմս, չշփոթել Լ. Տ. Պետրոսեանի օրերուն արտաքին գործոց նախարարին հետ) յուշագրական երկու հատորները: Ապա` նոյն Ս. Վրացեանի խմբագրած «Յուշապատում ՀՅ դաշնակցութեան 1890-1950» գործը, որ հարուստ տեղեկութիւններ կը պարունակէ ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան, բայց մանաւանդ գաղափարաբանութեան ու ծրագրային նպատակներուն մասին (վերջին բաժինը` Վահան Նաւասարդեանի գրիչով), Քրիստափոր Միքայէլեանէն «Յեղափոխականի մտքեր»-ը, Զարեւանդի «Միացեալ, անկախ Թուրանիա» երկը, Արշաւիր Շիրակեանի «Կտակն էր նահատակներուն» յուշագրութիւնը, ապա` Արմէն Գարոյի, Միսաք Թորլաքեանի, Սողոմոն Թեհլիրեանի ու Արամ Երկանեանի յուշագրական գործերը:

Տակաւին կան «Ռոստոմ», «Սիմոն Զաւարեան», «Սարգիս Զէյթլեան» հատորները, որոնք կը համախմբեն նոյն գործիչներու նամակները, յօդուածներն ու խմբագրականները: Ու բազում ուրիշ գործեր, որոնց միայն նշումը բազմաթիւ էջեր պիտի խլէ ու ֆիզիքապէս մեծ գրադարան մը կրնան լեցնել: Տակաւին չենք խօսիր աւելի քան տասնեակ մը հրատարակուած արխիւային նիւթերու մասին, ըլլայ Ս. Վրացեանի խմբագրած «Հին թղթեր»-ը, ըլլայ Հրաչ Տասնապետեանի ու ապա Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրած «Նիւթեր ՀՅ դաշնակցութեան պատմութեան համար» շարքը:

Այնպէս որ, լրագրողը պէտք է քաջատեղեակ ըլլայ իր նիւթին: Իսկ քաջատեղեակ ըլլալու համար ալ պէտք է կարդալ: Ներկայ արհեստագիտութիւնը դիւրութիւններ կ՛ընծայէ նաեւ iPad կամ համակարգիչ գործածողներուն ու այս գիրքերուն մէկ մասը կարելի է գտնել համացանցի վրայ: Կարելի է այցելել arfd.am կայքը, ուր կարելի է գտնել «ՀՅԴ առցանց գրադարան» յղումը. անոր վրայ սեղմեցէք մկնիկը եւ ընտրեցէք:

Այնպէս որ, երբեք գէշ բան չէ գրելէ առաջ կարդալը:

vproodian@gmail.com

21 յունուար 2016

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Յունուար Գ./2016. Խաղաղութեան Ափ Հասնելու Նշոյլներ

Յաջորդը

«2015. Հայ Վիճակը Յետահայեցութեամբ Եւ Նախահայեցութեամբ Վերլուծում Մը». Հեղինակ` Սեդա Պ. Տատոյեան

RelatedPosts

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?