Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուրացող Պետութիւնը

January 27, 2016
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

pakrad-estoukian1_012716

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հայերէն բաժինի
խմբագիր

Հրանդ Տինքի դատավարութեան իւրաքանչիւր նիստ կառավարութեան դէմ բողոքի ցոյցի մը կը վերածուէր Պեշիքթաշի հրապարակին վրայ:

Զօրակցութեան համար դատարանին առջեւ եկողները յաճախ կը վանկարկէին` «Ոճրագործ պետութիւնը հաշիւ պիտի տայ»: Ազգայնական շրջանակներու կողմէ սաստկութեամբ մերժուած կարգախօս մըն էր այս: Անոնք յամառօրէն կը պնդէին, որ պետութիւնը ոճիր չի գործեր: Այդ նոյն շրջանակները այսօր ալ կը շարունակեն նոյն պնդումը` տեսնելով հանդերձ Թուրքիոյ քրտաբնակ քաղաքներուն մէջ ամէն օր պատահած սպանութիւնները:

Թուրքիոյ մէջ աւանդոյթ մըն է ուրացումը: Ցեղասպանութիւն պիտի կատարէ, ամբողջ ժողովուրդ մը արմատախիլ պիտի ընէ իր բնօրրանէն եւ ապա փաստել պիտի ջանայ, թէ ըրածը ցեղասպանութիւն չէ՛: Տակաւին տարիքը չբոլորած մանուկներ, եօթնամեայ, ութամեայ պատանիներ կամ եօթանասուն ամեայ տարեցներ պիտի սպաննէ ու ապա հեռուստապաստառներով պիտի յայտարարէ, թէ սպաննուածները ահաբեկիչներ են:

Նոյնը պիտի ընէ լրագրողներու օրինակին ալ: Բազմաթիւ լրագրողներ պիտի բանտարկէ ու ապա պիտի պնդէ, թէ այս բանտարկուածները կը մեղադրուին ո՛չ թէ լրագրողութեան, այլ` ահաբեկչութեան համար:

Երանի թէ այս բոլորին պատահած պահուն մենք ականատեսներ չըլլայինք: Այլ, օրինակի համար, այս դէպքերը 100 տարուան հեռաւորութեամբ մը դուրսէն դիտէինք ու ծիծաղէինք նման անիմաստ ուրացումի դէմ: Ծիծաղէինք այդ ուրացումին հաւատացող տգիտութեան:

Ի՛նչ գիտնամ… օրինակ` նողկանքով խառն ծիծաղ մը դրոշմուէր շուրթերուն, երբ կարդայինք Գերմանիոյ վարչապետ Մերքելի կամ Միացեալ Նահանգների նախագահ Օպամայի յայտարարութիւնները:

«Թուրքիա ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իրաւունք ունի՛», կ՛ըսեն անոնք` առանց նկատի ունենալու Թուրքիոյ այժմու իշխանութեան մինչեւ կոկորդը ահաբեկչութեան ցեխին թաթխուած ըլլալու իրողութիւնը: Այս ալ ի՛ր կարգին ուրացումի երեւոյթ մը չէ՞ միթէ: Այդ քաղաքական գործիչներուն վարած երկիրներուն մէջ հասարակական միտքը եւ մամուլը քաջ կը գիտակցին Թուրքիոյ մէջ եղած-դարձածներուն: Անոնք փաստացի տուեալներով իրենց ընթերցողներուն կը փոխանցեն Թուրքիոյ պետութեան հարեւան երկրին` Սուրիոյ մէջ, միջամուխ եղած ահաբեկչութիւնը:

Ի զուր տեղ չէ՛, որ կը պնդենք, թէ ուրացումը աւանդութիւն ունի այս երկրին մէջ: 17-25 դեկտեմբերին թուարկուած դրամաշորթութեան գայթակղութիւնը մեծ ճարպիկութեամբ քողարկուեցաւ նախագահ Էրտողանի կողմէ: Ո՛չ կօշիկի տուփերու մէջ դիզուած միլիոնաւոր տարադրամները, ո՛չ ննջասենեակներէն յայտնաբերուած դրամհամրիչ գործիքները, ո՛չ ալ Էրտողանի` իր որդւոյն խուճապի մէջ հրահանգած «շո՛ւտ դրամները տունէն դուրս հանէ, հեռացո՛ւր» ազդարարութիւններու ձայնագրութիւնը փաստ համարուեցան: Ընդհակառակը, այս բոլորը երեւան հանողները մեղադրուեցան կառավարութեան դէմ դաւադրութեամբ:

Նոյնը պատահեցաւ Ազգային տեղեկահաւաքի կազմակերպութեան (ՄԻԹ) բեռնատարերուն պարագային:

Դատախազներ յայտնաբերեցին, թէ մարդկային օգնութեան անուան տակ զէնք ու զինամթերք կը փոխանցուէր Սուրիոյ մէջ իշխանութեան դէմ ապստամբած արմատական իսլամներուն: Գողը անգամ մը եւս գողութեան պահուն բռնուած էր, բայց այնպէս աղմկեց, որ զինք բռնողները բանտարկուեցան:

Այս համայնապատկերին մէջ երբե՛ք զարմանալի չէ, որ հեռուստաշօուի մը զանգահարելով` Տիգրանակերտի մէջ սպաննուած մանուկներուն համար գթութիւն պաղատողը հայրենադաւ համարուի եւ ենթարկուի դատական հարցաքննութեան:

 

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանը` Պայթելու Եզրին

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Քրտական Արհաւիրք… Աղէտ

RelatedPosts

Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.