Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիական Օրագրութիւն 76

Յունուար 29, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Դեռ չհասցուցինք աչքալուսանք տալ իրարու, երբ ԱՆ կրկին լքեց զմեզ: ԹէՕ աւետիսը, թէ՛ գոյժը տուաւ ընկերուհիս` հեռաձայնով: Ան կ՛երգէր խօսելու տեղ, ու ես պահ մը սահմռկեցայ` չըլլայ թէ խելքը թռցուց կինը. այս օրերուս ամէն ինչ կը պատահի. ու վախով հարցուցի.

– Սիրա՛ն, ի՞նչ եղեր է (անշուշտ, անունը փոխած եմ, բերնի ծամօն չդառնայ կինը)…

– Ի՞նչ մը եղե՜ր է,- երգեց ան,- չիմացա՞ր,  նորէն լոյսը կտրեցի՜ն…

(Նորէն չէ՛, պիտի ճշդէր Սեւակը, այլ` կրկին, վերստին, դարձեալ, եւս, կրկին ու կրկին եւ այլն…):

– Է՜, նորութի՞ւն էր քեզի համար, ի՞նչ կու լաս,- ըսի:

– Քա՛, չեմ լար, կ՛երգե՜մ, չե՞ս մը լսեր…

– Լա՛ւ, լա՛ւ, երգէ՛ նայիմ ի՞նչ եղած է…

Ու բարեկամուհիս մերթ լալէն ու մերթ երգելէն պատմեց հետեւեալը.

– Սովորական խաւար գիշեր մըն էր, երբ պատահեցաւ հրաշքը: Յանկարծակի, կարծես մէկը հրեց զիս, ցատկեցայ տեղէս. սենեակս պայծառ լուսաւորուած էր. ապշեցա՛յ. անհանգստացա՜յ. ի՞նչ է այս… Ապա քանի մը վայրկեանէն ուղեղիս հասաւ, թէ ամիսներէ ի վեր զմեզ լքած ելեկտրականութիւնն էր շնորհ բերողը: Սկսայ միտքս քրքրել, թէ ինչե՞ր կ՛ընէի, երբ ունէի հոսանք… Երեւակայէ` չյիշեցի: Մահճակալին եզրը նստեր, կը սպասեմ, որ ան մարի, թէ ոչ հրաշքը որքա՞ն երկար կրնայ տեւել: Բաւական ետքն է որ, մարմինս սառեցաւ ու միտքս պայծառացաւ. անդրադարձայ ընելիքներուս. ամիսներէ ի վեր արդուկի սպասող լաթերո՞ւն վազեմ, թէ՞ լուալիքներուն: Շուարեցայ, ապա վիճակ նետեցի ու վազեցի դէպի բարդ-բարդ կուտակուած լուալիք լաթերը: Այս պայմաններուն մէջ ո՜վ է քեզի նայողը` արդուկուած կը հագուիս, թէ ճմռթուած:

Այդ դէզը լուալու համար մեքենան գոնէ երեք անգամ պէտք էր աշխատէր: Քաջալերուած ու յուզուած մեզի հանդէպ այս հոգատարութենէն` խաչ հանեցի ու միացուցի մեքենան: Հինգ վայրկեան ջուրը իջաւ ու, աւա՜ղ, նոյնպէս հրաժեշտ տուաւ: Ի զո՜ւր երգեցի «Ա՜յ պաղ ջրեր, զուլալ ջրեր, որ գալիս էք… ծորակից»: Միայն խռխռոց մը կը մատնէր, թէ մեքենան կը բողոքէր: Սկսայ կուտակած ջուրերէս լեցնել ու գրեթէ երջանիկ էի: Վազեցի, միացուցի արդուկը ու կրկին լուացքիս վազեցի: Այսպէս` քանի մը անգամ վազքով կտրեցի սենեակները (գոնէ տաքցայ), բայց… լոյսը եւս մարեցաւ… Ահա երրորդ օրն է, որ լուացքը մեքենայի մէջ է, իսկ լոյսն ու ջուրը լքած են զմեզ` անորոշ ժամանակով: Դուն ըսէ` ի՞նչ ընեմ: Նստիմ ու լա՞մ… որ լուացքը թէկուզ ձեռքով ընելու համար ջուր չունիմ, որ եթէ ըլլար իսկ, սառցաջուր պիտի ըլլար այս սառնամանիքին. որ վառարանին վրայ տաքցնել ալ կարող չեմ, չկա՜յ մազութ. որ` կազին վրայ եւս կարելի չէ, ան խիստ խնայողաբար կը գործածեմ, տագնապ կայ… Դեռ վրան ալ` թափած ջուրին վրայ սահեցա՜յ, ինկա՜յ,- կրկին լալագին երգեց ան:

Խորհեցայ, որ հալէպցի ոեւէ տանտիկին բազում այլ տարբերակները կրնայ պատմել: Չէ՛, մարդիկը յուսահատեցնելու իրաւունք չունիմ:  Ու քաջալերեցի զինք.

– Թո՛ղ հոտի լուացք մը, հո՞գ կ՛ընես, մենք ինչե՜ր կորսնցուցեր ենք, քանի մը լա՞թը պիտի խորհիս: Ընդհակառակը`  խնդա՛, երգէ՛ ալ, բարձրաձա՜յն, մարտակա՛ն…

– Ես ալ ատիկա կ՛ընեմ, իշտէ, թող գոցեն կեանքի բոլոր դռները, իսկ ես ընկոյզի կեղեւին մէջ ալ պիտի խնդամ ու  խնդուքով յաղթեմ…

– Մենք քաջ տոհմի զաւակներն ենք, չենք վախի՜…,- կ՛երգէր ան, մինչ մարմինս կը սարսռար` չնետէ՞ կինը…

***

Յայտնի է, որ պատերազմներու միջոցին շատեր կը հարստանան: Խօսքս չի վերաբերիր զայն հրահրողներուն. անոնք միայն շահելու ի խնդիր է,  որ կրակի կու տան ուրիշին տունը ու կը հեղեն ուրիշի մանկան արիւնը:

Խօսքս նաեւ երկրէն ներս դիրքերու վրայ գտնուողներուն չէ՜, որոնք զանազան ձեւերու կը դիմեն տակաւին հոս մնալ յամառող մարդոց գրպանի վերջին ղուրուշը հանելու: Պղտոր ջուրին մէջ ձուկ որսացողներ, տակաւին` ազատ պատիժներէ:

Ուրիշներ ալ կան: Անոնք, որոնք ապրած են Հայաստան, անշուշտ ծանօթ են «ԽԾԲ»-ին: Խօսքը «խնամի, ծանօթ, բարեկամ» երանելի եռեակին մէջ մտնող մարդոց է: Յիշեցէ՛ք, խնդրեմ, թէ անոնց ճարտար ձեռքերով ինչե՜ր ներմուծուեցան երկիր` մեր կարիքները «հոգալու» համար: Կեցցե՛ն տղաքը:

Չկայ ելեկտրականութիւն, մոթորներ ներմուծեցին, մանաւանդ` շուտ շարքէ ելլող: Չինաստանին առեւտուրը շահեցաւ, իսկ Հալէպ` պենզինի անվերջանալի կարգերը, «տակից» առեւտուրը, մոթորներու «անուշաբոյր» ծուխն ու հոգեպարար երաժշտութիւնը, որ ճազի ու ռոքի հրաշալի համադրութիւն կու տայ (մինչդեռ դուն երանի կու տաս խուլերուն): Այո՜, հոն շահեցաւ նաեւ պարզ արհեստաւորը:

Ապա զարգացանք. դուրս մղուեցաւ հին, բարի մոմերու պիզնեսը, աւելի մեծ շահեր մէջտեղ եկան. յայտնուեցան հզօր ելեկտրածին մարտկոցներ ու Հալէպը առաւել «գեղեցկացաւ»` ծածկուելով «ամպերային» լարերու ծածկոյթով: Խօսքը անձրեւաբեր ամպերու մասին չէ, այլ «ամփեր»-ին, որ ֆրանսացի գիտնականին անունը կը կրէ ու մեզի լոյս կու տայ:  Գրպանդ կ՛որոշէ լոյսիդ քանակը, եթէ, անշուշտ, ամիսէ ամիս գինը չաճի` ժամերը պակսելուն հակընթաց շարժումով… հարցնող, փնտռող չկա՜յ… Մահկանացուներուս օգուտը` ելեկտրագործ արհեստաւորը հացի դրամ կրցաւ շահիլ: Միայն ոչ ոք հասկցաւ այս քաղաքին մէջ, թէ ինչպիսի հետեւողականութեամբ թշնամին կը զարնէ ելեկտրական կեդրոնները` հազիւ նորոգուած: Սատանան չար միտքերու կը տանի Հալէպի ժողովուրդը…

Ջուր չունինք… դուք ձանձրացաք լսելէն, մենք` հնարաւոր բոլոր ամաններու, շիշերու, գաւաթներու մէջ ջուր ամբարելէն… Ծախուեցան ջրմուղներ, ե՛ւ ներածողը, ե՛ւ տեղադրողը, ե՛ւ, աւերուելու պարագային, արհեստաւորը շահեցան: Ու ջուրի վրայ նստած Հալէպը այդ ալ տեսաւ` զարգացաւ տակառներով ջուր ծախելու պիզնեսը:

Ու դեռ հայերուս կ՛ըսեն առեւտրական. արաբները հանճարեղ են նեղ տեղը  ապրանք հայթայթելու, ծախելիք գտնելու մէջ: Վերը նստողները կը բազմապատկեն միլիոնները (թող կեցցէ՛ պատերազմը), պարզ մարդիկ հացի դրամ կ՛աշխատին, դրամը փոքրիկ գրպանէն կը հոսի դէպի լայնը, կեանքը կը շարունակուի:

***

Եւրոպան տագնապահար… Անկելա թանթիկը, իր ժողովուրդի ըմբոստացումին առջեւ շփոթահար` կը փորձէ կոծկել իր անխելքութիւնը (կամ` ծախուածութիւնը): Ֆրանսան որեւէ տեղ որեւէ ժամու հնարաւոր ահաբեկչութեան մղձաւանջ կ՛ապրի, Անգլիան Մանշը պիտի գոցէ ու կղզիի առաւելութիւնները պիտի վայելէ… եթէ ձեռքէն գայ, որ գաղթականները չխուժեն հոն ալ:  Ու բոլորը կը նմանին այն խեղճ անասունին, որ կերակուրի տեղ… սխալ բան կերեր է:  Անունը կրկին դեմոկրատիա դրին, երբ անդրովկիանոսեան քեռիին հրամանին հլու` որոշեցին գրկաբաց ու մարդասիրաբա՜ր ընդունիլ Մերձաւոր Արեւելքէն փախչողները: Հետաքրքրական է` ո՞վ կրակ վառեց անոնց տուներուն մէջ ու զանոնք փախուստի մատնեց…

Ու հիմա ցոյցերու մէջ է Եւրոպայի ժողովուրդը, քանի որ գաղթողները, գայթակղած եւրոպացի շիկահեր ու կիսամերկ աղջիկներով… ոչ դեմոկրատ պահուածքներ կ՛ունենան անոնց հանդէպ: Իսկ հոս` Սուրիա, Իրաք, Լիպիա անարգուող, ծախու հանուող, բռնաբարուող կիներու եւ  մատղաշ աղջիկներու,  մանուկներո՛ւ համար ո՞վ ցոյցեր պիտի ընէ ու ո՞վ է լսողը… Դո՛ւք է, որ, մեծ մարդասէրնե՜ր, իրաւ մահ ու աւերէ փախչողներուն հետ ներմուծեցիք նաեւ աղբը, տականքը, անասունը, որ հոս ձեր ազատութիւնը չունէր… իսկ հոն ինկաւ դրախտ` ճեննեթի հուրիներու մէջ ու կ՛օգտուի ազատութեան բարիքներէն… Գիրկդ նստիմ` մօրուքդ փետեմ: Ի՞նչ շահերու ի խնդիր ըրիք այդ ու այսօր ինչպէ՞ս պիտի լուծէք այդ գորդեան հանգոյցը, որուն առջեւ էք, ու դեռ անոր ծաղիկները նոր պիտի բացուին… Կը յիշէ՞ք Փութինին խօսքը` «Դուք գոնէ կը հասկնա՞ք, թէ ի՛նչ կ՛ընէք…»:

Թուրքիա՞ն է մեղաւորը, որ միլիոնաւոր գաղթականներ խուժեցին ձեր տուները: Դրացիս, որ քաղաքականութիւն հասկնալ կը յաւակնէր, կը կրկնէր, թէ թուրքը «Պիտի իյնայ այս անգամ», թէ` Եւրոպան ու Ամերիկան զայն աղտոտ լաթի պէս մէկդի պիտի նետեն: Կը մնանք երազո՛ղ ժողովուրդ: Որ Թուրքիան որեւէ աղտոտ լաթէ աւելի աղտոտ է` կասկած չկայ, բայց նայինք, թէ որո՞նք են մաքուրները. որո՞նք  քաջալերելով անոր գայլային բնազդը` զայն մղեցին Սուրիա առաքել մարդակերները, որո՞նք են, որ անոր քաջալերեցին` մարդկային դժբախտութիւնը շահի աղբիւր դարձնել ու ստրկավաճառութիւն ընել, որո՞նք են, որ անոր թոյլ տուին Սուրիայէն յափշտակուած փեթրոլով ուռճանալ, որո՞նք են, որ գաղթողներու առջեւ դուռերը բանալ յորդորեցին ու վրան ալ մեծամեծ դրամներ տուին… զանոնք «խնամելու» համար ու այսօր ալ կը խոստանան միլիառներ…

Պատասխան` հին դեմոկրատիայի կրող Եւրոպան ու նորաձեւ, զուտ ամերիկեան դեմոկրատիա տարածողները:

Այս խնդիրին վրայ երկար մտածեցի, ու միտքս գնաց դէպի դեմոկրատիայի ծնունդը`  Հին Յունաստան ու մանաւանդ` Հռոմ:

Մեծն Շէյքսփիրը, հիացած հռոմէացիներու վեհ գործերով, Յուլիոս Կեսարին սպանութիւնը նկարագրեց, որ գործեցին իր ամէնէն մտերիմները` յանուն Հռոմի դեմոկրատիայի:

Պատանիի թարմ հոգիով կարդացեր, յուզուեր, ոգեւորուեր, նոյնիսկ լացեր եմ… Գրողները որքա՜ն յաջող ձեւով կրնան գեղեցկացնել կեանքին …մթութիւնները:

Բայց նայինք, թէ ի՛նչ ժողովրդապետութիւն էր Հռոմինը: Կային պատրիկները` ազնուական,  արտօնեալ դասակարգ ու իշխող խաւ, կային փլեպէյները`  քաղաքային արհեստաւոր կամ գիւղացի, իրաւազուրկ, շահագործուող խաւ ու կային պատերազմական գերիները` ստրկացուած, ծախու ապրանք, թէկուզ եւ ըլլային իշխանորդի կամ արքայորդի…

Այո՜, ժողովուրդը ձայն կու տար կարեւոր հարցերուն, սակայն որո՞նք էին, որ հմուտ ճարտասանութեամբ իրենց ուզած կողմ կը տանէին ամբոխը… ճիշդ այսօրուան ընտրութիւններուն պէս: Խեղճ Կեսարը խողխողող ազնուականները իրա՞ւ յանուն մեծ գաղափարի` Հռոմի դեմոկրատիայի մորթեցին մարդը: Բայց ինչո՞ւ յետոյ գզուըռտուքի մէջ ինկան իշխանութիւնը կիսելու համար… Կը կարծէ՞ք, թէ շատ բան փոխուած է հին Հռոմէն ասդին:

Այսօրուան ղեկավարները, որ բազում կերպեր յօրինած են ամբոխը խաբելու եւ կաշկանդելու` պակա՞ս ճարտասաններ են: Պրն. Սարքոզին առանց աչք թարթելու կը յայտարարէր, թէ Ափրիկէի ու այլ բարբարոս երկիրներու մէջ (Մերձաւոր Արեւելք…), շնորհիւ իրենց ջանքերուն,  արդէն սկսած է գործել դեմոկրատիան,  եւ կ՛ըսէր այն օրերուն, երբ ամենանողկալի ձեւով խողխողեցին Քազզաֆին ու Լիպիոյ մէջ դժոխքը կը մոլեգնէր, «Արաբական գարնան» արնագոյն ծաղիկները կը բացուէին իրենց իսկ շնորհիւ: Միւսներուն ալ «ազնւութիւնը» եւ «ուղղամտութիւնը» դուք գիտէք: Եւ այս մարդոց հաւատացողներ, յարգողներ, ակնածողներ կան…

Աւելի քան երկու հազար տարի ետք բան մը փոխուա՞ծ է. քաղաքական գործիչներու վարքին մէջ մարդացումի որեւէ յառաջընթաց կա՞յ: Եթէ Բրուտոսը իր բարեկամ Կեսարը յանուն Հռոմի դեմոկրատիայի սպաննեց, այսօրուանները բնաւ Բրուտոս չեն, ինչպէս եւ չէին անոր համագործակիցները: Անոնք սովորական մարդն էին ու են` արծաթասէր, փառասէր, նախանձ ու ոճրագործ:

Ոչինչ չէ փոխուած, միայն թէ այսօրուանները Բրուտոսի  արժանապատւութէնէն կաթիլ մը իսկ չունին, ամէն աղտի մէջ կը մտնեն, ամէն կերպ կը ծամածռեն իրենց հոգիները, միայն թէ խաբեն ժողովուրդը, մնան գահերու վրայ ու յառաջ տանին իրենց սեւ ծրագիրները:

…………………………………………………………………………………….

Այս մտորումներս գրի առնելէս ետք գիշերը երազիս Կեսարը յայտնուեցաւ ինծի ու ցուցնելով իր բազում վէրքերը` ըսաւ.

– Ուրեմն ես ի զո՞ւր սպաննուեցայ… Ես նոյնիսկ ներած էի Բրուտոսը, քանի որ ան յանուն վեհ գաղափարի գնաց սպանութեան. ուրեմն ա՞ն ալ խաբուեր է, ամէն ինչ սո՞ւտ է եղեր: Հոս հանդիպեցայ Քազզաֆիին ալ, Սատտամին ալ եւ ուրիշ գահընկէցներու, պարզուեցաւ, որ եղածը մանր կիրքեր են ու մեծ շահեր, չկան ո՛չ դեմոկրատիա, ո՛չ վեհ նպատակներ… Ուրեմն խեղճ Բրուտոսը ի զո՞ւր մեղքի տակ ինկաւ…

 

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն Թիւ 16

Յաջորդը

Նամակ Երկրէն. Առաջնահերթը` Հայաստանի Քաղաքացին

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?