Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Բանակի Օր. Մեր Սրբատաշ Խորանը

Յունուար 28, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

hampig_012816

Ի յիշատակ հայոց բանակի նահատակ 75 բանակայիններու

Քաւ լիցի, տարեմուտի հաշուեկշիռ չէ, որ կ՛ընենք, այլ մեր սէգ ճակատները կը խոնարհենք անցեալ տարուան ընթացքին զոհուած եօթանասունհինգ հայ բանակայիններու սրբալոյս խորաններուն առջեւ:

Արդ,

Արդար է հարցնել, թէ ինչո՞վ է տարբեր մեր խորանը, որուն դիմաց ազգ մը ամբողջ կը խոնարհի ամէն սրբազան առիթի:

Ինչպիսի՞ խորհուրդ ունեցող սրբատեղի մըն է, ուր այցի կու գան անհամար նուիրեալներ եւ կը յափշտակուին անոր հզօր, ուժեղ եւ հմայիչ կախարդանքով:

Ո՞վ է կառուցեր այս ապառաժեայ խորանը, որ կրցեր է տոկալ հազարամեակներ շարունակ, շնչել ու շնչաւորել սերունդներ համակ:

Ի՞նչն է մղեր, որ անիկա չըլլայ գեղակերտ, չունենայ անուն ու յստակ ձեւոյթ, այլ պարզապէս յիշատակուի որպէս հոգիները յագեցնող ատրուշան, ոգեղէն ներկայութիւն մը հայրենիքի ամբողջ տարածքին, որ սակայն իր մէջ կը պարփակէ աստուածային ուժ մը անպարագծելի`  պայքարի կրակը սնուցող եւ կամքեր կռանող:

Իրօք, հայոց բանակի խորանն է անիկա լուսաշող եւ հրեղէն, որուն պայծառակերպ կամարին տակ երդում են տուեր վեհափառ գաղափարի մարտիկներ, ապրիլ ու արարել ուզող հայածին տաղանդներ, սեփական ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու յառաջդիմութիւնը գերադասող քաջարի սերունդներ, նահատակուելու խոստում տուած ազգի զաւակներ:

Յունուարի 28:

Հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան ամէնէն յուզիչ եւ հոգեգրաւ տօնն է հայոց բանակի օրը: Անիկա սովորական տարեդարձ մը չէ, որով կ՛ուրախանանք ազգովին, այլ առիթ մըն է մենք մեզ ճանչնալու եւ հպարտանալու, այլապէս` հոգեզինուելու եւ կազմակերպուելու:

Ըսինք յուզիչ է պահը, որովհետեւ մեզի կը պարտադրէ ետ դարձ կատարելու եւ վերստին լոյսին բերելու ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, թէ առանց մարտունակ ու քաջարի բանակի ի՞նչ կ՛արժեն ազգեր ու հայրենիքներ: Ինչպիսի՞ ճակատագիր պիտի ունենար Հայաստանն ու հայութիւնը, եթէ երբեք գոյութիւն ունենալէ դադրէին հայոց երբեմնի բանակներն ու այրուձին, յեղափոխականներն ու ֆետայական խումբեր:

Ճիշդ է, հայոց բանակի բացակայութեան հայն ու հայրենիքը այնքան մը տուժեր են, որ կեանքի սեւ ճակատագիրն անգամ իր բարբարոսի պատմուճանն է հագցուցեր, հայոց գլխուն փաթթելով դառնութեան ամէնէն զազրելի կացութիւնը` Եղեռնը:

Եւ այդ մութ ու խաւար եղեռնագործութեան օրերուն, բուռ մը հայութիւն` ապաւինելով իր սեփական զէնքին ու անձնուէր հայորդիներու մարտունակութեան, կրցեր է իր փրկութեան վերջին լաստը ապահովել եւ ապրիլ յանուն գալիք օրերու խաղաղութեան:

Այսօր վերանկախ է հայրենիքը, որ սրբատաշ Արարատի հովանիին տակ կը շարունակէ իր գոյերթն ու առաքելութիւնը:

Հայ ժողովուրդի նորաստեղծ պետականութեան հիմքն ու պատուանդանն է հայոց բանակը, որուն շարքերուն ծառայութեան են լծուած քաջարի ու խիզախ զինուորագրեալներ, որոնց ներկայութեամբ հայն ու հայութիւնը կը շարունակէ ապրիլ ու յառաջդիմել, կերտել ու կառուցել, զօրանալ ու արիանալ:

Ըսուած է, որ ազգեր կ՛ապրին ու իրենց գոյութիւնը կը պարտադրեն  շնորհիւ իրենց ռազմունակ եւ ապագայակերտ բանակներուն, այլապէս` հայրենապաշտ, յանդուգն եւ ազգանուէր տղաներու:

Հայոց պարագային, նման համոզումներ կը մնան գերազանցապէս օրինակելի եւ էապէս անփոխարինելի, որովհետեւ առանց հայոց բանակի ներկայութեան եւ հզօր կառուցուածքին, հայութեան այսօրն ու հայրենիքի ապագան արդէն իսկ կը գտնուին անհաշուարկելի կացութիւններու դէմ յանդիման, որովհետեւ հայոց դարաւոր թշնամին` թուրքն ու թրքութիւնը կը շարունակեն ամէն քայլափոխի որոճալ նախնեաց բնաջնջումի վարքագիծն ու սեւաթոյր քաղաքականութիւնը:

Իրօք, Հայաստան աշխարհ իր Արցախի գոյութեամբ եթէ երբեք կրցաւ յաղթել թուրքին ու ամբողջ մարդկութեան  ցոյց տուաւ իր վերապրելու կամքն ու հզօրութիւնը, ապա այդ մէկը կը պարտի բացառաբար հայ բազուկի անտեղիտալի եւ հուժկու ներկայութեան, բայց մանաւանդ նահատակութեան փառապսակին արժանանալու Վահագնեան կամքին եւ ունակութեան:

Արդարեւ, ի՛նչ կ՛արժէ հայրենիքը, որուն երկնակամարին տակ շնչող ու արարող բանակը ամէն օր չզոհաբերէ իր լաւագոյն տղերքը, եւ սահմաններու պաշտպանութեան համար չնուիրաբերէ ընտրելագոյն զաւակները: Ինչպիսի՞ վախճան պիտի ունենար հայոց վերանկախ պետականութիւնը, եթէ երբեք իբրեւ պատուանդան չունենար սրբազան նահատակներու խորաններ, որոնք մեր գոյութեան իմաստն ու արժէքն են, եւ առանց որոնց դատապարտուած ենք ստոյգ մահուան:

Պահ մը երեւակայել է պէտք, որ հայութիւնը իր դարաւոր արգանդէն լոյս աշխարհ բերած չըլլար անկրկնելի հերոսներ եւ ոգեկան բարձրութեան տէր հրամանատարներ, որոնք յաղթեցին թուրքին:

Այո՛, այս օրը սքանչելի իմաստ մը ունի հայոց համար: Անիկա իր մէջ կը պարփակէ ազգի մը լինելութեան փաստն ու տոկունութիւնը:

Մեր հոգիները ազնուացնող եւ կամքերը կռանող տարեդարձն է, տօնն է ազգի մը, որ կ՛ուզէ ապրիլ ու ինքզինք պարտադրել մարդկութեան ներկայի ու ապագայի պայծառ էջերուն վրայ եւ հեռու մնալ լուսանցքայնութենէ:

Արդարեւ, այնքան ատեն որ Արարատի հզօր եւ լուսաշող հայեացքին ներքեւ հայութիւնը կը շարունակէ իր հայրենապաշտութեան խորանները կառուցել իր վեհափառ ու քաջարի զաւակներու արեամբ, ապա սերունդներ պիտի սնանին այդ խորաններէն արձակուող բոցավառ հայրենասիրութեամբ:

Երանի թէ հայութիւնը միանգամընդմիշտ գիտակցի, թէ հայոց բանակին մէջ ծառայութիւնը պարտաւորութիւն մը ըլլալէ աւելի հայոց աստուածներու երկրպագիլն է, մեր այսօրն ու ապագան անսասան պահելու հրամայական պահանջ, այլապէս  հայրենապաշտութեան ամէնէն վաւերական արտայայտութիւնը:

Փառքը միայն հրեղէն խորաններու կերտիչ մերօրեայ հայ բանակի նահատակներուն:

 

 

Նախորդը

Յատուկ Գնդից` Հայկական Բանակ

Յաջորդը

«Անունովդ Ապրիս»

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?