Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յունուար 28, 2016
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի
Գործունէութենէն` «Ամանորի Ծրագիր»-ը

0000SOKH

Սուրիահայ օգնութեան խաչի (ՍՕԽ) Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ 11 յունուար 2016-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ ՍՕ Խաչի Շրջ. վարչութիւնը մեծ թիւով հայ ընտանիքներու, կարգ մը ուսուցիչներու եւ պաշտօնեաներու յանձնեց «Ամանորի ծրագիր» վերնատառով Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան կողմէ յատկացուած գումարները:

Այսպէս, վերջին երեք ամիսներուն ընթացքին, երրորդ անգամն ըլլալով, ՍՕԽ-ը աջակցութեան ձեռք կ՛երկարէ մեր հայորդիներուն` բարերարութեան դերին նկատմամբ իր տածած հաւատքին իբրեւ գործնական արտայայտութիւն:

Ծրագրուած, կազմակերպուած ու հետեւողական աշխատանքի շնորհիւ 350 ընտանիքներ օգտուեցան «Ամանորի ծրագիր»-էն` Քեսապի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի, Դամասկոսի եւ Հալէպի մէջ, ի նպաստ հայ ընտանիքներու բարեկեցութեան: Նախատեսուած գումարները անձնապէս ստացան այն անհատները, որոնք օգտուած չէին վերջին շրջանի երկու հանգրուանով բաժնուած վառելանիւթի գումարներէն:

Տակաւին, Նոր տարուան սեմին, դարձեալ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներդրումով, ազգային վարժարաններու շուրջ 600 աշակերտներ օժտուեցան ձմեռնային տաքուկ զգեստներով:

Յայտնենք, որ նիւթական նուիրաբաշխումին նախագահեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Աննա Տ. Յակոբեան:

 

Միացեալ Նահանգներ

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Արմէն Ռուստամեան
Կ՛այցելէ Ազգային Ֆերահեան Վարժարան

Rusdamian_USA-011916

Յունուար 19-ին Ազգային Ֆերահեան վարժարան այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արմէն Ռուստամեան` ծանօթանալու եւ ապա խօսելու համար Հայաստանի ներկայ ուսումնական համակարգին, երիտասարդ զօրակոչիկներու իրավիճակին եւ առհասարակ երիտասարդութեան դիմագրաւած հարցերուն մասին:

Վարժարանի տնօրէն Ժան Գոսագեանը իր բարի գալուստի խօսքին մէջ նշեց, որ ՀՅԴ-ի 125-ամեակին առիթով Միացեալ Նահանգներ գտնուող Արմէն Ռուստամեանը հրաւիրուած է Ֆերահեան վարժարան, որպէսզի հանդիպի դպրոցի բարձրագոյն դասարաններու աշակերտութեան հետ:

Ապա տնօրէն Գոսագեան ներկայացուց Ռուստամեանի քաղաքական հակիրճ կենսագրութիւնը` միեւնոյն ժամանակ ներկայացնելով նաեւ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք Դաշնակցութեան անցած դժուար ուղին:

Արմէն Ռուստամեանին կ՛ընկերակցէին Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մարտիկ Կապուտեան, ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի ներկայացուցիչներ Մարտիկ Քէօշկէրեանն ու Մուշեղ Յովակիմեանը:

Արմէն Ռուստամեան ողջունելէ ետք բոլորը` ուրախութիւն յայտնեց, որ հայրենիքէն հեռու, Ամերիկայի ափերուն կայ հայկական գաղթօճախ, ուր աշակերտութիւնը հայեցի եւ ազգային դաստիարակութիւն կը ստանայ, եւ քաջալերեց աշակերտները, որ ըլլան լաւատես ու դառնան հայ մշակոյթի եւ հայ ժառանգութեան պահապաններ:

Ռուստամեան նաեւ խօսեցաւ Հայաստանի ուսումնական համակարգին մասին` ըսելով, որ Հայաստանի մէջ ուսումը անվճար է, եւ այդպիսով, երիտասարդութեան հնարաւորութիւն տրուած է ձրիօրէն բարձր ուսում ստանալու: Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ ներկայիս Հայաստանի երիտասարդութիւնը առաւել զարգացած ու արթուն է եւ սկսած է իր բողոքի ձայնը բարձրացնելու անարդարութեանց դէմ: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը տեղեկացուց, որ ներկայիս աշխատանք կը տարուի յատուկ ուսումնական ծրագիր մը մշակելու` սփիւռքահայերու ռազմական դաստիարակութեան համար, ապա խօսելով Հայաստանի բանակին մասին` բացատրեց, որ ներկայիս բանակի ներքին իրավիճակը մեծապէս բարելաւուած է:

ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Ազգային Ժողովի Անդամ
Արմէն Ռուստամեան Առաջնորդարան Այցելեց

0000ARMEN-RUSTAMYAN-prlc

Յունուար 20-ի երեկոյեան, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգային առաջնորդարանի «Սիւլահեան» սրահին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Ազգային ժողովի անդամ Արմէն Ռուստամեանի, որուն կ՛ընկերանար ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան: Սրբազանին կողքին ներկայ էին Պօղոս վրդ. Թինքճեան, Տաճատ վրդ. Աշըգեան, Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահէ Եագուպեան եւ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ դոկտ. Տիգրան Պապիկեան:

Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք, հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու հայկական աշխարհը յուզող այժմու հարցերու մասին` Հայաստան-Արցախէն մինչեւ Սուրիոյ հայկական գաղութն ու Արեւմտեան թեմին դիմաց կանգնած մարտահրաւէրները: Առաջնորդը այս առիթով անգամ մը եւս շնորհաւորեց ՀՅԴ ներկայացուցիչները` կուսակցութեան 125-ամեակին առիթով, որոշ լուսաբանութիւններ տուաւ առաջնորդարանի աշխատանքի դաշտերուն մասին` միաժամանակ վերահաստատելով առաջնորդարանին ու շրջանի հայութեան սրտակցութիւնն ու զօրակցութիւնը` մայր հայրենիքին ու հայկական օճախներուն:

Հրաժեշտէն առաջ սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց յարգելի հիւրին:

Քրիս Պոհճալեանի Նոր Հատորին Նուիրուած
Շնորհահանդէս

chris-bohjalian_010816

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղին եւ համագործակցութեամբ Ֆրեզնոյի նահանգային համալսարանի հայագիտական ամպիոնին, 8 յունուարին համալսարանի «Փիթըրզ» թատերասրահին մէջ  տեղի ունեցաւ վիպասան Քրիս Պոհճալեանի նոր հատորին նուիրուած շնորհահանդէսը:

Բացման խօսքը արտասանեց համալսարանի հայագիտական ամպիոնի վարիչ տնօրէն փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Համազգայինին եւ ներկաներուն, ներկայացուց հեղինակին կենսագրականը:

Նախքան իր նոր հրատարակած գիրքը` «Կեսթ Ռում»-ը ներկայացնելը, Պոհճալեան խօսեցաւ մեծ ժողովրդականութիւն շահած եւ տարուան լաւագոյն վէպի պատիւին արժանացած իր «Սենտքեսըլ կըրլզ» գիրքին մասին, անոր օտար լեզուներու թարգմանութեան, իսկ յառաջիկայ տարի ժապաւէնի վերածուելուն մասին: Ապա, նկարներու ցուցադրութեամբ, ան պատմեց իր ստացած տպաւորութիւնները Արեւմտեան Հայաստան այցելութենէն:

Անդրադառնալով իր հեղինակած վէպերուն` Պոհճալեան շեշտը դրաւ վերոնշեալ երկու գիրքերուն վրայ: Ան ներկաներուն բացատրեց իր գրելու ներշնչումի աղբիւրներուն մասին, գրելու ձեւին, պատմաշարին մէջ երեւցող կերպարներու ստեղծման, եւ շեշտեց, թէ բոլորին մէջ տիրող բնաբանը եղած է 1915-ի Եղեռնը, հայ ազգի տառապալի կեանքը եւ ապա` զարթօնքը:

Պոհճալեանի  հեղինակած գիրքերը կը վաճառուին ամերիկեան, ասիական եւ եւրոպական բազմաթիւ գրատուներու մէջ, իսկ «Սենտքեսըլ կըրլզ»-ը` մօտ ատենէն ժապաւէնի վերածուող, Ամերիկայի հանրութեան աւելի մատչելի պիտի դարձնէ Հայոց ցեղասպանութեան իրականութիւնը:

Ազգային Առաջնորդարանը Հրատարակեց
Ժագ Ս. Յակոբեանի «Ոսկեհոս Ջրվէժ» Հատորը

jack-1_2015jack-2_2015Ազգային առաջնորդարանը դեկտեմբեր 2015-ին հրատարակեց բանաստեղծ եւ դաստիարակ Ժագ Ս. Յակոբեանի նորագոյն հատորը` «Ոսկեհոս ջրվէժ», որ հոգեւոր խորհրդածութիւններու եւ չափածոյ ու արձակ ստեղծագործութիւններու հաւաքածոյ մըն է:

Հատորին ներածականը գրած է թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ դրուատիքով եւ օրհնութեամբ կ՛անդրադառնայ բանաստեղծին վաստակին: Ան նկատել տուած է, որ բանաստեղծին գրիչը շուրջ ութ տասնամեակներէ ի վեր ի սպաս դրուած է հայ մշակոյթին, հարստացուցած է մեր յետեղեռնեան սփիւռքահայ գրականութիւնը, իսկ վերջին երկու հատորները հրատարակուած են Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, Ազգային առաջնորդարանի կողմէ:

ՀՕՄ-ի Մեծ Ընտանիքը Նոր Նուաճումներու
Հաւատքով Դիմաւորեց Նոր Տարին

Յունուար 3-ին Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած աւանդական ամանորեայ ձեռնարկը` մասնակցութեամբ աւելի քան 300 ՀՕՄ-ականներու:

Շրջանային վարչութեան անունով Ռեբեքա Պէրպէրեան ակնարկ մը նետեց ՀՕՄ-ի անցնող տարուան գործունէութեան վրայ, որ կը յատկանշուէր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակով: Ան ընդգծեց նաեւ ՀՕՄ-ի ընկերային ծառայութեան ու հոգեբանական կեդրոններուն զոհողութիւնները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք հաւատքով կը գործեն ու յաջողութեամբ կը պսակեն ՀՕՄ-ի աշխատանքները:

Գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցան Գագիկ Պատալեան, Սալբի Մայիլեան, Մարիամ Եւրեան:

Շրջանային վարչութիւնը բարձր գնահատեց ՀՕՄ-ի ընթացաւարտ Կեդրոնական վարչութեան անդամներ` ատենապետ Վիքի Մարաշլեանը, Անի Քէշիշեանն ու Ռոզի Պետրոսեանը: Շրջանային վարչութեան անունով Ռեբեքա Պէրպէրեան ներկայացուց զանոնք եւ շրջանի ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին անունով երախտագիտութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ի ճամբով անոնց կատարած մարդասիրական բեղուն գործունէութեանց համար:

Իր կարգին, Վ. Մարաշլեան շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ընծայուած երախտիքին համար` շեշտելով, որ ՀՕՄ-ին, հայ ժողովուրդին ու մեր հայրենիքին ծառայելը մեր բոլորին պարտականութիւնն է, որուն համար ակնկալութիւններ պէտք չէ ունենանք: Ան հաստատեց, որ սոյն գնահատանքը կ՛երթայ ՀՕՄ-ի այն անդամներուն, որոնց նուիրեալ գործունէութեան շնորհիւ է, որ մարդասիրական այս կազմակերպութիւնը իր ծառայութիւնները կը մատուցէ:

Ձեռնարկի ընթացքին «Իթ էնտ ֆիտ» բարեգործական ծրագիրը ՀՕՄ-ին նուիրեց ութ հազար տոլար արժողութեամբ վճարագիր մը: Այս ծրագիրը ստեղծուած է երեք տարի առաջ, Ռոպերթ եւ Ալպեր Կիրակոսեաններուն կողմէ: Անոնք, խումբ մը կամաւոր օգնականներու օժանդակութեամբ, դեկտեմբերի շաբաթավերջերուն ուտելիք վաճառելով` եկամուտը կը նուիրեն բարեգործական կազմակերպութեան մը: Այս տարի բախտը վիճակուած էր ՀՕՄ-ին:

Ռ. Պէրպէրեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագիրի հեղինակներուն եւ առ ի գնահատանք իրենց մարդասիրական գործունէութեան` ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան անունով յուշանուէրներ մը յանձնեց անոնց եւ խրախուսեց զանոնք շարունակելու բարեգործական իրենց այս ծրագիրը` օգտակար հանդիսանալով մարդկութեան ու հայ ժողովուրդին:

 

Քանատա

Տոքթ. Արի-Նարեկ Մկրտիչեան` Մոնրէալի
ՄքԿԻԼ Համալսարանի Բժշկութեան Բաժանմունքի
«
Տարուան Ուսուցիչը»

Dr-Meguerditchian_012816

Վերջերս Մոնրէալի ՄքԿիլ համալսարանի բժշկութեան բաժանմունքի ուռուցքաբանութեան  բաժնի տարեկան գիտաժողովին, ձեռամբ բաժնի ղեկավարին, 2015 տարուան լաւագոյն ուսուցիչի ու դաստիարակի պարգեւը ստացաւ տոքթ. Արի-Նարեկ Մկրտիչեան:

Բաժնի նախագահը` տոքթ. Էտուարտօ Ֆրանքօ, ներկայացնելով պարգեւատրեալը, որ վիրաբուժութեան եւ ուռուցքաբանութեան աջակից  փրոֆեսէօր է, տուաւ  անոր ամփոփ կենսագրականը` նշելով յաճախած համալսարանները, ստացած բարձրագոյն վկայականները, վարած բազմաթիւ պաշտօնները, նաեւ` ստացած զանազան մրցանակներն ու պարգեւները: Տոքթ. Արի-Նարեկ Մկրտիչեան անդամ է Քանատայի բժշկական խորհուրդի քննութիւններու յանձնախումբին եւ Բժիշկներու եւ վիրաբուժներու արքայական քոլեճի մասնագիտական յանձնախումբին: Ան հեղինակ է բազմաթիւ յօդուածներու եւ հրատարակութիւններու, յատկապէս` հիմնուած իր իսկ կատարած գիտական հետազօտութիւններուն վրայ: Ներկայիս իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է քաղցկեղով հիւանդներու խնամքի որակի բարելաւման, առողջապահական տեղեկաբանութեան միջոցներու համարկումին` դարմանական աշխատանքին մէջ եւ բժիշկներու ձեռնհասութեան գնահատումին ու հիւանդներու բուժման առնչութեան վրայ:

Ներկայիս ան կը գործէ ՄքԿիլ համալսարանի առողջապահական կեդրոնին մէջ` որպէս վիրաբուժ-ուռուցքաբան եւ գիտահետազօտող:

Նշուեցաւ Վարդգէս Սարաֆեանի
96-
րդ Տարեդարձը

Յունուար 6-ին նշուեցաւ «Կիլիկեան իշխան»-ի շքանշանակիր ազգային բարերար Վարդգէս Սարաֆեանի ծննդեան տարեդարձը: Այդ առթիւ յատուկ պատուիրակութիւն մը պատարագէն ետք այցելեց անոր` շնորհաւորելու Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը եւ իր տարեդարձը, նաեւ` քաջառողջութիւն եւ արեւշատութիւն մաղթելու իրեն ու շնորհակալութիւն յայտնելու իր կատարած բարի գործերուն համար:

Թեմի առաջնորդ Մեղրիկ եպս. Բարիքեան կը բացակայէր քաղաքէն, ուստի իր օրհնութեան ու շնորհաւորութեան յատուկ գիրը կարդաց Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հովիւ Գառնիկ Ա. քհնյ. Գոյունեան:

Վրէժ-Արմէն Արթինեան կարդաց Սարաֆեանի կենսագրութիւնը` ներկայացնելով անոր կեանքի զանազան փուլերը, կատարած բարերարութիւնները, ստացած գնահատանքները: Հոգաբարձութեան անունով Նուշիկ Էլոյեան դրուատեց Սարաֆեանը որպէս ամբողջ կեանք մը ազգին օգտակար հանդիսացած բարերար մը, համազգայի՛ն առումով, առանց խտրութիւն դնելու կողմերու միջեւ:

Սարաֆեան իր կարգին զանազան յիշատակելի դրուագներ պատմեց իր կեանքէն, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` շեշտելով, որ Ս. Յակոբի համայնքը միշտ իրեն հետ եղած էր, եւ թէ` կապերը այնքան սերտ էին, որ կարելի չէր անջատել զինք այս համայնքէն:

 

Փարիզ

Փարիզի Մէջ Ցուցադրուեցաւ
«
Ռեզիտընթ Ֆորեվըր» Ժապաւէնը

Resident-For-Ever_011816

Յունուար 18-ին Փարիզի Հայ մշակոյթի տան «Տեմիրեան» սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ «Ռեզիտընթ ֆորեվըր» («Յաւերժական բնակիչ») վաւերագրական ժապաւէնը` կազմակերպութեամբ Համազգայինին: Ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը: Երեկոյթին բացումը կատարեց Հերա Թոսունեան եւ խօսքը տուաւ բեմադրիչ Լիանկ Քիմի: Վերջինս ծնած է Հարաւային Քորէա: Հայրը ծագումով Հիւսիսային Քորէայէն է: Գլխաւորաբար Փարիզի մէջ աշխատող արուեստագէտը կ՛ըսէ, թէ ինք երբեք չի մոռնար իր հօր պատմածները իր ծննդավայր գիւղին մասին, զոր մեծ հաւանականութեամբ այլեւս բնաւ պիտի չտեսնէ: Բեմադրիչին ընտրած թեման ճշգրիտ եւ հետեւողական է եւ կը պատմէ սահմանային փակ շրջաններու մէջ ապրող ժողովուրդի մը դժուար կեանքին մասին: Բեմադրիչը յայտնեց, թէ իր առաջին գործէն` «Տրիմ հաուս պայ տը պորտըր»-էն ետք «Ռեզիտընթ ֆորեվըր»-ը երկրորդ ժապաւէնն է, որ նկարահանած է այս անգամ հայկական հողին վրայ, երբ ընդառաջած է նոյեմբեր 2012-ին Հայաստանի Արուեստներու կեդրոնին կողմէ ստացած հրաւէրին: Ան սկսած է ուսումնասիրելու եւ տեղեկութիւններ հաւաքելու հայկական բազմադարեայ պատմութեան եւ հարուստ մշակոյթին մասին: Լիանկ Քիմ այնուհետեւ հրաւիրեց ներկաները` դիտելու ժապաւէնը:

Ժապաւէնին խորհրդանշական եւ կեդրոնական տիպարը Մարիան է, որ կ՛ապրի սահմանամերձ Խաչիկ գիւղը: Ան կապուած է իր հայրենական օճախին եւ ցաւով կ՛արտայայտուի նեղ պայմաններու մէջ ապրող իր համագիւղացիներուն մասին, որոնց պարտադրուած են թշնամիին բռնութիւնները: Ան կը խօսի գիւղի թատերասրահին մասին, ուր ժամանակին ներկայացումներ եւ ցուցադրութիւններ տեղի կ՛ունենային, իսկ այժմ կեդրոնը կիսաքանդ է եւ` փոշիներու տակ թաղուած: Մարիան պիտի ամուսնանայ եւ այլ շրջան պիտի փոխադրուի… իսկ նախքան այդ` կ՛որոշէ շրջիլ սահմանային այլ գիւղեր եւ մօտէն ծանօթանալ այդ վայրերու իրավիճակին:

Նմանօրինակ կացութեան մէջ կը գտնուին նաեւ այլ սահմանամերձ շրջաններ` Բերքաբեր եւ Չինարի գիւղերը, ուր բնակչութիւնը կրակոցներու տարափին տակ կը շարունակէ իր առօրեան, բայց երբեք եւ ո՛չ մէկ գինով կը փափաքի լքել գիւղը եւ, ընդհակառա՛կն, պատրաստ է նոյնիսկ, հարկ եղած պարագային, հակահարուած հասցնելու եւ ընկերներու վրէժը լուծելու: Բեմադրիչը վերարտադրած է 31-ամեայ Կարէն Պետրոսեանի ձերբակալութեան տեսարանները® երբ անմեղ երիտասարդը տանջամահ եղաւ ազրպէյճանցի ճիւաղներու կողմէ. անմոռանալի են անոր զարհուրած խաժ աչքերը® Ապա գիւղացիներու ներկայութեան եւ «Տէր, ողորմեա»-ի երգեցողութեամբ հողին յանձնուեցաւ հայորդիին մարմինը:

Ժապաւէնին ընկերացող երաժշտութիւնը ընտրուած է «Զարթօնք»-ի սալիկէն, իսկ երգերը մեկնաբանած է հանրածանօթ երգչուհի Եղսօ:

Ժապաւէնին մէջ ցուցադրուեցան նաեւ 1988-ի երկրաշարժէն տուժած Գիւմրիէն տեսարաններ, ուր արհաւիրքէն շուրջ 30 տարիներ ետք տակաւին կան մարդիկ, որոնք փլած ու քարուքանդ տուներու մէջ կ՛ապրին:

Ամէնէն յատկանշականը այն է, որ սահմանային այդ պայթուցիկ շրջաններուն մէջ ապրող մարդիկ խիզախօրէն լաւատես են: Անոնք միաժամանակ կը դրսեւորեն թէ՛ հանդարտութիւն եւ թէ՛ զայրոյթ…

Բեմադրիչը, բացի վերոնշեալ գիւղերուն մէջ կատարած նկարահանումներէն, օգտուած է նաեւ Հայաստանի պատմութեան արխիւներէն եւ Ցեղասպանութեան առնչուող պատկերներէն: 92 վայրկեան տեւող ժապաւէնը իրագործուած է երկու իրերայաջորդ տարիներու ընթացքին (սեպտեմբեր 2013 եւ հոկտեմբեր 2014):

Ցուցադրութեան աւարտին պատասխանելով ներկաներու հարցումներուն` բեմադրիչը ըսաւ, թէ ինք հիմնական երկու պատճառներով հետաքրքրուած է Հայաստանով: Նախ` որ այս փոքրիկ երկիրը ունեցած է հարուստ պատմական անցեալ մը, ապա անիկա միշտ դժուարութեան հանդիպած է իր աշխարհագրական սահմաններուն պատճառով: Իսկ իրեն համար «սահմանը» իրական կենսական տարածութիւն մըն է եւ հոն է, որ կը սիրէ աշխատիլ: Աւարտին, բեմադրիչը ըսաւ, թէ կը յուսայ, որ այս ժապաւէնը աւելի լայն շրջանակի մը մէջ ցուցադրելով` առիթ պիտի ստեղծուի խօսելու Հայաստանի սահմաններուն տիրող վտանգներով լի կացութեան մասին:

 

Վրաստան

Սերգէյ Փարաջանովի Յիշատակին
Նուիրուած Ձեռնարկ

9 յունուարը կը զուգադիպի 20-րդ դարու մեծատաղանդ բեմադրիչ Սերգէյ (Սարգիս) Փարաջանովի տարեդարձին: Առ այդ, կազմակերպուեցաւ այցելութիւն` Թիֆլիսի Մանթաշովբան շարքերու պատին տեղադրուած Փարաջանովի յուշարձանին, ուր զետեղեցին նուռեր եւ ծաղիկներ:

Վիրահայոց թեմի Մառնէուլի շրջանի հոգեւոր հովիւ եւ Քվեմօ Քարթլիի հոգեւոր տեսուչ Խորէն վրդ. Յովհաննէսեանի աղօթքէն ետք, «Հայարտուն» կեդրոնի ղեկավար Լեւոն Չիդիլեան եւ մամլոյ խօսնակ Սուսաննա Խաչատուրեան անդրադարձան Փարաջանովի տաղանդին ու գործունէութեան` արժեւորելով անոր ներդրումը համաշխարհային շարժապատկերի զարգացման գործին մէջ:

 

 

Նախորդը

«Անունովդ Ապրիս»

Յաջորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` Գլխացաւերու Պատճառները» Նիւթով

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

Հոկտեմբեր 23, 2025
Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Հոկտեմբեր 23, 2025
Հայ Դատի Համակարգի Ներկայացուցիչները Մասնակցեցան Վարշաւայի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհրդաժողովին
Գաղութէ Գաղութ

Հայ Դատի Համակարգի Ներկայացուցիչները Մասնակցեցան Վարշաւայի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհրդաժողովին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?