
Լիբանանեան իրականութեան մէջ յառաջիկայ քանի մը կիրակիները տարբեր բնոյթ պիտի կրեն իբրեւ արդիւնք քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն, որոնք առիթ պիտի ըլլան քաղաքացիին իր քուէն տալու տուեալ թեկնածուի մը, որուն նկատմամբ հաւատք կը տածէ, եւ որմէ յոյսեր կը շօշափէ: Լիբանանահայութիւնը եւս, բնականաբար, մասնակից է այս ամբողջ հոլովոյթին. Դաշնակցութեան ընտրական մեքենան ամիսներ առաջ արդէն իսկ իր 3 հազար հաշուող անդամներով լծուած էր աշխատանքի` լիբանանահայ քուէարկողը քուէարկութեան մանրամասնութիւններուն եւ կուսակցութեան առաջադրած թեկնածուներուն մասին իրազեկ դարձնելու համար:
Նախապատրաստական աշխատանքներուն, ընտրական հոլովոյթին, Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու նպատակով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեանի հետ:
ՀՅԴ-ի Ընտրական մեքենան յաջողած ենք լարել
եւ դնել պատրաստ վիճակի մէջ
Խօսելով քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու թուականներուն եւ հայութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածուներուն մասին` Աւետիս Կիտանեան ըսաւ, որ ընտրութիւնները ընթացք պիտի առնեն կիրակի, 8 մայիսին երկու ընտրաշրջաններէն` Պէյրութ եւ Պեքաա, 15 մայիսին տեղի պիտի ունենան Լեռնալիբանանի գիւղերու եւ քաղաքներու ընտրութիւնները, 22 մայիսին` Ժեզզինի եւ հարաւային Լիբանանի, իսկ 29 մայիսին` հիւսիսային Լիբանանի:
Չորս թուականներուն ալ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան նոյն օրը, նոյն ժամանակ: Ընտրութիւնները կը սկսին առաւօտեան ժամը 7:00-ին եւ կ՛աւարտին երեկոյեան ժամը 6:00-ին: 11 ժամուան ընթացքին մենք պիտի փորձենք Պեքաայի եւ Պէյրութի ընտրաշրջաններուն համար յատուկ աշխատանքով առաւելագոյն չափով քուէարկող առաջնորդել քուէատուփ:
Անդրադառնալով ընտրութիւններուն նախորդող հանգրուանին Դաշնակցութեան համար արդէն իսկ աւանդութիւն դարձած նախապատրաստական աշխատանքներուն` Աւետիս Կիտանեան ըսաւ, որ անոնք արդէն սկսած են երկու ամիս առաջ, սակայն նախապէս տեղի ունեցած ընտրութիւններուն հետ բաղդատելով ատիկա կարճ ժամանակ կը նկատուի, որովհետեւ սովորաբար չորս-հինգ ամիս առաջ աշխատանքներուն սկսած կ՛ըլլային: Բայց եւ այնպէս, հակառակ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու կայացման առնչութեամբ լիբանանեան մակարդակի վրայ եղած թերահաւատութեան, Դաշնակցութիւնը աշխատանքի լծուեցաւ ամիսներ առաջ:
«Մենք լիբանանահայ քաղաքացիներուն դիմեցինք հեռաձայններով կամ այցելութիւններով` ստուգելու համար իրենց այսօրուան ընտանեկան պարագաներուն թիւը, պէտք եղած փաստաթուղթերու առկայութիւնը, եւ այսպէս աշխատանքը շարունակեցինք այն տրամաբանութեամբ, որ փորձենք առաւելագոյն չափով կարեւորագոյն տեղեկութիւնները ունենալ իւրաքանչիւր ընտանիքի մասին: Ընտրութիւններէն առաջ 4-5 առիթով կապուեցանք իւրաքանչիւր ընտանիքի, առաջին անգամ յիշեցուցինք ընտրութիւններու առկայութիւնը, երկրորդ առիթով կապուեցանք ստուգելու, եթէ տուեալ ընտանիքներուն մէջ կան կամաւորներ, որոնք ընտրութեան օրը կրնան մեզի օգտակար դառնալ, իբրեւ վստահուած անձ ներկայութիւն ըլլալ ընտրական կեդրոններուն մէջ, երրորդ հանգրուանով ժամադրութիւններ առնուեցան, որպէսզի ճշդուի իւրաքանչիւր ընտանիքի ակումբ գալու եւ քուէակեդրոն տեղափոխելու ժամը:
«Այս աշխատանքներուն մէջ ներառուած անձնակազմը երկու թուականներուն` 8 եւ 15 մայիսի ընտրութիւններուն, մօտաւորապէս 3000 հոգի կը հաշուէ: Այսինքն` ՀՅԴ-ի Ընտրական կեդրոնական մարմինը իր կողքին ունի տարբեր ենթաբաժանումներուն մէջ գործող 3000 կուսակցականներ եւ ոչ կուսակցականներ, որոնք այս ընտրական աշխատանքը իր լրումին կը հասցնեն:
«Երկու ընտրաշրջաններուն մէջ ունինք մօտաւորապէս 1000 վստահուած անձ, 1000-էն 1200 ինքնաշարժ վարողներ, որոնք պիտի տեղափոխեն քուէարկողները, եւ 7-8 հարիւր հոգի` ակումբներուն եւ կեդրոններուն մէջ աշխատող անձեր: Այս մեքենան բարեբախտաբար մենք յաջողած ենք լարել եւ դնել իր ամբողջական պատրաստուած վիճակին մէջ:
Պէյրութի պարագային ՀՅԴ-ն կը զօրակցի «Պէյրութցիներ»
(«Պայերթէ») անունը կրող քաղաքապետական խորհուրդի ցանկին
Պէյրութի քաղաքապետական ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներուն եւ զօրակցած ցանկին վերաբերող «Ազդակ»-ի հարցումին պատասխանելով` Աւետիս Կիտանեան տեղեկացուց, որ Պէյրութի պարագային Դաշնակցութիւնը կը զօրակցի «Պէյրութցիներ» («Պայերթէ») անունը կրող քաղաքապետական խորհուրդի ցանկին, որուն մէջ կան բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններէն ներկայացուցիչներ եւ Պէյրութի մէջ մեծամասնութիւն ունեցող ուղղափառ համայնքի ներկայացուցիչ: Այս ցանկին մէջ կան երեք հայեր, որոնցմէ երկուքը ՀՅԴ-ի թեկնածուներ են` յանձինս Յակոբ Թերզեանի եւ տոքթ. Սահակ Քէշիշեանի, երրորդը կը ներկայացնէ Մարտ 14-ի հայկական կուսակցութիւնները:
Ա. Կիտանեան շեշտը դրաւ նաեւ միեւնոյն օրը եւ նոյն ժամերուն տեղի ունենալիք թաղապետական ընտրութիւններուն վրայ` հաստատելով, որ Դաշնակցութիւնը թեկնածուներ առաջադրած է Պէյրութի երեք ընտրաշրջաններու մէջ` Էշրեֆիէ, Ռըմէյլ եւ Մըտաուար:
«Այդ թեկնածուներուն յաջողութեան համար շատ աւելի մեծ անհրաժեշտութիւն կայ մասնակցելու ընտրութեան, որովհետեւ այս ընտրաշրջաններուն մէջ մեծ թիւով քաղաքացիներ ունինք, ուստի այս քաղաքացիներուն առօրեայ գործերը վարող անձեր պէտք է ունենանք, իսկ թաղապետը այն անձն է, որուն կը դիմենք ընդհանրապէս բոլոր պարագաներուն` մահ, ծնունդ, պսակ, ճամբորդութիւն, առուծախ եւ այլն: Այս կը նշանակէ, որ հայ թաղապետի մը ներկայութիւնը շատ կարեւոր է, անոր հետ շատ աւելի դիւրաւ կարելի է հաղորդակցիլ` նկատի ունենալով, որ նոյն ժողովուրդի զաւակներն ենք, ինչպէս նաեւ մենք չենք ուզեր, որ մեր ներքին եւ արտաքին հարցերը օտարը հետապնդէ եւ տեղեկանայ այդ մասին:
«Էշրեֆիէի մէջ Դաշնակցութեան առաջադրած թաղապետի երկու թեկնածուներն են Րաֆֆի Մարգարեան եւ Հայկ Տէրտէրեան, Ռըմէյլի մէջ ունինք երեք թեկնածու` Փիեռ Գուլաճեան, Սագօ Գրաճեան եւ Յովսէփ Գայայեան, Մըտաուարի մէջ` Դաշնակցութիւնը առաջադրած է վեց թեկնածու` Յակոբ Քէշիշեան, Րաֆֆի Մարկարոսեան, Յովսէփ Գասպարեան, Յակոբ Ազնաւուրեան, Ռոպեր Գայսերլեան, Յակոբ Գաւլագեան, որդեգրած ենք նաեւ երկու թեկնածու, որոնցմէ մէկը ՍԴՀԿ-ը ներկայացնող Արմէն Սեֆերեանն է, իսկ երկրորդը` ՌԱԿ-ը ներկայացնող Հրաչ Թաշճեանը», ընդգծեց Ա. Կիտանեան:
Պէյրութի Մէջ Մեր Քուէն Կշիռ Ունեցող Է
Խօսելով ընտրութիւններուն մասնակից դառնալու կարեւորութեան մասին` Աւետիս Կիտանեան յայտնեց, որ Դաշնակցութեան համար շատ կարեւոր է, որ մեր քուէարկողները առաւելագոյն մեծ թիւով ներկայ ըլլան եւ մասնակցին քուէարկութեան:
«Այդպիսով, նախ պէտք է անգամ մը եւս հաստատենք, որ մենք այս քաղաքին մէջ կշիռ ունեցող համայնք ենք, եւ իբրեւ այդպիսին մեր այդ օրուան ներկայացնելիք թիւը պիտի հաստատէ մեր ունեցած կշիռը եւ մեր ունեցած թիւը: Այս երեք ընտրաշրջաններուն մէջ մենք թաղապետներու ընտրութեան պայքար ունինք մղելիք, մանաւանդ որ տակաւին համաձայնութիւն գոյութիւն չունի ոեւէ ցանկի շուրջ, ուստի մենք մեր քուէով միայն կրնանք մեր թեկնածուները յաջողցնել: Այս երեք շրջաններուն մէջ հայկական քուէն որոշիչ դեր ունի, այնպէս մը չէ, որ նոյնիսկ եթէ չքուէարկեցինք, պիտի ըլլայ ինչ որ պիտի ըլլայ, այլ մեր քուէն կշիռ ունեցող է:
Էշրեֆիէի եւ Ռըմէյլի մէջ շատ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն հայկական քուէները, որոնց հիման վրայ մեր թեկնածուները կրնան յաջողիլ եւ կամ մեր քուէներուն նուազ ըլլալուն պատճառով կրնան ձախողիլ: Մըտաուարի մէջ քիչ մը աւելի դիւրին է պարագան, որովհետեւ Մըտաուարի քառասունմէկ հազար քուէարկողին քսանհինգ հազարը հայ առաքելական կամ հայ կաթողիկէ է, ուստի այս համեմատութիւնը աւելի դիւրութիւն կու տայ մեզի:
«Ուրեմն ընտրութեան մասնակցելու անհրաժեշտութիւնը ներկայացուցիչ ունենալն է, կարելիութիւն ստեղծել մեր հարցերն ու խնդիրները աւելի դիւրին լուծելու, ինչպէս նաեւ իբրեւ համայնք մեր կշիռը անգամ մը եւս հաստատելն է: Իւրաքանչիւր քաղաքացի, նոյնիսկ եթէ այս օրերուն վստահաբար աւելի մեծ մտահոգութիւններ ունի, կիրակի օրը մէկ- երկու ժամ տրամադրելով այս պարտականութիւնը պէտք է ընէ թէ՛ իր անձին համար, թէ՛ համայնքին, թէ՛ ընդհանրապէս հայութեան համար, որովհետեւ ասիկա նշանակութիւն ունեցող հարց է, որովհետեւ այնքան, որքան Լիբանանի եւ սփիւռքի որեւէ գաղութի մէջ հայութիւնը կուռ եւ ամուր ըլլայ, նոյնքան իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ մեր ունենալիք դերակատարութեան վրայ», հաստատեց Աւետիս Կիտանեան:
Պատասխանելով «Ազդակ»-ի այն հարցումին, որ եթէ կան լիբանանահայեր, որոնց հետ տակաւին կապ չէ հաստատուած, անոնք ի՞նչ պէտք է ընեն` Աւետիս Կիտանեան բացատրեց, որ այն հայ քաղաքացիները, որոնք կիրակի օր ընտրութեան կ՛ուզեն մասնակցիլ, կրնան անմիջապէս երթալ իրենց ամէնէն մօտիկ ՀՅԴ-ի ակումբ կամ կեդրոն, իրենց անունը տալ եւ անմիջապէս կը ճշդուի այդ անունին համապատասխանող քուէարկութեան կեդրոնը, զանոնք մենք կը փոխադրենք քուէատուփ: Քաղաքացիները իրենց հետ պէտք է ունենան անձնաթուղթ կամ անցագիր, լաւ կ՛ըլլայ նաեւ ունենալ իխրաժ քայտ, սակայն պայման չէ:
«Մենք յառաջիկայ օրերուն պիտի հրատարակենք մեր բոլոր կեդրոններուն հասցէներն ու հեռաձայնի թիւերը, որպէսզի «Ազդակ»-ի միջոցով հայորդիները գիտնան, թէ անհրաժեշտութեան պարագային ո՛ւր եւ որո՛ւ պէտք է դիմեն», բացատրեց Կիտանեան:
Այնճարի մէջ քուէարկութեամբ եւ հսկելով քուէարկութեան աշխատանքին պիտի կարենանք մեր նախատեսած ցանկը յաջողցնել
Աւետիս Կիտանեանի հետ մեր զրոյցի աւարտին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Այնճարի պարագային. ան շեշտեց, որ երկար ժամանակէ ի վեր հոն քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններ տեղի չէին ունենար, որովհետեւ գիւղի թեկնածուները համաձայնաբար տեղի կու տային, եւ կը մնային այն թեկնածուները, որոնց համապատասխան աթոռներ կան: Այս տարի կացութիւնը տարբեր է, քաղաքապետական ընտրութիւններուն համար թեկնածու ներկայացած են 16 հոգի` 15 աթոռի համար, իսկ թաղապետական ընտրութիւններուն պարագային արդէն մրցակիցներու չգոյութեան պատճառով ընտրուած են մեր թեկնածուները, որոնց անունները քանի մը օր առաջ հրապարակեցինք:
«Այնճարի մէջ կիրակի օր քուէարկութիւն տեղի պիտի ունենայ: Շատ հաւանաբար Այնճարի մեր հայրենակիցները քուէարկութեան օրը քուէարկութեամբ եւ հսկելով քուէարկութեան աշխատանքին պիտի կարենան մեր նախատեսած ցանկը յաջողցնել: Պէտք է ճիգ ընել, որ այն հայերը, որոնց անձնաթուղթերը Այնճարի կը պատկանին եւ այդ օրը Պուրճ Համուտի մեր կեդրոններուն մէջ ընելիք չունին, ուղղուին Այնճար եւ իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարելով մասնակցին քուէարկութեան ու յաջողցնեն Դաշնակցութեան առաջադրած ցանկը», ըսաւ Կիտանեան` աւելցնելով, որ այլապէս պէտք է մնալ Պէյրութ կամ Պուրճ Համուտ, որպէսզի իւրաքանչիւրը իրեն տրուած պարտականութիւնը կատարէ:


