Յօդուածներ

«Ազդակ»` Իննիսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ,  Հայաստանի Եւ Արցախի Շրջափակումը Ազրպէյճանի Կողմէ Ինքնապաշտպանութեան Խմբակներու Կազմակերպում

«Ազդակ»` Իննիսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ, Հայաստանի Եւ Արցախի Շրջափակումը Ազրպէյճանի Կողմէ Ինքնապաշտպանութեան Խմբակներու Կազմակերպում

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախի իրողական վիճակն ու կացութիւնը կը շարունակէին մնալ լարուած, գործադուլներն ու դասադուլները կը շարունակուէին, իսկ կրակմարի դրութիւնը կը մնար անփոփոխ: Միայն Շուշիի շրջանին մէջ գործադուլ տեղի չէր ունենար: Կիրակի, 11 յունիս 1989-ին հաւաք մը տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ. խօսք առնողները վերարծարծեցին ժողովուրդին պահանջները: Անոնք շեշտեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի ընկերային եւ տնտեսական հարցերը միայն քաղաքական լուծումով կարելի է հարթել:...

Քարվաճառի Ճանապարհը

Ճանաչե՞լ, Թէ՞ Չճանաչել Արցախը

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Արցախը իր անկախութիւնը հռչակել է 1991-ի սեպտեմբերի 2-ին, սակայն անցնող 25 տարիներին ոչ մի պետութիւն, այդ թւում` Հայաստանը, չեն ճանաչել այդ իրողութիւնը: Մի կողմից փաստ է, որ Արցախը Հայաստան է, միւս կողմից` Հայաստանի բոլոր երեք նախագահները եւ նրանց կառավարութիւնները բացատրել են, թէ ինչո՛ւ Երեւանը տէ-ժիւրէ չի ճանաչում Արցախի անկախութիւնը: Պատասխանը պարզ է. քանի դեռ շարունակւում են բանակցութիւնները ԵԱՀԿ...

Խենթանոց

«Վեր Կաց Գերեզմանից»

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ «Վե՛ր կաց գերեզմանից, Անդրանի՛կ փաշա» ԳՈՒՍԱՆ ՀԱՅՐԻԿ (ՀԱՅՐԻԿ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ) Երիտասարդ տարիքին այս աշխարհէն հեռացաւ երէց եղբայրս` Անդրանիկը: Վիշտս մեծ էր: Լման տարի մը երաժշտական ասպարէզէս հեռու մնացի: Երաժիշտ բարեկամներուս համոզելու փորձերը` վերսկսելու նուագի, որպէսզի «փոխուիմ», ապարդիւն անցան: Երաժշտութիւն ունկնդրելն անգամ «մեղք» կը համարէի: Վերջապէս օր մը կարողացան համոզել եւ միասին գացինք «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ` ներկայ գտնուելու այդ...

Համացանցին Վրայ Յաճախ Դժուար Է Զանազանել Իրողութիւնը Կեղծիքէն

Որո՞ւ Մեղքը Աւելի Է` Նախագահ Օպամայի՞ն, Թէ՞ Միամիտ Հայերուն

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Պաշտօնավարման ութ տարիներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամա չկատարեց իր նախընտրական խոստումը` Հայոց ցեղասպանութիւնը անուանել «ցեղասպանութիւն»: Այսուհանդերձ, անհասկնալի պատճառով մը, որ կրնայ ներկայացուիլ միայն իբրեւ միամտութիւն, բազմաթիւ հայեր Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ ամբողջ աշխարհի վրայ, Օպամայի պաշտօնավարման առաջին տարիէն` 2009 թուականէն ի վեր զուր յոյսեր փայփայեցին այն մասին, թէ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրոյթը...

Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Նշում Եւ Քայլարշաւ

Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Նշում Եւ Քայլարշաւ

Ուրբաթ, 22 ապրիլ 2016-ին, Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի աշակերտները Ցեղասպանութեան 101-ամեակը նշեցին զանազան ձեռնարկներով: Տարրական բաժինի աշակերտները մոմեր վառեցին ու ծաղիկներ զետեղեցին դպրոցի մուտքին` նահատակ մտաւորականներուն բարձրաքանդակներուն առջեւ: ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն կազմակերպութեամբ, ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկը` մասնակցութեամբ նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն: Ձեռնարկը վարեցին ԺԱ. դասարանէն Նարօտ Սէրուժեան եւ Քրիստ Բրուտեան` յայտագիրին ընթացքին հայ գրագէտներու ոգեշունչ...

Ոճրագործներ Կը Քանդեն Արիզոնայի Ս. Աբգար Եկեղեցւոյ Խաչքարը

Ոճրագործներ Կը Քանդեն Արիզոնայի Ս. Աբգար Եկեղեցւոյ Խաչքարը

Արիզոնայի Սքաթստէյլ քաղաքի Ս. Աբգար Հայց. եկեղեցւոյ մէջ կառուցուող խաչքարը շաբաթ, ապրիլ 28-ին քանդուած է անյայտ ոճրագործներու կողմէ: Եկեղեցւոյ ճարտարապետը յայտնած է, թէ տեղի ունեցածը հայութիւնը դիտումնաւոր կերպով թիրախ դարձնող արարք մըն էր, յատկապէս որովհետեւ անիկա տեղի ունեցած է ապրիլ 24-ի շաբթուան ընթացքին: Սքաթստէյլ քաղաքի ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն բացած է բացայայտելու համար ոճրագործները: ՍՔԱԹՍՏԷՅԼ, «12 Նիուզ» Քոսթա` Ի Պատիւ Թեհլիրեանին Ելոյթ...

Նամականի

«Ազդակ» օրաթերթի յարգարժան տնօրէնութիւն, Վերջին իրերայաջորդ տարիներուն արտասովոր դրութեամբ կը կազմակերպուին միջդպրոցական «մրցանք»-ներ, որոնք նոյնանման խորագիրով ու բովանդակութեամբ ձեռնարկներ են: Կազմակերպիչները ընդհանրապէս երիտասարդական միութիւններ են. կարծէք թէ անոնք զիրար կը հալածեն` ցոյց տալու, թէ ո՛վ աւելի լաւ ձեւով պիտի յաջողցնէ նոյն թեման: Շաբաթական հերթականութեամբ անոնցմէ կը ստանանք նամակներ, որոնք շարահիւսուած են «մեծ-մեծ» բառերով եւ երբեմն ալ` քերականական եւ ուղղագրական սխալներով:...

Քաղաքակրթական Տարբերութիւններ

Անյետաձգելին

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Քառօրեայ պատերազմէն ետք, երբ Հայաստանէն մինչեւ ամենահեռաւոր գաղութը զօրաշարժի ենթարկուեցաւ եւ զանազան նախաձեռնութիւններով իրենց մասնակցութիւնը բերին Արցախի պայքարին, զարմանալիօրէն եւ պաղարիւնութեամբ վարուեցաւ Ռուսիոյ հայ գաղութը: Գիտէինք, որ աւելի քան մէկուկէս միլիոն հաշուող գաղութը ապրիլ 24-ը եւ Հայ դատը իրը չի սեպեր, սակայն չէինք գիտեր, որ Արցախի հարցն ալ իրը չի նկատեր: Տարօրինակ եւ շշմեցնող վիճակ մըն է, որ...

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Գրողի Անկիւն. Հայու Հոգիի Կշռոյթը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Անցեալ ապրիլի առաջին օրերուն Արցախի սահմաններուն վրայ չորսօրեայ անակնկալ պատերազմը եկաւ անգամ մը եւս հաստատելու, թէ իրապէս ազգովին դժուարին պայմաններու մէջ կը գտնուէինք: Լուրջ, նոյնքան ալ` վտանգաւոր: Եւ ի տես այս նոր իրադարձութիւններուն` համայն հայութիւնը ապրեցաւ տեսակ մը վիճակներու անօրինակ խառնուրդ մը, որ զինք հասցուց մեր արդի պատմութեան ամէնէն ճակատագրական հանգրուաններէն մէկուն սեմին: Պատմութիւնը խառնած էր իր էջերը...

Սուրիական Օրագրութիւն – 68

Քար Լեցուած Ճամպրուկը

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ Մարգրիտը մէկ ձեռքով կը քաշքշէր ծանր ճամպրուկը, միւս ձեռքով գրկած էր կապոց մը: Ուսէն կախած էր սեւ պայուսակ մը, այնքան ուռեւորած, որ  ամէն քայլին հետ աջ ու ձախ կը զարնուէր եւ կը ցաւցնէր Մարգրիտին կողը: Կը քալէր կորացած, հեւալով ու քիթին տակ հայհոյելով անյայտ հասցէի, թերեւս ալ իրեն, որ այս տարիքին, այս ծանր օրերուն, երբ հաւու պէս մարդ...

ՔԱՀԼ-ի Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբի Մայրերու Օրուան Ճաշկերոյթը

ՔԱՀԼ-ի Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբի Մայրերու Օրուան Ճաշկերոյթը

Որեւէ լեզուի մէջ ամէնէն քաղցրահունչ բառը անկասկած «մայր» բառն է: Մայրը ընտանիքին կորիզն է: Մայրերն են, որ ազգին բարօրութիւնը կը կերտեն` կերտելով իրենց զաւակներուն նկարագիրը: 3 մայիս 2016-ի ժամը 11:00-ին, Մայրերու օրուան առթիւ, ՔԱՀԼ-ի տնօրէնութիւնը եւ Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբը կազմակերպած էին ճաշկերոյթ մը «Ֆինիսիա» պանդոկին մէջ` նախագահութեամբ տիկ. Հուրի Վանլեանի: Սրահը գրաւուած էր ազնուափայլ տիկիններով եւ համեստափայլ օրիորդներով, որոնք եկած...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ապրիլեան Պատմութիւն Եւ Հայ Սերունդ

ՍԱԼԲԻ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ Մենք` հայերս, այո՛, 24 ապրիլ 1915-ի յիշատակով կ՛ապրինք: Հայկական դպրոցի մէջ ուսանելով` սորվեցանք Հայաստանի մասին, երգեցինք Արարատ լերան մասին եւ մեր մանկական երազներով ուզեցինք յաղթել թուրքերուն: Հիմա մեր ընտանիքը կը մեծնայ: Սերունդ բառը խիստ ծանր բառ մը կը թուէր առաջ, բայց հիմա տարբեր է ընկալումը, երբ փոքր քոյրս  անուշիկ աղջնակ մը ունեցաւ, մայրս եղաւ մեծ մամի եւ մեծ...

Գազան Ազերիներին

ԱՐՄԻՆԷ ՄԻՆԱՍԵԱՆ   Երկու հազար տասնվեցին, Ապրիլ ամսի ճիշդ երկուսին, Գարնան օրուայ լուսաբացին, Դարձեալ, նորէն թուրք ազերին Զինդադարի խոստումը խախտեց, Տարածքի մէջ հայ գիւղերի գլխին Կրակոցների կարկուտ թափեց:   Խաղաղ բնակիչների տունը մտաւ,   Անխղճօրէն  հրի քաշեց ու   Վայրի գազանից էլ գազան`   Անմեղ մարմինները յօշոտեց: Թող աշխարհը լաւ իմանայ, որ Արցախը հայի հողն է, Դարեր ապրած, քրտինք թափած, Տուն,...

Խմբագրական.  Շուշիի Ազատագրումը` Երկօրեայ Կայծակնային Գործողութիւն

Խմբագրական. Շուշիի Ազատագրումը` Երկօրեայ Կայծակնային Գործողութիւն

Շուշիի ազատագրութեան խորհուրդը եթէ ռազմական առումով կը խորհրդանշէ Արցախի անվտանգութեան կարեւորագոյն երաշխիք եւ Արցախի Հանրապետութեան կայացման հիմնական եւ անշրջանցելի մեկնակէտ, ապա երեւոյթը ինքնին ամէն բանէ առաջ ազգի միաւորում եւ գործնապէս փաստած միասնականութիւն կ՛ենթադրէ: Շուշիի ազատագրութեան նախօրէին խրամատներու մէջ նոյնացումը Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն թէ սփիւռքէն Շուշի հասած, միասին պատերազմած եւ միասին նահատակուած հայ երիտասարդութեան ազնուագոյն փաղանգներուն իր մէջ կ՛ամփոփէ հայրենիքի ամբողջական...

«Դրօշակ»-ի Խմբագրական.  Շուշիի Ազատագրումը Տարիների Հեռուից

«Դրօշակ»-ի Խմբագրական. Շուշիի Ազատագրումը Տարիների Հեռուից

Շուշիի ազատագրումը միշտ նշւում է աւելի մեծ հանդիսաւորութեամբ ու շուքով, քան` ԼՂՀ անկախութեան հռչակումը: Իրականութիւնն այն է, որ Արցախի անկախացումը շատ աւելի պայմանաւորուած է Շուշիի ազատագրմամբ, քան` անգամ համապատասխան հանրաքուէով եւ անկախութեան հռչակմամբ: Կարելի է յիշել, թէ պատմական այն օրերին ի՛նչ նշանակութիւն ունէր Շուշիի ազատագրման երազանքը: Զինուորական, քաղաքական գործիչ, թէ Արցախի պարզ բնակիչ, ինչպէս եւ հայութիւնն առհասարակ, հասկանում էին, որ...

Անպատիժ Ցեղասպանութիւն

Մեր Ուժը Միասնութեան Մէջ Է

ԼԷՈՆԻԴ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ «Ազատ Արցախ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան տարիներին արդէն 24-րդ գարունն է, որ մայիսի 9-ը ազգովին նշում ենք որպէս եռատօն: Արցախցիները Հայաստանի եւ սփիւռքի հայրենակիցների հետ միասին հանդիսաւորութեամբ տօնում են Հայրենական մեծ պատերազմում յաղթանակի, Շուշի քաղաքի ազատագրման եւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի ստեղծման օրը: ԼՂՀ պետական տօների օրացոյցում այս տարեթիւն առանձին տեղ է գրաւում: Բայց ոչ...

Շուշիի Ազատագրումով Հայութիւնը Աւելի Մօտեցաւ Արարատի Գագաթին (9 Մայիս 1992)

Շուշիի Ազատագրումով Հայութիւնը Աւելի Մօտեցաւ Արարատի Գագաթին (9 Մայիս 1992)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Քաջ հաւատացողն ենք, որ իրերայաջորդ սերունդներ տակաւին երկա՜ր պիտի յիշեն, զմայլին ու ոգեւորուին Շուշիի ազատագրութեամբ: Փաստօրէն հայոց ժամանակակից պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրուեցաւ թուական մը, որ մարմնաւորեց հայ մտքի ու խղճի, մարտունակ ոգիի եւ ռազմահայրենասիրութեան գերազանց ապրումները: Հայոց բարձրաբերձ լեռներուն թառած մշակոյթի ու լուսաւորումի քաղաքին ազատագրումը` բորենի ու մարդակեր ազերիներու ձեռքէն, հրաշքի համազօր արարք մը հանդիսացաւ, որովհետեւ Շուշին խորհրդանիշն...

Լիսագորի Բարձունքին Վրայ  Ինկած Հերոսը

Լիսագորի Բարձունքին Վրայ Ինկած Հերոսը

Ժ. Յ. Երբ կը խօսինք Շուշիի ազատագրման մասին, չենք կրնար չանդրադառնալ նաեւ նախքան եւ յետ ազատագրումը տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, հայու բազուկի ուժին լիարժէք դրսեւորումին շնորհիւ արձանագրուած զինուորական յաղթանակին եւ այդ յաղթանակին մէջ սփիւռքահայ յանձնառու երիտասարդութեան մասնակցութեան: Այդ գաղափարական երիտասարդութեան փաղանգին մաս կը կազմէր նաեւ լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանը, որ հասակ առնելով լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի թոհուբոհին մէջ, ազգային եւ յեղափոխական...

Հողը` Արիւնով. Երկու Պատմութիւն (Շուշիի Ազատագրման 24-Ամեակին առիթով)

Հողը` Արիւնով. Երկու Պատմութիւն (Շուշիի Ազատագրման 24-Ամեակին առիթով)

ՄԱՐԳԱՐԻՏԱ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ Իր Բաժինը... Երկրորդ շարքին մէջ ձախէն աջ երրորդը՝ Աւետիս Օհանեան, իսկ չորրորդը՝ Արտեոմ Մարգարեան «Ընտանիքում չէի ասել, որ գնում եմ Արցախ, յետոյ իմացան: Իրենց համար շատ ծանր էր միտքը, որ հնարաւոր է` այլեւս չտեսնեն ինձ: Ի՞նչ պէտք է անէին: Համակերպուեցին որոշմանս հետ»: «Ազդակ»-ի հետ զրոյցում պատմեց ազատամարտիկ Արտեոմ Մարգարեանը, ով 1992 թուականին ընդամէնը 19 տարեկան էր, երբ գաղտնի...

Page 934 of 1110 1 … 933 934 935 … 1,110

Արխիւներ