Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական, Ներհայկական Միասնականութիւնն Ու Միջհամայնքային Համաձայնութիւնը` Միակ Ուղին

May 7, 2016
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

khemp_50616f

Վաղը տեղի կ՛ունենայ քաղաքապետական խորհուրդներու եւ թաղապետներու ընտրութիւններուն առաջին հանգրուանը: Տրուած ըլլալով, որ Այնճարի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուները, երկու մակարդակներու վրայ ընտրուած կը նկատուին, մինչ Պեքաայի մէջ հայ քուէարկողները կը հրաւիրուին առաւելագոյն թիւերով մասնակցելու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն, գլխաւոր ընտրադաշտը այս հանգրուանին մեզի համար Պէյրութն է, ուր կը սպասուի հայ համայնքի խուռներամ մասնակցութիւնը:

Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներու յաջողութեան գրաւականին արդէն իսկ համոզիչ ըլլալուն փաստը որեւէ ձեւով պէտք չէ թուլցնէ աշխուժօրէն մասնակցելու եւ քուէարկելու այս պարագային համայնքի քաղաքական կամքը:

Հայահոծ շրջաններու մէջ ընտրական մրցակիցներու չգոյութիւնը պայմանաւորուած է այլ շրջաններու մէջ մեր փաստած ընտրական ուժով, մեր փաստած համախմբուածութեան օրինակով: Եւ երբ կայ այդ համախմբուածութիւնը, երբ գոյացած է հայ միասնական քուէն, ժողովրդավարական խաղի կանոններէն դուրս կու գայ ինքնուրոյն թեկնածութիւններու ներկայացումը, որ ինքնին  կը մեկնաբանուի միասնականութենէն շեղելու փորձով:

Պէյրութի մէջ, հաւանաբար Լիբանանի ընտրութիւններու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով այս ընտրութիւններուն գոյացած է ոչ միայն ներքրիստոնէական համախոհութիւն,  այլ նաեւ միջհամայնքային համաձայնութիւն: Գլխաւոր ցանկերու կազմութիւնը ներառած է Պէյրութը բաղկացնող հիմնական համայնքներու իրողական ներկայացուածութիւնը: Եւ բոլոր բանակցող կողմերը կը գիտակցին, որ Դաշնակցութիւնը ներհայկական մակարդակի վրայ միջկուսակցական համաձայնութիւն գոյացնելէ ետք կամրջումի առանցքային դեր կատարած է նաեւ միջհամայնքային կամ գլխաւոր համայնքներու քաղաքական հիմնական հոսանքներուն միջեւ:

Բոլոր կողմերը համախմբելու նպատակով կամրջումի դեր ստանձնած Դաշնակցութիւնը այս հանգրուանին եւս յաջողեցաւ իր քաղաքական վարքագիծին հետեւողութեամբ, հիմնովին նպաստել Պէյրութի համաձայնական ընտրացանկերու կազմութեան:

Ներկայ պատկերը ընտրական մէկ հանգրուանէ մը անդին կամ քաղաքապետական խորհուրդներուն ձեւաւորման եւ թաղապետներ յաջողցնելու երեւոյթէն աւելի կրնայ հեռահար նպատակով քաղաքական յստակ առաւելներ ձեռք ձգել, եթէ գոյանայ գիտակցական որոշումը երկրի հիմնական խնդիրները փոխզիջումներով գոյանալիք համախոհական մթնոլորտի հիման վրայ լուծելու:

Պէյրութի մէջ ժողովրդավարական կանոնները կը յարգուին. քաղաքացիական շարժումներու ներշնչանքը ունեցող այլ ցանկեր եւս կ՛առաջադրեն ստանձնել Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական իշխանութիւնները:

Այս պարագային սակայն կայ ընտրացանկ մը, որ օրինակելի նախաձեռնութիւններով յաջողած է յանգիլ թէ՛ ներհայկական եւ թէ՛ միջհամայնքային համաձայնութիւններու, որոնց գոյացման մէջ յստակ կ՛երեւայ Դաշնակցութեան ձեռագիրը:

Ընտրականին առընթեր համալիբանանեան առումով խորք ունեցող այս ուղին իբրեւ Լիբանանը տարբեր փորձութիւններէ եւ ճգնաժամերէ փրկող այլընտրանք չունեցող միջոց պէտք է ստանայ համայն լիբանանահայութեան եւ այս կիրակի պէյրութահայութեան վստահութեան  գործնական քուէն:

Դաշնակցութեան առաջադրած եւ զօրակցած ցանկերուն քուէարկելով, զանգուածային համրանք փաստելով եւ հայկական քուէատուփերը հայկական քուէներով ողողելով մենք քուէարկած պիտի ըլլանք լիբանանահայութեան միասնականութեան եւ համալիբանանեան միաւորման միակ, անբացառելի եւ անշրջանցելի ուղիին:

 

Նախորդը

«Մեր Քուէն Կամքի, Խղճի Եւ Մտածումի Արտայայտութիւն Է» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Ակումբներուն Մէջ Դաշնակցութեան Ընտրական Մեքենան Պատրաստ Է Ընտրութիւններուն

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.