Կիրակի, 8 մայիսին Պէյրութի եւ Պեքաայի մէջ պիտի կայանան քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները, որոնք առիթ պիտի ըլլան քաղաքացիին իր ժողովրդավարական իրաւունքի եւ պարտաւորութեան հիման վրայ իր կարծիքը արտայայտելու: Լիբանանահայութիւնը եւս, բնականաբար, մասնակից է այս ամբողջ հոլովոյթին. Դաշնակցութիւնը առաջադրած է իր թեկնածուները եւ վստահ է, որ լիբանանահայութեան նեցուկով պիտի ապահովէ այն յաջողութիւնը, որուն ի խնդիր կը գործէ, որպէսզի հայ թեկնածուներու յաջողութեամբ քաղաքապետական խորհուրդներուն մէջ եւ թաղապետական մակարդակի վրայ ներկայութիւն եւ դերակատարութիւն ունենայ:
Նախապատրաստական աշխատանքներուն, ընտրական հոլովոյթին, Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու նպատակով
«Վանայ ձայն»-ի «Բաց քննարկում» յայտագիրի հաղորդավար Րաֆֆի Տեմիրճեան հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ, որ հաստատեց Դաշնակցութեան ունեցած մեծ հաւատքը իր ժողովուրդին նկատմամբ` կոչ ուղղելով լիբանանահայութեան անգամ մը եւս փաստելու, որ նեցուկ եւ զօրավիգ է Դաշնակցութեան:
Ընդհանրապէս ընտրութիւններու կայացման մասին խօսելով` Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, թէ կիրակի, 8 մայիսէն սկսեալ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններ պիտի կատարուին այնպիսի երկրի մը մէջ, ուր 2009-էն ի վեր երեսփոխանական ընտրութիւններ չեն կատարուած եւ խորհրդարանը 2013-ին, երբ պէտք է աւարտէր իր նստաշրջանը, զայն երկու առիթներով երկարաձգեց, եւ մենք` իբրեւ երեսփոխանական պլոք դէմ քուէարկեցինք այդ երկարաձգումին` ըլլալով միակ դէմ քուէարկողը, մեկնելով սկզբունքային մեր վիճակէն: Լիբանան նաեւ այն երկիրն է, ուր 24 մայիս 2016-ին պիտի ամբողջանայ երկրորդ տարին, որ հանրապետութեան նախագահ չենք կրցած ընտրել: Այս բոլորին լոյսին տակ տեղի պիտի ունենան քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններ, հակառակ այն բոլոր կասկածներուն եւ ենթադրութիւններուն, թէ պիտի յետաձգուին կամ չկայանան:
Քաղաքապետական եւ թաղապետական այս ընտրութիւնները բացառիկ առիթ են, որ մենք մեր ժողովրդավարական սկզբունքներուն, ժողովրդավարական գործունէութեան թէ՛ ներքին իմաստով, եւ թէ՛ արտաքին առումով, համայն աշխարհին ցոյց տանք, որ Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութիւնը չէ մեռած, եւ եթէ երեսփոխանական ընտրութիւններ չեն կատարուիր, որովհետեւ ընտրական օրէնքի խնդիր կայ, կամ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն չի կատարուիր, որովհետեւ դժբախտաբար լիբանանցիները չեն, որ կ՛որոշեն նախագահը, բայց անպայման պիտի կատարուին քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները, որոնք միակ ընտրութիւններն են ոչ համայնքային դրութեամբ կայացող: Ասիկա մեզի համար շատ կարեւոր է, թէ՛ իբրեւ լիբանանցիներ, թէ՛ իբրեւ համայնք, եւ թէ՛ իբրեւ կուսակցութիւն, որովհետեւ այս ընտրութիւնները կրնան ըլլալ սկիզբը այն ուղիին, որ մենք յառաջիկային կարենանք ընտրել հանրապետութեան նախագահ եւ նոր խորհրդարան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ լիբանանահայութիւնը որքանո՞վ միասնակամ կերպով կիրակի, 8 մայիսին պիտի մասնակցի Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն` Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, թէ ինչպէս նախապէս, այս անգամ ալ, թէ՛ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի կազմութեան ընթացքին, եւ թէ՛ թաղապետական խորհուրդներու կազմութեան ատեն Դաշնակցութիւնը աչալուրջ եղաւ, որ հայկական բոլոր կողմերը անպայման ներկայացուին: «Փաստօրէն Պէյրութի քաղաքապետական կազմին մէջ մենք ունինք երկու թեկնածու, Հնչակեան կուսակցութիւնը ունի մէկ, դժբախտաբար Ռամկավար կուսակցութիւնը չունի թեկնածու, եւ անոնք հաղորդագրութեամբ մը իրենց բողոքն ու դժգոհութիւնը յայտնեցին անոնց նկատմամբ, որոնք ցանկը կազմեցին: Իսկ թաղապետական ընտրութեան պարագային նախապէս ալ, այս անգամ ալ մեր ցանկերուն վրայ ունինք թէ՛ Հնչակեան, եւ թէ՛ Ռամկավար կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ: Մեր ցանկերուն վրայ կան նաեւ այլ անհատներ, որոնք նախապէս թաղապետներ էին, եւ ասոնց որդեգրման պարագային մենք մեկնեցանք այն սկզբունքէն, որ այնքան ատեն որ իբրեւ թաղապետ անոնք կ՛աշխատին, եւ հիմնական հսկայ խնդիրներ ու անհրաժեշտութիւն չկայ, որ անոնք փոխուին, որովհետեւ ասիկա խորքին մէջ աշխատանք է եւ ոչ թէ պարզապէս անուն, լաւ կ՛ըլլայ, որ անոնք մնան: Ուստի, միակամութեան իմաստով խնդիր չկայ»:
Խօսելով ընտրութիւններուն մասնակցելու կարեւորութեան մասին` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ, թէեւ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները համայնքային դրութեամբ չեն կատարուիր, սակայն իւրաքանչիւր քաղաքական կողմ, իւրաքանչիւր համայնք իր ուժն է, որ կ՛արտայայտէ: «Մեզի համար հիմնական է Պէյրութի, Լեռնալիբանանի, Զահլէի, Այնճարի եւ մինչեւ Մինայի, այլ խօսքով հոն, ուր հայութիւն կայ, քաղաքապետական ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը, որովհետեւ մեր քուէներով մեր ձայնը լսելի կը դարձնենք, ուստի` քաղաքական գործը քուէ է, համայնքային իրաւունքը քուէով կրնաս ձեռք ձգել: Մարդիկ մեր հարցերուն արդարացիութեան համար ոչինչ կու տան, քաղաքական կեանքին մէջ այդ է իրականութիւնը, նաեւ` եւրոպական երկիրներու մէջ, ուր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումներ կը կատարուին: Չկարծենք, որ ատիկա զուտ քաղաքական պատճառներով կը կատարուի, պարզապէս մեր քուէի ուժերուն համար է, նաեւ նոյնն է պարագան Միացեալ Նահանգներուն:
«Մեզի համար այս ընտրութիւնները կարեւոր են այնքան, որքան խորհրդարանական ընտրութիւնները: Նոյնիսկ աւելի, կարելի է ըսել, որովհետեւ ասոնք զարգացման, բարգաւաճումի համար կատարուող ընտրութիւններ են, քաղաքապետութիւնը, բարգաւաճման, բարգաւաճման ծրագիրներու առաջադրման եւ գործադրութեան կեդրոն է: Այդ պատճառով ալ շատ կարեւոր է, որ մենք մաս կազմենք քաղաքապետական խորհուրդներուն, որպէսզի մեր կարծիքներով մասնակից դառնանք այդ բարգաւաճման գործընթացին` ըլլայ Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Այնճարի թէ Լեռնալիբանանի զանազան գիւղերուն մէջ, որպէսզի մեր ներկայութեամբ նաեւ տուեալ շրջաններուն մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն աւելի լաւ կենցաղային պայմաններ ստեղծելու առումով աշխատանք տանինք:
«Ընտրութիւններու մասնակցութիւնը կարեւոր է նաեւ մեր քաղաքական ուժը ցոյց տալու համար: Կը յուսանք, որ մէկ տարիէն, եւ աշխատանք պիտի տանինք այդ ուղղութեամբ, անպայման երեսփոխանական ընտրութիւններ կայացուին: Այսօրուընէ արդէն իսկ մենք պարտաւոր ենք ցոյց տալու, որ մենք չենք տկարացած, որ միայն երեսփոխանական ընտրութիւններէ երեսփոխանական ընտրութիւն չէ, որ կրնանք քուէ ապահովել, քաղաքապետական-թաղապետական ընտրութիւններուն համար ալ կրնանք քուէ ապահովել` պարտաւորեցնելով բոլորը, որ տեսնեն, թէ հայութիւնը կարելի չէ լուսանցքայնացնել ու անտեսել: Մենք պէտք է հաւատանք, մեր ժողովուրդն ալ մեզի հետ պէտք է հաւատայ, որ այս ընտրութիւններով մենք պիտի կարենանք մեր խօսքը միշտ լսելի դարձնել, իսկ անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ մենք կրնանք տկար ըլլալ, պէտք է տեսնեն, որ մենք այդպէս չենք, մենք զօրաւոր ենք մե՛ր ժողովուրդով: Կիրակի առաւօտ ժամը 7:00-էն հայ քուէարկողը երբ երթայ եւ Պէյրութի մեր ընտրացանկերուն քուէարկէ, պէյրութցին եւ ուրիշ շրջաններու բնակիչներ պիտի գիտնան, որ իրենք պարտաւոր են այս ժողովուրդին հետ հաւասարէ հաւասար վերաբերիլ», հաստատեց Յակոբ Բագրատունի:
Հայութեան հաւաքական ուժի գաղտնիքին վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը ըսաւ, որ մենք օրէ օր պարտաւոր ենք աշխատիլ այնպէս, որ իսկապէս արժանի ըլլանք մեր ժողովուրդին վստահութեան: «Վերջին օրինակը ռատիոթոնն էր, որուն արդիւնքը մեր ակնկալութիւններէն շատ աւելին էր: Ասոր պատճառը այն է, որ մեր ժողովուրդը գիտէ, թէ մենք չենք ստեր, գիտէ, թէ մենք այս բոլորին չենք մօտենար անհատական շահերով, այլ` իբրեւ կուսակցութիւն եկած ենք մարդոց հարցերուն լուծման ուղղութեամբ աշխատանք տանելու, եւ ոչ թէ օգտուելու ժողովուրդէն: Իսկ այն կուսակցականը, որ կը սխալի, մեր ժողովուրդը շատ լաւ գիտէ, որ Դաշնակցութիւնը կարգապահական ինչպիսի՛ տնօրինումներ կը սահմանէ անոր նկատմամբ, յատկապէս եթէ ժողովուրդին եւ ՀՅԴ-ի հանդէպ սխալած է:
«Ժողովուրդը լաւ գիտէ, որ երբ խոստանանք, կը յարգենք մեր խոստումը անպայման, ժողովուրդը լաւ գիտէ, որ երբ մենք զիրենք ցոյցի հրաւիրենք, նոյն ցոյցի առաջին կարգերուն վրայ մեր ղեկավարութիւնը կ՛ըլլայ, ոչ թէ մեր տուները նստած կը հրահանգենք, որ ժողովուրդը երթայ ցոյց կատարէ, բողոքէ, նստացոյց ընէ: Փաստած ենք, որ ղեկավարութիւնը այս ժողովուրդին զաւակն է, ուստի միշտ անոր հետ է: Ղեկավար ըլլալ կը նշանակէ առաջին կարգի վրայ ըլլալ, ասիկա պարտաւորութիւն է: Եթէ վնասուելու վտանգ կայ, մենք կը վնասուինք, ոչ ժողովուրդը: Կը կարծեմ, որ այս ժողովուրդ-կուսակցութիւն կապը հաստատուած եւ լաւապէս ընկալուած է: Կը հաւատամ, որ մեր ժողովուրդը երեսփոխանական ընտրութիւններուն, Հայաստանի թէ Արցախի առնչուած հարցերուն, ամէնէն պարզ խնդիրներուն իսկ մեր կողքին է, հաւատարիմ է մեզի: Կը մնայ, որ մենք աւելիով տանք մեր ժողովուրդին», հաստատեց երեսփոխան Բագրատունի` աւելցնելով, որ տարիներ շարունակ մեր տիրական ներկայութեան շնորհիւ լիբանանեան մակարդակի վրայ միշտ ալ լիբանանահայութիւնը նկատի առնուած է: Ան նշեց, որ լիբանանեան իրականութեան մէջ իշխանաւորներէն մինչեւ քաղաքապետներ լաւապէս գիտեն, որ Դաշնակցութիւնը ոչ մէկ անգամ անձնական հարցերով իրենց կը դիմէ, այլ դիմումը կ՛ըլլայ գաղութին շահերուն ի խնդիր կամ Հայ դատին առնչուող նիւթերով:
Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ զօրաւոր պետութիւն ունենալը կարեւոր է, որովհետեւ նման իրականութեան առկայութեան պարագային մենք կրնանք իրաւ, լաւ քաղաքացիներ ըլլալ, զօրաւոր պետութեան մէջ կը տիրէ հաւասարութիւնը: Ուստի կարեւոր է այս պետութեան եւ բոլորին ըսել, որ մեր ուժով մենք կառչած կը մնանք իրենց կողմէ տրուած խոստումներու գործադրութեան վճռական հետապնդման: «Այդ պատճառով ալ, զօրաւոր քաղաքապետութիւն մը, մեր կուսակցութեան հսկողութեամբ, շատ կարեւոր է Պուրճ Համուտի, Այնճարի մէջ, նաեւ հոն, ուր մենք քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ունինք, ըլլայ ատիկա Անթիլիասի, Զալքայի, Սին Էլ Ֆիլի, Պսալիմ-Մըզհերի, Հազմիէի, Տըպպայէի, Ռապիէյի մէջ եւ այլուր», յայտնեց ան:
Խօսելով Պուրճ Համուտի մասին` Յակոբ Բագրատունի դիտել տուաւ, որ 18 տարուան ծառայութենէն ետք քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանը անձամբ խնդրած է կրկին չվերընտրուիլ, ուստի նոր քաղաքապետ պիտի ընտրուի, նախորդ քաղաքապետական խորհուրդէն պիտի մնան 4 անձեր, որոնց պիտի միանան նորեր, երիտասարդ ուժեր: Ան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանին եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն` իրենց աշխատանքին համար: Անոնց կը պարտինք Պուրճ Համուտի մէջ տարուած բացառիկ աշխատանքներն ու բարեկարգումները:
Այնճարին անդրադառնալով` ան դիտել տուաւ, որ անիկա Լիբանանի հայութեան լեռնային մայրաքաղաքն է` իր դրուածքով, դիրքով, շրջանին մէջ ունեցած իւրայատկութեամբ, ուստի քաղաքապետութիւնը, հոն գործող կազմակերպութիւնները, Այնճարէն հեռացած մուսալեռցիները պարտաւոր են գործել այնպէս, որ Այնճարը Այնճար մնայ, պահէ իր հայկականութիւնը, ազգային դիմագիծը: Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ պէտք է ամէն գնով տէր կանգնիլ այդ գիւղին, որ նահատակներ տուած է, որպէսզի Այնճարը հայկական մնայ, նահատակներ տուած է Հայ դատի բագինին, նաեւ շրջանի բնակիչները պէտք է հաւատարիմ մնան այն գիւղին, որ գաղթականութեան օրերուն ձրի հողամաս տուաւ իրենց, ուստի այսօր կարելի չէ օտարներուն վաճառել այդ տարածքները եւ վնաս հասցնել գիւղին: Ան յոյս յայտնեց, որ նոր քաղաքապետութեամբ նոր եռանդով օժտուի գիւղը, եւ առկայ հարցերուն լուծման ի խնդիր մեծ աշխատանք տարուի:
Ընտրական մթնոլորտին եւ աշխատանքներուն մասին խօսելով` Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, թէ թէեւ քիչեր կը հաւատային, որ քաղաքապետական-թաղապետական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենային, այդ պատճառով ալ միայն վերջին ամսուան ընթացքին է, որ լիբանանեան իրականութեան մէջ ընտրական մթնոլորտը զգալի դարձաւ, մարդիկ աշխատանքի լծուեցան, բայց եւ այնպէս, Դաշնակցութեան ընտրական մեքենան այն կացութեան մէջ է, ուր կ’ըլլար որեւէ ընտրութեան նախօրեակին: «Մեր ակումբներուն մէջ մեր սքանչելի տղաքն ու աղջիկները, կուսակցականներ թէ համակիրներ, կ’աշխատին շատ լաւ կերպով, կամաւորաբար, մինչ այլ ընտրամեքենաներ բազմահազար տոլարներ կը ծախսեն: Ասոր պատճառը այն է, որ բոլորը գիտեն, թէ համայնական շահի համար կը գործեն, որովհետեւ իբրեւ համայնքի մէկ անդամ ինք եւս շահ ունի հոն, իսկ եթէ անհատներու ի խնդիր պիտի գործէ անձ մը, այն ատեն նոյն նուիրումն ու կամաւորաբար գործելու պատրաստակամ չ’ըլլար», յայտնեց ան: Յակոբ Բագրատունի դրուատիքով խօսեցաւ այն երիտասարդներուն մասին, որոնք մեծապէս կապուած են միութիւններուն, ակումբներուն, ուր աւելի քան անհրաժեշտ է ներկայութիւն, եւ դերակատար են: Անոր համաձայն, որքան ալ ծանրաբեռնենք մեր երիտասարդները, անոնք այդքան աշխատելու, հաւատքով գործելու պատրաստակամ են` աւելցնելով, որ կիրակի օր հայ երիտասարդները կրկին ներկայութիւն պիտի ըլլան ու զարմացնեն բոլորը:
Քաղաքապետական-թաղապետական ընտրութիւններէն օրեր առաջ լիբանանահայութեան ուղղուած իր կոչին մէջ Յակոբ Բագրատունի ըսաւ. «Մենք մեր ժողովուրդէն կ՛ակնկալենք` խնդրելով եւ ինչպէս միշտ վստահելով անոր գիտակցութեան, որ անգամ մը եւս մեզ ամչցնեն, անգամ մը եւս մեզի անակնկալի բերեն. երբ կիրակի առտու քուէատուփերը բացուին, կ՛ակնկալենք, որ մեր ակումբներուն ճամբով մեր ժողովուրդը ներկայ ըլլայ ընտրական կեդրոններուն դիմաց, ընտրեն այն ցանկերը, զորս մեր դաշնակիցներուն հետ յաջողած ենք կազմել:
«Դաշնակցութեան ակնկալութիւնն է, որ միասնաբար անգամ մը եւս ցոյց տանք, որ մեր ընտրական ուժը մեր գոյութեան ուժն է, մեր ընտրական ուժը քուէով կ՛արտայայտուի, որովհետեւ մեր հայկական քուէն պարզ քուէ չէ, այլ կամքի, խղճի եւ մտածումի արտայայտութիւն է: Կիրակի երեկոյեան բոլորս միասին պիտի ուրախանանք Պէյրութի մեր բոլոր թեկնածուներուն յաջողութեամբ: Իսկ յաջորդ կիրակի, դարձեալ բոլորս պիտի ժամադրուինք այս անգամ Լեռնալիբանանի մէջ մեր թեկնածուներուն յաջողութիւնը երաշխաւորելու, իրարու շնորհակալութիւն յայտնելու: Մեր ժողովուրդը պիտի փաստէ, որ է, ինչ որ էր 2010-ի, 2009-ի, 2005-ի, 2004-ի ընտրութիւններուն, ամէն անգամ քիչ մը աւելի զօրաւոր, ամրապնդուած, բռնցքուած», հաստատեց ան:
Համակիր կամաւոր տղոց եւ աղջիկներուն մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ առանց համակիրներու այս կուսակցութիւնը չ՛իմաստաւորուիր, որովհետեւ այլապէս Դաշնակցութիւնը խումբ մը մարդոց հաւաքականութիւնն է, որ գործ մը ընելու լծուած է, իսկ Դաշնակցութիւնը պարզ գործ ընող չէ, այլ կը գործէ համայնքին համար: Հայախօս եւ ոչ հայախօս մեր համակիրները, որոնք թերեւս ընտրութենէ-ընտրութիւն, ցոյցէ-ցոյց մեր կողքին են, մեր առօրեայ կեանքին մաս չեն կազմեր, բոլորն ալ մեզի հետ պիտի ըլլան կիրակի օր: Արդէն իսկ վարձքը կատար կ՛ըսեմ մեր ընտրական մեքենային մէջ գործող երեք հազար կամաւորներուն, որոնք սիրայօժար եւ հետեւողական մեծ աշխատանք կը տանին:
Ուրեմն, ժամադրուած ենք բոլորս մեծ թիւերով ուղղուելու քուէատուփ, կիրակի օր: