Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ականջալո՛Ւր` Մայիս 6-ի Նահատակներուն

Մայիս 6, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

«Իմ ազգիս եւ հայրենիքիս սիրելի՛ զաւակները, կայսերապաշտութիւնը կ՛ուզէ մեր կուրծքերուն մէջ խեղդել մեր ազատութեան ձայնը, սակայն արար աշխարհին կը յայտարարենք, որ մենք ազգ մըն ենք, որ կը ձգտի կայսերապաշտութենէն ազատելու եւ կ՛աշխատի յանուն անկախութեան»:

«Ո՛վ իմ հայրենի հողս` պահէ՛ մեր յիշատակը, ո՛վ իմ հայրենիքի երկինքս, իւրաքանչիւր արաբի փոխանցէ այդ նահատակներուն ողջոյնը, անոնց ըսէ` ահաւասիկ այդ նահատակները ապրեցան յանուն անկախութեան եւ կը մեռնին յանուն անկախութեան»:

nahadag_50616
Նահատակ Ապտել Քերիմ Մահմուտ Խալիլ

Այս տողերուն հեղինակը Պէյրութի Շիահ շրջանի զաւակ Ապտել Քերիմ Մահմուտ Խալիլն է, 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան բաւական աշխուժ ազգայնական գործունէութիւն ծաւալած լիբանանեան Գրական հանդիպումի հիմնադիրը: Շրջանաւարտ` Պոլսոյ իրաւաբանական համալսարանէն, ան Պէյրութի մէջ եռանդուն աշխատանքի կը նուիրուի արաբական ազգային զարթօնք իրականացնելու համար: Իր շուրջ համախմբելով արաբ գաղափարակից երիտասարդներու խումբ մը, դէմ կը դնէ Օսմանեան կայսրութեան կիրարկած թրքացման քաղաքականութեան: Ան իր համախոհներուն հետ, ազդուելով արաբական ազգայնականութեան եւ արաբական միութեան գաղափարներէն, յամառ պայքար կը մղէ թրքական ցեղապաշտական քաղաքականութեան դէմ: Քանի մը անգամ կ՛այցելէ Պաղեստին եւ դէմ կ՛արտայայտուի օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ քաջալերուած` արաբական հողերը հրեաներուն ծախելու քաղաքականութեան: Անդամ եւ հիմնադիր արաբական ազգայնական կողմնորոշում ունեցող բազմաթիւ միութիւններու եւ գաղտնի կազմակերպութիւններու, այս երիտասարդ հասարակական գործիչն ու մտաւորականը 21 օգոստոս 1915-ին Ճեմալ փաշայի հրամանով կախաղան կը բարձրացուի Պէյրութի մէջ, 29 տարիքը տակաւին չբոլորած:

Ապտել Քերիմ Մահմուտ Խալիլը փաստօրէն այն օղակն է, որ կը միացնէ իրմէ առաջ Դամասկոսի մէջ նահատակուած Հայեք քահանային պարագան իրմէ ետք Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ 6 մայիս 1916-ին կախաղան բարձրացուած քրիստոնեայ թէ իսլամ նահատակներու փաղանգին, որուն յանձն առած զոհողութեան շնորհիւ էր, որ հետագային կազմուեցան Լիբանանի եւ Սուրիոյ պետութիւնները:

mayis_50616
Ղպէյրիի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ նահատակ Խալիլի խօսքով բարձրացուած կարգախօսկան

Իրենց անկախական գաղափարներուն համար հալածանքի արժանացած այս արաբ ազգայնականներուն շնորհիւ էր գլխաւորաբար, որ Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ Պէյրութը դարձաւ խօսքի ու կարծիքի ազատութեան փարոս, դարձաւ այն կեդրոնը, որ դէպի իրեն կը քաշէ կարծիքի ազատութեան համար բոլոր հալածեալները, որոնք չզլացան իրենց կեանքը զոհելու` պահպանելու համար ազատութեան գաղափարը:

Ու հակառակ անոր որ լիբանանեան պատմական յիշողութիւնը բաւական խամրած է, հակառակ անոր որ ահաւասիկ քանի տարիներէ ի վեր մնայուն փորձ կը կատարուի անշքացնելու մայիս 6-ի խորհուրդին քաղաքական նշանակութիւնը, զայն վերածելու լոկ «Լիբանանցի նահատակ լրագրողներու յիշատակի օր»-ուան, այսուհանդերձ, ինչպէս Աւետարանը կ՛ըսէ` եթէ մէկը չխօսի, քարերը կը խօսին: Այո՛, քարերը կը խօսին, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակի յուշարձանը կը մնայ վկայ, որ այդտեղ կախաղան բարձրացուած մտքի մարտիկները ի՛նչ պատճառով նահատակուեցան: Նահատակուեցան խօսքի ազատութեան նկատմամբ, անկախութեան գաղափարին նկատմամբ իրենց ունեցած հաւատքին համար, նահատակուեցան, որովհետեւ ո՛չ ըսին համաթուրանական թրքացման քաղաքականութեան, որ երկուորեակն է սիոնականութեան, նահատակուեցան, որովհետեւ ազգային ինքնորոշում պահանջեցին Օսմանեան կայսրութենէն:

Այսօր, երբ կը յիշատակենք մայիսի 6-ը` Լիբանանի Նահատակաց օրը, չենք կրնար չնկատել հանդիպման եզրեր, նոյնութիւններ հայ ժողովուրդին կրած տառապանքներուն եւ լիբանանցի ժողովուրդին նկատմամբ բանեցուած հալածանքներուն միջեւ, պատմական գրեթէ միեւնոյն ժամանակաշրջանին: Եթէ ապրիլ 24-ը խորհրդանիշն է արեւմտահայ մտաւորականութեան ոչնչացումին, որուն անմիջապէս յաջորդեց Հայոց ցեղասպանութիւնը, ապա մայիսի 6-ն խորհրդանշական օրն է արաբական զարթօնքին համար զոհաբերուած շէյխին ու քահանային, մտաւորականին եւ հասարակական գործիչին կախաղան բարձրացուելուն, զուգահեռ` Օսմանեան կայսրութեան հաստատած այն պաշարումին, որուն պատճառած մեծ սովին իբրեւ հետեւանք Լեռնալիբանանի բնակչութեան մէկ երրորդ համեմատութիւնը  մահուան դատապարտուեցաւ: Այս իմաստով ալ անոնք երկու ճակատագրակից ժողովուրդներ են, մահուան դատապարտուած` միեւնոյն դահիճին կողմէ: Թէեւ, ինչպէս վերը ըսինք, լիբանանեան յիշողութիւնը այնքան խամրած է, որ դպրոցական պատմութեան դասագիրքերուն մէջ հազիւ քանի մը տողով կը յիշուի մեծ սովի պարագան… Ուստի, երբ հետագային աշխատանք տարուի պատմութեան միացեալ դասագիրքի պատրաստութեան գծով, անպայմանօրէն պէտք է նկատի առնուի այս ժամանակաշրջանը ամբողջական կերպով լիբանանցի աշակերտին սեփականութիւնը դարձնելու անհրաժեշտութիւնը:

Երբ կը կարդանք նահատակ Խալիլի վերոնշեալ երկու պատգամները, մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ երկու բանալի հասկացողութիւններու վրայ, որոնք այսօր ալ նոյնքան այժմէական են` պայքար կայսերապաշտութեան դէմ եւ ձգտում անկախութեան: Կը կարծենք` ասոնցմէ աւելի դիպուկ պատգամ չի կրնար ըլլալ Պէյրութի եւ Դամասկոսի կախաղաններէն 100-ամեակ մը ետք` շրջանի ժողովուրդներուն համար, մանաւանդ երբ մեծապետական խաղերը կը շարունակուին շրջանը համայնքային հիմքի վրայ բաժան-բաժան ընելու եւ անոր հարստութիւններուն տիրանալու իմաստով, իսկ միւս կողմէ Թուրքիոյ նկրտումները կը շարունակուին: Այս իմաստով ալ կարծես ոչ մէկ փոփոխութիւն կայ իթթիհատական, հանրապետական, թէ էրտողանեան Թուրքիոյ միջեւ:

Բիւր յարգանք Հայեք քահանային, նահատակ Խալիլի եւ միւս բոլոր նահատակներուն յիշատակին: Անոնց պատգամը անմեռ է:

 

 

 

Նախորդը

«Որբացած» Յուշարձանին Ամէնօրեայ Աղաղակը (6 Մայիս)

Յաջորդը

Բարի Լոյս 24. Ազգային, Քաղաքական Եւ Քաղաքացիական Բարձր Գիտակցութեան Դրսեւորումով

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?